Հայաստանի Մէջ 23 Լրագրողներու Նկատմամբ Բռնութիւն Գործադրուած Է. 2018էն Ի Վեր՝ Բարձրագոյն Ցուցանիշը
Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէն տեղեկագիրի մը միջոցով հաղորդեց, որ 2024ի երկրորդ եռամսեակը յետ-յեղափոխութիւն Հայաստանի մէջ աննախընթաց էր լրատուամիջոցներու աշխատակիցներու հանդէպ գործադրուած ֆիզիքական բռնութիւններու առումով:
Կոմիտէն կը նշէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացին դէմ ծայր առած զանգուածային բողոքի ցոյցերուն ոստիկաններու յարձակումին ենթարկուեցան նաեւ լրագրողներ եւ նկարիչներ, որոնց իրաւունքները ընդհանրապէս խախտած են, սակայն նշեալ ժամանակաշրջանին անիկա հասաւ իր գագաթնակէտին: Արդարեւ, այս վերջին ցոյցերուն արձանագրուեցան 14 ֆիզիքական բռնութեան դէպքեր լրագրողներու եւ նկարիչներու նկատմամբ, որոնցմէ 23 անձեր տուժեցին: «Ասիկա 2018էն ետք արձանագրուած բարձրագոյն ցուցանիշն է, իսկ տուժողներու թիւով հաւասար է յեղափոխութեան օրերուն արձանագրուածին: Ֆիզիքական բռնութիւններուն մեծ մասը՝ 11ը, ուժային կառոյցներու անհամաչափ գործողութիւններու արդիւնք է», կ՛ըսուի վերոնշեալ տեղեկագիրին մէջ:
Եռամսեակին ընթացքին արձանագրուած են լրագրողներու նկատմամբ զանազան այլ ճնշումներ՝ վիրաւորանքներու, սպառնալիքներու եւ մասնագիտական գործունէութիւնը խոչընդոտող 9 պարագաներ:
Տուեալ ժամանակաշրջանին աւելցած է նաեւ լրագրողներու եւ լրատուամիջոցներու դէմ դատական գործերուն թիւը. Ապրիլէն Յունիս ամիսներուն ներկայացուած են այդպիսի 17 նոր հայցեր՝ նախորդ եռամսեակի 12ին փոխարէն:
Միջազգային իրաւապաշտպան եւ լրագրողներու կազմակերպութիւնները՝ Amnesty International, Freedom House, «Լրագրողներ առանց սահմաններու», ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը եռամսեակին ընթացքին անդրադարձան Հայաստանի մէջ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու իրաւունքներու խախտումներու դէպքերուն եւ ընդհանրապէս խօսքի ազատութեան վիճակին՝ արձանագրելով, որ երկրին մէջ լրատուամիջոցները կը շարունակեն բեւեռացուած մնալ:
Comments are closed.