Հայաստան -Ազրպէյճան հակամարտութեան գծով Միջազգային ճգնաժամի խմբակը իր մտահոգութիւնները կը հրապարակէ
Միջազգային ճգնաժամի խմբակը իր պաշտօնական կայքէջին վրայ վերջերս հրապարակեց Հայաստան-Ազրպէյճան հակամարտութեան գծով իր ամփոփ տեղեկագիրը, ուր յատկապէս կ՚ըսուի, որ երկու պետութիւններուն միջեւ հակամարտութիւնը մուտք գործած է շատ նուրբ հանգրուան մը։
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ խաղաղութեան բանակցութիւնները 2011-էն ի վեր տեղքայլի մէջ են, ինչ որ պատճառ դարձած է հետզհետէ թափ ստացող զինարշաւի եւ ռազմատենչ յայտարարութեանց։ Երկու կողմերու ղեկավարներուն մօտ «Պրլիցքրիկ»-ի, «կանխահարուած»-ի եւ «ամբողջական պատերազմ»-ի նման եզրերու օգտագործումը յաճախակի դարձած են։
Անմիջական մտահոգութիւնը ռազմական սխալ հաշիւներն են, որոնց հետեւանքները կրնան սառեցուած տեղական տագնապէն շատ անդին երթալ, որովհետեւ մեծ ուժերու հանդիպման եւ մրցակցութեան վայր Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանը ներկայիս նաեւ ուժանիւթի կարեւոր միջանցք մըն է։ Լեռնային Ղարաբաղէն շատ հեռու, Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի երկայնքին բախումներ տեղի կ՚ունենան։ Լարուածութիւնը նաեւ տարածուած է Նախիջեւանի սահմանին վրայ, ուր ազրպէյճանական եւ թրքական բանակները յուլիսին ռազմափորձեր կատարեցին։ Յառաջիկայ շաբաթներուն կամ ամիսներուն ռազմական բախումի մը հաւանականութիւնները նուազեցնելու համար միջազգային ընտանիքին գործօն մասնակցութեան կարիքը կը զգացուի։
Մինչ թոյլ զինադադար մը ի զօրու կը մնայ, գրգռիչ արարքները յաճախակի դարձած են, օրինակ՝ Պաքուի կողմէ Հունգարիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի հովանաւորութեամբ դասընթացքի մը ընթացքին հայ սպայ մը սպաննած ազերի սպային ներման շնորհումը եւ Երեւանի Լեռնային Ղարաբաղի օդակայանը վերաբանալու ծրագիրը։ Աւելին, երկու երկիրներուն մէջ քաղաքական վերիվայրումներու կարելիութիւնը անորոշութեան համեմատութիւնը կը բարձրացնէ։ Ներքին վերիվայրումը ղեկավարները կրնայ մղել ուշադրութիւնը շեղելու համար ռազմական լարուածութիւնը բարձրացնելու կամ մրցակիցին դիմագրաւած դժուարութիւնները շահագործելու վտանգաւոր փորձերու ձեռնարկելու։
Դիւանագիտական անելէն դուրս գալու համար ուժեղ եւ համակարգուած ճնշում մը գոյութիւն չունի։ Երկու մայրաքաղաքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ երրորդ երկիրներու դիւանագէտներուն եւ վերլուծաբաններու մօտ ալ գոյութիւն ունի այն թերահաւատութիւնը, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը կրնայ արդիւնքներու հասնիլ։ Մասնաւորաբար Ռուսիոյ կեցուածքը հակամարտութեան կարգաւորման ձեւաչափը ազդու դարձնելու գծով հարցականներ կը ստեղծէ։ Անիկա ոչ միայն Մինսքի խմբակի համանախագահ մըն է, այլ նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ ռազմավարական մեծ շահեր ունի եւ տագնապին երկու կողմերուն ալ զէնք կը մատակարարէ։
Ճգնաժամի խմբակը տարիներով գրած է Լեռնային Ղարաբաղի անլոյծ հակամարտութեան ներկայացուցած վտանգներուն մասին։ Այս զեկուցումը ոչ անմիջական պատերազմ մը, ոչ ալ անոր անկարելիութիւնը կը նախատեսէ, այլ կը նշէ, որ կայունութեան դէմ անմիջական վտանգները աւելի սուր կը դառնան։