Սարգսեան Եւ Հոլանտ Արցախի Հարցի Լուծումը Միայն Մինսկի Գործընթացի Ճամբով Կը Տեսնեն
«Հայ-ֆրանսիական բարեկամութիւնն այնքան խորը, ընդգրկուն եւ բազմաշերտ է, որ դժուար է մի քանի նախադասութեամբ բնութագրել այն», 1 Հոկտեմբերին հաստատած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ Ֆրանսայի մէջ իր պաշտօնակից Ֆրանսուա Հոլանտի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին։
Պաշտօնական այցելութեամբ Փարիզ գտնուող նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշած է, որ երկու ժողովուրդներու պատմական սերտ կապերէն սնուցուող հայ-ֆրանսական միջպետական յարաբերութիւնները վերջին 20 տարիներուն ընթացքին շարունակական զարգացում ապրած են՝ հասնելով պատմականօրէն բարձրագոյն մակարդակի:
Նախագահին համաձայն, յարաբերութիւններու այս որակին կարելի եղած է հասնիլ բարձրաստիճան քաղաքական երկխօսութեան պարբերականութեան շնորհիւ՝ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն փոխայցելութիւններուն, միջխորհրդարանական սերտ համագործակցութեան, մշակութային, կրթական, գիտական սերտ կապերուն, ինչպէս նաեւ տարբեր ոլորտներու պատասխանատուներուն բնականոն կապերուն ընդմէջէն:
Նախագահը նշած է, որ վերջին տարիներուն հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած բարձր մակարդակի երկխօսութիւնը պահպանելու հրաշալի աւանդութիւն ձեւաւորուած է՝ նախագահներու մակարդակով տարեկան առնուազն մէկ հանդիպումի կայացմամբ։
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է տարբեր նիւթերու եւ հարցերու։ Առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու առումով Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշած է Հայաստանի մէջ ֆրանսական գործարար ստուար համայնքի առկայութիւնը, յատկապէս գործօն ներկայութիւնը կարեւոր ընկերութիւններու, ինչպէս՝ «Քարֆուր»ը, «Օրանժ»ը, «Ալքաթել»ը եւ այլն, որոնց վրայ շուտով պիտի աւելնան նորերը։
Նախագահը կարեւոր նկատած է ընթացիկ տարիէն մեկնարկած Զարգացման ֆրանսական գործակալութեան աջակցութեան ծրագիրները՝ դիտել տալով, որ յաջողութեամբ կը զարգանայ նաեւ ապակեդրոնացեալ համագործակցութիւնը՝ գործընկերային սերտ կապեր հաստատելով Հայաստանի եւ Ֆրանսայի 30է աւելի տեղական իշխանութիւններու միջեւ:
Անդրադառնալով միջխորհրդարանական կապերուն՝ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ աշխոյժ կերպով կը գործեն բարեկամութեան պատգամաւորական խումբերը:
Հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեան վերստին շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Հոլանտի՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ ֆրանսական կողմի երկարամեայ հետեւողական ջանքերուն համար: Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները անգամ մը եւս շեշտած են, որ այլընտրանք չեն տեսներ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորումէն: Սերժ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանի համար շատ կարեւոր է, որ Ֆրանսայի նախագահը անձամբ ներգրաւուած է այս հարցին մէջ։
Զրուցակիցները մանրամասնօրէն քննարկած են նաեւ Հայաստան-Եւրամիութիւն փոխգործակցութեան հեռանկարները: Անոնք համակարծիք եղած են այն գծով, որ պէտք է առաւելագոյն ջանքեր գործադրել՝ պահպանելու համագործակցութեան կշռոյթը եւ որակը, շարունակելու Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու գործընթացը, որուն վերաբերեալ նախագահ Սերժ Սարգսեան վերահաստատած է Հայաստանի յանձնառութիւնը: Նախագահ Հոլանտ վստահեցուցած է, որ Ֆրանսան՝ որպէս Հայաստանի բարեկամ եւ ԵՄ առաջատար պետութիւններէն մէկը, որպէս միջազգային մեծ դերակատար, պիտի շարունակէ յետ այսու եւս աջակցիլ Հայաստանի՝ եւրոպական օրակարգին վրայ յառաջդիմութեան:
Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի նախագահը վերստին իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման իմաստով Ֆրանսայի ունեցած նշանակալի ներդրման համար:
Երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած բարձր մակարդակի երկխօսութեան շարունակականութիւնը ապահովելու նպատակով, Սերժ Սարգսեան վերահաստատած է Հայաստան պետական այցելութիւն կատարելու նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտին ուղղուած հրաւէրը: