Պատմական Հայաստանը հակադրելով իրական Հայաստանին՝ իշխանութիւնները կը տապանագրեն պահանջատիրութիւնն ու Հայ Դատը

Հայաստանի գործող վարչապետը, Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան ժողովրդավարութեան դպրոցի սաներուն հետ, Ապրիլ 13-ին կայացած դասախօսութեան ընթացքին, շրջանառութեան մէջ դրաւ «Պատմական Հայաստանի եւ իրական Հայաստանի» նորելուկ գաղափարը եւ 2018-էն ի վեր իր ցնդաբանութիւններու շարքին ամէնէն կարկառունը։ Ուրեմն Հայաստանի հայութիւնը, եւ յատկապէս մենք՝ սփիւռքահայերս, Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող տասնամեակներուն, ցնորքի, աւելի ճիշդը՝ ազգային երկարաժամկէտ զառանցանքի մը մէջ կը նիրհէինք, եւ ահաւասիկ գործող վարչապետը կը հնչեցնէ թմբիրէն զարթնելու ահազանգը։ Այսինքն Պատմական Հայաստանը այսօրուան Հայաստանին հակադրելու նոր օրակարգ ստեղծելով, սնանկ քաղաքականութեան իբրեւ ցայտուն դրսեւորում, հակադրուելով պահանջատիրութեան, ճանապարհ կը հարթուի «արժանապատիւ խաղաղութեան» մէջ ապրելու սկզբունքին եւ յստակօրէն կը պատգամէ՝ մի՛ յիշէք եւ մի՛ պահանջէք։

Ծրագրուած ձեւով յաջորդաբար ելոյթներ կ՚ունենան եւ նոյն ենթախորքը ունեցող յայտարարութիւններով վարչապետին կ՚արձագանգեն իր մանկլաւիկ պատգամաւորները։ Անցնող տարիներուն, իշխող վարչակարգը, օրուան հրատապ քաղաքական իրավիճակէն հասարակութեան միտքը շեղելու եւ այլ խնդրայարոյց բովանդակութիւն ունեցող խնդրի մը շուրջ կեդրոնացնելու մարտավարութեամբ, շրջագայութեան մէջ դրին տարաբնոյթ հարցեր, սկսեալ պետական օրհներգէն մինչեւ անկախութեան հռչակագիրը փոփոխութեան ենթարկելու փորձերը։ Այս անգամ սակայն, «Պատմական Հայաստանի եւ իրական Հայաստանի» հարցը կը տարբերի եւ հայ-թրքական հաշտեցման յանձնաժողով կազմելու երրորդ արարի նախերգանքի մը նախապատրաստութիւնը կը յուշէ։

Ահաւասիկ այժմ, վարչապետը վստահելով սոփեստութեան վաղեմի իր կենսափորձին, կը ճգնի տարածել այն միտքը, որ «Պատմական Հայաստան»ի գաղափարը՝ սպառնալիք է այսօրուան Հայաստանին, եւ այստեղ վերահասու կը դառնանք, թէ ինչո՛ւ կարճ ժամանակ մը առաջ, վարչապետը ժողովուրդին դիմաց հանդէս կու գար այսօրուան Հայաստանի քարտէսը ցուցադրելով։ Մէկ խօսքով, յստակ է պատգամը իր կողմէ. Արեւմտահայաստանը, Արցախը եւ Պատմական Հայաստանի տարածքներն ու անոնց պատմութիւնը արծարծելը, պատմական իրաւունքներուն վերատիրանալն ու պահանջելը՝ սպառնալիք են այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան համար։

Քաղաքական ողջամտութենէ զուրկ այս մօտեցումը, ուղղակի հարուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի նախօրեակին, յատկապէս երբ վարչապետի գործակից Ազգային Ժողովի պատգամաւոր մը հանրութեան կը փորձէ համոզիչ դարձնել «զգայացունց» նոր տեսակէտ մը, որ անհրաժեշտ է հաշուարկել եւ ցանկագրել Մեծ Եղեռնի զոհերը։ Նման վտանգաւոր մտայղացումի մը գործադրութիւնը կրնայ ծանր հարուած հասցնել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման տասնամեակներու վրայ երկարած գործընթացին։

Պատմական Հայաստանն ու պահանջատիրութիւնը պետական սպառնալիք յորջորջելու եւ այդ մէկը համոզմունքի վերածելու իշխանութիւններու նենգաւորութիւնը ուղղակի հարուած է սփիւռքահայութեան, որոնք իսկական ժառանգներն են նոյն այդ Պատմական Հայաստանի բնիկ նախահայրերուն եւ իրաւատէրերը՝ իրենց պատմական դատին։ Հարուա՛ծ է Սփիւռքին, որ 109 տարի շարունակ եւ անսասան վեր պահած է պահանջատիրութեան դրօշը եւ, Հայ Դատի իր յանձնախումբերով տասնամեակներ շարունակ մաքառելով, ճամբայ հարթած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին։

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, պահանջատիրութիւնն ու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացումը հայրենի պետութեան ազգային անվտանգութեան անքակտելի բաղադրիչներն են, եւ քաղաքական այդ ծանր զինանոցն ու ռազմապահեստը խորտակելը համազօր է իշխանութիւններու կողմէ մեր պատմութիւնն ու ազգային յիշողութիւնը ուրանալու փորձութեան։

Իշխող վարչակարգին կողմէ ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան հիմքը կազմող ցեղասպանութեան ճանաչումն ու պահանջատիրութիւնը տապանագրելու եւ Հայոց Պատմութիւնը ուղղապաշտ ըմբռնելու սերունդներու ունակութիւնը եղծելու այս փորձութիւնը կրնայ յանգիլ մէ՛կ ու միա՛կ վախճանակէտի՝ «իրական» Հայաստանի կորուստին։

«Հորիզոն»ի Խմբագրական

 

Comments are closed.