Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին Թրքական «Փաստաթուղթերով» Հակադարձելու Կոչ


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Թաքվիմ» թերթի կայքին վրայ Մեհմետ Չեթինկիւլեչ հարց կու տայ, թէ Թուրքիա ի՞նչ պատրաստութիւն կը տեսնէ դիմագրաւելու համար «1915ի հարիւրամեակը», ու կը պատասխանէ. «ԱՍԱԼԱի կողմէ 1973-1984ին սպաննուած 34 թուրք դիւանագէտներուն ի յիշատակ՝ Իզմիրի Պայրաքլը թաղամասին մէջ յուշարձան մը պիտի բացուի, նաեւ Պոլսոյ ու Անգարայի մէջ պիտի զետեղուին Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին հայերու կողմէ սպաննուած թուրքերու ի յիշատակ երկու յուշարձաններ։ Դոկտորայի կամ բարձր վկայականներու ուսման համար արտասահմանէն եկած ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան առաջնորդողներուն արդէն իսկ տեղեկութիւններ կը տրուին 1915ի պատահարներուն մասին։ Այս աշխատանքը պիտի շարունակուի։ Պիտի հիմնուի նաեւ «Օսմանեան շրջանի ազգերու թանգարան»ը, որ ցոյց պիտի տայ, թէ օսմանեան շրջանին բազմաթիւ ազգութիւններ իրարու հետ կ՛ապրէին անդորրութեան մէջ»։
Ան կ՛աւելցնէ, թէ այս բոլորը ներքին հանրային կարծիքին համար են ու հարց կու տայ, թէ արտաքին աշխարհին համար ի՞նչ պիտի կատարուի, «երբ հայերը կը պատրաստուին ամբողջ աշխարհը ոտքի հանելու»։
Ըստ հեղինակին՝ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, նկատի առնելով, որ Հայկական Հարցը ամբողջ աշխարհը կրկին պիտի բռնկեցնէ հարիւրամեակին առիթով՝ կը ջանար արգելք հանդիսանալ կարգ մը «անհաճոյ զարգացումներու»։
«2008ին ան Երեւան գնաց, 2009ին ալ Պուրսայի մէջ Հայաստանի նախագահին հետ դիտեց Հայաստան-Թուրքիա ֆութպոլի մրցումը։ Մերձեցումի այս մթնոլորտին մէջ երկու երկիրները ստորագրեցին նշանաւոր փրոթոքոլները, բայց մեր ազերի եղբայրները շատ խիստ հակազդեցութիւն ցոյց տուին այս մերձեցման։ Սփիւռքի ծայրայեղ ու ազգայնապաշտ հայերն ալ գոհ չէին», կը գրէ Չեթինկիւլեչ ու հետեւեալ խորհրդածութիւններով կ՛աւարտէ. «Հիմա կը սպասենք տեսնելու, թէ Հայաստան ինչպիսի՛ նոր յարձակում պիտի գործէ հարիւրամեակին առիթով։ Տեսնենք, թէ մեր ազերի եղբայրները, որոնք եթէ բարկանան, նահատակաց գերեզմաննոցին մէջէն մեր դրօշակը իջեցնելու չափ խիստ հակազդեցութիւն ցոյց կու տան, ինչպիսի՞ շահ պիտի ապահովեն, երբ Թուրքիա նեղ կացութեան մատնուի ամբողջ աշխարհի առջեւ։ Հայերը կը պատրաստուին ամբողջ աշխարհի մէջ դարձեալ Հայկական Հարցին մասին խօսելու։ Մենք միայն յուշարձան բանալով կրնա՞նք ազդեցութիւն գործել համաշխարհային հանրային կարծիքին վրայ, որ արդէն նոր բան մը լսել չի ցանկար։ Թուրքիա իր ունեցած փաստաթուղթերով պէտք է նախաձեռնութիւններու դիմէ աշխարհի զանազան կողմերը։ Դժուար է մանաւանդ Եւրոպային ընդունիլ տալ բաներ, զորս ան չ՛ուզեր ընդունիլ։ Դժուար է, բայց անկարելի չէ»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.