107 տարեկան արժանթինահայ վերապրող Ովսաննա Չիլինկիրեան հանին. Երա՞զ էր, թէ՞ տեսիլք…

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

107 տարեկան արժանթինահայ վերապրող Ովսաննա Չիլինկիրեան հանին. Երա՞զ էր, թէ՞ տեսիլք…

2005-ի Ապրիլ 18-ին, որ կը զուգադիպէր ծննդեանս տարեդարձին, ախտաճանաչուեցայ  լայնաղիի մեծ քաղցկեղով: Անիկա շտապ վիրահատուեցաւ նոյն օրը գիշերով: Վիրահատումը կատարուեցաւ Մոնթրէալի Ժան Թալոն հիւանդանոցին մէջ, բժիշկ Նեսիպ Խուրիի ձեռքով: Ան 1973-ին եղած էր իմ աշակերտներէս մէկը, Պէյրութի Ամերիկեան հիւանդանոցի քիթ-կոկորդ-ականջ բաժանմունքին մէջ: Այս ուռը լայնաղիի տեղական ուռ մըն էր, տարածուած չէր մարմնի այլ մասերուն: Ուստի քիմիադարմանումի կամ Ք. ճառագայթային դարմանումի չենթարկուեցայ: Ամբողջ 13 տարի, վիրաբոյժս օրինաւոր կերպով եւ հերթական դրութեամբ կը հետեւէր առողջական վիճակիս՝ վեց ամիսը անգամ մը կատարելով hամակարգչային շերտագրական (CT Scan) եւ մագնիսարձագանգային նկարումներ (MRI): Այս նկարումները լայնաղիիս վիրահատուած քաղցկեղի տեղական ոչ մէկ հետք եւ կամ տարածում չէին ցցնէր: Սակայն ամէն նկարումի լեարդիս մէջ պզտիկ, 1-2 մմ մեծութեամբ կրային կուտակում (calcification) կ’արձանագրուէր: Ո՛չ վիրաբոյժը եւ ոչ ալ նկարումը կատարող մասնագէտ բժիշկը կը մտահոգուէին:

2018-ին պատահեցաւ անակնկալ նորութիւն մը: Յունիսի  լեարդիս hամակարգչային շերտագրական նկարահանումը յայտնաբերեց 2 սմ մեծութեամբ լեարդի խլիրդային ուռ մը: Տեսնուեցայ Royal Vic հիւանդանոցի լեարդի խլիրդային ուռերու վիրաբոյժ մասնագէտ տոքթ. Շոտրիին հետ, որ շուտափոյթ վիրահատում յանձնարարեց. պիտի վիրահատուէին խլիրդային ուռը եւ լեարդին երկու երրորդը:

3 Օգոստոսի առաւօտուն, տիկինս՝ էլիզապէթը, ընկերացաւ ինծի. երկուքով հասանք հիւանդանոց ու բարձրացանք վիրաբուժական գործողութիւններու բաժանմունքը: Հոն, պաշտօնական հարցարանները լեցնելէ ետք, հրաժեշտ տուի Էլիզապէթին եւ ուղղուեցայ դէպի վիրահատման սենեակը, ուր ընդհանուր զգայազերծող բժիշկը որոշ հարցումներ ուղղեց եւ ընկալուչով մտիկ ըրաւ թոքերս: Արդէն վիրահատման սենեակն էի, շրջապատուած վիրաբոյժով, խլրդաբոյժ փեսայովս՝ բժիշկ Արի Մկրտիչեանով, օգնական երկու բժիշկներով, երեք բուժքոյրերով եւ զգայազերծող բժիշկով. բանակ մը՝ կազմ ու պատրաստ: Զգայազերծող բժիշկը հետս կը խօսէր եւ կը պատրաստուէր զիս զգայազերծելու: Կը յիշեմ իր վերջին նախադասութիւնը.

– Տոքթո՛ր Հարպոյեան, հիմա պիտի քնանաս, վիրահատումէն ետք պիտի արթննաս ու զիս քովդ պիտի տեսնես:

Արդէն քնացած էի: Վիրաբոյժը վիրահատումը սկսած էր առաւօտեան ժամը 9-ին, նախատեսուած ժամանակին աւարտած էր, եւ ես կէս արթուն էի: Քովս էին երկու բուժքոյրեր եւ զգայազերծող բժիշկը, որ ճակատս շփելով ըսաւ.

– Տոքթո՛ր Հարպոյեան, վիրահատումը վերջացաւ, շատ հանգիստ կերպով զգայազերծումէ դուրս եկար եւ ահա արթուն ես:  Հիմա միասին վերակենդանացման հսկողութեան բաժինը պիտի երթանք, հոն  տիկինդ քեզ կը սպասէ:

– Քանի՞ ժամ տեւեց վիրահատումը, եւ ո՞ւր է վիրաբոյժը:

– Վեց ժամ տեւեց վիրահատումը, վիրաբոյժը քիչ ետք կու գայ եւ կը խօսի հետդ:

Վերակենդանացման սենեակին մէջ զիս դիմաւորեցին բժիշկ Շոտրին եւ փեսաս՝ բժիշկ Արին, իրենց կանաչ զգեստներով, գլխարկներով եւ դնչակապերով: Բժիշկ Շոտրին, քննելէ ետք վէրքս, թոքերուս եւ սրտիս առողջական վիճակը, հեռացաւ, խոստանալով որ յաջորդ առաւօտ պիտի այցելէ: Հոն էր Էլիզապէթը, որ իր անոյշ ժպիտով դիմաւորեց զիս, «բարի եկար» ըսաւ եւ համբոյր մը դրոշմեց ճակտիս վրայ: Բժիշկ Արին իր սովորական զուարթախօսութեամբ ըսաւ.

– Այո՛, առիթը օգտագործէ՛, սիրելի՛ Էլիզապէթ, կրկին համբուրէ կողակիցդ՝ մեր սիրելի տոքթոր Հարպոյեանը, ան արժանի է:

Բժիշկ Արին շատ արագ քանի մը թելադրութիւն ըրաւ եւ վազեց իր հիւանդին վիրահատումը կատարելու:

Բուժքոյրերը խնդրեցին Էլիզապէթէն, որ ազատ ձգէ զիրենք եւ սպասման սենեակ երթայ: Անդրադարձայ, որ երկու բազուկներուս վրայ կային 4-5 կերպընկալ, թափանցիկ եւ բարակ խողովակներ, քիթս եւ բերանս նոյնպէս ծածկուած էին թափանցիկ կերպընկալ դնչակապով մը, որուն միջոցաւ թթուածին կը ներմուծուէր քիթէս դէպի թոքերս: Բուժքոյրերը լրջօրէն կը հսկէին առողջութեանս, կը քննէին սրտիս զարկը, արեանս ճնշաչափը, ջերմութիւնս եւ այդ կերպնկալ խողովակներուն միջոցաւ ներարկուած դեղերուն եւ հեղուկներուն հոսքը: Երկուքն ալ կանաչ հագուստներով, դնչակապերով ու կերպնկալ ձեռնոցներով՝ լուր ու մունջ կ’աշխատէին:

Վերակենդանացման սրահը վարագոյրներով բաժնուած էր եւ վերածուած՝ պզտիկ խուցերու, ամէն մէկ խուցին մէջ զետեղուած էր հիւանդ մը, եւ իւրաքանչիւր հիւանդին կը հսկէին 1-2 բուժքոյրեր: Գիշեր  էր, պզտիկ լամբ մը կը վառէր գլխուս վերեւ: Ես կէս քուն-կէս արթուն վիճակի մէջ էի: Այս միջոցին, զարմանալի եւ հետաքրքրական տեսարան մը պարզուեցաւ դիմացս. իրականութի՞ւն էր, թէ՞ պատրանք: Դիմացի խուցի հիւանդին շուրջ կեցած էին սեւ զգեստաւորուած երկու երիտասարդ աղջիկներ, մէկը միւսէն աւելի հասակաւոր էր: Նկատեցի, որ իրարու հետ անգլերէն կը խօսէին: Բարձրահասակ երիտասարդուհին մօտեցաւ հիւանդին եւ հայերէնով հարցուց. «Ինչպէ՞ս ես այսօր, մայրիկ», իսկ միւս երիտասարդուհին անկողինին յառաջամասի  դարձանիւով անկողինին ետեւի մասը կամաց-կամաց բարձրացուց. հիւանդը կէս նստած-կէս պառկած դիրք մը ունենալէ ետք պատասխանեց.

– Փա՜ռք Աստուծոյ, աղջի՛կս, այսօր լաւ եմ, քանի որ թուրքերէ հեռու եմ եւ ապահով ձեռքերու մէջ եմ:

Ես շշմած մտիկ կ’ընէի, չէի հաւատար ականջներուս: Հայերէ՞ն, Մոնթրէալի հիւանդանոցին մէջ, այս ուշ ժամուն, թուրքե՞րը… ո՞ր թուրքերը: Բարձրահասակ երիտասարդուհին պայուսակէն պզտիկ գործիք մը հանեց եւ սկսաւ նկարել: Հիւանդը պոռթկաց.

– Ո՛չ, ո՛չ, մի՛ նկարէք, թուրքերը զիս կը հալածեն:

Երիտասադուհին պատասխանեց.

– Մայրի՛կ, մի՛ մտահոգուիր, հոս թուրքեր չկան. մենք եկած ենք տարեդարձդ շնորհաւորելու, ահաւասիկ պզտիկ ծաղկեփունջ մը, քանի՞ տարեկան եղար մայրիկ:

– 107 տարեկան, ծնած եմ 8 Օգոստոս 1911-ին, Կիլիկիոյ մայրաքաղաք՝ Սիս:

– Ապրի՛ս, մայրի՛կ, շա՛տ ապրիս եւ առո՛ղջ ապրիս:

Երկու երիտասարդուհիները շարունակեցին իրենց խօսակցութիւնը 107 տարեկան հիւանդին հետ: Խօսակցութիւնը վերածուեցաւ հարցազրոյցի: Անոնք իրենց ձեռքին մէջ ունէին մեծ տետրակ մը, որուն մէջ կ’արձանագրէին հիւանդ մայրիկին տուած տեղեկութիւնները: Փորձեցի հետեւիլ անոնց խօսակցութեան եւ հարցազրոյցին, սակայն կատարեալ չէի լսեր եւ չէի հասկնար, սակայն ցեղասպանութիւն, genocide բառերը եւ հիւանդ մայրիկին իսլամացման եւ ծնողքին նահատակութեան պատմութիւնը  հետաքրքրութիւնս գրգռեց: Փորձեցի սթափիլ եւ նստիլ, սակայն չկարողացայ: Երիտասարդուհիներէն մէկը ձեռքի շարժումով քովս կանչեցի եւ հայերէնով ըսի.

– Հա՞յ ես, հայերէն կը խօսի՞ս:

Ան չպատասխանեց եւ հեռացաւ: Կ’երեւի հայերէն չէր գիտեր: Քանի մը վայրկեան ետք կանչեցի երկրորդ երիտասարդուհին եւ նոյն հարցումը ուղղեցի անոր: Անոր աչքերը պլպլացին, ու անմիջապէս հայերէն պատասխանեց.

– Այո՛, հա՛յ եմ, հայերէ՛ն կը խօսիմ, եւ անունս ալ Վրէժուհի է:

Հազիւ իմացայ որ հայ է, հայերէն կը խօսի, եւ անունն ալ Վրէժուհի է, փորձեցի շտկուիլ եւ գլուխս բարձրացնել, բայց դարձեալ չկարողացայ, ուստի պառկած վիճակիս մէջ շարունակեցի.

– Ի՞նչ կ’ընէք դիմացի  հիւանդին մօտ, ո՞վ էք դուք եւ ո՞վ է այդ հիւանդը:

– Դիմացի հիւանդը 107 տարեկան արժանթինահայ հանի մըն է, որուն անունը Ովսաննա Չիլինկիրեան է: Մենք անգլիատառ թերթի մը թղթակիցներն ենք: Երբ  իմացանք այս 107 տարեկան Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող ծերուկ հանիին ներկայութիւնը հոս, ուզեցինք հետը հարցազրոյց մը կատարել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:

– Բայց ինչո՞ւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:

– Մենք երկուքս, իբրեւ թղթակիցներ, կ’ուզենք լուսարձակի տակ առնել Հայոց  Ցեղասպանութիւնը եւ ներկայացնել զայն ոչ-հայ հասարակութեան: Երբ լսեցինք Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող այս 107 տարեկան հայ մամիկին ներկայութեան մասին, վազելով եկանք, արտօնութիւն ստացանք հիւանդանոցի տնօրէնութենէն, որպէսզի կատարենք մեր հարցազրոյցը:

«Շնորհակալ եմ» ըսելէս ետք, թղթակից Վրէժուհին «Գիշեր բարի» ըսաւ եւ հեռացաւ, սակայն անմիջապէս ետ դարձաւ եւ հարցուց.

– Կը ներէք, պարո՛ն, ձեր անունը ի՞նչ է. կրնա՞ք որոշ տեղեկութիւն տալ ձեր մասին:

– Այո՛, անշուշտ կրնամ տեղեկութիւն տալ: Անունս Կարպիս Հարպոյեան է: Ես գործէ դադրած լիբանանահայ բժիշկ մըն եմ: Մոնթրէալ հաստատուած եմ 18 տարի առաջ: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ երկու գիրք գրած եւ հրատարակած եմ: Առաջինը կոչեցի «Խաչելութեան ճանապարհը» եւ երկրորդը՝ «Խաչելութենէն յարութիւն»: Երկու գիրքերուն շնորհանդէսները կատարուեցան Մոնթրէալի Համազգային «Սանահին» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ, 2015-ի Ապրիլին:

– Շատ ուրախ եմ այս տեղեկութիւններուն համար: Ես շրջանաւարտ եմ Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ վարժարանէն եւ իմ մասնակցութիւնս կը բերեմ Հայ Դատի աշխատանքներուն: Յարգելի՛ տոքթոր Հարպոյեան, կրնա՞մ այդ երկու գիրքերէն մէկական օրինակ ունենալ:

– Բայց ինչո՞ւ կ’ուզէք ունենալ այդ գիրքերը:

– Որպէսզի  յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղեմ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ յօդուածով մը դարձեալ անդրադառնամ թուրքերուն գործած 20-րդ դարու պատմութեան մէջ առաջին ցեղասպանութեան:

– Մեծ հաճոյքով, Վրէժուհի՛, վաղը եթէ այցելէք ինծի, տիկինս կը յանձնէ գիրքերը:

– Սպասեցէք, տոքթոր, վաղը կէսօրէ ետք ձեր քով կ’ըլլամ: Խնդրանք մը, տոքթոր, կարելի՞ է ձեզի հետ ալ հարցազրոյց մը ունենալ վաղը, որպէսզի աւելի տեղեկութիւններ փոխանցէք ձեր երկու գիրքերուն մասին:

– Սիրով, եկէ՛ք, երկար կը խօսինք:

Վրէժուհին ցտեսութիւն ըսելէ ետք անհետացաւ: Փորձեցի շուրջս նայիլ սակայն չկարողացայ, արդէն քնացած էի:

Յաջորդ օրը, առաւօտուն երբ արթնցայ, քովս գտայ երկու բուժքոյրերէն մէկը: Յիշեցի հայ թղթակիցին հետ ունեցած խօսակցութիւնս եւ 107 տարեկան հայ վերապրող հանիին՝ Ովսաննա Չիլինկիրեանին ներկայութիւնը դիմացս: Գլուխս բարձրացուցի, որպէսզի տեսնեմ հանի Չիլինկիրեանը եւ երկու թղթակիցները, սակայն ապարդիւն: Դիմացի խուցի անկողինին մէջ հիւանդ չկար, հոն չէին նաեւ երկու թղթակիցները: Բուժքոյրը, ջերմաչափը ձեռքին, կեցած էր քովս. աչքերուն նայելով հարցուցի.

– Ո՞ւր է դիմացի խուցի հիւանդը:

Բուժքոյրը զարմանքով ըսաւ.

– Հոն հիւանդ չկայ: Երկու օրէ ի վեր այդ խուցը պարապ է:

– Բայց երէկ գիշեր ես տեսայ այդ խուցին մէջ արժանթինահայ 107 տարեկան հայ մամիկ մը պառկած էր եւ անոր այցելութեան եկած էին երկու աղջիկ թղթակիցներ:

– Պարո՛ն, կը վստահեցնեմ, որ երէկ գիշեր դիմացի խուցին մէջ հիւանդ չկար: Կ’երեւի դուք երազ տեսած էք:

Արդեօք բուժքոյրը ճշմարտութի՞ւնը կ’ըսէր, թէ՞ կը ստէր: Բայց ինչո՞ւ պիտի ստէր: Շուարած էի, երա՞զ էր պատահածը, թէ՞ ընդհանուր զգայազերծման հետեւանքով զգայախաբէութիւն-պատրանք (hallucination): Կորսուած վիճակ մը ունէի եւ անդիմադրելի ցաւով կը տառապէի: Ուստի բուժքոյրը ցաւազերծող դեղ մը սրսկեց բազուկէս:

Երեք ժամ ետք փոխադրուեցայ հիւանդանոցի սենեակս, ուր զիս կը սպասէին Էլիզապէթը եւ երեք դուստրերս: Սենեակս մեծ էր եւ լուսաւոր:

Անմիջապէս պատմեցի Էլիզապէթին եւ դուստրերուս՝ այն ինչ որ պատահած էր վերակենդանացման սենեակը, այսինքն՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող 107 տարեկան արժանթինահայ Ովսաննա Չիլինկիրեանի ներկայութիւնը իմ դիմացի խուցիս մէջ, եւ երկու թղթակիցներուն հարցազրոյցը անոր հետ, նաեւ թղթակիցներէն մէկուն՝ Վրէժուհիին հետ ունեցած խօսակցութիւնս: Անոնք բերանաբաց մտիկ կ’ընէին զիս, բայց քիչ մը ապշած էին:

– Սիրելի՛ էլիզապէթ եւ դուստրերս, քիչ ետք ձեզմէ մէկը տուն թող երթայ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ հրատարակած երկու գիրքերէս մէկական օրինակ բերէ շուտով, որովհետեւ թղթակից Վրէժուհին  այսօր կէսօրէ ետք աիս պիտի այցելէ, որպէսզի ստանայ այդ գիրքերը: Ան նաեւ հետս հարցազրոյց մը պիտի ունենայ գիրքերուս մասին:

– Բայց այդ թղթակիցը ուրկէ՞ տեղեկացած է, որ դուն այդ երկու գիրքերը հրատարակած ես,- հարցուց Էլիզապէթը:

– Ինծի հետ խօսակցութեան ընթացքին ես տեղեկացուցի, եւ ան փափաքեցաւ մէկական օրինակ ունենալ անոնցմէ: Ան նաեւ առաջարկեց հետս հարցազրոյց մը ունենալ:

Աղջիկս՝ Դալարը մեկնեցաւ, որպէսզի գիրքերը շուտով հասցնէ ինծի:

Երկու ժամ ետք, ներս մտաւ բժիշկ Շոտրին, խնդումերես, մօտեցաւ ինծի եւ ըսաւ.

– Բարե՛ւ, տոքթոր Հարպոյեան, վիրահատումը շատ լաւ կատարուեցաւ, լեարդին երկու-երրորդը քաղցկեղային վէրքին հետ վիրահատեցի: Լեարդին շուրջը մաքուր էր եւ որովայնին մէջ քաղցկեղի տարածման հետք չկար: Հակառակ այս բոլորին, հատուած լեարդին երկու-երրորդը եւ քաղցկեղային վէրքը ամբողջութեամբ ղրկած եմ ախտաբանական մանրակրկիտ քննութեան, որուն արդիւնքը 10 օր ետք կը ստանամ: Վստահ եմ ցաւ պիտի ունենաս, սակայն ներմկանային ցաւազերծիչ դեղերը չորս ժամը մէյ մը  կրնաս ուզել. այս խողովակները օր ըստ օրէ պիտի անջատուին. փորձէ խորունկ շունչ առնել, որպէսզի թոքերդ բնական գործեն եւ թոքային բորբոքում չունենաս. վաղը արդէն բուժքոյրերու օգնութեամբ պիտի սկսիս քալել, որպէսզի սրունքներու ծայրամասին երակներու խցում չունենաս: Օգնական բժիշկները պիտի հսկեն առողջութեանդ, իսկ ես ամէն օր պիտի այցելեմ ու արժեւորեմ յետվիրահատման վիճակդ:

Շնորհակալութիւն յայտնեցի բժիշկին, զինք ալ տեղեակ պահեցի գիշերով վերակենդանացման խուցիս մէջ դիպուածին մասին ու ըսի.

– Յարգելի՛ տոքթոր Շոտրի, դուք իմ խուցիս դիմացի խուցին մէջ երէկ գիշեր տարեց մամիկ հիւանդ մը տեսա՞ք:

– Ո՛չ, տոքթոր Հարպոյեան, հոն հիւանդ չկար, դուն երազած ըլլալու ես:

Ան ցտեսութիւն ըսաւ եւ հեռացաւ: Երկու ժամ ետք, Դալարը վերադարձած էր երկու գիրքերով: Սպասեցի ամբողջ օրը եւ յաջորդ քանի մը օրերուն, որ թղթակից Վրէժուհին այցելէր ինծի. սակայն ապարդիւն: Վրէժուհին  չայցելեց, ես մնացի սպասողական վիճակի մէջ, տեղի չունեցաւ մեր հարցազրոյցը:

Ապաքինմանս օրերուն, բուժքոյրերուն օգնական երիտասարդ տղամարդ մը ամէն օր անկողինի սաւաններն ու բարձերը կը փոխէր: Օր մը, երբ ներս մտաւ, հեռաձայնով բարեկամի մը հետ հայերէն կը խօսէի: Ընկալուչը տեղը դնելէս ետք, երիտասարդը հարցուց.

– Պարո՛ն, հայերէ՞ն կը խօսէիր, դուն հա՞յ ես:

– Այո՛, հայերէն կը խօսէի, հայ եմ: Իսկ դո՞ւն, հայերէն գիտե՞ս, հայերէն  կը հասկնա՞ս եւ ի՞նչ է ինքնութիւնդ:

– Ես Չիլի ծնած եմ: Երկու տարի առաջ Չիլիէն գաղթեցի եւ հաստատուեցայ Մոնթրէալ: Ես հայ ընկերներ ունիմ, անոնցմէ քիչ մը հայերէն սորված եմ: Երբ լսեցի խօսակցութիւնդ, կռահեցի, որ հայ ես: Ես հայերու ցեղասպանութեան մասին տեղեակ եմ: Մեծ հայրս եւ մեծ մայրս յոյն եղած են, իրենց երիտասարդութեան շրջանին Յունաստան ապրած են: Յոյներն ալ հայերուն պէս 1915-ին տեղահանութեան մատնուած են թուրքերու կողմէ: Մեծ հայրս եւ մեծ մայրս 1200 յոյներու հետ Չիլի գաղթած են այդ օրերուն: Անոնց ճամբորդութիւնը չորս ամիս տեւած է: Տեղացի չիլիցիները զիրենք թուրք կոչած են, որովհետեւ անոնք թրքական նաւով հասած են Չիլի: Ես մեծ մօրմէս եւ մեծ հօրմէս շատ պատմութիւններ լսած եմ թուրքերու բարբարոսութեան մասին: Անոնք ոճրագործ եւ ջարդարար ժողովուրդ են:

Շշմած մտիկ կ’ընէի ծագումով յոյն, Չիլի ծնած եւ Մոնթրէալ բնակութիւն հաստատած երիտասարդին ինքնաբուխ պատմութիւնը: Հո՛ս, հիւանդանոցին մէջ, չիլիցի երիտասարդէ մը պիտի լսէի թուրքերուն ոճրագործ եւ ջարդարար ըլլալը:

Հիւանդանոց կեցութեանս ընթացքին, հարազատներէս, ընկերներէս եւ աշխարհական ու կրօնական բարեկամներէս շատերը հեռաձայնեով իրենց բարեմաղթութիւնները յայտնեցին: Անոնք փափաքեցան այցելել զիս, սակայն խնդրանքիս ընդառաջելով հրաժարեցան: Բացառութիւն եղաւ Տէր Գառնիկ Ա. Քահանայ Գոյունեանի եւ երէցկին Նինայի անակնկալ այցելութիւնը հիւանդանոց կեցութեանս վերջին գիշերը: Անոնց այցելութիւնը մեծ ուրախութիւն պատճառեց ինծի: Իսկ Տէր Գառնիկին աղօթքը հոգեկան հանդարտութիւն պարգեւեց: Այդ գիշեր շատ հանգիստ քնացայ. յաջորդ առաւօտուն արթնցայ ֆիզիքապէս կայտառ եւ հոգեպէս շատ լաւ տրամադրութեամբ:

Վիրահատումէն 15 օր ետք, կանուխ առաւօտուն, վիրաբոյժը սենեակս մտաւ եւ ուրախութեամբ յայտարարեց.

– Տոքթո՛ր Հարպոյեան, այսօր տուն պիտի երթաս: Վէրքդ շատ մաքուր է, եւ առողջական ընդհանուր վիճակդ գոհացուցիչ է: Տասը օր ետք, կ’ուզեմ քեզ տեսնել դարմանատանս մէջ: Բարի վերադարձ տուն, կը տեսնուինք:

– Շնորհակալ եմ, յարգելի՛ տոքթոր Շոտրի, ձեր ծառայութեան եւ ազնիւ վերաբերմունքին: Աստուած ձեզ պահէ:

Մինչ այդ հասած էր արդէն Էլիզապէթը: Միասնաբար հրաժեշտ տուինք հիւանդանոցին եւ վերադարձանք մեր տունը: Ուրախ էի, որովհետեւ վերամիացած էի հարազատներուս՝ կողակիցիս, զաւակներուս, փեսաներուս ու մանաւանդ թոռնիկներուս: Ինձմէ աւելի ուրախ էին անոնք՝ բոլորը: Գտած էի նաեւ իմ միջավայրս՝ տունս եւ պարտէզս:

Մինչեւ օրս, յիշողութեանս մէջ անքակտելիօրէն արձանագրուած է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող 107 տարեկան արժանթինահայ Ովսաննա Չիլինկիրեան հանիին եւ Սուրբ Յակոբ վարժարանի շրջանաւարտ, թղթակից եւ Հայ Դատի կամաւոր աշխատող Վրէժուհիին առեղծուածային ներկայութիւնը՝ Ռոյըլ Վիք հիւանդանոցին մէջ, իմ խուցիս դիմացը: Ափսոս, որ Վրէժուհին չայցելեց զիս եւ հարցազրոյց չունեցաւ հետս: Յոյսով եմ, որ օր մը կրկին պիտի տեսնեմ զինք:

Երա՞զ էր, թէ՞ տեսիլք…

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

Մոնթրէալ, 20 Ապրիլ 2023

Comments are closed.