Հազարաւոր հայորդիներ վայելեցին Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի ամառնային փառատօնի շքեղ 25-ամեակը
Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան
«Թորոնթոհայ» – Երանելի պահերու, գերհաճելի մթնոլորտի եւ բազմազան ճոխութեամբ լի Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի ամառնային փառատօնի (ACC SummerFest) 25-րդ ամեակը տեղի ունեցաւ 8-10 Յուլիս 2022-ին, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի շրջափակին մէջ, ուր ոչ միայն հազարաւոր թորոնթոհայեր ներկայ գտնուեցան, այլեւ` Գանատայի, Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու ու նոյնիսկ այլ երկիրներու զանազան շրջաններէն հայորդիներ, երկու տարիներու ընդհատումէ վերջ, կրկնակի ուրախութեամբ, վայելեցին դարձեալ իրականացող ամենամեծ եւ ամենահռչակաւոր հայկական փառատօններէն մին:
Բացարձակապէս ճոխ եւ անակնկալներով լի եռօրեայ փառատօնի յայտագիրը պատրաստող յանձնախումբն ու անոր ժրաջան անդամները ոչ մէկ ջանք խնայած էին հայ գաղութին ժամադրավայրը դարձած, ճերմակ վրաններու տակ եռուն կեանքով լեցուն, ամառնային փառատօնին յաջողութիւնը եւ հեզասահ ընթացքը ապահովելու համար։
Ամենայն մանրամասնութիւն ապահովուած էր այցելուները գոհ եւ ապահով պահելու առումով։ Հսկայ բեմին դիմաց հարիւրաւոր սեղաններ եւ հազարաւոր աթոռներ տեղադրուած էին Հայ Կեդրոնի շրջափակէն ներս, ուր շուրջ 14 սեղաններով օժտուած տօնավաճառ մը կը գործէր, եւ որուն մասնակիցները կը ծանուցէին իրենց աշխատանքներն ու արտադրանքը եւ առեւտուրի առիթ կ’ընծայէին ներկաներուն։ Հայկական ընկերութիւններու այլազան արտադրանքներով յորդող տաղաւարներուն մէջ կը վաճառուէին ուտեստեղէններ, անուշեղէններ, խմիչք, զարդեղէն, ձեռարուեստներ, ոսկեղէն եւ հայրենիքէն բերուած յատուկ իրեր։ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին յատկացուած տաղաւարին մէջ տեղադրուած էին ՀՕՄ-ուհիներուն պատրաստած հայկական ձեռայինները, հայկական արուեստի նմոյշներն ու ասեղնագործները։ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրատարածի յանձնախումբի անդամները իրենց յատկացուած տաղաւարին մէջ կը ցուցադրէին հայկական գիրքեր, զարդեր, հայկական տարազով պուպրիկներ եւ իւրօրինակ հայկական արտադրանքներ։
Երեք օրերու ընթացքին, համադամ ուտեստներու եւ ճաշերու ընտրանին վայելեցին ներկաները՝ «Լարա» ճաշարանի (Lara’s Restaurant) եւ «Արզ»-ի (Arz Fine Foods) համեղ ճաշատեսակներով, իսկ ըմպելիքներու յատուկ բաժինէն՝ ցանկացած խմիչքներով ու զովացուցիչներով եւ ջուրով յագեցուցին իրենց ծառաւը։
Փոքրիկներուն համար, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի ՀՄԸՄ մարզադաշտին մէջ, տարբեր տեսակի խաղեր, սահանակներ եւ խաղալու զանազան բաժիններ կային։ Ամբողջ շաբաթավերջ, փոքրիկներուն մուտքը անվճար էր շնորհիւ երեք մեծ նուիրատուներ՝ Արմէն Գրիգորեանի Armen Krikorian Team & Big City Realty գործակալութեան, IDA Cassandra Pharmacy դեղատան եւ Abraham Baboujian KRG Insure ապահովագրական ընկերութեան։
Երեք օրերու տեւողութեամբ, «Լորօ» գոհարեղէնի (L’oro Jewellery) ընկերութեան հովանաւորութեամբ վիճակահանութիւն տեղի ունեցաւ, եւ ներկաները մասնակցեցան այդ խաղարկութիւններուն, իսկ անոնցմէ բախտաւորները թանկարժէք գոհարեղէններու եւ զարդեղէններու շահումներ ունեցան։
Ամենայն բծախնդրութեամբ սերտուած ու ծրագրաւորուած այս փառատօնի եռօրեայ ընթացքը բացառիկ յաջող եւ նոյնպէս լի էր Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէն հրաւիրուած քաղաքական գործիչներով, հայկական արուեստի աշխարհին երկինքը լուսաւորող փայլուն աստղերով, նուագախումբերով եւ նշանաւոր երաժիշտներով, որոնք եկան եւ երկու տարուան համավարակին պատճառած մենակեացութեան եւ ճգնաժամերու փոշին հեռացուցին ներկաներուն ուսերէն եւ իրենց ներկայութեամբ, ու փառատօնին միասնական ջերմ մթնոլորտով երջանկացուցին բոլոր ներկաները, անխտիր։
Փառատօնին դռները բացուեցան Ուրբաթ երեկոյեան, ժամը 7-ին։ Փառատօնի յանձնախումբի ատենապետ՝ ընկերուհի Սեւան Հաճիարթինեան, բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց, ապա բոլոր ներկաները շնորհաւորեց՝ փառատօնի 25-րդ տարեդարձին առթիւ եւ ըսաւ.- «Այս տարուան փառատօնը իր մէջ կը ներառէ նաեւ ազգային բնոյթ: Մեր հայրենիքը կ’ապրի օրհասական օրեր: Այս փառատօնի ընթացքին, տարբեր նախաձեռնութիւններով պիտի զօրակցինք հայրենիքի մէջ դիմադրող մեր հայրենակիցներուն: Այցելեցէք ՀՅԴ-ԳԵՄ-ի եւ պատանիներուն կրպակը՝ մայր մուտքին, եւ երեք օրերու ընթացքին ձեր զօրակցական ստորագրութիւնը դրէք՝ «Տէր եմ հայրենիքիս» պաստառին վրայ։ Իսկ կիրակի իրիկուն, բոլորս միասնաբար զօրակցական տեսահոլովակ պիտի նկարահանենք ընկեր Սերոբ Յակոբեանի հետ»։ Ատենապետը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց փառատօնի յանձնախումբի իւրաքանչիւր անդամին, որ ամիսներ անընդհատ ծրագրեց, մշակեց եւ իրականութիւն դարձուց այս փառատօնը: Ապա, շնորհակալութիւն յայտնեց հոն ներկայ եղող հայրենակիցներուն եւ կամաւորներու խումբին, որոնց անզուգական աշխատանքի արդիւնքով յաջողութիւն պիտի արձանագրէր փառատօնը:
Ատենապետը իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ խոստումը տալով.- «Մեր երթը անխափան պիտի շարունակենք, որպէսզի նորէն հաւաքուինք այս վրանին տակ յառաջիկայ տարիներուն եւ ապրինք միասնաբար հայկական անզուգական մթնոլորտ մը»:
Փացման խօսքէն ետք, բեմ բարձրացաւ փառատօնի հանդիսավարը՝ ԱՄՆ-էն ժամանած Մէրի Պասմաճեանը, որ «Վարդուշ» անունը կրող երգիծական կերպարով ու կատակներով ուրախացուց ներկաները։ Երեք օրերու ընթացքին հանդիսավարութիւնը ստանձնող «Վարդուշ»-ը, Կիրակի օր, յատուկ մենաներկայացումով զուարճալի պահեր պարգեւեց ներկաներուն։
Բեմ հրաւիրուեցան Հայ Դատի հիւրընկալած քաղաքական գործիչները։ Պատուոյ հիւրերէն, Թորոնթոյի քաղաքապետ՝ Ճոն Թորին, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց փառատօնի քսանհինգ ամեակը եւ հայերուն բացառիկ քաղաքացիներ ըլլալնուն հաւաստիացումը դրոշմեց հետեւեալ խօսքերով. –«Հայ համայնքը միշտ եղած է օրինակելի, աշխատունակ եւ պարտաճանաչ, ան իր աշխատասիրութեամբ մաս կազմած է Գանատայի զարգացման՝ տարբեր ոլորտներու մէջ։ Հայ համայնքը, հարկ եղած պարագային, օգնութիւն ցուցաբերած է բոլոր գանատացիներուն, անխտիր, եւ իր հաւատարմութեամբ գերազանց գանատացի եղած է»։ Հիւրերուն կարգին էին նաեւ Մարքամի քաղաքապետ՝ Ֆրէնք Սքարփիթին, ինչպէս նաեւ մեր հայրենակից քաղաքական գործիչներէն՝ նահանգային խորհրդարանի երեսփոխան պրն. Արիս Պապիկեանը, Թորոնթոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս պրն.Վարուժան Լափոյեանն ու Լիբանանի հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս՝ պրն. Գրիգոր Պոսթաճեանը։ Երեք օրերու ընթացքին ալ, Հայ դատի յանձնախումբի հիւրընկալութեամբ՝ դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական քաղաքական գործիչներ ներկայ գտնուեցան ձեռնարկին։
Երաժշտական հաճելի պահերը սկսան։ Բեմ բարձրացաւ DJ Դաւօն եւ պարային մթնոլորտ մը ստեղծեց ներկաներուն մօտ․ մթնոլորտը աւելի ջերմացաւ երգիչ Սուրոյի պարային երգերով, որոնց ազդեցութեամբ ներկաները շուրջպար բռնեցին ու պարեցին։ Հայաստանէն ժամանած անուանի երգիչ՝ Մարդին Մկրտչեանին հանրածանօթ ու հոգեհարազատ երգերուն ազդեցութեամբ ներկաներուն ուրախութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին։ Բեմին դիմաց ոտքի կանգնող ներկաները միաբերան կ’երգէին երգիչին սիրուած երգերը ու միասնաբար կը պարէին՝ երգերու քաղցրահունչ տարափին ազդեցութեան ներքոյ։
Շաբաթ օր, ժամը 5-ին, փառատօնը նոյնպէս սկսաւ ատենապետին բացման խօսքով եւ Հայ դատի յանձնախումբի հիւրերուն խօսքերով, որոնցմէ անմիջապէս ետք ներկաները վայելեցին յունարէն երգերու վարպետ եւ նշանաւոր երգիչ-երգահան՝ Ռոնիոսի երգեցողութիւնը։ Յունարէն ու հայերէն երգերով, եւ պուզուքի իւրայատուկ ձայնով տարուած հայ գաղութի հազարաւոր զաւակները երջանկացան, համատեղ պարեցին, երգեցին ու համեղ ուտեստներով ճոխացող սեղաններուն շուրջ կենացներ խմեցին։
Հայ գաղութին հանդիպման ժամադրավայրը դարձած փառատօնի վրաններուն տակ եւ դուրսը, տարիներէ ի վեր իրարմէ բաժնուած ընկերներու եւ իրարու կարօտ մնացած հարազատներու միացումի ու գրկախառնումի պահերը սիրոյ ու միասնութեան բուրմունքով կը լեցնէր Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի ամբողջ տարածքը։
Հազարաւոր հայորդիներու ժպտերես դէմքերը եւ երջանիկ աչքերը աւելի շէնշող դարձան, երբ անոնք միասնաբար վայելեցին Ամերիկայէն ժամանած հռչակաւոր հայրենի երգիչ՝ Արմենչիկին հոգեհարազատ երգերը։ Այնքան խուռն էր հոն գտնուող բազմութիւնը, որ՝ «Ասեղ նետես, գետին չ’իյնար» առածը կը յիշեցնէր բոլորին, ու այդ անզուգական պահու ընթացքին, միաբերան երգուող երգերու, ու ներկաներուն միատեղ պարած պարերը՝ ձեռնահեռախօսներու եւ TrikTrak Radio-ի ուղիղ եթերու հեռարձակմամբ կը հասնէր օտար ափերուն մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներուն տուները։ Այդ օր, Արմենչիկին նշանաւոր երգերու կախարդանքով գինովցած հայորդիները մինչեւ առաւօտեան ժամը երկուքը խրախճանեցին։
Կիրակի օր, կէսօրէն ետք ժամը 2։30-ին, շատ հետաքրքրական բաժին մը յատկացուած էր փոքրիկներուն, որոնք կենդանաբնական պարտէզ (petting zoo)-ի կենդանիները մօտէն տեսան, շոյեցին զանոնք ու անոնց հետ նկարուելու առիթը ունեցան: Փոքրիկներուն համար այլազան անկնկալներով լի այդ օրը շարուանակուեցաւ մանկական երգիչ Ժօէլի հաճելի երգերով։ Ժօէլը, իր երգերով ու պարերով խանդավառեց փոքրիկները։ Դէմքերու վրայ գծագրութեան բաժին (face painting), աճպարար (magic show), փուչիկներու եւ այլ ձեւի խաղերով լաւ ժամանակ անցընելու հնարաւորութիւն ունեցան փոքրիկները։
Կիրակի երեկոյեան յայտագիրը սկսաւ ատենապետի բացման խօսքով։ Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւող՝ Մէրի Պասմաճեանի մենաներկայացումը ուրախալի պահեր ապրեցուց ներկաներուն։ Մենաներկայացումէն անմիջապէս ետք, ներկաները վայելեցին նշանաւոր երգիչ՝ Արարատ Ահարոնեանի գեղեցիկ երգեցողութիւնը: Երգիչին երգած հանրածանօթ երգերու ազդեցութեամբ խանդավառուած ներկաները, հին ու նոր երգեու շարքին ճոխութեան ազդեցութեամբ անմոռանալի պահեր ապրեցան։ Marco Mr. TamTam-ի պարային ներկայացումէն ետք, դարձեալ բեմ բարձրացաւ երգիչ՝ Արարատ Ահարոնեանը, ու վառ պահեց հոն տիրող մթնոլորտին ջերմութիւնը։
Հասած էր փառատօնի 25-րդ տարեդարձի կարկանդակը հատելու ժամանակը։ Եռայարկ կարկանդակին շուրջ հաւաքուած յանձնախումի անդամները, իրենց տարած աշխատանքին բարեբեր արգասիքը կը վայելէին։ Տարեդարձի յատուկ երգին, պայթուցիկի լոյսի փայլքին ու ծափողջիւններուն պարգեւած երջանկութեամբ՝ անմոռանալի պահեր ապրեցան ո՛չ միայն յանձնախումբի անդամները, այլեւ ամբողջ ներկաները։
Ժամանակը եկած էր ազգային երգերով ազգասիրութեան, միասնութեան եւ պայքարի ոգիին կայծերը վառելու։ Սերոբ Յակոբեանի կուռ ձայնով, ու իրեն ընկերակցող նուգախումբի անզուգական նուագակցութեամբ սկսաղ ազգային երգերու պարգեւած անմահ պահը շարունակուեցաւ՝ «Տէր եմ հայրենիքիս» Եւ «Զարթի՛ր լաօ» պաստառներու ցուցադրութեամբ։ Հայրենաբնակ նախկին Թորոնլոհայ Հրաչ Ճապրայեանը խօսք առաւ եւ բոլոր ներկաներուն հոգիներուն մէջ գոյացող պայքարի ոգիին զարթնումին, միասնական ոգիով եւ անկոտրուն կամքով արդարութիւն պահանջելու, ու մեր պապենական հողերը վերադարձնելու արդար իրաւունքի օրհասական պահին անհրաժեշտութիւնը անգամ մը եւս շեշտեց ներկաներուն եւ պատանիներուն, որոնք եռագոյնը ծածանելով, ձեռք-ձեռք եւ ուս-ուսի՝ մէկ ոյժ դարձած կ’ուխտէին հաւատարիմ մնալ իրենց վեհ սկզբունքներուն ու գաղափարին։ Սերոբ Յակոբեանի զգացաշարժ ձայնով շարունակուեցաւ ազգային եւ յեղափոխական երգերու շարանը: Փառատօնի ատենապետ՝ ըկերուհի Սեւան Հաճիարթինեան, իր բակման խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, յանձնախումբի անդամներուն եւ բորոր անոնց, որոնք անսակարկ նուիրումով, ամէն ճիգ ի գործ դրին եւ յաջողութեամբ պսակեցին Հայ Կեդրոնի ամառնային փառատօնի 25-րդ ամեակը։
Գանատայի, Հայաստանի ու Արցախի դրօշակներու ծածանումով, միաբերան երգուած երգերու բոցով ու հայու անմա՛հ հոգիի անմար կրակով թնթացող Հայ Երիտասարդական կեդրոնի շրջափակը, դարձեալ հանդիպելու խոստումը շշնջաց բոլորին, ու քառորդ դարու կեանք ունեցող փառատօնի յաջող պատմութեան գիրքին մէջ նոր ու շէնշող էջեր աւելցնել խոստացաւ թորոնթոհայութեան։