ՍՊԱՌՆԱԿԱՆ ՈՃԻ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Էտուըրտ Լուքըս «Եուրոփիյըն Վոյս» կայքէջին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Քրեմլին իր դրացիներուն կը յայտնէ, որ «դուք Ռուսիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ընտրանք մը ունիք, մինչեւ այն ատեն, որ մեզ կ՚ընտրէք»։
Ռուսիա կը փորձէ իր շրջապատին տիրել, սակայն ճիշդ ինչպէս ՕԹԱՆ-ի ընդլայնման պարագային՝ այս անգամ եւս անոր մարտավարութիւնը կրնայ հակառակ ազդեցութիւն ունենալ։ Այս անգամ վէճը այն հարցին շուրջ է, թէ նախկին խորհրդային վեց երկիրներ՝ Հայաստան, Ազրպէյճան, Պիէլոռուսիա, Վրաստան, Մոլտավիա եւ Ուքրանիա իրաւունք ունի՞ն իրենց ապագան ճշդելու։ Անոնք ռուսական ղեկավարութեամբ Եւրասիական Մաքսային միութեա՞ն պիտի միանան, թէ՞ պիտի ընտրեն Եւրոպական Միութիւնը, որ անոնց ազատ առեւտուր, քաղաքական սերտ կապեր եւ նոյնիսկ ապագային անդամակցութիւն կ՚առաջարկէ։
Մանրամասնութիւնները բարդ են։ Բռնատիրական մտածելակերպ ունեցող վերնախաւերուն համար՝ հարցերը ռուսական ձեւով ղեկավարելը իր առաւելութիւններն ունի. լրատուամիջոցներուն կը վերահսկես, ընդդիմադիրները կ՚արգելափակես եւ տնտեսութիւնը կը խարդախես համակիրներդ գոհացնելու համար, իսկ Եւրոպական Միութեան քաղաքական ու տնտեսական ազատ մրցակցութեան պահանջները վտանգաւոր կը թուին։
Պիէլոռուսիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան ընտրանքը նոյնիսկ սեղանի վրայ չէ։ Հակառակ իրենց զգացած փոխադարձ անվստահութեան՝ Վլատիմիր Փութինն ու Ալեքսանտր Լուքաշենքոն աւելի հասարակաց գիծեր ունին քան թէ տարբերութիւններ։ Քարիւղի եւ բնական կազի վաճառքէն հարստացած Ազրպէյճանը արեւմտեան կառոյցներու նկատմամբ հետաքրքրութիւն չունի եւ անոնց հետ կը վարուի առատաձեռն հիւրընկալութեամբ եւ երբեմն ալ ճնշումի բանեցմամբ։
Կը մնան մէկ մեծ եւ երեք փոքր երկիրներ։ Ռուսիա, ըստ երեւոյթի, Հայաստանի հարցով յաղթանակ արձանագրած է՝ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ համակարտութեան մէջ զայն Ազրպէյճանի դիմաց առանձին ձգել սպառնալով։ Վրաստան կ՚երերայ, սակայն վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի կը յայտնէ, որ ինք վճռակամ է եւրոպական ընտրանքը շարունակելու։ Եւրոպական ընտրանքով ամէնէն խանդավառը եղող Մոլտավիան ռուսական յարձակումի կ՚ենթարկուի։ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռակոզին այդ երկրին բնական կազի մատակարարումը ընդհատել սպառնալով յայտնեց, որ «կը յուսամ պիտի չսառիք»։ Քրեմլին արդէն արգիլած է մոլտավիական գինիներու ներածումը։ Նշեալներուն շարքին մեծագոյն երկիրն ու «մրցանակ»-ը՝ Ուքրանիա եւս շարք մը առեւտրական արգելքներ ու այլ դժուարութիւններէ կը տառապի։
Այս սպառնալիքները կրնան ազդեցութիւն մը ունենալ, սակայն Ռուսիոյ բարեկամական ու պատասխանատու շրջանային ուժի վարկի գոյացման չեն նպաստեր։ Փոխարէնը, Եւրոպական Միութիւնը թերեւս ջղագրգռութիւն կը պատճառէ, դիւանակալական է, անճարակ, արհամարհող, երկակի չափանիշեր կիրարկող ու դանդաղաշարժ է, սակայն իր դրացիներուն վրայ չի բռնանար։ Զայն դժգոհ ձգող երկիրները պատուիրակութեանց այցելութիւններու եւ յայտարարութեանց տարափի կ՚ենթարկուին։ Անոնք Պրիւքսէլի հովանաւորութեամբ անջատողական շարժումներ, ուժանիւթի մարզի պատժամիջոցներ կամ «Եւրոպական Միութեան պետական պատկերասփիւռ»-ի կողմէ բուռն յարձակումներ չեն դիմագրաւէր։
Ռուսիոյ քաղաքականութեան մէկ այլ ազդեցութիւնը ինքնին Եւրոպական Միութեան մէջ է։ Եւրոպայի մէջ բազմաթիւ խաղաղասէր մարդիկ Քրեմլինի հետ աշխարհաքաղաքական մրցակութեան գաղափարէն կը խորշին։ Ըստ անոնց, Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութիւնը երկու կողմերուն համար ալ շահաւէտ պէտք է ըլլայ։ Այդ մէկը բարի ցանկութիւն մըն է, սակայն Քրեմլինի վարմունքը պատճառ կը դառնայ, որ Պրիւքսէլի մէջ նոյնիսկ ամէնէն քաղցրաբարոյ դիւանակալները իրենց աշխարհահայացքը փոխեն։ Կրնաք հաւատալ, թէ ուժի քաղաքականութիւնը հինցած է, սակայն երբ զայն քու դրացիներուդ դէմ կիրարկող մը կայ չէք կրնար շարունակել հաւատալ, թէ ատիկա ժամանակավրէպ դարձած է։
Կը յիշէ՞ք ՕԹԱՆ-ի դէպի նախկին խորհրդային կայսրութեան երկիրներ ընդլայնումի օրինակը։ Այդ մէկը փորձառական եւ հեռաւոր նպատակ մըն էր, մինչեւ որ Ռուսիա սկսաւ զայն արգելակել ջանալ։ Այդ մէկը ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմում ներկայացուցած երկիրներուն համար հարցը հրատապ եւ ՕԹԱՆ-ի անդամներուն համար անդամակցութեան բացայայտ կարիքը ունեցող երկիրներուն դիմումին մերժումը բարոյական գետնի վրայ անկարելի դարձուց։ Այժմ Ռուսիա նոյն սխալը կը գործէ։ Հակառակ ճիւտոյի մասնագէտ մը ըլլալուն՝ Փութին բաւական անճարակ կը թուի ըլլալ։