Նոր Աշխատատեղերու Թիւեր Ինչո՞ւ Չենք Լսեր

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Լաւագոյն կառավարութիւնը այն է, ուր կան
նուազագոյն չափով անօգուտ մարդիկ:

Վոլթեր

Հայաստանի հեռատեսիլի բազմաթիւ կայաններէն օրն ի բուն կը խօսին ցոյցերու, բանակի, ձերբակալութիւններու, օրէնքներու, հիւրերու, ճանապարհներու վրայ եղած վթարներու, հիմնադրամներու, դպրոցներու եւ դասադուլներու, ճամբորդութիւններու եւ տեսակցութիւններու մասին: Լաւ  է, երկիր է:

Օրն ի բուն կը լսեմ թատրոնի, երգահանդէսի, նկարչական ցուցահանէսներու, տուն-թանգարաններու մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկներու, գացող եւ եկող արուեստագէտներու մասին. լաւ է, մշակոյթը կ՛ապրի, դժուարութիւնները չեն ընկճած գեղեցիկի ցանկութիւնը: Ժողովուրդ է, որ կ՛ապրի:

Բայց ամէն օր կը սպասեմ, որ այս կամ այն ղեկավարը, նախարարը, վարչապետը, կամ ուրիշ անձ մը, բացի բարի ցանկութիւններէ, անցեալի եւ ներկայի քննադատութիւններէ, դատերէ եւ կալանաւորումներէ, յայտարարէ, թէ այս շաբաթ, այս ամիս, այս եռամսեային այսքան նոր աշխատատեղեր ստեղծուած են: Երկրի վերականգնումին համար աշախատատեղերն են հիմնական կարեւորը, որ բանալին է կենսամակարդակի բարձրացման, արտագաղթի կասեցման, արտադրութեան յաւելման, որպէսզի նուազ ներածում ըլլայ եւ աւելի արտածում: Այս ձեւով է, որ առաջքը կ՛առնուի աղքատութեան եւ կը հաւասարկշռուի ելեւմուտքը, երկրի ֆինանսական կացութիւնը:

Յեղափոխութեան մասին տեւաբար խօսիլ, այցելութիւններ կազմակերպել, ընդունելութիւններու ներկայ ըլլալ եւ աժան հայրենասիրութեան համար ծափահարողներու հետ լուսանկարուիլ` կը նմանին Զատկուան հացի, որ ինչպէս կ՛ըսէ ժողովուրդը, փոր չի կշտացներ:

Ամբոխային կիրքերու կեր հայթայթող անցեալի քննադատութիւնները, դատերը, ամբաստանութիւնները, կալանաւորումները հանրային կեանքի մաքրման կը նպաստեն, եթէ հետեւին օրէնքին եւ բարոյական ըմբռնումներու,  բայց անբաւարար են աշխուժ, ինքնաբաւ, բարօր ընկերութեան մը ստեղծման, որուն համար անհրաժեշտ է, որ քաղաքացին աշխատանք ունենայ, ունենայ պարկեշտ աշխատավարձ:

Փոխանակ հանրային կարծիքը զբաղեցնելու ոչինչ արտադրելու կոչուած յայտարարութիւններով, կարգախօսներով, հին եւ նոր տօներով, այսինքն` աղմկարարութեամբ,  հարկ է զբաղիլ աշխատատեղերու ստեղծումով, արտադրութամբ: Եթէ նկատի չունենանք գրասենեակներու աշխատողները եւ պետական պաշտօններու վրայ եղողները (բանակ, ոստիկան, դատաւոր, քաղաքապետ, թաղապետ, պատգամաւոր, եւայլն), երկրի բնակչութեան ո՞ր տոկոսը կը գտնուի արտադրական համակարգին մէջ. հողամշակութիւն, անասնաբուծութիւն, հագուստի, կօշիկի, գուլպայի, սպառման այլ կարգի սարքերու արտադրութիւն, եւ այլն: Երեւանի մէջ տեսանելի է տուրիզմիճարտարարուեստը, հիւրանոցներ, ճաշարաններ, տեսարժան վայրեր այցելութիւն կազմակերպողներ: Բայց այս բոլոր մարդիկ սպառող են եւ ոչ` արտադրող:

Արտադրութիւնը կ՛ըլլայ հողամշակութեամբ, անասնաբուծութեամբ, գործարաններով, որոնք անհատներուն եւ երկրին հարստութիւն կը բերեն:

Պէտք է գիտակցիլ նաեւ, որ զանազան օժանդակութիւնները, վարկերը եւ հիմնադրամները այսօր օգտակար են, բայց յաւերժական չեն, կը նպաստեն այսօրուան կացութեան բարելաւման. բայց ապագայի լաւը տարբեր որակ եւ աշխատանք կը պահանջէ:

Հայաստանի կառավարութիւնը, այսօրուան եւ վաղուան, պէտք է գնահատել երկրի տնտեսական զարգացման իր բերածը ընդունելով որպէս չափանիշ: Դուրսէն ստացուած անաշխատ դրամը ապագայակերտ չ՛ըլլար: Իսկ տնտեսութեան վերականգնումը պարզ թուաբանական հաշիւ է. երկու արտածել եւ մէկ ներածել: Այդ է երկրի եւ ժողովուրդի բարօրութեան ճանապարհը:

Քաղաքական շոուի (ցուցադրութեան) մասնակիցներէն քանի հոգի, անոնք ըլլան կառավարութեան անդամներ թէ ընդդիմադիրներ, շփուած են գործի աշխարհին, միքրօ եւ մաքրօ, որպէսզի իրազեկութեամբ նախաձեռնեն եւ քննադատեն: Իրենց թերիներուն եւ թերացումներուն համար նախկինները քննադատել լաւ է, բայց անբաւարար է վերականգնումի աշխատանքը յաջողութեան տանելու համար: Թուղթ մրոտելով, կտրատելով, հեռատեսիլի պզտիկ պատուհանը գրաւելով` աշխատատեղ չի ստեղծուիր: Եթէ սպառնալիքներ եւ քննադատութիւններ տեղ մը կանգ չառնեն, յուզող-յուզիչ յեղափոխութիւնը չվերագտնէ կեանքի, իրականութեան եւ տնտեսութեան ճապկումներով չբաւարարուող հաստ իրականութիւնը, շնչահատ կ՛ըլլայ, ժամանակ մըն ալ կրնայ դիմանալ` նոր կարգախօսներ հնարելով, եւ անակնկալ չ՛ըլլար, որ նոր յեղափոխականներ յայտնուին նոր կարգախօսներով եւ նոր խոստումներով:

Ի վերջոյ, քաղաքականութիւնը, մշակոյթը, կրթութիւնը եւ մանաւանդ տնտեսութիւնը փորձադաշտ չեն: Համակարգերը քանդել դիւրին է, բայց անկէ ետք կը մնայ վերականգնելու հարցը, որ չի կրնար հանդուրժել ձգձգումներ, հրաշքներ:

Ցարդ, Երեւանէն մինչեւ Լոռի, մինչեւ Վայոց Ձոր տարածուող լքուած հողերու շահագործման ոչ մէկ ծրագրի մասին արտայայտուեցաւ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը, որ արդէն նոր չէ այլեւս, տարի անցած է: Երեւանի Հիւսիսային պողոտայի շէնքերը տնտեսական վերականգնում չեն բերած եւ պիտի չբերեն: Վերականգնում պիտի բերեն հեռու կամ մօտ տեղ հաստատուած գուլպայի գործարանը, փաթեթաւորման համար անհրաժեշտը արտադրող գործարանը, մանաւանդ եթէ ան ապսպրանքներ ունի երկրէն դուրս: Օրինակ էին:

Օրուան բոլոր ժամերուն հեռատեսիլէն հնչող խօսքերը, դէմ ու թեր կարծիքները, մանաւանդ` դէմ, այս հարցերուն չեն վերաբերիր, կարծէք` աքլորամարտ կայ, կամ աթոռամարտ` անհասցէ աշխարհի մը տիրանալու համար:

Հայաստանի եւ Արցախի ընկերատնտեսական զարգացումը կարծէք առաջնահերթութիւն չէ, եւ հանրային կարծիքը կը զբաղի եւ կը զբաղեցնեն այս կամ այն բնոյթի օրէնքներու եւ բարոյականի պատշաճեցման խնդիրներով, թեր ու դէմ կարծիքներով, երբեմն ալ` ցոյցերով:

Գէթ ամիսը մէկ անգամ կը զեկուցուի՞, թէ Հայաստան որքա՛ն նիւթական օժանդակութիւն ստացած է դուրսէն, յատկացումներ, եւ` փոխառութիւններ, ո՞ւր կը հասնի երկրի արտաքին պարտքը, քանի՞ աշխատատեղ ստեղծուած է:

Լուրջ ուսումնասիրութիւն մըն ալ պէտք է հրապարակելու համար պատկերը աշխատավարձերու, նուազագոյն աշխատավարձի, թոշակառուներու:

Հարկային սպասարկութիւնները պէտք է կարենան ըսել, թէ կարգ մը համեստ եկամուտներով մարդիկ ինչպէ՞ս ապարանքի տէր կ՛ըլլան եւ կ՛ունենան իրենց միջոցներուն հետ անյարիր կենսամակարդակ:

Օրն ի բուն հեռատեսիլէն սփռուած խօսքի հեղեղը կը շրջանցէ այս իրականութիւնները, որոնք կը փոխարինուին անցեալի քննադատութեամբ եւ ապագայի վառ խոստումներով:

Տարիէ մը ի վեր տեւող յեղափոխութեան արարի վարագոյրը պէտք է իջեցնել, մոռնալ հեռատեսիլի անվերջ կրկնուող պատկերները եւ մենաթատրոնները` տեսնելու համար, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ յաջորդ արարին մէջ, կամ ի՛նչ կայ յաջորդ արարին մէջ:

Կամ` ի՞նչ է մէկ տարուան հաշուեկշիռը: Եւ խօսիլ թիւերու լեզուով, թիւերը ենթակայական ոչինչ ունին, նոյն բանը կ՛ըսեն Երեւան թէ Գիւմրի, Քաջարան, Ապարան թէ Մեղրի… Անոնք կոշտ են, շպար չեն ընդունիր:

Իսկ հայկական սփիւռք(ներ)ը, իր զգացական հայրենասիրութեամբ, պէտք չէ նպաստէ իրականութիւններու քողարկման: Այս ալ այլ հարց է արդէն:

Իրապէս իմաստուն խօսք ըսած է ֆրանսացի իմաստասէր Վոլթեր, որ` «լաւագոյն կառավարութիւնը այն է, ուր կան նուազագոյն չափով անօգուտ մարդիկ», այսինքն` խօսողներ եւ շօշափելի` կոնկրետ գործ չընողներ:

11 ապրիլ 2019, Երեւան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.