Հայաստան-Հնդկաստան. Պաշտպանական Ոլորտին Մէջ Երկկողմանի Համագործակցութիւնը Նոր Մակարդակի Պիտի Բարձրանայ»
Հայաստանն ու Հնդկաստանը քայլերու պիտի ձեռնարկեն պաշտպանական ոլորտին մէջ երկկողմանի համագործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնելու համար, երէկ` 13 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրամանիամ Ճայշանքարի հետ միացեալ ասուլիսին յայտարարեց Հայաստանի արտաքին նախարար Արարատ Միրզոյեան:
«Այս տարի մեր դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը կը լրանայ, յոբելեան է, եւ մենք պէտք է միասին քայլերու ձեռնարկենք` քաղաքական, տնտեսական, պաշտպանական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ մեր յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու համար: Մեր համագործակցութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ եւս կը շարունակուի խորանալ, փոխադարձ աջակցութիւնը` ամրապնդուիլ», հնդիկ պաշտօնակիցին հետ միացեալ ասուլիսին ըսաւ Միրզոյեան:
Ան Հնդկաստանը անուանեց Հայաստանի ամէնէն կարեւոր գործընկերներէն մէկը, որուն հետ համագործակցութեան հետագայ ամրապնդումը Երեւանի առաջնահերթութիւններու շարքին է, եւ որ կրնայ իր ներդրումը ունենալ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ամրապնդման գործին մէջ:
«Երէկ ու այսօր արդիւնաւէտ հանդիպումներ ունեցած ենք իմ գործընկերոջս հետ: Համապարփակ դիտարկեցինք մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները, քննարկած ենք շրջանային եւ բազմակողմանի հարցեր եւ, ամէնէն կարեւորը, համաձայնեցանք ապագայ համագործակցութեան եւ տարբեր մակարդակներու վրայ փոխադարձ այցելութիւններու ճամբու քարտէսի շուրջ», ըսաւ Ճայշանքար:
Նախարար Ճայշանքար յիշեցուց, որ Նիւ Տելհին ու Երեւանը միջազգային «Հիւսիս-Հարաւ» փոխադրական միջանցքի մասնակից են, որ, ըստ անոր, ունակ է յաղթահարելու երկու երկիրներուն միջեւ առկայ հաղորդակցային խոչընդոտները. «Նախարար Միրզոյեանն ու ես քննարկած ենք Հայաստանի հետաքրքրութիւնը` կապուած (Իրանի հարաւը գտնուող) Չապահար նաւահանգիստի օգտագործման հետ. այդ նաւահանգիստը զարգացած է Հնդկաստանի օժանդակութեամբ: Առաջարկեցինք, որ Չապահար նաւահանգիստը եւս մաս կազմէ «Հիւսիս-Հարաւ» փոխադրական միջանցքին: Կողմ ենք Չապահար նաւահանգիստի օգտագործման եւ այլ նախաձեռնութիւններուն, որոնք կ՛ընդլայնեն կապը մեր երկու երկիրներուն միջեւ»:
Հարաւային կովկասեան շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ Հնդկաստանի դիրքորոշումը շատ հետեւողական է», յայտարարած է Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրամանիամ Ճայշանքար:
«Բախումներէն սկսած` մենք կողմնակից էինք խաղաղ լուծման, դիւանագիտական քայլերուն, որպէսզի տագնապը լուծուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ, եւ Հնդկաստանը ատոր կողմնակիցն է», յայտարարած է Ճայշանքար:
Յայտնենք, որ 16 սեպտեմբերին Տաճիկիստանի մայրաքաղաք Տուշանպէի մէջ Արարատ Միրզոյեանի ու Սուպրամանիամ Ճայշանքարի հանդիպման ընթացքին եւս հնդիկ պաշտօնատարը ընդգծած էր Հնդկաստանի շարունակական աջակցութիւնը ղարաբաղեան տագնապի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ խաղաղ եւ համապարփակ լուծման: