Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութեան Պատճառով Հայութեան Կրած Նիւթական Վնասները. «Լքեալ Գոյք» Եւ Հայրենազրկում» Թեմայով Գիտաժողովը

 Մարտ 16-ին Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով հայութեան կրած նիւթական վնասները. «Լքեալ գոյք» եւ հայրենազրկում» թեմայով գիտաժողովը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ողջունելով ներկաները` նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման վերաբերեալ հազարաւոր քննարկումներ են եղել, բայց հազուադէպ են անդրադարձել հայ ժողովրդի կրած նիւթական վնասներին, կորցրած գոյքին: Կատարելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագրի պահանջները` գումարել ենք այս կլոր սեղան-քննարկումը, որը վերաբերում է ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքների վերացման հարցերին: Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայկական ունեցուածքի կորուստներն ամրագրուած են 1919-1920թթ. Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին ներկայացուած փաստաթղթում: Ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր գիտնականներին, փորձագէտներին, հետազօտողներին եւ յորդորել, որ շարունակեն իրենց ուսումնասիրութիւնները, որպէսզի արդիւնքում ամբողջական շտեմարան ստեղծուի»:

«Հատուցման հիմնախնդրի պատմաիրաւական ձեւակերպման կարեւորութիւնը» թեմայով զեկուցում ներկայացուց ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ պետական կառոյցը` Սփիւռքի նախարարութիւնը, նախաձեռնած է թեմայի քննարկումը: Պատմաբանի կարծիքով` պետական մակարդակով խնդրի հետազօտումը կ’օգնէ փոխելու հայու բարդոյթաւորուած տեսակը:

ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ «Ցեղասպանութեան հատուցման խնդիրները` համահայկական օրակարգի նիւթ» թեմային: Ան անդրադարձաւ Սեւրի պայմանագրին եւ Վուտրօ Վիլսոնի իրաւարար վճռին, նշեց, որ հայկական հարցը ենթակայ է լուծման միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս:

ՀՀ Սահմանադրական դատարանի խորհրդական Վլատիմիր Վարդանեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան նիւթական վնասներու հատուցման իրաւական հեռանկարները:

ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան բաժինի վարիչ Արմէն Մարուքեան զեկուցում ներկայացուց «Հայոց ցեղասպանութեան նիւթական հետեւանքներու յաղթահարման կառուցակարգերու եւ գործիքակազմի յստակեցման հարցի շուրջ» թեմայով:

Իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու, Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնի համահիմնադիր Տարօն Սիմոնեան անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան համար Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատասխանատուութեան ենթարկելու հնարաւոր կառուցակարգերուն, նշեց նպատակին հասնելու յստակ ուղիները:

Հայաստանի ազգային արխիւի գիտահետազօտական աշխատանքներու բաժինի գլխաւոր արխիւագէտ Անահիտ Քոչարեան ներկայացուց «Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ հայ ժողովուրդի կրած նիւթական կորուստները որոշող քննիչ բիւրոյի գործունէութիւն»-ը: Ան պատմական անդրադարձ կատարեց կառոյցի աշխատանքի տարբեր ժամանակաշրջաններուն:

Թրքագէտ, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի աւագ գիտաշխատող Մելինէ Անումեան ներկայացուց զեկուցում «Լքեալ գոյքի հարցի արծարծումը` ըստ երիտթուրքերու դատավարութիւններու փաստաթուղթերու (1919-1921 թթ.)» թեմայով, անդրադարձաւ այդ փաստաթուղթերու հիման վրայ եղած հետազօտութիւններու արդիւնքներուն:

«Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով հայութեան կրած նիւթական վնասները. «Լքեալ գոյք» եւ հայրենազրկում» խորագիրով գիտաժողովի երկրորդ նիստը մեկնարկեց  Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնի համահիմնադիր Լեւոն Գէորգեանի  «Հայոց Ցեղասպանութեան համար Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատասխանատուութեան հիմնախնդիրներ․իրաւայաջորդութիւն եւ վերագրելիութիւն» զեկուցմամբ:  ԵՊՀ Պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն Էդիկ Մինասեան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան մշակութային ժառանգութեան կորուստի հիմնախնդիրին, նշեց նաեւ, որ մշակութային ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի մինչ օրս, մասնաւորապէս Ատրպէյճանի տարածքին մէջ:  ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Անոյշ Յովհաննիսեան, հանդէս գալով  «Հայոց “լքեալ գոյքի” թեման ներթուրքական դիսկուրսում» զեկուցմամբ, մանրամասն ներկայացուց վերջին տարիներուն Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան, հայրենազրկման, լքեալ գոյքի թեմայով զարգացումները, գիտական ծիրին մէջ տարուող հակահայկական հետազօտութիւնները, նաեւ այն թուրք պատմաբաններու աշխատութիւնները, որոնց մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թեման չի կեղծուիր: Այնուհետեւ զեկուցումներով հանդէս եկան Մատենադարանի Արխիւային բաժինի աւագ գիտաշխատող Անահիտ Աստոյեան («Հայերու ունեզրկումը Մեծ Եղեռնի տարիներուն»), Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանի գիտաշխատող Անի Ոսկանեան («Հայերու հողազրկման քաղաքականութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ /19-րդ դարու վերջ-20-րդ դարու սկիզբ/»), ՌՊՀՀ-ի (РБГУ) Հոլոքոսթի եւ ցեղասպանութեան պատմութեան միջազգային գիտակրթական կեդրոնի վերլուծաբան Արմինէ Անտոնեան («Անտոն Փափազեանի գոյքի բռնագրաւման մասին տեղեկութիւնները Ռուսաստանի պետական պատմական արխիւի փաստաթուղթերուն մէջ»):

Գիտաժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ մտքերու փոխանակում, հնչեցին առաջարկութիւններ:

Ամփոփելով գիտաժողովը` Սփիւռքի նախարարն այն համարեց բաւականին հետաքրքրական եւ շնորհակալութիւն յայտնեց զեկուցողներուն առարկայական, կառուցողական ելոյթներուն համար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.