Յակոբ Պալեան
Երբ կը ստանձնեմ պայքարը, չեմ մտածեր այն մասին որ կրնամ այդ կորսնցնել,
Ժագ Շիրաք, ֆրանայի նախագահ
Ազգի, Հայրենիքի եւ Հայ Մշակոյթի տիրութեամբ տագնապող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Աի հռչակած Սփիւռքի Տարիի եւ մարդուժի տարիի մասի երբ կը մտածեմ, կը կանգնիմ հարցականի մը առջեւ: Ի՞նչ նոյնութիւն եւ հասարակաց ի՞նչ ունին մոլորակին վրայ տարածուած եւ տարտղնուող հին եւ նոր հայկական հաւաքականութիւնները, զորս կը դասենք ՍՓԻՒՌՔ գլխուն տակ: Առաջ կ’ըսուէր՝ գաղթականութիւն, ապա, աճերով եւ համարկումներով, ան բազմացաւ եւ ինքնիրեն կցեց բնակավայրի անուն եւ դարձաւ այս կամ այն քաղաքի եւ երկրի հայութիւն, ինչպէս սուրիահայութիւն, ամերիկահայութիւն, հալէպահայութիւն, յունահայութիւն, հիմա, նաեւ քուէյթահայութիւն, նորզելանտահայութիւն, իրլանտահայութիւն, իսպանահայութիւն, հինգ ցամաքամասերու յար բազմապատկուող նորանուն հայութիւններ, զորս կը խմբենք նոյն գլխու տակ, կ’ըսենք՝ ՍՓԻՒՌՔ: Անոնք նո՞յն են: Հարցման պատասխանէն կախում ունի ՄԱՐԴՈՒԺը, անոր յառաջացումը եւ աշխատանքը, որպէսզի Սփիւռքը ունենայ որակ եւ նպատակ:
Պատմութեան ընթացքին եղած են հայ գաղթականութիւններ, տեղահանութիւններ: Ներկայի սփիւռքը ընկերաքաղաքական տարբեր երեւոյթ է իր համրանքով, տարածումով եւ դիմագիծով:
Սփիւռքի ծննդոցը ցեղասպանութենէ ճողոպրածները եւ հայրենահանուածներու այլ երկինքներու տակ ապաստանած բազմութիւններն էին, անոնք ուզած էին շարունակութիւն ըլլալ՝ վերադարձի համար: Հիմա կայ հայրենիքը կամաւոր լքողներու նոր սփիւռքը, որ նախկին սփիւռքի հետ ճակատագրի եւ հոգեբարոյական նոյն ենթահողը եւ ինքնութեան նոյն պատկերերացումը չունի, խաբկանք պէտք չէ ունենալ: Աճող եւ բազմանուններով Սփիւռքը յոգնակի է, ո՛չ նախկինները եւ ո՛չ նորերը ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ որպէս օրակարգ եւ հեռանկար չունին համարկուած են, կը համարկուին «նոր հայրենիք»ներու, մշակոյթով, բարքով, կենսաոճով: Հարցում. ԴԱՐՁ՝ ո՞ւր: Բոլորն ալ կոչենք ՍՓԻՒՌՔ, ծնունդ՝ հին արմատներու վրայ աճած եւ աճող նոր եւ բազում համայնքներու, որոնք կը կարծեն ազգի շարունակութիւն եւ շարունակող ըլլալ:
Մտածելու եւ աշխատանք ծաւալելու համար, պէտք է գիտնալ թէ ի՞նչ կը ներկայացնեն ՍՓԻՒՌՔի մարդոց ինքնութիւնը եւ ՀԱՄՐԱՆՔը, այսինքն քանի միլիոն մարդ կայ այդ անուան տակ: Սփիւռքի Տարուան մտածումներու եւ նախաձեռնութիւններու առանցքին կը տեսնե՞նք մէկ, երկու, հինգ, տասը, քսան կամ աւելի միլիոն մարդ, ընդլայնուած գաղթականութիւններ, զորս անցեալին կը կոչէինք գաղութներ: Եթէ թուական պատկերացում չունենանք, կը մնանք թաղային մակարդակի վրայ, ո՛չ ազգային-քաղաքական, կը բազմապատկենք կարծիքները: Կ’ըլլանք պոլսահայ, իրանահայ, լիբանահայ, սուրիահայ, հայաստանցի, եւ դեռ՝ յունահայ, ֆրանսահայ, մարսիլահայ, ամերիկահայ, իւրաքանչիւրը իր կոտորակներով: Հիմա նաեւ շուէտահայ, իրլանտահայ, նորզելանտահայ, չինահայ: Այս բոլորը նաեւ կրօնական-յարանուանական, կուսակցական կարծրացած տարբերութիւններով: Սփիւռքներ… Ի՞նչ գիտենք Սփիւռքի մասին, եթէ անդին անցնինք տեղականէ եւ կոտորակներէ:
Սփիւռքը ունի գիտուն մարդիկ, անոնք կը գործեն որպէս քաղաքացի: ՄԱՐԴՈՒԺ են: Հայոց Կաթողիկոսի մտածումը կը վերաբերի Ազգային Մարդուժի, որ ունենայ ազգային ըմբռնում եւ տեսիլք, ըլլայ ներդրում ազգապահպան գործին մէջ:
Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ գիտնալ, ՍՓԻՒՌՔ մասին, ի՞նչ ընելու համար: Այս հարցերու մասին տեսակէտներ, եւ վիճարկում չկան որպէսզի հասարակ յայտարարի մը շուրջ հասարակական կարծիք ստեղծուի եւ ապա, մասնակիներէն անդին, գոյութենական առաջադրանքի մը շուրջ միացման գաղափարախօսութիւն ծնունդ առնէ, որուն հեռանկարը ըլլայ ԱԶԳԻ ՀԱՐԱԶԱՏՈՒԹԵԱՄԲ ՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ եւ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ, որ կ’ենթադրէ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՀԻՄՆԱԿԱՌՈՅՑը, առանց որուն կը մնանք ուրիշներու դրան առջեւ կամ անոնց դուռը բախող տարբեր անուններով անհատներու գաղթականութիւններ, մինչեւ որ նոր ինքնութիւններու տարազ հագնինք, որ կ’ըլլայ նորի սկիզբ, ոչ նախկինի շարունակութիւն: Մարդուժ պէտք է ունենալ գաթական զանգուածները ոչ թէ կուշտ եւ յաջողած դարձնելու համար, այլ հայամէտ շարունակութիւն:
Իրատեսութեամբ պէտք է գիտնալ, որ համայնքներու բնակավայրերը հայու հայրենիք չեն, չեն կրնար ըլլալ: Այս մոլորութեան մէջ պէտք չէ իյնալ, ան կ’ըլլայ հակասութիւնը շեփորուած հայրենասիրութեան, զոր ուզած ենք կամ կը կարծենք պաշտպանել:
Եղած են իմաստուն եւ ոչ-աղմկարար հայ մտաւորականներ, բայց կը պոռոտախօսները լսել, բայց զանոնք չենք ճանչնար եւ չենք լսեր: Անոնք ազգի հոգեբարոյական մարդուժն են:
Ո՞վ կը յիշէ Վիգէն Խեչումեանը եւ անոր «Գիրք Լինելութեան»ը, ուր կայ մեծ եւ խոր իմաստութիւն: Եթէ իր խօսքը, «Ուրիշի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»…, ամէն օր եւ ժամ, ամէն բնոյթի առաջնորդ, քաղաքական ղեկավար, գրող, հրապարակախօս, կրօնական, իւրաքանչիւր հայածնունդ, հայրենաբնակ, հայ գաղթող, սփիւռքահայ, յիշէ եւ լսէ, ան կը դառնայ ներշնչող միտք, եւ շատ բան կը փոխուի մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքին մէջ:
Հիւրը տանտէր չէ, ժամանակաւոր ներկայութիւն է իրեն չպատկանող ծածքի տակ: Երբ կը դադրինք հիւր ըլլալէ, կամ կ’երթանք այլ տեղ, կամ ինքնութիւն կը կորսնցնենք, կ’այլանանք, ընդունելի ըլլալու համար կ’ըլլանք ծառայ: Նոյն Վիգէն Խեչումեանը, գերվարուած հայու մը համար կ’ըսէ, որ անոր «լեզուն կտրած էին, որ հայերէն չխօսի» :Մտածել գերեվարուած եւ լեզուն կտրած հայուն մասին:
Ո՞վ ի՞նչ գիտէ ՍՓԻՒՌՔ սահմանումին տակ դասուած մարդոց համրանքի, ինքնութեան եւ պատկանելիութեան մասին, ծոցի գրպանի շնորհուած նոր ինքնութիւններէն տարբեր: Ի՞նչ գիտենք անոնց ազգային նկարագրի եւ իրաւ շարունակութիւն ըլլալու ըմբռնումի մասին, որ տարբեր որակ կ’ենթադրէ ծագման մը միգամածային յիշողութենէն, որքան ալ յայտնի եւ բազմաթիւ ըլլան այդ միգամածային անունները, անոնցմէ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՐԴՈՒԺ ՉԻ ՅԱՌԱՋԱՆԱՐ:
Բառեր՝ ինչպէս ձուլում, համարկում, օտարում, այլասերում, հայապահպանում, տարբեր անուններով կրօնական համայնքներ, յանձնառու հայեր, կուսակցութիւններ, հայախօսներ եւ օտարախօսներ: Իւրաքանչիւր եզրի տակ ի՞նչ թիւ կրնանք արձանագրել: Այս անորոշութեան մէջ ինչպէ՞ս ղեկավարում կարելի է խաղալ, բացի անցեալ յիշելու եւ յիշեցնելու ենթակայական ճապկումներու խաղին անձնատուր ըլլալէ, կամ մեղաւոր փնտռելով խծբծանք ըսելէ եւ լսելէ:
Սփիւռքի Տարին կը ստեղծէ՞ պայմանները, որպէսզի ղեկավարութիւնները կարենան մտածել, կողմնորոշուիլ եւ առաջնորդել, հիմնուելով առարկայական տուեալներու վրայ, հեռանալով ենթակայական եւ քարոզչական դատարկ գնահատումներէ: Յառաջիկային պիտի կարենա՞նք ունենալ, մօտաւոր ճշգրտութեամբ, Սփիւռքի թուական եւ ազգային որակի պատերացում: Այդ ինչպէ՞ս կարելի է ընել առանց նպատակային կազմակերպական կառոյցներու եւ անոնց աշխատանքի իրականացման համար անհրաժեշտ նիւթական միջոցներու տրամադրման, ինչպէ՞ս ոչ-ենթակայական, գէթ մօտաւոր գնահատումը կրնանք ընել Սփիւռքի թուաքանակի եւ անոր մարդկային, գիտական եւ նիւթական կարողականութեան, որպէսզի մտածուի անոնց օգտագործման եւ ներդրման մասին, որպէսզի ՄԱՐԴՈՒԺը չխարխափէ եւ գիտնայ, թէ որոնց հետ գործել:
Այս աշխատանքին պէտք է ձեռնարկել մեկնելով կառուցողական քննադատութեան դիրքերէ, խուսափիլ անցեալի սխալներէ, մարդկային եւ նիւթական ծիծաղելիութեան հասնող մսխումներէ, որոնք անցեալին չեն անհանգստացուցած հանրային կարծիքը:Կը յիշեմ հայկական փոքրիկ համայնքի մը պարագան, որ ունէր երկու դրկից ակումբ-կեդրոններ: Ովկիանոսէն անդին, ուրիշ համայնք մը, եկեղեցիի շրջափակին կից ունէր երկու հայկական պատկից վարժարաններ: Ուրիշ տեղ, փողոցի մը դէմ դիմաց մայթերուն կից կային երկու վարժարաններ: Նման կոտորակումներով ինչպէ՞ս ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ կը ստեղծուի: Մարդուժը, եթէ կայ անգամ, կը մսխուի:
Հիմա արդէն դասական Սփիւռքի պահած հայերէնի լեզուական միութիւնը խախտած է տեղի ունեցած եւ շարունակուող հայրենալքում-արտագաղթին պատճառով, որ կը գումարուի տեղական լեզուներու որդեգրման խառնակութեան վրայ, Սփիւռքը դարձնելով լեզուական, մշակութային եւ քաղաքական տարբեր ըմբռնումներու խառնավայր, լաբիւրինթոս:
Սփիւռքի Տարի, ՜Մարդուժի տարի, կը ստեղծե՞ն պայմանները հասկնալու եւ յանդգնութեամբ գնահատելու ՍՓԻՒՌՔ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ, ապա ընելու այնպէս, որ ԱԶԳի համրանքը շրջապատի մէջ մոմի պէս չհալի: Պէտք չէ մտածել անմիջականի ճնշման տակ, այլ՝ գալիք սերունդներու: Եթէ այս աշխատանքը այսօր չընենք, այդ մեր փոխարէն ոչ ոք պիտի ընէ, ո՛չ այսօր, ո՛չ վաղը: Պարզ է, որ Սփիւռքը ազգի տեսանկիւնէ, պատմական արկած մըն է, ան ոչ մէկ պարագայի յաւերժական է, ինքնանպատակ չէ գոյութիւն չէ, ան իմաստ ունի եթէ հետապնդէ հայրենատիրութեան իրականացումը:
Հայոց կաթողիկոսի յայտարարութիւնները յուզման էսթէպլիշմընթային հանդիսութեան հրաւէր չեն, այլ՝ ազգի ապագայ նախատեսելու եւ ըստ այնմ կազմակերպուելու եւ գործելու նախաձեռնութեան սկիզբ, որպէսզի տոկանք եւ մնանք ԱԶԳ:
Ո՞վ պիտի որոշէ, թէ շաբաթավերջի զուարճութիւններէն տարբեր ի՞նչ բովանդակութիւն եւ ի՞նչ որակ պէտք է տալ Սփիւռքի Տարուան, ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՏԱՐՈՒԱՆ, որպէսզի ազգի լինելիութեան եւ հայու հայրենիքի հեռանկար ըլլան, իմաստաւորեն ճշմարիտ եւ խորքային յանձնառութիւնները, եւ հայ, հայութիւն եւ հայրենիքը, օր մը չյայտնուին անցեալի մոռացման էջերուն վրայ:
Միշտ պէտք է մտածել՝ որ վաղը միշտ ուշ է: Յիշեցում՝ դառն ու կոշտ իրականութիւնը մտահան չընելու, որ համաշխարհայնացման գերաճող սպառնալիքն է, որ դամոկլեան սուրի պէս կախուած է մեր մանրուած եւ մանրուող ազգի եւ անոր փոքրացած հայրենիքի վերջին բեկորի գլխավերեւը:
Ֆրանսայի նախագահներէն հարուստ կենսափորձ ունեցող Ժագ Շիրաք ըսած է. «Երբ կը տանձնեմ պայքարը, չեմ մտածեր այն մասին, որ կրնամ այդ կորսնցնել»:
Չգիտակցիլ եւ չպայքարիլ կ’առաջնորդեն հարաքիրի ընելու:
Իրատեսութեան պահ պէտք է ըլլան «Սփիւռքի Տարին եւ Մարդուժի տարին», ընելու համար այնպէս, որ ասդին կամ անդին եղած ինքնութիւն պահելու յաւակնութիւն ունեցող ինքնագոհ փոքրամասնութիւններ չմոռցնեն նահանջող մեծամասնութիւնը, եւ «ծառը չծածկէ անտառը», ինչպէս կ’ըսէ ֆրանսացին: Սեւեռել ազգը որպէս ամբողջ, ոչ որպէս սոսկ համայնք, թաղ, գիւղ:Եւ Հայրենահանուածներու ՍՓԻՒՌՔի յիշողութեան մէջ վառ պահել ԻՐ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ ՀԱՅՐԵՆԻՔը, Ravished Armeոia, որուն ազատագրութիւնը իր գոյութենական անժամանցելի դատն է, որուն տէր ըլլալէ հրաժարիլ վատսերածի վատութիւն է:
Comments are closed.