«Տաճկահայ Գաղթաշարժը Եւ Անոնց Դերը Հայաստանի Հանրապետութեան Կազմութեան Մէջ» – Թ.
ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ
Այս նախապատրաստական աշխատանքներէն յետոյ Բասէնի Ղարաքիլիսէ կեդրոն գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ բոլոր գիւղերէն եկած վարչական մարմիններու եւ ընտրուած պատգամաւորներու ընդհանուր ժողովը: Հոդ, Բասէնի մարմինը պարզեց իր աշխատանքի ծրագիրը: Գտնուեցան մէկ երկու քահանաներ եւ նախկին հարուստ գիւղացիներ, որոնք վճռականապէս ընդդիմացան. եւ միայն մէկ քանի հոգի, մնացած բոլոր պատգամաւորները կայնեցան համայնական աշխատանքի սկզբունքի վրայ: Այդ որոշումը կայացնելէ յետոյ, աւելի մանրամասնօրէն գրի առնուեցան անոր կանոնները, որպէսզի ապագայ թիւրիմացութիւններու տեղի չտրուի: Որոշումը պարտադիր էր բոլորին եւ հակառակ եղող վերյիշուած քանի մը անհատներն ալ ենթարկուեցան:
Ահա, համառօտակի, համայնական աշխատանքի պայմանները:
Ա.- Իւրաքանչիւր գիւղի մէջ գտնուած եզները պիտի ցուցակարգուին եւ նկատուին ընդհանուր վարուցանքսի գործիքներ, մնալով միեւնոյն ժամանակ իրենց տէրերու սեփականութիւնը:
Բ.- Գիւղի բոլոր աշխատաւոր ձեռքերն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն վարուցանքսին եւ հունձքին, որոշխմբաւորումներով եւ իրար փոխարինելով:
Գ.- Վարուցանքսը սկսիլ գիւղի լաւագոյն հողերէն եւ հետզհետէ հասնիլ ստորին հողերուն, եթէ եղանակները ներեն:
Դ.- Ազգային պահեստի սերմցուն վերջանալէն յետոյ, ունեւորներէն կ’առնուի եւ ցանքսը կը շարունակուի, յիշեալներուն վճարելու պայմանաւ:
Ե.- Հունձք եւ կալսը կը կատարուի ընդհանուր ուժերով:
Զ.- Ամէն մէկ գիւղը կ’ունենայ իր հաշուապահը (որ անմիջապէս կ’ենթարկուի Բասէնի Ազգ. Մարմնին) որ կ’արձանագրէ տոմարի մը մէջ տրուած սերմը, աշխատող ձեռքերը, աշխատող եզները (եւ որո՞ւ պատկանիլը), ինչպէս նաեւ հունձքին ու կալսին մասնակցողները: Այդ աշխատանքը պիտի կատարուի օրուայ հաշուով:
Է.- Պիտի ցուցակարգուին հիւանդկախ մարդիկ, կամ աշխատաւոր ձեռքերէ զուրկ կանայք եւ անոնց պիտի տրուի ընդհանուր եկամուտի արդիւնքէն:
Ը.- Եկամուտը, որպէս ընդհանուրի սեփականութիւնը, բոլորի քոնտրօլի տակն է եւ քիչ ենթակայ գողութեան: Այդ եկամուտէն նախ կը վերցուի տրուած սերմը, ու կը կեդրոնանայ ազգային պահեստը: Մնացածը կը բաշխուի հաշուապահի ներկայացուցած աշխատանքի տախտակի համեմատութեամբ: Այդ համեմատութիւնը կը ճշդուէր նկատի առնելով թէ իւրաքանչիւր տունը քանի՞ եզով, քանի՞ աշխատող ձեռքերով եւ քանի՞ օրուայ մասնակցութիւն ունի: Եզը եւ մարդը հաւասար աշխատաւորներ նկատուած էին: Այդ աշխատանքի գումարը կ’ըլլայ իր իրաւունքը: Այս բաշխման ընթացքին կը հանուէր գիւղի անկարներու բաժինը, որ մարմնի միջոցաւ կը տրուէր ըստ կարիքի:
Այս հիմունքներով մենք դիմաւորեցինք Բասէնի գարնանային երկրագործական աշխատանքները: Աշխատանքը եռալ սկսաւ: Համայնական կեանքը եւ նոր հայրենիք կազմելու զգացումը, աշխատաւորական համերաշխութեան մղեց բոլոր գիւղացիները, որոնք միեւնոյն օրուայ ընթացքին աշխատանքի ձեռնարկեցին, եւ քրտինքի հետ՝ իրենց ուրախ երգերը տարածեցին Բասէնի հովիտը: Շուտ ընտելացան իրարօգնութեան գործին եւ սկսան խոստովանիլ այն առաւելութիւնները որ միասնական աշխատանքը կ’ապահովէր: Իրենք գիւղացիները խոստովանեցան որ երկու անգամ աւելի ցանքս ըրին, քան պիտի կրնային գլուխ բերել անջատ աշխատանքով: Այս գարնան երկու ամիսներուն 28 գիւղեր շէնցան, աշխատանքի երգը հնչեց բլուրէ բլուր, ձորէ ձոր, առանց աչքի զարկող անպատեհութեան: Վարչական ու զինուորական կանոնաւոր դասաւորութեան հետ, ժողովրդի տնտեսական կեանքն ալ ապահով ճամբու մէջ կը մտնէր, ստեղծելով ինքնապահ ժողովուրդ մը մեծ հայրենիքի փոքր՝ բայց սեփական անկիւնին մէջ:
Ահա ընկերվարական համայնք մը, առանց այդ մեծադղորդ յորջորջումին:
Բարեբաղդաբար ցանքսերը ոչ մէկ վնաս կրեցին: Համայնական բարերար աշխատանքը բնութեան կողմէ առատօրէն վարձատրուեցաւ: Հունձքի աշխատանքները տարուեցան նոյն եռանդով, ինչ եռանդով ու համերաշխութեամբ տարուած էին վարուցանքսի աշխատանքները: Այդ աշնան ուրիշ երեք-չորս ընկերներ փոխարինած էին Բասէնի մարմինը, որու անդամները անցած էին նոր գրաւուած այլ խոշոր վայրեր, իրենց աշխատանքները շարունակելու համար: Յաջորդ տարին Բասէնի մարմինը կրկին գործադրութեան դրած էր համայնական ծրագիրը՝ եւ յաջողած էր, սակայն յետագայ տարիներուն ռուսական զօրքը առաջ անցաւ: Բասէնը լայնացաւ: Խտացած գիւղերու մէկ մասը այլ թափուր վայրեր փոխադրուեցան՝ շէնցնելու համար, եւ երրորդ տարիէն սկսած՝ չգործադրուեցաւ այնքան արդիւնաւոր համայնական աշխատանքը:
Բասէնի գործունէութեան ամբողջական պատկերը, թուական տուեալներով կարելի է գտնել այն երկու ընդարձակ զեկուցումներու մէջ ու Բասէնի մարմինը ժամանակին ներկայացուցած է Ազգային Բիւրոյին1:
Բասէնի եւ Ալաշկերտի շինարար աշխատանքները իրենց թափին մէջն էին, երբ զինուորական կեանքը նորէն եռալ սկսաւ: Վանէն ու Տարօնէն անհանգիստ լուրեր կը հասնէին Կովկաս: Ռուս բանակը նոր գործողութիւններ կը սկսէր, կամաւորական բանակն այս անգամ նկատի առնուելիք ամբողջութիւն մը դարձած եւ առաջապահի դերը ստանձնած էր դէպի Վան եւ Տարօն:
Նոր հայրենի հորիզոններ մեզ կը քաշէին դուրս Ալաշկերտի եւ Բասէնի նեղ գծէն:
Հիմա ճակատին հետ յառաջանանք:
Գլուխ Երրորդ
1915
Վան-Բուլանուխ-Մալազկերտ
1.
1915-ի գարնան ողջ հայութիւնը կ’ապրէր լարուած կեանք մը, սակայն իրարմէ տարբեր պայմաններու մէջ եւ տարբեր պատճառներով:
Տաճկահայ կեանքը հետզհետէ կ’օղակուէր: Ջարդի ու բնաջնջման ահռելի ծրագիրը իր ժանիքները կը խրէր հայ ժողովրդի կողը: Հայրենի ժողովուրդը տեղահան, ու ահաբեկած՝ անտուն բազմութիւն մը կը դառնար: Վան, Մուշ, Սասուն, Շապին-Գարահիսար, Ուրֆա, իրենց կոտրտած զէնքերուն կ’ապաւինէին, ու կը պաշարուէին, իրարմէ անջատ կղզիներու վերածուելով: Թրքական վիշապը կը գալարուէր հայ ժողովրդի նիհար մարմնին վրայ: Հայ ժողովուրդը շնչահեղձ, մեծ մասով յուսակտուր ու աչխարային խոհեմութեամբ, կը հալէր եաթաղանի տակ. իսկ մէկ մասը ազատագրական անվեհեր շունչով մը փարեցաւ իր զէնքին.- թէկուզ իր անզէն բազուկին, ու լարուած մնաց կեանքի ու մահուան այդ պայքարի բեմին վրայ:
Կովկասահայութեան վիճակը բոլորովին տարբեր պատկեր ունէր: Թրքական ջարդերու անորոշ վախը թէեւ միշտ կը սաւառնէր հայկական երկնակամարի վրայ, բայց անոր ահռելի հարուածը տակաւին չէր տեսնուած, անոր զգետնող շունչը տակաւին Կովկաս չէր հասած: Մենք տակաւին հեռու էինք ըմբռնելու այն ինչ որ մութին մէջ կը ծրագրուէր ու ինչ որ պիտի գործադրուէր եղանակով մը, որ չէր կրնար սեղմուիլ մեր ուղեղներու մէջ: Տարիներ անցնելէ յետոյ միայն կրցանք չափել այն մեծ խորշակը, որուն ենթակայ եղաւ հայ ժողովուրդը:
Բայց կար ընդհանուր վախը: Օղակուած էր Վանը: Սահմանին ամենէն մօտ հայկական այս նահանգը սկսած էր տուայտիլ զինք գալարող շղթաներուն մէջ: Վասպուրականի օգնութեան կոչը կը հասնէր մինչեւ Երեւան: Կովկասահայ կեանքը կը փոթորկէր: Հայկական այս հարուածի լարուածութիւնը ազատարար մարտակոչ մըն էր:
Հայ ժողովուրդը 1915-ի գարնան, կամաւորական շարժման բովին մէջ, զինուորական ազգ կը դառնար:
Կամաւորական գունդերը վերակազմուած ու միացած էին: Այդ զինուորական միութիւնը կոչուեցաւ Հայկական Արարատեան բանակ, ուր ամփոփուած էին Անդրանիկի, Դրոյի, Քեռիի, Վարդանի եւ Համազասպի գունդերը: Հայկական այս 5000-նոց բանակը ուժ մըն էր, որ կեդրոնանալով Երեւանի մէջ, նոր թափով, զինուորական աւելի եռանդուն կորովով իր քայլերը կ’ուղղէր դէպի Վան, ուր մարտնչող հայութիւնն ամիսէն աւելի կեանքի ու մահուան պայքարի բռնուած էր թրքական պաշարող բանակին հետ:
Կամաւորական շարժումը ձեւ ստացած էր: Ղեկավար ուժերը ամփոփուած եւ ինքզինքնին գտած էին պատերազմի առաջին հարուածէն: Յուսալքումը տեղի տուած էր: Երկար ու ծանր պայքարի մը ձեռնարկելու հաստատակամութեամբ՝ հայ զինուորական կեանքը կը կազմակերպէր: Այդ կազմակերպուած ուժը 1915-ի ապրիլին արդէն որոշակի գիտէր իր ընելիքը: Պաշարուած Վանի փրկութիւնը իտէալ մը կը դառնար: Այդ գործի շուրջ կը ստեղծուէր լարուած մթնոլորտ մը, որու մէջ կուսակցական, քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութիւնը կ’առաջնորդուէր մէկ հատիկ մտքով,- ստիպել ռուսական զինուորական իշխանութիւնը որ օր առաջ ընդհանուր յարձակողականի սկսի, կամ թոյլ տայ հայկական բանակին՝ իր սեփական ուժեռուսական բանակի հրամանատարութեան վրայ:
Արարատի ստորոտներուն հայկական կեանքը կ’եռար, զինուորական հաւաքուած ուժը (համաձայն հայկական սովորութեան) կը դառնար անզուսպ, եւ իր բարերար ազդեցութիւնը կ’ունենար ռուսական բանակի հրամանատարութեան վրայ:
Ռուս բանակը վերջ ի վերջոյ շարժուիլ սկսաւ նախ դէպի Բուլանուխ Մալազկերտ, եւ ապա դէպի Վասպուրական: Դէպի Վան շարժուող զօրքի յառաջապահը Արարատեան բանակն էր:
Ալաշկերտէն առաջացաւ ռուսական 4-րդ կորբուսը, Զօր. Օգանովսքու ղեկավարութեամբ եւ գրաւեց Բուլանուխ-Մալազկերտը: Դէպի Վան առաջացող ռուսական բանակի հրամանատարն էր Զօր. Նիկօլայիվիչ: Հայկական եւ ռուսական ուժերը, Բերկրիի եւ Պարսկաստանի կողմերէն հետզհետէ մօտեցան Վանին: Դուրսէն եկած զօրաւոր բռունցքը թուլցուց թրքական պաշարման շղթան: Հերոսական Վանը կորովազրկուած թշնամուն ամօթապարտ փախաւ: Վանի հայութիւնն ապրեցաւ ազատութեան գինովութիւնը, յաղթողի զգլխիչ ոգեւորութեամբ:
Առաջին մեծութիւնը յաղթական հայ ժողովուրդն էր, երկրորդ մեծութիւնը ներխուժող հայկական կամաւորական գունդերն էին, որոնք առաջին անգամ ներս կը մտնէին Վան, ու կ’ընդունուէին հերոս ու յաղթական,- մէջքը շիտակ, ժողովրդի կողմէ, եւ երրորդ մեծութիւնը բաժին կը մնար ռուսական բանակին: Այդ օրերու իրական եւ հոգեբանական տուեալներն այսպէս դասաւորուած էին: Ապստամբ ու պաշարուած կը մնար լեռնապարը Վանի Շատախը: Կամաւորական ուժերը, Դրոյի ղեկավարութեամբ, այդ կողմ կ’ուղղուէին: Կ’ազատուէր հերոսական Շատախն ալ:
Այսպիսով ռուսական բանակի ընդհանուր յարձակողականը Տաճկահայաստանի գրեթէ կէսը կ’առնէր իր թեւարկութեան տակ: Բասէնի ռուսական խոշոր բանակը (որ կայնած կը մնար Էրզրումի դէմ) կը բաւականանար Բասէնի գրաւումով եւ իր ձախ թեւը կը տարածէր աւելի հարաւ Խալիազի լեռնանցքը, որ մեծադիր կը նստի Բասէնի-Ալաշկերտի եւ Խնուսի միջեւ: Այդ բարձունքներու տիրապետութիւնը թոյլ կուտար որ Ալաշկերտի բանակը առաջանար Եփրատի հովիտով, գրաւէր Մալազկերտը եւ յառաջանար Բուլանուխ Կոբը, իսկ ձախ թեւը, որու հրամանատարն էր Զօր. Նազարբէգեանը, կը տարածուէր մինչեւ Սիփանի ստորոտները – Արճէշ-Ախլաթ: Այս նոր յառաջխաղացումը երկու ամսուայ ընթացքին կ’ազատագրէր Վասպուրականի նահանգի 120,000 հայութիւնը եւ Մշոյ նահանգի Բուլանուխ-Մալազկերտի 34,000
(Տես քարտէզի 1915-ի գրաւման շրջանը):
1Ես անձամբ Բասէնի մարմնի կողմէ ներկայացուցած եմ այդ երկու գրաւոր զեկուցումները: Բասէնի վերաշինութեան եւ համայնական աշխատանքի մասին երբ զեկուցած էի Ազգային Բիւրոյին, Ալ. Խատիսեանը (այդ ժամանակ իրարու ծանօթ չէինք) մեծ հետաքրքրութեամբ լսելէն վերջ, ըսած էր իր մէկ ընկերոջ որ Ռոբինսոն Կրուզօի տպաւորութիւնը կրեց ինձմէ: Շատերուն զարմանալի պիտի թուի վեր յիշածս աշխատանքի պատկերը, բայց պարզ իրողութիւն է: Ո՞վ գիտէ, հայ ղեկավարներէն շատերու համար Հայաստանի գիւղը Ռոբինսոն Կրուզօի կղզին է տակաւին: