«24 Ապրիլ 1915» Հատորը Լոյս Կը Տեսնէ Թուրքիոյ Մէջ


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պատմաբան եւ հետազօտիչ Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլ հրապարակ հանեց «24 Ապրիլ 1915» խորագրեալ կոթողային ուսումնասիրութիւն մը, որ իր ընդհանուր գիծերուն մէջ նուիրուած է 1915ի 24 Ապրիլի գիշերը Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած հայ մտաւորականներու ոդիսականին եւ այդ պահէն ետք գործուած ոճիրներուն ու մաքրագործումներուն։
Գիրքին խորագիրը ունի ենթախորագիր մըն ալ, որ արդէն կը գծէ ուսումնասիրութեան շրջագիծը։ Արդարեւ, «24 Ապրիլ 1915. Պոլիս, Չանգըրը, Այաշ, Անգարա» է գիրքին բուն անունը։ Այս կերպով Օվատիա մինչեւ Չանգըրը ու Այաշ կը տանի 24 Ապրիլի գիշերը ձերբակալուած հայ մտաւորականները, բայց մասնաւոր կերպով դիտել կու տայ, որ անոնք կ՛անցնին նաեւ Անգարայէն, ուր արդէն կը ճշդուի անոնց ճակատագիրը։
«Մարմարա» կը գրէ. «Պատմաբան Օվատիայի հետ առաջին անգամ ծանօթացած էինք, երբ ան պատրաստեց ու հրատարակեց Գրիգոր Զօհրապի մասին իր հետաքրքրական ուսումնասիրութիւնը։ Այդ գիրքը Գրիգոր Զօհրապի ճակատագիրին մասին թրքերէնով հրատարակուած ցանցառ գիրքերէն մէկն էր։ Կրնայինք կարծել, որ Գրիգոր Զօհրապի մասին գրուած այդ գիրքով, Օվատիա վերջ պիտի տար հայկական նիւթերու նկատմամբ իր հետաքրքրութեան։ Մինչդեռ այդպէս չէր։ Նեսիմ Օվատիա արդէն Գրիգոր Զօհրապէն ալ առաջ սկսած էր ուսումնասիրելու 24 Ապրիլը եւ անկէ է, որ ճանչցած էր Զօհրապի պատմութիւնը ու պահ մը միւս ուսումնասիրութիւնը ընդհատելով՝ գրած էր Զօհրապին մասին։ Ապա կրկին վերադարձած էր իր բուն նիւթին, որ 24 Ապրիլի գիշերն է»։
Թերթը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ ներկայիս հրամցուած գիրքը մօտաւորապէս 700 էջերով իսկապէս շատ կարեւոր հրատարակութիւն մըն է եւ ասիկա արդիւնք է երկար տարիներ զանազան արխիւներու մէջ կատարուած փնտռտուքներու, փաստաթուղթերու հաւաքածոյի ու կենսագրական գիրքերու քննարկումի։ Հեղինակը մասնաւորապէս օգտուած է Անտոնեանի ու Պալաքեանի յուշերէն, բայց այս գործը դուրս կը պոռթկայ երկուքին կենսագրութիւններէն ու կ՛ընդգրկէ շատ հարուստ հաւաքածոներու որոնումներ։
Գիրքը կը բացուի ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի 24 Ապրիլ 1915 թուակիր եւ օսմանեան բանակի հրամանատարութեան ուղղեալ մէկ հրամանագիրով, որուն մէջ Թալէաթ փաշա կը գրէ, թէ հայերը ապստամբական շարժումներու ձեռնարկած են, ուստի պէտք է ձերբակալուին բոլոր պարագլուխները, ձեռք դրուին բոլոր փաստաթուղթերուն վրայ ու չարտօնուի, որ պարագլուխներէն ոեւէ մէկը խոյս տայ, եւ այլն։ Այնուհետեւ, հեղինակը կը բանայ իր ուսումնասիրութիւններուն կծիկը, որ ընթերցողին կը հրամցուի կարճ պատմումներով, որպէս առանձին դրուագներ։ Խորագիրներուն մէջ, օրինակ, կը կարդանք՝ «Պետրի պէյ», «Տոքթ. Խաչիկ Պօղոսեանի ձերբակալութիւնը», «Տոքթ. Աւետիս Նագգաշեանի ձերբակալութիւնը», «Գրիգոր Պալաքեան Կեդրոնական բանտ կը տարուի», «Հայ ոստիկաններ», «Արամ Անտոնեան Բանկալթըի ոստիկանատան մէջ», «Կոմիտաս վարդապետի ձերբակալութիւնը», եւ այլն։ Իւրաքանչիւր գլուխ երեք-չորս էջերու դրուագ է. 24 Ապրիլի գիշերէն ճամբայ ելլելով՝ հեղինակը մէկ առ մէկ կը պատմէ Անգարայի շուրջ կատարուած զանգուածային սպանդներուն կամ Չանգըրըի ու Այաշի մէջ սպաննուած մտաւորականներուն դր-ուագները՝ վերջաւորութեան ներկայացնելով նաեւ 24 Ապրիլի մահերուն ու վերապրողներուն հաշուեկշիռը։
Հեղինակը հետաքրքրական իր նախաբանին մէջ կը պատմէ, թէ իր նպատակը չէ 1915ի ամբողջ պատահարներուն մասին գրել, ոչ ալ փնտռել՝ ասիկա ցեղասպանութի՞ւն էր, թէ չէր։ Իր նպատակն է կանգ առնել մեծ ողբերգութեան միայն մէկ երեսին վրայ՝ իր պատմութիւնը սահմանափակել միայն 24 Ապրիլին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուածներով։ Այսպէս, հոն խօսուած չէ Դանիէլ Վարուժանի մասին, բայց խօսուած է Գրիգոր Զօհրապի մասին։ Հեղինակը կը պատմէ նաեւ, որ Այաշի ու Չանգըրըի մէջ կատարուած սպանդներուն մասին որեւէ տեղ որեւէ տեղեկութիւն չկայ, ոչ ալ՝ պետական արխիւներու մէջ. կարծէք թէ հոն տարուածները ցնդեցան օդին մէջ։ Յայտնի է, ուրեմն, որ այս փաստաթուղթերը իթթիհատականներուն կողմէ ջնջուած ու մաքրուած են։ Իր աշխատասիրութեան մէջ ան իբր մեկնակէտ ընդունած է Թէոդիկի 24 Ապրիլի նուիրուած գիրքը։ Ան դիտել կու տայ, որ կարգ մը պատմաբաններ պնդած են, թէ հայերու կողմէ յառաջ քշուած պնդումներուն մէկ մասը սխալ ու կեղծ է, բայց ինք արխիւներու մէջ ստուգած է, որ այդպէս չէ, այլ պնդումները իրականութեան կը համապատասխանեն։
Նեսիմ Օվատիայի այս նոր ու յոյժ կարեւոր գիրքը հրատարակուած է «Իլեթիշիմ» հրատարակչատան կողմէ։ Գիրքը գրի առնուած է հասկնալի ու սահուն ոճով, առանց խճողուելու պատմական ու փաստագրական ճնշիչ տուեալներով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.