Համախմբուի՞լ
Համախմբուիլ։
Շատ յորջորջուող բառերէն մէկը մեր լեզուի, մանաւանդ այս օրերուն։ Յաճախ՝ այս տողերը գրողին իսկ կողմէ։
Առաջին հերթին սակայն գիտնանք թէ որո՛նց է ուղղուած համախմբուելու կոչը։
Իսկ համախմբուիլ ինչո՞ւ։
Համախմբուիլ ինչի՞ շուրջ։
Համախմբուիլ ինչպէ՞ս։
Հետաքրքրական, շա՛տ հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը, այս յօդուածս գրել սկսելէս առաջ, Դիմատետրի պատգամներու տուփիկիս մէջ յայտնաբերեցի զրուցակիցի մը ինծի ղրկած երգիծական մէկ մէջբերումը Լեռ Կամսարէն. անշուշտ Լեռ Կամսարէն ոչ-երգիծական բան մը պիտի չակնկալէի։ Սակայն եկուր տես, որ զրուցակիցս, կարծես կանխատեսելով թէ ինչի՛ մասին պիտի գրեմ, կատարեր էր առաքումն այդ։ Ահա ի՛նչ ըսեր է մեծ երգիծաբանը.
«Վարդանանց պատերազմին Վասակ Սիւնին պարսկական փղեր հանեց Հայաստանի դէմ, 1921 թուականին հայ բոլշեւիկը ռուսական բանակ կանչեց երկիր, հայութիւնը բնաջնջելու։ Օտար պետութիւնները երբ պատերազմում են իրար հետ, վերջ ի վերջոյ հաշտութեան պայմանագիր են կնքում։ Բայց հայ ցեղի այս բաժան մասերը մի րոպէ զինադադար անգամ չեն կնքում։
«Պատերազմող պետութիւնները քսանմէկ տարեկան երիտասարդներ են բանակ կանչում, իսկ սա հայկական պետութիւնները զորակոչում են ի ծնէ։
«Այն ատելութեամբ, որով ատում են Հայաստանի այս կուսակցութիւնները իրար, եթէ թշնամու դէմ դուրս գային, նրանց դէմ ոչ թուրք, ոչ պարսիկ, ոչ բոլշեւիկ կը դիմանային․․․» (1960, “Հալոցք”)։
Կամսար հին օրերու վկայութիւն մըն է, որ կ՚ընէր, վկայութիւն մը, սակայն, որ շատ շատերու կրնայ թուիլ թէ այսօրուան համար է գրուած։
Այսօր սակայն համախմբուելու կոչը պէտք չէ պարզապէս ուղղուած ըլլայ Հայաստանի կուսակցութիւններուն, թէեւ եթէ Հայաստանի մէջ գործող հայկակա՛ն կուսակցութիւնները, հա՛յ կուսակցութիւնները անսան այդ կոչին, Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու ազատագրութեան աւազախրած սայլը թերեւս աւելի արագ տեղէն կրնայ շարժիլ։
Եթէ համախմբման կոչ մը պիտի ըլլայ այսօր, մերօրեայ Արամ Մանուկեանի մը կողմէ, այդ կոչը ուղղուած պիտի ըլլայ համայն հայութեան, ինչպէս 1918-ին՝ Սարդարապատի հերոսամարտի նախօրեակին, երբ համախմբուելու կոչ կ՚ուղղուէր իւրաքանչիւր Հայ մարդու, այո՛, գլխագրուած Հայ մարդուն։ Ինչպէս ՀՅԴ մանիֆեստը կ՚ընէր 1890-ին։
Համայն հայութեան՝ Հայրենիք եւ Սփիւռք, ոչ թէ անոր մասնիկներուն միայն, բայց ներառելով մասնիկներն այդ բոլոր՝ եկեղեցիները, կուսակցութիւնները, միութիւնները, համայնքներն ու այլազան խումբերը, հայութեան ընկերային-տնտեսական բոլոր խաւերը, մտածող ու ստեղծագործող բոլոր տարրերն ու մասամբ նորին։
Յստակ է, որ տագնապի մէջ է մեր ազգը. գոյութենակա՛ն տագնապի։ Այդ տագնապէն դուրս գալու միջոցը հաւաքական ուժի հասկացութիւնն է, ինչպէս մե՛նք ըմբռներ ենք, ինչպէս ի վերջոյ իր կեանքի գնով նուիրագործեց նաեւ բոլշեւիկ Չարենցը իր օրին։
Հաւաքական ուժ՝ ի մի բերելով մեր ամբողջ կարողականութիւնը՝ նիւթական ըլլայ թէ մտաւոր, տնտեսական ըլլայ թէ քաղաքական։
Հաւաքական ուժ՝ դիմադրելու համար մեզ պառակտող, կոտորակող ու ստրկացման առաջնորդող բոլոր փորձերուն։
Հաւաքական ուժ՝ պաշտպանելու համար մեր ինքնութիւնը, մեր լեզուն ու մեր մշակոյթը, մեր ազգային ժառանգութիւնը, մեր սահմաններն ու մեր արժանապատւութիւնը։
Հաւաքական ուժ՝ ազգերու ընտանիքին մէջ այս արեւուն տակ մեր արժանի տեղը ապահովելու, քաղաքակրթութեան մեր առաւելագոյն ներդրումը ունենալ կարենալու համար։
Եթէ տակաւին չենք յաջողած ըլլալ այդ ուժը, կը նշանակէ չենք թօթափած նեղ մտածելակերպը, չենք հրաժարած հատուածական շահերու հետապնդումէն, անձնական նպատակներու գերադասումէն ընդհանրական նպատակներու, չենք գործած անհատաբար բարօր կեանքի մը ձգտելու փոխարէն հաւաքաբար բարօրութեան հասնելու համար։ Չենք կազմակերպուած համազգայի՛ն առումով։ Այլ խօսքով՝ պարզապէս չենք կազմակերպուած այդ ուժը դառնալու համար։
Իսկ հաւաքական ուժ չի ստեղծուիր միայն խօսելով ՝ «լոկ ցանկանալով»,– ինչպէս Շիրազ կը պատգամէր,– «պէտք է պայքարել»։
Պայքարիլ կը նշանակէ թեւերը սոտթել ու գործի անցնիլ։ Ներդրո՛ւմ ունենալ։ Մաս կազմել հաւաքականութեան, անդամագրուիլ անոր գործող մասնիկներուն՝ թեմական, կուսակցական, միութենական կազմակերպութիւններուն, ընդառաջել անոնց կոչերուն՝ նիւթապէս ու բարոյապէս, չխուսափիլ կամաւոր աշխատանքէ, չզլանալ կարողութիւններդ դնել հասարակութեան տրամադրութեան տակ։ Հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի։
Եւ հայ ապրիլը՝ «Հայաստան ամեն բանէ վեր» նշանաբանը չըլլայ պարզապէս յումպէտս կրկնուող կարգախօս այլ կենսաձե՛ւ։ Կենսատու ապրելակե՛րպ։
Այս ամենը վերստին ըսելու անհրաժեշտութիւնը զգալով գրուեցաւ այս յօդուածը։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ