Աքչամ Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Աթաթիւրքի Կեցուածքին Հետեւելու Կոչ Կ՛ընէ Էրտողանին
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Թարաֆ» թերթը հրատարակած էր թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի յօդուածը, որ կը կրէր «Մուսթաֆա Քեմալ եւ 2015» խորագիրը: Յօդուածին տուն տուող հարցը վարչապետ Էրտողանի կողմէ Տիգրանակերտի մէջ արտասանուած «Քիւրտիստան» անունն էր։ Էրտողան Քիւրտիստան բառի գործածութիւնը արդարացուցած էր՝ արտագրումներ ընելով Մուսթաֆա Քեմալէն։ Աքչամ, այս կէտէն մեկնելով՝ հարց կու տայ, որ եթէ Քիւրտիստան անունի գործածութիւնը կ՛արդարացուէր Մուսթաֆա Քեմալի խօսքերով, ապա նոյնը կարելի չէ՞ր ընել 1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով։ Այսինքն, վարչապետը չի՞ կրնար իթթիհատականները կամ այդ շրջանի հրոսախումբերը կամ ոճրագործները ամբաստանել որպէս ոճրագործ եւ ընդունիլ, որ 1915ին հայերու դէմ ահաւոր ոճիրներ գործուեցան եւ որ այդ ոճիրներուն նպատակն էր ամբողջ ժողովուրդ մը ոչնչացնել։ Վարչապետը, եթէ այսպիսի արտայայտութիւն մը ունենար եւ ապա անոր դէմ առարկութիւններ կատարուէին, այն ատեն ան կրնար իր խօսքերը արդարացնել՝ դարձեալ Մուսթաֆա Քեմալէն արտագրումներ ընելով։
Աքչամ աւելի կը յստակացնէ իր խօսքը եւ իբր օրինակ կը յիշէ «Մինպեր» թերթը, որ հրատարակուած էր Աթաթիւրքի մօտիկ ընկեր Ֆերհի Օգիարի եւ Աթաթիւրքի կողմէ։ Այս թերթը Նոյեմբեր 1918ին սկսած է հրատարակուելու եւ 51 թիւ լոյս տեսած է անկէ: Անոր մէջ ընդհանրապէս կը հրատարակուէին անստորագիր կամ ծածկանուններով ստորագրուած յօդուածներ։ Յայտնի չէ, թէ Մուսթաֆա Քեմալ ո՞ր յօդուածները գրի առած է, բայց ի վերջոյ այս թերթը անոր թերթն էր եւ հոն յայտնուած գաղափարները կարելի է ի՛րը նկատել։
Օրինակ, Նոյեմբեր 6, 1918ի թիւին մէջ շատ ծանր արտայայտութիւններ կան այն իթթիհատականներուն մասին, որոնք խոյս տուած էին երկիրէն։ Աքչամ կը յիշեցնէ, թէ այս թերթին կողմէ հրատարակուած գրութեան մէջ իթթիհատականները կը նկատուին հրոսախումբեր եւ կ՛ըսուի, որ հայերու դէմ կատարուածը «աղէտ է» եւ «աններելի վերաբերում»:
Աքչամ, նոր թրքերէնի վերածելով՝ ամբողջովին կու տայ վերոյիշեալ յօդուածը։ Հոն մայր գաղափարն այն է, թէ կարելի չէ ժողովուրդ մը մէջտեղէն վերցնել, եթէ այդ ժողովուրդը ունի լեզու մը, գրականութիւն մը եւ իր ինքնութիւնը։
Յօդուածին մէջ նշուած է. «Անոնք, որոնք երէկ իրենց պաշտօնները ձգելով՝ խոյս տուին երկրէն )իթթիհատականները), անոնք իրենց պատմութեան դէմ ամենածանր եւ ամէնէն աններելի պատասխանատուութիւններէն մէկը կրեցին՝ հայ ազգին դէմ իրենց ցուցաբերած վարմունքին պատճառաւ։ Եթէ կարելի ըլլար հայ ժողովուրդը երկրագունդին վրայէն ջնջել, այն ատեն ասիկա ուրիշ ի՞նչ արդիւնք կրնար ունենալ, եթէ ոչ պատճառել ահաւոր նիւթական վնաս մը։ Քանի մը հոգիի խելապատակէն ելած այս սխալ որոշումը ուրիշ ի՞նչ կրնար ընել, եթէ ոչ դարերէ ի վեր նոյն հայրենիքը բաժնող, իրարու հետ որպէս բարի դրացի ապրող եւ ընկերային կեանքէն ներս իր բոլոր պարտականութիւնները ստանձնած ժողովուրդի մը վստահութիւնն ու ապահովութիւնը ջնջել։ Արդարեւ այդպէս եղաւ։ Ոմանք պիտի պնդեն, որ հայերու մէջ ալ որոշ տարրեր ծայրայեղութեան գացին, բայց արդեօք փոքրաթիւ մարդոց սխալին պատճառաւ կարելի՞ է ամբողջ ժողովուրդ մը սուրէ անցընել։ Ասիկա նիւթական տեսակէտէն ալ շատ վնասակար է»։
Աքչամ կը յիշեցնէ, որ հայերը կը նկատուէին նաեւ քրիստոնեայ թուրքեր։ Թուրքերու եւ հայերու միջեւ զօրաւոր վստահութիւն կար ու թուրքերը զինուոր մեկնելէ առաջ, իրենց սիրելիները իրենց հայ դրացիներուն կը վստահէին։ Թուրքը հողագործութեամբ կը զբաղէր, իսկ հայը՝ արուեստով եւ առեւտուրով։ Հայուն միակ տարբերութիւնը այն էր, որ ան մզկիթ երթալու փոխարէն՝ եկեղեցի կ՛երթար։ «Այս փոխադարձ վստահութիւնը այնքան ուժեղ էր, որ ամէնէն մեծ փոթորիկն անգամ չէր կրնար ոչնչացնել զայն։ Այդպէս ալ եղաւ. այսքան մե՛ծ աղէտէ մը ետք, նորէն այս երկու տարրերը լայնախոհ կերպով նայեցան իրարու», կը գրէ Աքչամ։
Վերոյիշեալ յօդուածին եզրակացութիւնը այս է. «Հայ ազգը այս հասարակաց աղէտին դիմաց եթէ կրցաւ մասմաքուր եւ իր ցեղին արժանի լռութիւն մը պահել, արդեօք ատոր համար վնա՞ս կրեց։ Այս հարցումին անվարան կրնանք «երբե՛ք» պատասխանել։ Հայերը այսուհետեւ պիտի վայելեն բոլոր այն իրաւունքները, զորս իրաւական գետնի վրայ անոնք ունէին օսմանեան շրջանին, եւ թող վստահ ըլլան, որ օսմանեան շրջանի պատմութեան մէջ եւս անոնք միշտ պիտի յիշուին երախտագիտութեամբ»։