ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100 ԱՄԵԱԿԻ ՄՕՏԵՆԱԼԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԵԾ ԱՆՀԱՆԳՍՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ


 

 

«Էկզամիներ» կայքէջին վրայ Օգոստոս 27-ին լոյս տեսած փաստաբան եւ քաղաքական գործիչ Փոլ Քուժաւսքիի յօդուածը կ՚անդրադառնայ Հայկական Ցեղասպանութեան:

Ան կը գրէ, թէ 2015-ին ամբողջ աշխարհին վրայ պիտի նշուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը՝ սով, մահեր, բռնաբարութիւններ, տանջանքներ ու սպանութիւններ, որոնք թրքական կառավարութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ իրագործած է հայ բնակչութեան դէմ։

Ի հարկէ, թրքական կառավարութիւնը եւ թուրքերու մեծամասնութիւնը կտրուկ կերպով կը հերքեն պատմութեան այդ իրողութիւնը եւ յառաջ կը քշեն այլընտրանքային տարբերակ մը։ Անոնք կ՚ըսեն, որ պատերազմ եղած է, երկու կողմերէն ալ զոհեր եղած են, խումբ մը պատմաբաններ պէտք է այդ հարցի ուսումնասիրութիւնը կատարեն… Թրքական կառավարութիւնը, ըլլայ ան քեմալական կամ իսլամական, չընդունիր ճշմարտութիւնը։ Սեփական անցեալի համարձակ կերպով աչք նետելու Թուրքիոյ անկարողութիւնը Հայաստանի եւ այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ մշտական լարուածութեան աղբիւր կը հանդիսանայ։

Թուրքիա կտրուկ կերպով դէմ է հայերու ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որեւէ փորձի։ Մինչեւ այս պահս, ան զգալի յաջողութիւններու հասած է ցեղասպանութիւնը ճանչնալու փորձերու ճնշման ժամանակ՝ ըլլալով ՕԹԱՆ-ի կարեւորագոյն ռազմավարական անդամներէն։ Օրինակ, պատասխան դիւանագիտական միջոցառումներու դիմելու սպառնալիքները մինչեւ այսօր Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին ետ կը պահեն համապատասխան բանաձեւի որդեգրումէն։

Սակայն Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը սարերու ետեւը չէ։ 

1) Աւելի շատ ուշադրութիւն պիտի յատկացուի, բազմաթիւ կառավարութիւններ պաշտօնապէս պիտի ճանչնան հայերու ցեղասպանութիւն եւ 

2) Թուրքիա ստիպուած պիտի ըլլայ աւելի շատ հիասթափութիւններ ապրիլ ու զսպել զայրոյթը։ Վերջին ժամանակներու մէջ այդպիսի դէպքեր եղած են։ Կարելի է աւելին ակնկալել։

Բազմաթիւ երկիրներ կը դադրին Թուրքիայէն վախնալէ։ Բայցեւայնպէս, Օպամայի կառավարութիւնը ցեղասպանութիւնը ճանչցողներու շարքին չէ։ Օպաման պատրաստ է «զանգուածային սպանութիւններու» եւ «ոճրագործութիւններու» մասին խօսելու, սակայն «ցեղասպանութիւն» բառը արգիլուած է։ 2015-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ նոր նախագահ պիտի ընտրեն, ուստի տեսնենք՝ ինչ տեղի պիտի ունենայ։

Քիչերը կը կասկածին, որ Թուրքիան այդ հարցի պատճառով պիտի մեկուսանայ եւ առաւել յարձակողականութիւն պիտի ցուցաբերէ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.