Ներհայկական «մշակոյթի պատերազմ»ի սփիւռքեան ճակատը

Խ. Տէր Ղուկասեան

ՀՀ իշխանութիւններու «խաղաղութեան» օրակարգին հիմնական կէտերէն մէկը Ատրպէյճանի հետ «դելիմիդացիայի եւ դեմարկացիայի» գործընթացն է: Նոյն բանաձեւումը իր հայերէն տարբերակով, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը օգտագործեց խորհրդարանական իր ելոյթին ընթացքին (10.04.2024), յուշելու համար որ «իրական եւ պատմական Հայաստանի սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացը ի միջի այլոց աւելի հեշտ չի ընթանում»: Իր այս խօսքերով, վարչապետը Ազգային Ժողովի բեմէն փաստօրէն պաշտօնականացուց ներհայկական ոլորտին մէջ «մշակոյթի պատերազմը»՝ Հայոց պատմութեան, հայկական ինքնութեան եւ ազգային լինելութեան տարբեր հասկացողութիւններու եւ յանձնառութիւններու միջեւ:

«Մշակոյթի պատերազմ» յղացքը (culture war) քաղաքագիտութեան մէջ շրջագայութեան դրուած է 1991-ին Ճէյմս Տէյվիսըն Հանթըրի կողմէ (James Davison Hunter, Culture Wars: The Struggle to Define America, New York: Basic Books), որ վերլուծած է ԱՄՆ-ի մէջ հասարակարգի Ազատամիտ (Liberal) եւ Յառաջդիմական (Progressive) տեսլականին արժեհամակարգին դէմ Ուղղափառ Հրեաներու, Արմատական Աւետարանականներու եւ Պահպանողական Կաթողիկէներու պայքարը: Ընդհանրական իմաստով, «մշակոյթի պատերազմ»ը հասարակութեան մը տարբեր հատուածներու միջեւ պայքար է գաղափարախօսական, արժեհամակարգային եւ հասարակարգի տարբեր տեսլականներու միջեւ: Յղացքը ակադեմական դեռեւս շարունակուող բանավէճի ծնունդ տուած է: Հարցական է ի մասնաւորի մշակութային բնոյթի որեւէ պայքարի իմաստաւորումը իր նիւթա-տնտեսական ենթակառոյցէն անկախ: Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, առկայ է նաեւ հակառակ մօտեցումը, ընդ որում «մշակոյթի պատերազմ»ն է որ ի վերջոյ կը բարեփոխէ կամ կը հաստատագրէ նիւթա-տնտեսական որեւէ համակարգ: Քսանմէկերորդ դարու սկիզբէն նէօլիպերալ համակարգին մէջ ծնունդ առած Նոր Աջը, հակառակ բազմերես եւ բազմաբնոյթ երեւոյթ մը ըլլալուն, յղացքը յաճախ կը գործածէ՝ պահպանողական արժէքներու եւ ազատ շուկայական համակարգի հետամուտ իր քաղաքական պայքարին մէջ:

Ներհայկական ոլորտին մէջ, Հայոց պատմութեան, հայկական ինքնութեան եւ ազգային լինելութեան հասկացողութիւններու եւ յանձնառութիւններու միջեւ տարբերութիւնները քիչ մը աւելի կոնկրետ իմաստով կը վերաբերին հայրենիքի աշխարհագրական տարածքի եւ Ցեղասպանութեան հիմնահարցերու: Երկուքն ալ ներառուած են Անկախութեան Հռչակագրին մէջ:

Հայաստանի աշխարհագրական տարածքին առընչութեամբ, Հռչակագրին առաջին կէտը կ’ըսէ. «Հայկական ԽՍՀՄ-ն վերանուանում է Հայաստանի Հանրապետութիւն՝ կրճատ՝ Հայաստան»: Առաջին, «1918 թուականի Մայիսի 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան» յղում կը կատարուի Հռչակագրի ներածական բաժնի նախավերջին նախադասութեան մէջ, որ կ’ըսէ, թէ անկախութեան գործընթացի ծնունդ տուած հիմնաւորումներէն մէկը առաջին Հանրապետութեան «ժողովրդավարական աւանդութիւնը» զարգացնելն ու նախանձախնդրութիւնն է: Իսկ Ցեղասպանութեան հարցին կ’անդրադառնայ փաստաթուղթի 11-րդ կէտը:

Մինչ Ատրպէյճանը իր անկախութեան հռչակումով ինքզինք ժառանգորդ յայտարարած է 1918-ի Հանրապետութեան, Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագրի մէջ բանաձեւուած Խորհրդային Հայաստանի «վերանուանումը» պիտի ընկալել բառացի՞օրէն, այսինքն՝ լոկ անունի փոփոխութի՞ւն, թէ նաեւ որպէս տարածքային սահմանում արդէն: Եթէ անկախութեան հռչակումին յաջորդած տարիներու պետական քաղաքականութեան գործնական փորձառութիւնը ի մտի ունենանք, ապա եւ Հռչակագրին մէջ տեղ գտած բանաձեւումը նաեւ Հայաստանի տարածքը կը յուշէ: Այդ կը նշանակէ, որ 21 Սեպտեմբեր 1991-ին անկախութիւն հռչակած եւ գերիշխան պետութեան վերածուած Հայաստանը չէր ներառեր 1918-ին անկախացած Հայաստանի տարածքը, որ հաստատագրուեցաւ յաջորդ տարիներուն: Նուազ՝ Սեւրի Դաշնագրով խոստացուած միացեալ Հայաստանի տարածքը: Այսինքն՝ Փաշինեանի «իրական» Հայաստանը գործնական իմաստով արդէն կար 21 Սեպտեմբեր 1991-էն սկսեալ: Այդ «իրական» Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւնները աւելիին չեն բաղձած երբեք: Ոչ իսկ պատմականօրէն հայկական հողատարածք Արցախը Հայաստանին կցելու որոշում առնուած է՝ չխախտելու համար Մինսքի Խումբով ընթացք առած բանակցութիւնները:

Կը մնայ որ այդ «իրական» Հայաստանը «պատմական»ին հակադրելու որեւէ անհրաժեշտութիւն չեն զգացած ՀՀ առաջին երեք նախագահները եւ ոչ մէկը, ո՛չ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, ո՛չ Ռոպերթ Քոչարեան, ո՛չ ալ Սերժ Սարգսեան: Աշխարհաքաղաքական իրապաշտութիւն էր, անշուշտ, պետական մակարդակով, ի մասնաւորի դիւանագիտական գործառոյթներուն մէջ, հողային պահանջատիրութեան հարցի պարագային ըլլալ շատ զգոյշ: Բայց այդ մէկը չնշանակեց հաւաքական յիշողութեան մէջ առնուազն շփոթ ստեղծել «իրական» ու «պատմական» Հայաստանի տարբերումով:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի բակին մէջ առաջին Հանրապետտւթեան հարիւրամեակին առիթով զետեղուած է ամբողջական Հայաստանի քարտէսով յուշակոթող մը: Թէ որքանով այդ քարտէսով «ամբողջական» Հայաստանի տարածքը «պատմական» Հայաստանի տարածքն է՝ կարելի է մտաւորական բանավէճի վերածել: Ոչ ալ ամբողջական Հայաստանի այդ քարտէսը պետական վաւերաթուղթով հաստատագրելու խնդիր կայ: Ամբողջական Հայաստանի քարտէսը հաւաքական յիշողութեան մէջ հայկական լինելութեան գիտակցում է, «իրական» Հայաստանի գոյութենական սպառնալիք չէ, ինչպէս կ’ուզէ վստահեցնել վարչապետը: Սփիւռքը առնուազն ինքզինք ճանչցաւ ամբողջական/պատմական Հայաստանը չժխտելով, ընդհակառա՛կը, այդ Մեծ Երազով ապրեցաւ առանց երբեք իրականութենէն կտրուելու: Եւ այս կապ չունէր Հայաստանի խորհրդային վարչակարգի ընդունման թէ ընդդիմութեան հետ ընդհանրապէս:

Թէ որքանո՞վ վարչապետն ու իրեն հետեւորդները պիտի կարենան «սահմանազատել եւ սահմանագծել» «իրական» եւ «պատմական» Հայաստանը հայրենի ժողովուրդի սրտերուն եւ մտքերուն մէջ՝ դեռ կը տեսնենք: Յստակ է միայն, որ նախաձեռնութեան յետին նպատակը տարածքներու նորագոյն յանձնումով Ատրպէյճանի հետ «դեմարկացիայի եւ դելիմիտացիա»յի գործընթացը հեշտացնելու կը միտի: Թերեւս նաեւ տեսնենք, թէ որքանո՛վ ընդդիմութիւնը պիտի յաջողի իշխանութիւններու այս նորագոյն նախաձեռնութեան ստեղծած շփոթը փարատել եւ անով առաջքը առնել հողային նոր զիջումներու: Բայց ընդդիմութեան մարտահրաւէրը հոն չի՛ վերջանար: Ենթադրելով որ ընդդիմութեան եւ ոչ մէկ հատուած հակամէտ է «պատմական» Հայաստանը ուրանալու, ինչպէ՞ս այդ մէկը իրապաշտօրէն պիտի պահպանուի հաւաքական յիշողութեան մէջ, երբ անխուսափելիօրէն որպէս իշխանութիւն դէմ յանդիման գայ այլեւս ուղղակիօրէն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ պարտադրուելիք «դելիմիտացիայի եւ դեմարկացիայի» սպառնալիքին:

Հայրենիքի տարածքի ճշդման հարցով ներհայկական «մշակոյթի պատերազմ»ի Սփիւռքեան ճակատին վրայ առաջնահերթային է ամբողջական Հայաստանի տեսլականին պահպանումը: Այդ մէկը չի՛ նշանակեր հայրենիքի տարածքի քաղաքական իմաստով իրապաշտական ընկալում չունենալ: Կը նշանակէ՝ սրտերուն եւ մտքերուն մէջ պահել միւսը՝ պատմականն ու ամբողջական Հայաստանը, որովհետեւ հաւաքական յիշողութիւնը որպէս քաղաքականութիւն Սփիւռքի մէջ իշխանութեան համար պայքար չէ, միջազգային բեմին վրայ ինքնութեան զօրաշարժի կարողականութեան կառուցում եւ զարգացում է: Անոր կարեւորութիւնը թերեւս օր մը հասկնայ հայրենի քաղաքական խաւը:

Փաշինեանի «պատմական» Հայաստանին տարբերումը «իրական»էն բացառապէս զգուշաւոր իրապաշտութեան հրաւէրի կարգով չէ: Իր այդ նոյն խօսքին մէջ, «պատմական Հայաստանի մեր տեսլականը մեզ միշտ կ’առաջնորդի դէպի ցեղասպանութեան թակարդ, որում յայտնուելով մենք փրկչի ու հովանաւորի կարիք կ’ունենանք» ըսելով, վարչապետը իրերայաջորդ երկու սպառնալիքով փորձեց սարսափեցնել հայրենի, եւ մի գուցէ՝ ընդհանրապէս հայկական, հանրային կարծիքը. ցեղասպանութիւն եւ գոյութենական կախուածութիւն: Ազգային Ժողովի բեմէն հայ հանրային կարծիքին այս նորագոյն ահաբեկման փորձը նախանշան էր հաւաքական յիշողութեան ոլորտին մէջ Ցեղասպանութեան ուրացման գործընթացի մը, որ կարծես արդէն սկիզբ առաւ նոյն ինքն վարչապետի մէկ այլ հանրային ներկայացման մէջ «ցեղասպանութիւն» յղացքը լռեցնելով եւ անոր փոխարէն «Մեծ Եղեռն» եւ «կոտորածք» գործածելով, առաւել՝ Զարեհ Սինանեանի եւ Անդրանիկ Քոչարեանի անհեթեթ, շնական կամ դաւադրական առաջարկը՝ Ցեղասպանութեան նահատակներու անուանացանկը պատրաստելու:

Այս վերջին երկու հարցերը արդէն լայն հակազդեցութեան եւ քննարկումներու տեղի տուին: Բայց ներհայկական «մշակոյթի պատերազմ»ի Սփիւռքեան ճակատին պիտի յուշել, որ «պատմական» Հայաստանը Ցեղասպանութեան պատճառ համարող թէզը համահունչ է ՀՀ առաջին Նախագահի թէզին: Ընդ որում, եւ հետեւելով նոյնինքն Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մօտիկ գործակից եւ Հայ Ազգային Կոնգրէսի փոխ-նախագահ Լեւոն Զուրաբեանի Պրեսինգ հաղորդաշարի մէջ իր առաջացուցած գաղափարին (24.04.2024), Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի նախօրեակին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող հայերը թուրքերուն հետ եոլա կրնային երթալ, եթէ չհաւատային եւրոպական մեծ տէրութիւններու եւ Ռուսիոյ խոստումներուն, եւ եթէ դուրսէն չգային Արամ Մանուկեանի նման «պրոպականդիստներ»:

Ի պատասխան պիտի յիշեցնել, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի բակին մէջ ամբողջական Հայաստանի քարտէսով յուշակոթողը զետեղուած է Ցեղասպանութեան նահատակներու աճիւններու յարակից: Մատուռն ու յուշակոթողը խորհրդանիշ են սփիւռքեան փորձառութեամբ կերտուած հաւաքական յանձնառութեան՝ Հայոց պատմութեան, հայկական ինքնութեան եւ ազգային լինելութեան:

Comments are closed.