«ՀԱՅԲԱՌ». Անհրաժեշտ բառարանը

Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Գանատայի եւ Արեւելեան ու Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու երեք թեմերուն՝ կը սկսի աշխատանքը հայերէնի առցանց բացատրական բառարանի մը պատրաստութեան՝ համագործակցութեամբ Երեւանի պետական համալսարանին։

«Հայբառ» անունով կնքուած այս բառարանը պիտի ըլլայ թուայնացած (digital / numérique), պիտի զետեղուի առցանց (online / en ligne) եւ բոլորին պիտի մատուցուի անվճար։ Պիտի ընդգրկէ 60 000 գլխաբառ եւ դարձուածք՝ թէ՛ արեւմտահայերէն՝ դասական եւ թէ՛ արեւելահայերէն՝ ժամանակակից ուղղագրութեամբ, մէկէն միւսը անցումին ալ դիւրութեամբ։

Բառարանը պիտի պատրաստուի ըստ բառարանագրութեան նորագոյն սկզբունքներուն, համակարգչային օգտագործման արդի միջոցներով, նմանողութեամբ ֆրանսերէն եւ անգլերէն հանրածանօթ ու ակադեմական բառարաններու մօտեցումներուն։ Այս բառարանը հայ իրականութեան մէջ առաջինը պիտի հանդիսանայ իր տեսակին մէջ։

Բազմաբովանդակ բառարանը պիտի ներկայացնէ բառերու ուղղագրութիւնը, տառադարձութիւնը, ստուգաբանութիւնը, իմաստաբանութիւնը, բառակապակցական հնարաւորութիւնները, արտասանութիւնը եւ այլն: Բառարանին մաս պիտի կազմեն մանաւանդ նորաբանութիւնները։ Պիտի տրուին նախադասութեան մէջ բառերու գործածութեան օրինակները, բայերու խնդրառութիւններն ու խոնարհումները, անուններու եւ դերանուններու հոլովումները, հոմանիշներ, հականիշներ եւ այլ յատկանիշեր, ներառելով գլխաբառերէն կազմուած ասոյթներն ու դարձուածքները, եւ օժտուած պիտի ըլլայ ուղղագրական ու քերականական ստուգիչ յայտագրերով։ Նաեւ բառարանէն օգտուողները պիտի ունենան հնարաւորութիւնը յարաբերելու իրարու եւ խմբագրութեան հետ, ստեղծելու իրենց սեփական անկիւնը։

Բառարանի համակարգչային կառոյցը պիտի տայ ապագային բառարանը նկարազարդելու, այլազան նոր բաժիններ աւելցնելու, օտար լեզուներու թարգմանական յղումներ կատարելու, բառապաշարը հարստացնելու եւ բովանդակութիւնը յարատեւ նորոգելու հնարաւորութիւնները։

Բառարանէն պիտի կարենան օգտուիլ աշակերտ թէ ուսանող, ընթերցող թէ գրող, լրագրող, ուսուցիչ թէ եկեղեցական, իւրաքանչիւրը՝ ըստ իր որոնած մանրամասնութեան ու մակարդակին։

Այս գործի իրականացումը կը հետապնդէ յատուկ մարմին մը՝ իր լեզուական եւ տնտեսական յանձնախումբերով, որ ստանձնած է նաեւ անհրաժեշտ նիւթական կռուանները գոյացնելու պարտականութիւնը եւ մօտ օրէն պիտի դիմէ հանրութեան՝ նիւթապէս մասնակից ըլլալու համար այս աննախընթաց բառարանի իրականացման։

Բառարանի պատրաստութեան լեզուական ու համակարգչային երեսները վստահուած են Երեւանի պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի Հայոց լեզուի ամպիոնին (վարիչ՝ Եուրի Աւետիսեան, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր) եւ Տեղեկատուական տեխնոլոգիաներու կրթական և հետազօտական կեդրոնին (գիտական ղեկավար՝ Սամուէլ Շուքուրեան, ֆիզ․-մաթ․ գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր, ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս)։ Անոնց կողմէ պաշտօնի կոչուած է հմուտ մասնագէտներէ բաղկացած անձնակազմ մը։

Երկու կողմերու մասնակցութեամբ յառաջացած կառավարման մարմինը, որուն մաս կը կազմեն վերոնշեալ զոյգ պատասխանատուները՝ ԵՊՀ-ի կողմէ եւ Ժան Մկրտիչեան ու Վրէժ-Արմէն Արթինեան՝ Բաբգէն Արք. Չարեանի կողմէ նշանակուած, պիտի հսկէ գործի բարեյաջող ընթացքին վրայ։

Նախատեսուած է սոյն աշխատանքը իր լրումին հասցնել մինչեւ 2024 թուականը։

Համոզուած ենք, որ մեր այս աննախընթաց նախաձեռնութեան ներգործութիւնը լեզուականէն-գիտականէն շատ աւելի անդին կ՚երթայ՝ նպաստելով հայակերտման, հայեցի կրթութեան մակարդակի ու գրագիտութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ մեր զոյգ լեզուաճիւղերու՝ արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի եւ զանոնք խօսող հատուածներու մերձեցման։ Ան պիտի դառնայ Հայրենիք-Սփիւռք համագործակցութեան կարեւոր օղակ մը եւ բացառիկ միջոց մը մեր ազգի զարգացման ու մանաւանդ մեր ինքնութեան ամրակայման տեսակէտէն։ Անոր բարերար ազդեցութիւնը պիտի զգացուի երկար ժամանակ։

Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Առաջնորդ ԱՄՆ-ի Արեւելեան թեմի

Բաբգէն Արք. Չարեան, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց թեմի

Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան թեմի

 

12 մարտ 2020

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.