Ռուս Սահմանապահները Պիտի Հեռանան Հայաստան-Իրան Սահմանի Հսկիչ Անցակէտէն
Փութին Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ Խօսեցաւ «Զանգեզուրի Մինջանցք»ին Մասին
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 8 Հոկտեմբերին, ԱՊՀ վեհաժողովի ծիրին մէջ, Քրեմլինի մէջ բանակցութիւններ ունեցան. անոնք համաձայնեցան 1 Յունուար 2025էն սկսեալ, Հայաստան-Իրան սահմանին վրայ գտնուող հսկիչ անցակէտէն ռուս սահմանապահները հեռացնել:
Իբրեւ հիմնական նիւթ անոնք քննարկեցին նաեւ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը։
Փութին-Փաշինեան հանդիպումին մասին խօսելու ընթացքին վերոնշեալ համաձայնութեան մասին յայտարարեց Հայաստանի վարչապետի բանբեր Նազելի Բաղդասարեան, որ աւելցուց, թէ Փաշինեան Փութինի հետ հանդիպումին ընթացքին ներկայացուց «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրին մանրամասնութիւնները, անոր փոխանցեց «Խաղաղութեան խաչմերուկ» գրքոյկը, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց տարածաշրջանային նիւթերուն վերաբերեալ Ռուսիոյ շարք մը պաշտօնատարներու կողմէ օգտագործուող ձեւակերպումներուն եւ բառապաշարին համար։
«Վարչապետ Փաշինեանը դրական է գնահատում ՌԴ նախագահի հետ ունեցած հանդիպման արդիւնքները։ Քննարկուել է հարցերի լայն շրջանակ, ձեռք են բերուել էներգետիկ (ուժանիւթի), կրթական, հումանիտար (մարդասիրական) ոլորտներին վերաբերող կոնկրետ (յստակ) պայմանաւորուածութիւններ։ Համաձայնութիւն է ձեռք բերուել նաեւ այն մասին, որ 2025 թուականի Յունուարի 1ից Հայաստան-Իրան եւ Հայաստան-Թուրքիա պետական սահմանի պահպանութեանը կը մասնակցեն նաեւ ՀՀ ԱԱԾ Սահմանապահ զօրքերը, իսկ Հայաստան-Իրան պետական սահմանի հսկիչ-սահմանային կէտում ծառայութիւնն ամբողջութեամբ կ՛իրականացուի ՀՀ ԱԱԾ Սահմանապահ զօրքերի ուժերով», յայտնեց Բաղդասարեան՝ աւելցնելով. «Տարածաշրջանային կոմունիկացիաների (հաղորդակցութիւններու) վերաբերյալ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան խօսոյթը դռնփակ եւ դռնբաց ֆորմատներում (ձեւաչափերով) նոյնական է», ըստ Բաղդասարեանի, յայտնեց Փաշինեան, որ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը աշխոյժ համարեց։
Ան նաեւ տեղեկացուց, որ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Փութինին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութենէն ի վեր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի հսկիչ-սահմանային կէտին մէջ Ռուսիոյ Սահմանապահ զօրքերուն կատարած ծառայութեան համար։
«Ես շատ ուրախ եմ փաստելու, որ անցած ամիսների ընթացքում մենք բաւականին ակտիւ (աշխոյժ) քաղաքական երկխօսութիւն ենք ունեցել։ Մեզ մօտ եկաւ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուկը, ոչ միայն տեղի ունեցաւ միջկառավարական յանձնաժողովի նիստը, այլեւ մենք բաւականին առարկայական խօսեցինք բոլոր հարցերի մասին: Հոկտեմբերի սկզբին մենք անցկացրել ենք ԵԱՏՄ միջկառավարական խորհրդի նիստ։ Այս միջոցառման շրջանակում ՌԴ կառավարութեան նախագահ Միխայիլ Միշուստինի հետ քննարկել ենք մեր համագործակցութեան հարցերը եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Հայաստանի օրակարգը։ Ուրախ եմ, որ այսօր մենք կարող ենք ամփոփել այս քննարկումները», ըստ «Թասս»ի՝ ըսաւ Փաշինեան։
Փութին իր կարգին դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ապրանքներու շրջանառութիւնը կրնայ հասնիլ մրցանշային մակարդակի։ Ըստ անոր՝ նախորդ տարի ապրանքներու շրջանառութիւնը հասած է 7.4 միլիառ տոլարի, իսկ այս տարուան առաջին կիսամեակին անիկա աճած է 2.5 անգամ՝ գերազանցելով 8.3 միլիառ տոլարը։
«Եթէ մենք շարժինք այս կշռոյթով, այս տարի ապրանքներու շրջանառութիւնը կրնայ հասնիլ 14-16 միլիառ տոլարի», ըսաւ Փութին։ Ան նաեւ նշեց, որ Ռուսիա առաջատար ներդրողն է Հայաստանի տնտեսութեան մէջ, արդարեւ, միջկառավարական յանձնաժողովի եւ գործարար խորհուրդի ծիրին մէջ իրականացուած են ներդրումներ:
Փութին անդրադարձաւ մարդասիրական հարցերու գծով եւս համագործակցութեան կարեւորութեան՝ շեշտելով, որ կողմերը պէտք է հիմնուին կրթութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ որոշ բաց ձգուած կէտերու վրայ։
Փութին նաեւ նշեց, որ Փաշինեանը կը սպասէ Կազանի մէջ 22էն 24 Հոկտեմբերին ունենալիք «Պրիքս» վեհաժողովին։
Նոյն օրը աւելի կանուխ Փութին առանձին հանդիպում մը ունեցած էր նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
«ՌԻԱ Նովոսթի»ն կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի նիւթը, հաւանաբար, քննարկումի նիւթ դարձած է Փութինի եւ Ալիեւի ու Փաշինեանի բանակցութիւններուն ընթացքին։
«Փութին անոնցմէ իւրաքանչիւրին հետ՝ դէմ առ դէմ, խօսեցաւ առանձին։ Ընդ որում, Ռուսիոյ նախագահը հաւանաբար, իւրաքանչիւրին հետ նստած է կէս ժամ, առ այդ, հաստատ կարծիքներու փոխանակում եղած է։ Արծարծուած է նաեւ «Զանգեզուրի միջանցքի» նիւթը», նշեց Փեսքով։
Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Ռուսիա չի միջամտեր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի երկկողմ յարաբերութիւններուն։ «Անոնք կը շարունակեն իրենց երկխօսութիւնը այսպէս թէ այնպէս ԱՊՀի շրջանակներուն մէջ։ Բայց մնացածը՝ երկկողմ յարաբերութիւնները, արդէն մերը չեն, անոնք անոնց գերիշխան իրաւասութիւնն է», ըսաւ Փեսքով, ըստ որուն, Մոսկուա կը շարունակէ երկխօսութիւն վարել թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Պաքուի հետ:
Comments are closed.