Հայոց իսլամական աշիրաթը

Ճորճ Աբէլեան

Հրապարակագրական-երգիծական յօդուածներով եւ «Ձիւնական» գրչանունով ծանօթ Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեան ծնած է Քեսապի Քէօրքիւնա գիւղը` 1941-ին: 25 տարի ծառայած է կրթական ասպարէզին մէջ: Որպէս գրագէտ աշխատակցած է «Բագին» գրական ամսագիրին եւ «Ազդակ» օրաթերթին: Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու, օտարացած, ապա իրենց ինքնութիւնը վերագտածներու, իսլամացած հայերու մասին պատմութիւններ ու վկայութիւններ հաւաքելու հետեւողական աշխատանք տարած է: Իր գործերէն են. «Հելէ, Հելէ, Հելէ Քեսապ», «Աննա հարսը» (վէպ), «Ցկեանս նահատակութիւն»։

Իր գիրքերուն մէջ կը հանդիպինք Ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներու, որոնք կը նկարագրեն իրենց ոդիսականը։ Աբէլեանի հետազօտութիւններուն շնորհիւ բացայայտուեցաւ Սուրիոյ Ռաս Ուլ Այն շրջանի 25 հազար անդամ հաշուող «Աշիրաթ արման ալ շաթա» իսլամացած հայ ցեղախումբի պատմութիւնը։

Գ. Աբէլեան մահացաւ 3 Դեկտեմբեր, 2011ին:

 

Գամիշլի քաղաքէն ճամբայ կ’ելլենք այցելելու համար մեզի ընկերացող տոքթ. Կարօ Հեքիմեանի քրտացած զարմիկին: Ճամբան բաւական երկար է, բայց հարթ ու շիտակ: Քաղաքէն մինչեւ Ռաս Ուլ Այն, ճամբան զուգահեռ կ’ընթանայ Սուրիա-թրքական սահմանին: Մերթ այնքան կը մօտենայ սահմանին, որ աշտարակներուն վրայ կանգնած թուրք զինուորներուն դէմքի գիծերը բաւական յստակութեամբ կը տեսնուին: Փշաթելէ ցանկապատ մը կը զատէ երկու երկիրները:

Մերթ ընդ մերթ, ճամբուն երկայնքին կը նշմարենք փոքր աղջնակներ, որոնք ամայի տարածքներուն վրայ կը քալեն:

– Ասոնք դպրոց չե՞ն երթար,- հարց կու տայ Անին:

– Անշուշտ կ’երթան, բայց դպրոցէն ետք դաշտերը կ’երթան ոսպ կամ սիսեռի թուփերը քաշելու եւ հաւաքելու,- կը պատասխանէ երիտասարդ բժիշկը:

Ինքնաշարժին հանգստաւէտութեան կը հակադրեմ դուրսի կիզիչ անապատային ընդարձակ տարածքներուն: Այդ տարածքներուն վրայ շուրջ մէկ դար առաջ, քալած են իմ ազգիս մնացորդները: Անօթի, ծարաւ, ոտաբոպիկ եւ հիւծած, ինչպէ՞ս կը քալէին անոնք: Ռաս Ուլ Այնի մէջ կոտորուածը կոտորուած էր. մնացեալները կը քշուէին դէպի հեռաւոր Տէր Զօր՝ ատոնց հաշիւը վերջնականօրէն փակելու համար: Դուրսը, մերթ ընդ մերթ, պատահող ոսպ կամ սիսեռ հնձելու գացող աղջիկները որքան բախտաւոր են… Կօշիկ ունին գոնէ, սովահար չեն կամ՝ հիւծած:

Այն օրերուն թուրք զինուորը պահակութեան աշտարակին վրայ կանգնած, այսօրուան արձանանման եւ բարեկի՜րթ զինուորին երեւոյթը չունէ՜ր: Արիւնարբու, գազազած հրէշ էր՝ ինկած անտէր ոչխարի հօտին վրայ: Իրեն «կ’օգնէին» քիւրտ, չեչեն եւ չերքէզ հրոսակներ եւ թալանչիներ… Այս օրերուն այս ընդարձակ տարածութիւնները լուռ ու հանդարտ են:

Մերթ կ’անցնինք մեծ թէ փոքր գիւղերու մէջէն: Բժիշկ Կարօն դիտել կու տայ.

– Հոս՝ այս գիւղին մէջն ալ հայեր կան, քրտացած հայեր:

Ի՞նչ ըսել կամ ընել: Աշխարհէն այնքան մեկուսացած, գրեթէ լրիւ կտրուած, այդ վայրերուն մէջ ի՛նչ հայ: Իրենց պապերը պարտադրուած են լքել իրենց գեղածիծաղ հայրենիքը եւ եկած հաստատուած են հոս: Անշուշտ հոդ հաստատուածները բաւական բախտաւոր եղած են: Ուրիշներ ողջ մնալու առիթն իսկ չեն ունեցած:

– Սա Ամուտա գիւղն է կամ քաղաքատիպ աւանը: Հոս ալ բաւական քրտացած հայեր կան:

– Ամուտան, անցնող դարու 60-ական թուականներուն նշանաւոր դարձած էր, որովհետեւ շարժանկարի սրահը այրած էր կամ հրկիզուած: Ներկաները, բոլորն ալ դպրոցական աշակերտներ, այրած եւ ածխացած էին: Ահաւոր ողբերգութիւն էր այդ. անկէ առաջ ալ մեր ազգակիցներուն ողբերգութեան մէկ մասը հոս բեմադրուած էր: Աստուա՜ծ իմ:

Բաւական քշելէ ետք, վերջապէս կը հասնինք Ռաս Ուլ Այն: Մեզի ըսուած էր, որ հոն նշանաւոր ճաշարան մը կար, Ճաշարան Սերոբ: Ես կապուած էի այդ մարդուն հետ. ըսուած էր, որ բաւական հետաքրքրական պատմութիւն ունէր իր հօր մասին: Մարդը չէր յօժարած պատմել մեզի: Իսկ մենք ճաշելու ո՛չ սիրտ ոչ ալ ժամանակ ունէինք: Ուղղուեցանք Մոհամէտ Մահմուտի տունը:

Բարձրահասակ Մահմուտ ներս առաջնորդեց մեզ: Օտար ինքնաշարժը շարժած էր հետաքրքրութիւնը ոչ միայն դրացիներուն եւ փողոցի լաճերուն, այլ նաեւ պատկան շրջանակին: Տանտէրը ապահովցուցած էր, որ անվնաս մարդիկ էինք: Անցանք ներս: Երկար եւ ընդարձակ հիւրասրահ մը, զոյգ բաժանումներով՝ արեւելեանը բազմոցներով եւ բարձերով կահաւորուած, իսկ «արեւմտեան» բաժինը կահաւորուած էր թիկնաթոռներով: Հազիւ նստած, մեր զարմանքը չենք կրնար զսպել. պատին վրայ կախուած է Մեծն Տիգրանի հարթաքանդակը, Հայկական Եռագոյն վզնոց մը եւ հայկական այլ նկարներ: Ի՛նչ գործ ունէին ատոնք հոդ, քրտացած Յովհաննէս Հեքիմեանի որդի՝ Մոհամէտի հիւրանոցին պատին վրայ:

Մոհամէտի երեսին վրայ հեգնական ժպիտ կայ, ի տես մեր զարմացումին:

– Մեր արիւնը հայո՜ւ արիւն է,- կը շեշտէ… Ինչպէ՜ս չհաւատալ:

Կ’ուզէ իմանալ մեր այցին նպատակը: Իր զարմիկը՝ բժիշկ Կարօ, բացատրած է իրեն, բայց մեզմէ կ’ուզէ լսել: Կը բացատրեմ: Գլուխը կը շարժէ:

– Ուրախ եմ, որ եկաք. մեզմով հետաքրքրուող չկայ. ո՛չ Հայաստանի պետութիւնը, ո՛չ ալ եկեղեցին: Մենք լուսանցքի վրայ ապրող մարդիկ ենք. ո՛չ հայը կ’ընդունի մեզ, ո՛չ ալ՝ քիւրտը: Դիմեցինք Հայաստանի պետութեան. բան չստացուեցաւ: Դուք եկեր էք մեզմով հետաքրքրուելու. շնորհակա՜լ ենք:

Օրինակ մը կը նուիրեմ իրեն իմ «Ցկեանս Նահատակութիւն» գործին արաբերէն հրատարակութենէն:

– Ասիկա մեր Սալման Տրպոն է,- կը բարձրաձայնէ Մոհամէտ Մահմուտ:

– Կը ճանչնա՞ս զինք:

– Անշո՜ւշտ: Իր տղան հոս կը բնակի:

Կը կարգադրէ, որ կանչեն իրենց դրացի կին մը:

Այս վերջինը երբ ներս կը մտնէ ու կը տեսնէ գիրքը, ուղղակի կ’ապշի:

– Ասիկա,- գիրքին կողքին նկարը ցոյց տալով կ’ըսէ,- ասիկա իմ մեծ հայրն է, Սալման Էլ Տրպոն: Մեր գերդաստանի բոլոր ընտանիքներու տուներուն մէջ կայ այս նկարը: Ալլա՜հ:

Հայրը՝ Խալաֆ, որդին հաճընցի Քեքլիկեան Արամ-Սալման Տրպոյի քաղաքէն դուրս կը գտնուի: Արամի որդւոյն եւս օրինակ մը կը մակագրեմ եւ կու տամ աղջկաս: Շատ գոհ կը մնայ: Ամբողջ տեսակցութեան ընթացքին մեզի հետ կը մնայ: Յայտնի էր, որ բաւական ազատամիտ էր: Այրերուս հետ կը ձեռնուի եւ ազատօրէն կը խօսի:

– Եա Մահմուտ կ’ըսեմ, եկած ենք տեղեկութիւն հաւաքելու քեզի պէս մարդոց մասին: Ի՞նչ պիտի պատմես մեզի քու հօրդ մասին:

– Ինչ որ գիտեմ, շատ սիրով, պիտի պատմեմ: Հայրս Յովհաննէս Հեքիմեան մշեցի եղած է: Մուշի Կեղեցի գիւղէն: Մուշէն քշուելով հոս բերուած եւ հոս ալ մնացած է: Այդ օրերուն եղած է փոքր տղեկ մը: Հոս շատ հայեր կոտորուած են: Ջարդարարները, առաւելաբար, եղած են քիւրտեր եւ չեչեններ: Թուրքէն աւելի ասոնք ջարդած են մեր ազգակիցները: Ռաս Ուլ Այնը ահաւոր կոտորածներ տեսած է: Աստուած պատիժը տայ անօրէն ջարդարարներուն եւ անոնց հրաման տուողներուն՝ թուրք ղեկավարներուն:

– Ո՞ր գիւղէն կամ քաղաքէն եղած է հայրդ, Մահմուտ:

– Հայրս Մուշի շրջանի Կեղեցի գիւղէն է: Ծնած է 1908-ին: Ունեցած է Անդօ եւ Աւետիս անունով եղբայրներ: Անդօն Ալթուն կը կոչեն եղեր: Ունեցած է երկու քոյր՝ Սրբուհի եւ Ազնիւ: Հօրս երկու քեռիները՝ Տիգրան եւ Ղազար, Հալէպ կ’աշխատին եղեր: Դրամ կը խնայեն եւ կը տանին Մուշ: Իսկ հօրս հօրեղբօրորդին՝ Մկրտիչ, կը փախչի թրքական բանակէն:

Հայրս մէկ տարի դպրոց կը յաճախէ: Իսկ հազիւ 7 տարեկան, կը ստիպուի գաղթել իր հարազատներուն հետ: Երբ Մարտին քաղաքը կը հասնին, ինք հոն կը մնայ: Մայրն ու մեծ մայրը կը յանձնեն զինք ցեղախումբի մը, այդ ձեւով կեանքը փրկելու համար: Իրենք կ’երթան դէպի հեռուն: Մինչ այդ, Յովհաննէսի քրոջ երեսը կը ցեխոտեն: Թուրք սպան կ’առեւանգէ աղջիկը ու կը տանի: Անկէ ետք ո՛չ մէկ լուր ունեցած են անկէ:

Ջարդէն 4-5 տարի ետք, լուր կը հասնի Յովհաննէսին, որ մայրը ողջ է տակաւին, եւ թէ տեսնուած է շրջանին մէջ: Այս լուրը որոշ յուզումով եւ յոյսով կը լեցնէ տղան, որ արդէն բաւական մեծցած էր այլեւս:

Յովհաննէսի մայրը ուրիշ մարդու հետ ամուսնացած է: Գաղթի չելած ան ընտանիքին ոսկիները կարած է ժաքէթի մը մէջ: Այդ ժաքէթը մնացած է իր մօտ: Նոր ամուսինը միշտ կը պնդէ, որ ոսկիները մէջտեղ հանէ կինը: Ան կը մերժէ:

Ամուսինը կ’առաջարկէ, որ երթան տղան՝ Յովհաննէսը, գտնեն եւ այցելեն անոր: Երբ ճամբայ կ’ելլեն Յովհաննէսի ապրած գիւղը երթալու համար, իրենց տղուն հետ, ամուսինը կը պահանջէ, որ կինը ոսկիները մէջտեղ հանէ: Կը խոստանայ այդ ոսկիներով հանգիստ եւ լաւ կեանք մը ապահովել ընտանիքին: Կինը կը մերժէ: Ամուսնոյն պնդումները արդիւնք չեն տար: Հաւանաբար կինը՝ մեծ մայրս, վստահութիւն չունէր երկրորդ ամուսնոյն վրայ: Ատոր համար կը մերժէ ոսկիները յանձնել անոր:

Ամայի տեղ մը կը հասնին: Ամուսինը դարձեալ կը պահանջէ, որ կինը ոսկիները մէջտեղ հանէ: Կը սպառնայ տղան մեռցնել: Երբ կինը կը մերժէ, մարդը կը սպաննէ թէ՛ կինը եւ թէ՛ իր հարազատ տղան:

Յովհաննէս, որ այլեւս Իպրահիմ կը կոչուէր, երեք օր ետք կ’առնէ իր մօրը սպանութեան լուրը: Իր ընկերոջ հետ ոչխար կ’արածէր: Միասին կ’երթան եւ կը տեսնեն, որ կնոջ եւ տղուն գլուխները եւ ոտքերը միայն մնացած են: Գազանները կերած էին զանոնք: Յովհաննէսի համար մեծ ցնցում էր տեսնել մօր մարմնին մնացորդները:

Անկէ ետք Մարտինէն կը փախչի ու կ’անցնի Սուրիա: Այդ փախուստը դիւրին չէ եղած: Գիւղէ գիւղ տեղափոխուելով վերջապէս կը հասնի սուրիական հող, Գամիշլիի շրջան: Կը հասնի Ռաս Ուլ Այնի շրջանը: Բնակութիւն կը հաստատէ Մրէքիզ գիւղը: Հոդ ուրիշ հայեր ալ կային: Անոնց հետ կը յարաբերի:

Ինք ամուսնացած էր Խանսա անունով քիւրտ կնոջ մը հետ: Ունեցած են չորս աղջիկ եւ չորս տղայ: Ես անոնց անդրանիկն եմ: Իմ եղբայրներս բոլորն ալ շրջանին մէջն են: Քեզի պիտի տանիմ մեր գիւղը: Ես հոս՝ Ռաս Ուլ Այն եկայ հաստատուեցայ դպրոցի դիւրութեան համար: Հոն՝ Մրէքիզ, դպրոց չկայ:

Միհրան կամ Մոհամետ Հեքիմեան

Ինք՝ Միհրան կամ Մոհամէտ, թեւատ է: Ձախ թեւը, գրեթէ ուսէն, չկայ: Առանց իմ հարցումիս, ինքը բացատրութիւն կու տայ ըսելով.

– Ինչպէս կը տեսնէք, մէկ թեւս չկայ: Շատ փոքր էի, միայն եօթը տարեկան: Գետեզերքը հովով բանող ջրհան մը կար: Մանկական անզգուշութեամբ հովանիւին անցաւ թեւս: Ահաւոր բան էր: Ամբողջ թեւս քաշեց: Լաւ որ զիս ալ չաղաց: Ապրելու բախտ ունիմ եղեր:

Երբ ես, ի նշան ցաւի, երեսս կը պրկեմ, ինք կը հանդարտեցնէ զիս:

– Կրնար ամբողջ մարմինս աղալ այդ անպիտան հովանիւը: Բարեբախտաբար մեծ չէր:

– Որքա՞ն տառապեցար:

– Այդ բոլորը մոռցած եմ: Հակառակ միաթեւ ըլլալուս, միտքս դրի խարատագործութիւն (թոռնոճիութիւն) սորվիլ: Գիտես, այդ գործը շատ նրբութիւն կը պահանջէ: Հակառակ ամէն բանի, սորվեցայ եւ դարձայ վարպետ խարատագործ: Մի՛ մոռնար, որ երակներուս մէջի արիւնը հայու արիւն է… Հիմա խարատի աշխատատեղին տղաքս կը դարձնեն, համտուլիլահ…

– Քանի՞ տղայ ունիս, Միհրա՛ն:

– Աստուծոյ տուած տղաքը հինգ հատ են: Փա՜ռք Աստուծոյ: Մեծը Իպրահիմ կամ Աբրահամ է: Ան հեռացաւ այստեղէն եւ Եւրոպա գնաց: Հիմա Հոլանտա հաստատուած է: Հոն քրիստոնեայ դարձաւ: Թէ՛ ինք եւ թէ՛ զաւակները մկրտուեցան: Երկու տղոց անուններն են Սեւակ եւ Տարօն: Հապա՞: Բայց այլեւս մեր այս կողմերը բնաւ չի կրնար գալ, կը հասկնա՜ս. քրիստոնեայ դարձաւ:

Երկրորդ տղաս Էմիրն է: Սա չորս աղջիկ ունի: Շատ սիրունիկ աղջիկներ են: Երրորդը Աքրամն է: Չորրորդը՝ Այտին կը կոչենք, բայց ինք Վրէժ է: Վերջին զաւակս, Արման, այսինքն Արմէն՝ բանակին մէջ կը ծառայէ, որպէս պարտադիր զինուոր: Նշանուած է:

Մինչ այդ ներս կը մտնեն Էմիրի աղջիկները: Իսկապէս իրաւունք ունէր իրենց մեծ հայրը անոնց գեղեցկութեամբ հպարտանալու: Կոկիկ հագուած սիրունիկ աղջնակներ են:

– Եա ախ Ճօրճ, կ’ըսէ: Չե՞ս հարցներ ասոնց անունները: Ես ընեմ քեզի. մեծը՝ Նանոր, ասիկա է. երկրորդը՝ Նայիրի, հոս է. երրորդը՝ Արմինէն, իսկ սա չարուկը, չորրորդը՝ Մենարն է: Գեղեցի՞կ են, այսինքն իրենց անունները:

Ի տես այդքան գեղեցիկ եւ այնքա՜ն հայաբոյր անուններուն թէ՛ ես եւ թէ՛ ընկերակիցներս շշմած ենք: Պահ մը խօսք չենք գտներ: Այդ աղջնակները մշեցի Յովհաննէս Հեքիմեանի ծոռուհիները, Ռաս Ուլ Այնի մէջ ծնած եւ մեծցող, հակառակ իրենց սիրուն անուններուն, ի՛նչ պիտի ըլլան հոդ: Քանի մը վայրկեան պէտք կ’ըլլայ ես զիս գտնելու համար: Թոմ, որ ստանձնած է նկարելու պարտականութիւնը, երախաները կը նկարէ իրենց մեծ հօր եւ մեծ մօր հետ: Ապա, երբ քիչ վերջ տեղ երթալու համար կը շարուին իրենց հօրեղբօր մեծ մոթոսիքլէթին վրայ, դարձեալ կը նկարէ զիրենք: Անուշիկ աղջնակներ, սքանչելի անուններով, ի՜նչ ապագայ պիտի ունենան… Անոնք կը կրեն 94 տարի առաջ իրենց ազգին դէմ ի գործ դրուած ահաւոր ցեղասպանութեան հետեւանքները: Կ’ապրին ճիշդ հոն, որ վերածուած էր ահաւոր սպանդանոցի: Մէկ կողմէ թուրքին տրուած բարձրագոչ ՈՉ է իրենց գոյութիւնը, այդքան հմայիչ անուններով, իսկ միւս կողմէ՝ իրենց սպասող ապագան, մտահոգութեամբ կը պատէ մեզ…

– Իմ աղջիկս ալ Մենար կը կոչուի,- կը բացատրէ բժիշկ Կարօն:

– Իսկ ի՞նչ է իմաստը այդ անունին:

– Արաբերէնի Ֆերիտան է այդ. եզակի… Հայաստանի մէջ եւս գործածական անուն է: Իմ հայաստանցի կինը դրաւ աղջկաս անունը:

Հասկնալի էր, թէ ուրկէ՛ գտած էր Էմիր իր չորրորդ աղջնակին անունը…

– Էմիր, կը շնորհաւորեմ քեզ: Շա՛տ սիրուն աղջիկներ ունիս: Աստուած պահէ՛ զիրենք: Եւ որքա՜ն սիրուն անուններ դրած ես իրենց. ապրի՛ս:

– Մենք հայ ենք, հակառակ ամէ՛ն բանի: Ես շատ ուզեցի մեր հայոց լեզուն սորվիլ: Պէյրութէն մասնաւոր գիրք բերել տուի: Առանց օգնականի չկրցայ սորվիլ: Որքա՜ն կը փափաքիմ պապուկիս լեզուն սորվիլ, բայց չ’ըլլա՜ր:

Ցոյց կու տայ «Շիրակ»ի հրատարակած հաստափոր զրուցատրութեան գիրքը: Ափսո՜ս, որ Էմիրի շրջապատին մէջ օգնող մը չկա՛յ…

Էմիր կու տայ իր բջիջային հեռաձայնը: Կարծէք հաստատելու համար, որ հայութիւնը իրեն համար վերացական բան մը չէ: Հոն՝ հեռաձայնին մէջ, զետեղած է հայկական այնպիսի նկարներ, որոնք վայել են թթու հայորդիներու: Եռագոյն, Լիզպոնի 5 տղաքը, կուսակցութեան եւ ՀՄԸՄ զինանշաններ եւ այլն… Տեսէք կ’ըսէ եւ կը կազմէ թիւ մը. արդարեւ հեռաձայնի առաջին նկարը, որ գծանկար մըն է եւ եռագոյնով փաթթուած, հեռաձայնին զանգին հետ, ամենայն «վարպետութեամբ» թիրախ կը բռնէ թրքական դրօշակը եւ առատօրէն կը միզէ վրան…- տեսա՞ք…- Կրնայի՞նք չտեսնել… Թրքական սահմանին վրայ ինկած Ռաս Ուլ Այնի մէջ, հաւանաբար բնազդաբար, Էմիր իր մեծ հօրը վրէժը կը լուծէ, այդ գծանկարով…

– Էմիր, այս բոլորը ուրկէ՞ գտած ես:

– Հալէպէն: Այնտեղի հայ երիտասարդներ տուած են ինծի այս նկարները: Լաւ են չէ՞:

Խօսք կ’ուզէ՞…

– Ախ Ճօրճ, չմոռնաս կինս ալ հայու աղջիկ է: Կը յուշէ Էմիրի հայրը՝ Միհրան:

Քրտական տարազով եւ նիստ ու կացով Էմինան, այնքան մտերմութիւն ցոյց կու տայ, որ դժուար էր ըմբռնել: Իսլամ կին է, լաչակաւոր, բայց երբ քովս կը նստի, ուղղակի կը կպի ինծի: Նկարուելու ատեն երբ ձեռքս կը դնեմ ուսին, բնաւ չի փորձեր հեռանալ: Եւ ինքիրեն ազատութիւն տուած է խօսելու, խնդալու եւ պատմելու: Չէ որ իր «հարազատ»ներն ենք մենք…

– Էմինա, պատմէ՛ տեսնենք. ո՞վ է հայրդ. ուրկէ՞ է:

– Հոն է հայրս,- ցոյց կու տայ պատէն կախուած հօր նկարը:- Հայրս ալ մշեցի է, Եղիա Սիսոյեան: Վերջը անունը եղած է Մոհամէտ Իսա Մահամիտ: Ջարդի ատեն եղած է երկու տարեկան:

Մինչ այդ ներս կը մտնէ Էմինայի եղբայրը՝ փաստաբան Ապտէլ Ռահան Մոհամէտ Իսա Մահամէտ: Միջին տարիքէ վեր, բաւական «պարարտ» մարդ մըն է: Քոյր-եղբայր կը պատմեն իրենց հօր մասին:

Եղիա Սիսոյեան ունեցած է Արսէն անունով եղբայր մը, որ 7 տարեկան եղած է եղեռնի շրջանին: Էմինայի մեծ հօր անունը եղած է Օհան: Քառասուն անդամ ունեցած է Սիսոյեան ընտանիքը: Ունեցած են ընկուզենիներ եւ ջրաղաց:

Եղիայի մէկ եղբայրը՝ Աբօ, քրտացած է եւ կ’ապրի Պիթլիս: Խալիլ անունով մէկ եղբօրորդին Մարտինի կողմերը Գըզլ Թէփէ կոչուած վայրը կ’ապրի: Չորս տղաք ունի՝ Մոհամէտ, Ապտէլ Քատէր, Ալի եւ Օմար: Ասոնք թրքերէն եւ քրտերէն կը խօսին: Խալիլ մեռած է: Եղիան ալ մեռած է 2008-ին:

Ջարդի ընթացքին, Սօսի անունով քոյրը, գրկած է երկու եղբայրները: Ուրիշ քոյր մը կ’առեւանգեն: Տղոցմէ մէկն ալ առեւանգուած է: Սօսին, իբր թէ ջուր բերելու կ’երթայ. կը նետուի ջուրին մէջ եւ կը խեղդուի, որպէսզի չառեւանգուի եւ թուրքի կամ քիւրտի կին չդառնայ:

Եղիա Սիսոյեան իր վարպետին ուղտերը կ’արածէ: Կը հանդիպի ուրիշ պատանի հովիւի մը, որ իր կարգին իր վարպետին ուղտերը կ’արածէ: Երկրորդ պատանին պետեւի է: Կը բարեւեն եւ խօսակցութեան կը բռնուին: Պետեւի տղան կ’ըսէ, որ ինք հայ է ծագումով: Եղիան ալ կը յայտնէ, որ ինք եւս հայ եղած է: Երկու տղոց միջեւ նմանութիւնը շատ ակներեւ եղած է: Ի յայտ կու գայ, որ քիւրտ եւ պետեւի երկու տղաքը եղբայրներ են: Այս մէկը կը հաստատուի մէկուն փորին, իսկ միւսին ուսին վրայի խալերով… Տարիներու բաժանումէն ետք, երկու եղբայրները զիրար կը գտնեն անապատին մէջ, տարբեր շրջապատի մէջ տարբեր ցեղային պատկանելիութիւն հագած:

Էմինա կը յայտնէ, որ հօրեղբայրը Հասան Շիհա, Թուրքիոյ մէջ ամուսնացած է եւ հոն ալ կ’ապրի: Հօրեղբայրը իր ոդիսականը պատմելու կը վախնար:

Իսկ Եղիան կամ Մոհամէտ Մահամիտ, բնակութիւն հաստատած է Գամիշլիի եւ Ռ. Ուլ Այնի միջեւ գտնուող գիւղի մը մէջ՝ Պսիս: Այդ գիւղը Ռ. Ուլ Այնէն միայն 30 քմ. Հեռաւորութեան վրայ է:

1948-ին Եղիա կ’ամուսնանայ արաբ կնոջ մը հետ, Ապթա անունով: Այս կինը կ’ունենայ երկու տղայ եւ հինգ աղջիկ: Եղիա երկրորդ կին մըն ալ կ’առնէ: Այդ կնոջմէն կ’ունենայ եօթը աղջիկ եւ մէկ տղայ: Այս երկրորդ կինը Էմինայի ամուսնոյն, այսինքն Մոհամէտ Մահմուտի (Միհրանի) քոյրն է: Եղիայի երկու կիներն ալ ողջ են եւ նոյն գիւղին մէջ կ’ապրին:

Էմինա յաճախ կը կրկնէ, որ ինք շատ կը սիրէ հայերու հետ յարաբերիլ: Իսկ մեզի հետ հանդիպումը երջանկացուցա՜ծ էր զինք:

– Միհրան,- հարց կու տամ,- ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ քու հայրդ քրտացած է, իսկ քու հօրեղբօրորդին՝ տոքթ. Կարօն հայ մնացած է:

– Անոր հայրը հայկական շրջանակի մէջ մնացած է: Բայց ան ալ քրտերէն կը խօսի միայն: Կարօն ալ Հայաստան ուսանած է:

– Լաւ, զիրար ինչպէ՞ս գտաք: Հետաքրքրական ըլլալու է:

– Անշուշտ շատ հետաքրքրական է: Ես 1972-ին շէյխ Ազըտտին Էլ Խազնաուիին մօտ աշխատելու գացի: Ջուրի 24 ջրհան մոթորներուն պատասխանատուն էի: Միեւնոյն ատեն Միքայէլ Արծրունի անունով մարդու մը մեքենաները կը նորոգէի: Այս մարդուն հետ մնայուն կերպով վէճի մէջ էինք: Ես իրեն թեքնիք ուղղութիւն կու տայի: Սա ըրէ, նա մի ըներ ըսելով, միշտ ըսելիք ունէի իրեն: Ինք թէ՛ կը զարմանար եւ թէ՛ ալ շատ չէր հաւատար ինծի: Կը կարծէր ու կը հաւատար, որ քիւրտը միմիայն էջ կրնայ ըլլալ եւ բանէ չի հասկնար: «Բոլոր աշխարհը էշ է, միայն դո՞ւն ես հասկցող», կ’ըսէր ինծի: Ես թէեւ կ’առնուէի, բայց բուն ինքնութիւնս չէի բացայայտեր իրեն:

Օր մը, աշխատած վայրէս քիչ անդին, տեսայ խանութի մը վրայի ցուցանակը՝ Անդրանիկ Հեքիմեան: «Աղա» ըսի մարդուն, «կը տեսնե՞ս այդ ցուցանակը: Ես ալ Հեքիմեան եմ»: Միքայէլ ափ ի բերան մնաց: Գացի եւ հարցաքննեցի այդ խանութին տէրը: Ի յայտ եկաւ, որ ան ալ մշեցի էր: Անմիջապէս չյայտնեցի, որ ես ալ իր գիւղէն՝ կեղեցի եմ: Չէի ուզեր խրտչեցնել զինք: Վերջապէս ես քի՛ւրտ էի, ան՝ հա՜յ: Թէեւ այլեւս համոզուած էի, որ այդ մարդը ազգականս էր, կ’ուզէի վստահ ըլլալ հարիւր առ հարիւր: Դիմեցի Ռաս Ուլ Այնի եկեղեցին: Տոմարներէն կրցայ ստուգել, որ ազգական ենք Անդրանիկ Հեքիմեանի հետ: Նոյն գիւղէն երեք ուրիշներ ալ կային շրջանին մէջ: Երբ վերջապէս յայտնեցի, որ մենք ազգականներ ենք, մարդը նախ զարմացաւ: Յետոյ յուզուեցաւ: Իր դիմաց կանգնած էր քիւրտ մը, որ հօր կողմէ ազգական էր իրեն: Երբ բացատրեցի ամէն բան, մարդը եւ իր պարագաները համոզուեցան: Նստանք քեֆի: Բաւական ուրախանալէ ետք, հրաւիրեցի զիրենք մեր տունը՝ Ռաս Ուլ Այն: Ամբողջ 5 օր ոչխար մորթեցինք, կերանք, խմեցինք, քեֆ ըրինք: Պատմեցինք հինէն նորէն: Սքանչելի մթնոլորտ էր: Հօրս իսկական ազգականները գտնելը իմ տարիներու երազը եղած էր: Այդ երազը իրականացած էր:

Ժամանակին հայրս ուզած էր իր հօրեղբայրները՝ Ղազարն ու Տիգրանը, գտնել: Դիմեցինք Հալէպ հայոց եկեղեցին: Շատ պրպտեցինք, յայտարարութիւններ դրինք եկեղեցիներուն մէջ: Բայց չգտանք զիրենք, ափսո՜ս: 1958-ին էր այդ:

– Իսկ հիմա, ինչպէ՞ս են քու եւ հայ ազգականներուդ յարաբերութիւնները:

– Շատ լաւ: Ես քիւրտ, իսլամ. անոնք հայ եւ քրիստոնեայ: Սակայն նոյն արիւնն է մեր երակներուն մէջ: Մենք մշեցի ենք, մշեցի՜… Տեսա՞ր. Տոքթ. Կարօն ինքզինք որքա՜ն տնեցի կը զգայ:

Այդ պահուն տոքթ. Կարօ խոհանոցին մէջ կլկլակ մը կը պատրաստէր ինքնիրեն համար:

– Միհրան, ուրախ եմ ատոր համար: Դուք մեծաւոր կամ բան մը չունի՞ք:

– Անշո՜ւշտ ունինք: Ո՞վ ըսաւ, որ չունինք: Մենք ունինք մեր աշիրաթը, հայոց աշիրաթը:

– Ի՞նչ կ’ըսես, Միհրա՛ն:

– Քեզի ցոյց տամ,- ըսելով, կը բանայ ձեռքի պայուսակը: Մէջէն կը հանէ թուղթեր: Մէկ մասը այդ թուղթերուն ցանկեր են: Կը կարդամ: Քրտական անուններ, ընտանիքի անդամներու թիւ, արձանագրութեան (սըճըլ) թիւ: Բնակավայրի հասցէ, ստորագրութիւն՝ ընտանիքի մեծաւորի: Իւրաքանչիւր թերթի վրայ 10-11 անուն կայ:

– Ասոնք տախտակներն են մեր աշիրաթի անդամներուն: Տեսա՞ր: Յետոյ, մեր աշիրաթը ունի իր կանոնագրութիւնը: Մենք շատ հոգ կը տանինք, որ ամուսնութիւնները խառն չըլլան: Եթէ մէկը աշիրաթէն դուրս աղջիկ պիտի առնէ, հարկ է, որ յատուկ հրաման առնէ մեր շէյխէն: Բոլոր այրերը՝ 15-70 տարեկան, տարեկան անդամավճար կու տան: Այդ սնտուկէն կը հոգացուին ստիպողական պարագաներ: Օրինակ, եթէ մեր աշիրաթէն մէկը արկած ունենայ, մէկու մը զարնէ, մեր սնտուկէն կը վճարուի դիմացինին հատուցումը:

– Ո՞վ է ձեր շէյխը:

– Տես, հոս գրուած է. մեր շէյխն է Էլի Յովակիմեան: Աստուած պահէ զինք:

– Միհրան, ինչո՞ւ կազմուած է այս աշիրաթը: Նպատակը ի՛նչ է:

– Շատ պարզ է: Այս շրջանին մէջ տիրապետող է աշիրաթական դրութիւնը: Ամէն մարդ իր թիկունքին ունի աշիրաթ մը: Եթէ աշիրաթի մը չես պատկանիր, ուրեմն դուն ոչինչ ես: Չես կրնար քու իրաւունքներդ պաշտպանել:

– Լաւ, մե՞ծ է ձեր աշիրաթը: Ե՞րբ հիմնուած է:

– Մեր աշիրաթը հիմնուած է 1998-ին: Մարդահամար ըրինք, յետոյ հիմնեցինք զայն:

– Չպատասխանեցիր հարցումիս. քանի՞ անդամ ունի այս ցեղախումբը:

– Ըսեմ Ճօրճ եղբօրս. մեր աշիրաթը ունի 25,000 անդամ: Բաւական մեծ թիւ է:

Ես պարզապէս ափ ի բերան կը մնամ: Այդքան մեծաթիւ հայորդիներ, աշիրաթի մը հովանիին տակ կազմակերպուած եւ զարգացած հաղորդակցութեան ներկայ օրերուս, մենք լուր իսկ չունինք:

– Տեսա՞ր: Այս աշիրաթը կը կոչուի Հայոց իսլամական աշիրաթ: Իսլամ ենք մենք, բայց հայ:

– 25,000 անհա՞տ, թէ՞ ընտանիք…

– Ո՛չ, ո՛չ, անհատ: Քրտացած եւ պետեւի հայորդիներ ենք մեր աշիրաթին մէջ: Իսլամ ենք, բայց հա՜յ ենք:

– Շրջանի բոլոր քրտացած հայերը անդա՞մ են այս աշիրաթին:

– Ո՛չ: Մեծ թիւ մը կայ, որ չէ միացած մեզի:

Միհրանի աներձագը՝ Ապտէլ Քատեր զրոյցին մէջ կը մտնէ՝ ըսելով. «Մեր աշիրաթի անդամ հայ փաստաբաններս ունինք որոշ կազմակերպութիւն: Մենք կը ներկայանանք որպէս իսլամ հայ»:

Մայիսեան այդ յետմիջօրէն ուղղակի շշմեցուցած էր զիս: Կորսուած հայորդիներու յետնորդներ՝ ո՛չ միայն յիշատակ կը պահեն իրենց ծագումին մասին, այլ նաեւ կազմակերպուած են որպէս իւրայատուկ համայնք: Իսլամ են, բայց ՀԱ՜Յ կը զգան իրենք զիրենք…

Միհրան կը դասաւորէ, որ իր զաւակները մեզի պտոյտի տանին: Կ’երթանք դէպի Խապուր գետ: Այս գետը Եփրատի գլխաւոր հարկատուն է: Ժամանակին անոր ափերէն քալած են աքսորական հայորդիներու կարաւաններ: Ջուրին կողքէն քալելով հանդերձ, ծարաւ մնացած են, երբեմն օրերով: Գետին մօտեցողները եւ ջուր խմելու փորձ ընողները պարզապէս հրուելով ինկած են գետին մէջ եւ խեղդուած: Իսկ ո՞վ պիտի կարենայ հաշուել, թէ քանի-քանի՜ հայուհիներ իրենք զիրենք այդ գետին մէջ նետելով վերջ դրած են իրենց մատղաշ կեանքերուն: Երբ կը հասնինք գետափ, կը զարմանանք: Ցամքած է նշանաւոր Խապուրը: Թուրքիոյ մէջ կառուցուած ամբարտակները կը սպառնան ծարաւ թողուլ Սուրիան եւ Իրաքը:

«Խապուր գետ, կ’անցնի մտքէս. արդեօք քու մէջ նետուած հայուհիներուն անէծքը չէ՞, որ քեզ ցամքեցուցած է»…

Կը մտնենք յոյն ծագումով նախկին աւատատիրոջ մը լքուած դղեակը: Դղեակին կից կայ հսկայ ջրանցք, որ ցամաք է:

– Մինչեւ հարիւրաւոր քիլօմեթր անդին ջուր կը տարուէր այս տեղէն: Հիմա ցամաք է,- կը բացատրէ Ապտել Քատէր փաստաբանը:

Միհրանի տղաքը ցոյց կու տան չորս ջրհան մեծ շարժակներ՝ ժանգոտած եւ լուռ մնացած 1960-էն ասդին, երբ պետութիւնը ազգայնացուցած է հսկայ կալուածը: Այդ ջրհանները ջուր մղած են ցամքած մեծ ջրանցքին մէջ: Աւելի վարը, պետութիւնը երկու նոր ջրհաններ հաստատած է, ջրհորներէ ջուր քաշելու, ցամքած գետը վերակենդանացնելու նպատակով…

Շատ տխուր բան մը կայ մթնոլորտին մէջ: Ցամքած գետ. լքուած երբեմնի շէն դղեակ: Հայկական ծագումով պահակ…

Եւ յիշատակը հարիւրաւոր, թերեւս հազարաւոր, ջրամոյն եղած պատուախնդիր հայուհի պարմանուհիներու: Կը հեռանանք այդ վայրէն: Մեր դիմաց կ’ելլէ Միհրան:

– Ընթրիքի կարգադրութիւն տեսայ: Ճաշարան Սերոբ պիտի երթանք: Եթէ կանուխէն իմանայի ձեր գալուն մասին, երկու-երեք ոչխար կը մորթէինք: Այս այցելութիւնը չեղա՜ւ: Հարկ է, որ նորէն գաք: Հիմա պիտի երթանք մեր գիւղը:

Մեր առարկութիւնները, որ այլ ժամադրութիւններ ունինք Գամիշլիի մէջ, անօգուտ կ’անցնին: Ճար չկայ, պիտի երթանք Մրէյքիզ, հայաքիւրտ Մահմուտ ընտանիքի գիւղը:

Մթնցած է արդէն, երբ կը հասնինք սոյն գիւղը: Կ’երթանք Միհրանի հօրենական տունը: Կը ծանօթանանք իր եղբայրներուն եւ քրոջ: Բոլորն ալ ուրախ են մեր այցելութեան համար: Միհրան պահ մը ներս կը մտնէ. հոն պառկած է իր մահամերձ մայրը՝ Յովհաննէս Հեքիմեանի այրին…

Շրջափակին մէջ կը ծանօթանանք երկու հայորդիներու: Տարօրինակ է, այդ գիւղին հողերուն մէկ մեծ տոկոսը կը պատկանին հայ հինգ ընտանիքներու: Գիւղին գիւղապետն է հայորդի մը՝ Կարապետ: Երեկոյեան աղջամուղջին մէջ, այս հանդիպումը, աշխարհէն կտրուած գրեթէ հայապատկան գիւղին մէջ, որոշ յուզումով կը լեցնէ զիս…

Միհրան, իր տունէն դուրս չելած, մտած էր իր ննջարանը, գլխուն անցընելու համար արաբական գլխաշորը՝ քուֆիէն եւ ակալը:

– Եա պարոն Ճօրճ,- կ’ըսէ,- իմ այս արաբական տարազովս զիս ալ գիրքիդ կողքին պիտի դնես, ինչպէս որ առաջին գիրքիդ կողքին դրած ես Սալման Էլ Տրպոյի նկարը…

Քանի՜-քանի գիրքերու կողքեր կարելի է զարդարել Սալման Տրպոյի կամ Մուհամէտ Մահմուտի պէս քրտացած կամ արաբացած հայորդիներու նկարներով…

Միհրանի հետ հանդիպեցանք իր հօրեղբօրորդիին՝ տոքթ. Կարոյի ընկերակցութեամբ, ռաս Ուլ Այնի իր տան մէջ, 20 Մայիս 2009-ին:

Comments are closed.