ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ԱՐԱԲԻՈՅ ԼՈՐԸՆՍԻՆ ՀԵՏ. «ՀԱՅԵՐԸ ԱՆՈՒՂՂԵԼԻ ԵՆ»
Ամերիկացի լրագրող Լինքըն Սթեֆընզ Արաբիոյ Լորընսի (Lawrence of Arabia) հետ իր հարցազրոյցը կը նկատէ իր կեանքին ընթացքին կատարած հարցազրոյցներուն ամէնէն տարօրինակը։ Ըստ երեւոյթի, Իրաքի թագաւորութեան ստեղծումին օժանդակած Լորընս մտերիմ զրոյցի ընթացքին իսկ շարունակած է իր քաղաքական գործունէութեան մասին մամլոյ տեղեկութեանց նման խորհրդաւոր մնալ։ Սթեֆընզ կը նշէ, որ նշեալ հարցազրոյցը կատարած է 1919-ին, Փարիզի մէջ Խաղաղութեան խորհրդաժողովին ընթացքին։
Սթեֆընզ կը գրէ, որ հարցազրոյցին նպատակը Փոքր Ասիոյ եւ Մերձաւոր Ասիոյ մէջ գործնական քաղաքականութեան մասին տեղեկանալն էր, սակայն հարցազրոյցի աւարտին նշմարած է, որ Լորընս ուէր իր սեփական նպատակը, որ զինք Հայաստանի ամերիկեան հոգատարութեան վերաբերեալ բրիտանական քարոզչութեամբ ողողելն էր։ Օրինակի համար Լորընս ըսած է, թէ հայերը «մարդկային անուղղայութեան լաւագոյն օրինակն են» եւ իբրեւ ցեղ անոնք կը համապատասխանեն ակադեմական բանավէճի մէջ մարդոց յետինը եղողին։ Սթեֆընզ պատասխանած է, թէ այդպիսի եղող անհատներու նկատմամբ համակրանք ունեցող իրեն պէս անձի մը համար՝ ազգերուն մէջ ամէնէն յետինը եղողը անդիմադրելի հմայք մը ունի։ Բրիտանական հիւմիւրը ամերիկեանին նման չէ, այլ՝ ճիշդ հակառակը։ Ամերիկեանը, առնուազն մասամբ, ըսուածին մէջ է, սակայն բրիտանականը բրիտանացիին չըսածին մէջ. Լորընս հաւնած է իր ըսածը, սակայն ոչիչն ըսած է. ոչ իսկ խնդացած եւ երկար դադարէ մը ետք բաւարարուած է ըսելով.«Կեցցէս»։ Ապա դարձեալ կարճ լռութենէ մը ետք, նշած է, որ ամերիկացիները շատ իտէալապաշտ են, իսկ հայերը շատ գործնապաշտ, ուստի իրարու դարման մըն են։ Աւելին, երկուքն ալ յուսահատ պարագաներ են, մասնաւորաբար հայերը։
Սթեֆընզ հասկցած է, որ Լորընս տեղեակ է կամ փորձառութիւն մը ունեցած է հայերու հետ, ինչ որ անոր մօտ յառաջացուցած է հին ժամանակներէ ի վեր «այս որբ ցեղը» բնաջնջել փորձող թուրքերուն (եւ հայերու այլ մօտիկ հարեւաններուն) վերաբերեալ մարդկային հասկացողութիւն մը։ Սթեֆընզի այնպէս թուացած է, որ Լորընս (թէեւ այդպիսի բան չէ ըսած) բնաջնջումը կը նկատէ հայերու հարցով կատարուելիք միակ բանը։ Լորընս հարցազրոյցի ընթացքին դիտաւորեալ կերպով ոչինչ ըսած է եւ այն խօսքերը, որ ուզած է տպուած տեսնել Սթեֆընզի բեռնին մէջ դրած է այնպիսի ձեւով մը, որ հարկ ըլլալու պարագային հերքէ զանոնք։ Ուստի ան չէ ըսած, որ հայերը պէտք է բնաջնջուին, այլ պարզապէս այն տպաւորութիւնը տուած է, թէ այդ է հայկական հարցին միակ լուծումը։ Ըստ Լորընսի, այդ գործը թուրքերը պէտք չէ ընեն, որովհետեւ շատ բիրտ ու պատրաստակամ են, առաւել քրիստոնեաներ չեն. ոչ ալ յոյները, որոնք ատկէ շատ հաճոյք կ՚առնեն եւ շատ աւելի անճառակ են, երբեք ալ բան մը չեն աւարտեր եւ երբ հայերը սպաննելու իրենց «գեղագիտական» հաճոյքէն կշտանան՝ գործելէ կը դադրին։ Նոյնն է պարագան հայերու մրցակից մնացեալ բոլոր ցեղերուն։ Անոնք բոլորն ալ հայերը ամբոջովին բնաջնջելէ առաջ դադրեցուցած են գործը։ Նոյնիսկ, երբ այդ մրցակիցները այդ նպատակը իրագործելու համար ձեռք ձեռքի տուած են, անպայման հայ զոյգ մը հոս կամ հոն ձգած են եւ հազիւ կրնակնին դարձուցած հայերը անդադար սերնդագործած են եւ այնպիսի տարողութեամբ մը, որ յաջորդ Հայաստան այցելութեան ընթացքին այդտեղ նոյնքան հայեր կարելի էր գտնել, միլիոնաւոր հայեր՝ բոլորն ալ խոնարհ եւ սիրուն, սակայն գիշեր ու ցերեկ աշխատող եւ շարունակ բազմացող։ Լորընս նշած է, որ այդ է պատճառը, որ ինք կը փափաքի, որ ամերիկացիները ստանձնեն հայերը բնաջնջելու գործը։
Սթեֆընզ հարց տուած է, որ ինչո՞ւ ոչ բրիտանացիները, եւ ժպտացած։ Լորընս լուռ մնացած է եւ սպասած, որ ժպիտը Սթեֆընզի դէմքէն չքանայ, ապա շատ լրջութեամբ պատասխանած, որ հայերու կատարեալ ջարդ մը, եթէ բրիտանացիներու կողմէ կատարուի, կրնայ գայթակղութիւն ստեղծել՝ աւելցնելով, որ բրիտանական կայսրութիւնը այդպիսի ցնցումներ ապրած է եւ անշուշտ, որ ապագային ալ պէտք է ապրի, սակայն կայսրութիւնը անտեղի կերպով պէտք չէ նեղի մատնել։ Ըստ Լորընսի, աշխարհի վրայ բոլոր խնդիրներուն՝ պատերազմներուն, յեղափոխութիւններուն, գործադուլներուն, համաճարակներուն եւ այլ խնդիրներուն պատճառը այն է, որ աշխարհը մէկ իշխանութեան տակ չէ, իսկ բրիտանացիները օր մը վերջ պիտի տան այդ անիշխանականութեան։ Սակայն կայսրութիւնը տակաւին երիտասարդ է եւ համեմատաբար փոքր, տկար ու շատ ծանրաբեռնուած, ուստի «ներկայիս» պէտք է խնայել կայսրութիւնը։ Ան նաեւ աւելցուցած է, որ «ներկայ հանգրուանին» բրիտանական կայսերապաշտութիւնը աւելի բնական հարստութիւններով հետաքրքրուած է քան ժողովուրդներով։ Լորընս յայտնած է, որ անգլիացիները գործնապաշտ ժողովուրդ մըն են եւ ոչ թէ իտէալապաշտ։ Անոնք կը գիտակցին, որ աշխարհի կառավարումը Ազգերու լիկային, գաղափարներու եւ իտէալներու, սկզբունքներու եւ ժողովուրդներու վրայ պէտք չէ հիմնուի, այլ՝ շօշափելի բաներու, ինչպէս քարիւղ, հանքերու, օդի եւ ծովու վրայ։ Ամերիկացի լրագրողը անզգալաբար բրիտանացիին տրամաբանութենէն տարուելով արարկած է, որ Հայաստանը հարուստ հողեր եւ ընդերք ունի։
Լորընս դարձեալ որոշ ատեն լուռ կենալէ ետք նշած է, թէ Հայաստան պիտի մասնատուի. «ետեւի» բաժինը, ուր բնական հարստութիւնը կը գտնուի, պիտի անջատուի «առջեւի» բաժինէն, ուր հայերէ բացի ոչինչ կայ։ Ամերիկեան հոգատարութիւնը հայերուն վրայ պիտի ըլլայ, իսկ մէկ այլ դաշնակից մը, ոչ Բրիտանիան, այլ նոյնքան գործնապաշտ ուժ մը պիտի ստանայ Հայաստանը։ Սթեֆընզ առարկած է, որ երկրի մը հարստութիւնը ի՞նչ օգտուտ ունի առանց զայն զարգացնող ժողովուրդին, իսկ երկրի մը բնիկները ամէնէն աժան, հնազանդ եւ լաւագոյն աշխատող ուժն են։
Լորընս ձանձրոյթի նշաններ ցոյց տուած է, սակայն քաղաքավար կերպով մտիկ ըրած է մինչ Սթեֆընզ թուած է սխալներ, որոնք գործուած են ամերիկեան եւ բրիտանական գաղութատիրութեանց ենթակայ երկիրներու մէջ, ուր եւս ժողովուրդը երկրին հարստութենէն անջատուած է։ Լորընս պատասխանած է, թէ որեւէ գիտակից անգլիացի կրնայ որեւէ անգիտակից ամերիկացիին հասկնալ։
Սթեֆընզ աւելցուցած է, որ եթէ ամերիկացիները ստանձնեն հայերու հոգատարութիւնը, այդ մէկը հայերուն լաւութեան համար պիտի կատարեն։ Նշելով, որ ամերիկացիք պէտք է միշտ հայերը կառավարեն զանոնք ինքնակառավարման պատրաստելու գաղափարով։ «Այո, այո կը հասկնամ այդ ամէնը», պատասխանած է Լորընս։
Սթեֆընզ յայտնած է, որ հայերը պէտք է աշխատին, որովհետեւ անհատի մը կամ ազգի մը յաջողութեան գաղտնիքը տաժանակիր աշխատանքն է, իսկ հայերը պէտք է Հայաստան ունենան, որպէսզի անոր վրայ աշխատին։ Լորընս պատասխանած է, որ հայերը պիտի չաշխատին՝ աւելցնելով, որ այդ է Սթեֆընզի ծրագիրին եւ հայերուն թերութիւնը։ Այդ քաղաքակրթուած, խաղին կանոները սորված, աշխարհին տիրած եւ տիրապետութիւնը կորսնցուցած եւ իրենց կեանքը շարունակած բոլոր հին ցեղերուն հարցը իսկապէս այս է։ Անոնք տրամաբանական, հոգեբանական եւ բնախօսական գետնի վրայ յառաջացած են։ Անոնք ժրաջան աշխատանքով չեն հետաքրքրուած եւ այդ է, որ զանոնք յետամնաց ժողովուրդներէն կը զատորոշէ։ Այսպիսի յառաջադէմ ժողովուրդներ եւ նախապէս քաղաքակրթուած ազգեր ծոյլ չեն, այլ ուրիշներուն հաշւոյն չաշխատելու խելացութիւնը ունին։ Անոնք ինքնին շահագործողներ են՝ բնազդով, դաստիարակութեամբ, անուղղելի։ Ան նշած է, որ հայերը ամէնէն խելացի, ամէնէն ընտրեալ ու զարգացած ցեղն են։
Ըստ անոր, հրեաները հայերուն նկատմամբ կը զգան այն ինչ հակասեմական եւրոպացիները կը զգան հրեաներուն նկատմամբ։ Նոյնն է պարագան յոյներուն, թուրքերուն եւ այն ժողովուրդներուն, որոնց տիրած են հայերը։ Այդ ազգերը այն համոզումը ունին, որ հայերը զիրենք գործի պիտի լծէին, եւ իրապէս ալ այդպէս պիտի ընէին։ Ան կ՚աւելցնէ, որ հայերը ճիշդ հրեաներուն նման են նաեւ բոլոր միւս ժողովուրդներուն նման, առաւել քրիստոնեայ են։
Լորընս յայտնած է, որ Հայաստանը, այն հողերը ուր բնական հարստութիւնը կայ, հայերուն պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ զանոնք պիտի չմշակեն, ոչ իսկ իրենք իրենց համար։ Անոնք նոյնիսկ կազմակերպումի եւ զարգացման աշխատանք պիտի չկատարեն։ Անոնք համաձայնութիւններ կնքելով զանոնք մշակման համար ուրիշներու վարձու պիտի տան։ Անոնք կ՚ուզեն ծովեզերքը ապրիլ, քաղաքներու մէջ, վարձքով, տոկոսով, առեւտուրէ գոյացած շահերով եւ շահաբաժիններով, ինչպէս նաեւ դրամագլուխով եւ աշխատանքով գոյացած շօշափելի դրամով։
(Մաս առաջին)