Տաւութօղլու Կը Քննէ Երեւան Կայանալիք Սեւծովեան Ժողովին Մասնակցելու Հրաւէրը


ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Մարմարա», «Նովոսթի Արմէնիա».- Դեկտեմբեր 12ին, Երեւանի մէջ պիտի գումարուի Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը, որուն հրաւիրուեցան այս կազմակերպութեան անդամակցող երկիրներու նախարարները։
Թրքական մամուլը Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20ին կը նշէ, թէ այս հաւաքին հրաւիրուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս հրաւէրին առընթեր՝ մասնաւոր կերպով շեշտեց, թէ հայկական կողմը շատ գոհ պիտի մնայ, եթէ Տաւութօղլու հրաւէրը ընդունի ու Երեւան գայ։
Մամուլը կը տեղեկացնէ, որ Տաւութօղլու հրաւէրը ընդունելու տրամադրութիւն ունի, բայց վերջնական որոշումը պիտի տայ՝ տեսնելէ ետք Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին արդիւնքը։ Այդ հանդիպումը արդէն իսկ կայացաւ, եւ հանդիպման աւարտին Սերժ Սարգսեան ու Իլհամ Ալիեւ համաձայնեցան երկխօսութիւնը շարունակելու շուրջ, ինչ որ կրնայ նպաստել, որ Տաւութօղլու ընդունի Երեւանի հրաւէրը։
Այս առթիւ, դիւանագիտական աշխարհը կը յիշեցնէ, որ Տաւութօղլու անցեալ ամիս յայտնած էր, թէ Թուրքիա ստեղծագործական կարգ մը միջոցներու մասին կը մտածէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու վերահաստատման ուղղութեամբ։ Անոր այս խօսքերը տեղի տուած էին զանազան մեկնաբանութիւններու, բայց Տաւութօղլու նաեւ ըրած էր յայտարարութիւն մը, որ լաւատեսութիւն չէր ներշնչեր։ Ան ըսած էր, որ Թուրքիա պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու, բայց նախ պէտք է լուծուի Արցախի հարցը։ Այս պայմանադրութիւնը այսօրուան պայմաններուն մէջ, կը նշանակէր, որ Թուրքիա տակաւին երկար ժամանակ չի կրնար բանալ Հայաստանի սահմանադուռը։
Դիւանագիտական յարաբերութիւն չկայ, բայց Թուրքիա ճանչցած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ուստի Տաւութօղլուի Երեւան երթալուն մէջ որեւէ անպատեհութիւն չկայ: Նախապէս, նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Երեւանէն նման հրաւէր ընդունած ու ֆութպոլի մրցումի մը ներկայ գտնուած էր։
Նաեւ, նոյն թուականներուն Թուրքիա պիտի գայ Գերմանիոյ նախագահը եւ կ՛ըսուի, որ թերեւս Տաւութօղլու այդ այցելութիւնը իբրեւ պատրուակ կրնայ գործածել Երեւան չերթալու համար։
Տաւութօղլու Ուաշինկթընի մէջ, ժամանակի անբաւարարութեան պատճառաւ, խօսեցաւ միայն ամերիկացի լրագրողներու հետ եւ պատասխանեց Սուրիոյ մասին անոնց հարցումներուն։ Լրագրողները Թուրքիան կը մեղադրէին՝ պնդելով, որ այս երկիրը ընթացք կու տայ, որպէսզի ահաբեկչական ուժեր սահմանէն Սուրիա անցնին ու միանան նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ կռուող ապստամբ ուժերուն։
Տաւութօղլու ժխտեց այս պնդումը: Ան ըսաւ, որ Թուրքիա երբեք չ՛արտօներ, որ արմատական խմբակներ Թուրքիայէն Սուրիա անցնին, բայց Թուրքիա նաեւ չի կրնար արգելք հանդիսանալ մարդոց ճամբորդելու ազատութեան։ Տաւութօղլու Թուրքիա-Սուրիա սահմանագիծի ներկայ վիճակը նմանցուց Ամերիկա-Մեքսիքա սահմանագիծին, որ դժուարութիւններու տեղի տուող սահմանագիծ մըն է։
Չորեքշաբթի օր, Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան անուղղակիօրէն հաստատած է, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հրաւիրուած են Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստին: «Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան պետութիւնների արտգործնախարարների 29րդ հանդիպմանը մասնակցելու համար, հրաւէր է ուղարկուել կազմակերպութեան անդամ երկրների ԱԳ բոլոր ղեկավարներին», գրած է Բալայեան:
Յայտնենք, թէ ընթացիկ տարուան Յունիս 21ին, Հայաստան ստանձնեց այս կազմակերպութեան նախագահութիւնը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.