Կեանքէն հեռացաւ հայ երաժշտութեան երախտաւոր Համբարձում Ճապուրեանը

Կեանքէն հեռացաւ հայ երաժշտութեան երախտաւոր Համբարձում Ճապուրեանը

Մարտ 12-ին, Մոնթրէալի մէջ իր մահկանացուն կնեց գանատահայութեան սիրելի տուտուկահար Համբարձում Ճապուրեանը։ 1951 թուականին Լիբանան ծնած Համբիկը, Գանատա հաստատուած է 1974-ին։ Մքկիլլ համալսարանին մէջ կատարելագործած է գլարինէթի երաժշտական իր ուսումը։ Քեպէգի եւ Գանատայի տարբեր շրջաններու մէջ Գանատայի մշակութասէր հասարակութեան ծանօթացուցած է հայկական երաժշտութիւնը։ Հրապարակած է տարբեր խտասալիկներ, որոնցմէ՝ «Հայ գաւառական եւ ժողովրդային եղանականեր» խորագրով ձայնասկաւառակը։ Գլարինէթի կողքին նուագած է նաեւ հայկական այլ փողային գործիքներ, ինչպէս՝ տուտուկ, բլուլ, Շվի։

Տուտուկի արուեստը կատարելագործելու համար, յաճախակի մեկնած է Հայաստան եւ հետեւած երաժշտական դասընթացքներու, խորհրդատու ունենալով տուտուկի համաշխարհային վարպետ Ջիւան Գասպարեանը։ Խմբավար Իյեաթ Իշմուրատովի ղեկավարութեամբ տուտուկով ելոյթ ունեցած է Քեպէգի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ, նուագելով հայ հոգեւոր եւ ժողովրդային եղանակներ։ «Ճապուրեան վեցեակ» իր նուագախումբին հետ մասնակցած է տարբեր համերգներու։ Ամուսնացած էր Արաքսի Քիւրքճեանի հետ։ Զաւակներն են Րաֆֆի եւ Մարի Ճապուրեան։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Համբիկի յուղարկաւորութեան ընթացքին ընթկերցուած Թամար Շահինեանի դամբանականը եւ կը հրապարակենք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Մոնթրէալի միջոցառման ընթացքին Համբիկ Ճապուրեանի կողմէ «Տլէ Եաման»ի կատարման տեսանիւթը։

Համբիկի լուսանկարը՝ Մայք Թաշճեանի։

«Հորիզոն»

***

Համբիկ Ճապուրեանի Յիշատակին

Եթէ բառարանին մէջ «Համեստ» բառին հոմանիշը փնտռենք, մեծ վստահութեամբ կրնանք ըսել որ Համբիկը սոյն բառին ամբողջական մարմնացումն էր։

Զանազան առիթներով, Համբիկին հետ գործակցած եմ ձեռնարկներու գեղարուեստական բաժնի յայտագիրներու պատրաստութեան ընթացքին, եւ չեմ յիշեր որեւէ ժամանակ, երբ ան մերժած է իր մասնակցութիւնը բերել օրինակ ցեղասպանութեան ոգեկոչումներուն, անկախութեան տօներուն, պարախումբի ելոյթներուն կամ որեւէ այլ ձեռնարկի՝ ուր տուտուկին ձայնը հարկաւոր էր հնչեցնել եւ առաւել եւս հարստացնել յայտագիրը։ Ան մի՛շտ մեծ սիրով ու սիրայօժար ընդառաջած է խնդրանքիս։ Կը շեշտեմ «սիրայօժար» իր մասնակցութիւնը, որովհետեւ իսկապէս կը նեղանար երբ նիւթականի մասին հարցում կ՚ուղղէի իրեն։

Տուտուկին հանդէպ Համբիկին ունեցած սէրը աննկարագրելի էր։ Ան միշտ կը ձգտէր զարգացնել իր տաղանդը, շարունակ բարելաւելով ու չբաւարարուելով, մասնագիտանալ եւ հասնիլ բարձրագոյնին։ Այսօր ամենայն վստահութեամբ կրնանք վկայել թէ ան արդէ՛ն հասած էր իր նպատակին, սակայն այնքա՛ն համեստ էր որ երբեք չէր սիրեր ինքնագովութիւնը, այլ ընդհակառակը, յաճախ կը թուէր այլ տուտուկահար վարպետներու անուններ, որոնց մասին մեծ հմայքով կը խօսէր։

Միշտ պիտի յիշենք զինք իր բարի եւ լայն սրտով, դէմքի մնայուն ու անոյշ ժպիտով, եւ անկեղծ բնաւորութեամբ։ Տակաւին շատ երազներ ունէր Համբիկը, դէպի Հայաստան ճամբորդութիւններ.. կամ նոր համերգներ, բայց ան իր գործերով միշտ կենդանի պիտի մնայ մեր մէջ։ Թէեւ Մոնթրէալի համայնքը կորսնցուց վաստակաւոր արուեստագէտ մը կամ սիրելի ընկեր մը, եւ կամ հայրենասէր նուիրեալ մը, սակայն ան մեզի ձգեց բազում յիշատակներ, որոնցմէ մէկը կ՚ուզեմ այսօր բաժնել ձեզի հետ։

Մայիս 3, 2015. Պատմական օր մը Մոնթրէալի Հայ Համայնքին համար։ Մեծ շուքով պիտի նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը։ 10 հազար հոգիով տեղի ունեցած քայլարշաւը վերջ գտաւ Place des Arts-ին դիմաց եւ միայն երեք հազարը կարողացաւ ներս մտնել պաշտօնական հանդիսութեան։ Բարձրաստիճան հիւրեր, քաղաքական դէմքեր, եւ հռչակաւոր աստղեր բոլորն ալ անհամբեր կը սպասէին ձեռնարկի բացումին։ Վարագոյրին ետին սակայն ուրիշ աշխարհ մը կը տիրէր, ուրիշ իրարանցում մը։ Ես եւ Շողիկ Փիլոյեանը մաս կազմելով Միացեալ Յանձնախումբին, յետնաբեմը կը գտնուէինք եւ օրուան յայտագրին պատասխանատուներն էինք։ Առաւօտ կանուխ ժամանած էինք սրահ, որպէսզի ընդունինք յայտագրի բոլոր մասնակիցները, որոնցմէ մէկն էր նաեւ Համբիկ Ճապուրեանը։

Երբէք պիտի չմոռնամ իր անհանգիստ բայց միաժամանակ անհամբեր վիճակը՝ թէ ե՞րբ իր կարգը պիտի հասնի բեմ բարձրանալու։ Կարծես իր կեանքի ամէնակարեւոր եւ առաջին ելոյթը ըլլար։ Արագ քայլերով կ՚երթար կու գար, անդադար ժամը կը հարցնէր, յայտագրին վրայ իր հերթը անվերջ կը ստուգէր, յատուկ սենեակը կ՚առանձնանար, փորձ կ՚ընէր, տուտուկը կը խնամէր, տուտուկին բերանը կ՚ամրացնէր, կը թրջէր….. եւ վերջապէս հասաւ իր կարգը։

Ուրեմն, եկէք միասնաբար հրաժեշտ տանք Համբիկին եւ իր ելոյթին ընդմէջէն վերապրինք այդ օրուան իր յատուկ ներաշխարհը։ Լսենք իր շատ սիրելի տուտուկին ձայնը որ միշտ ալ պիտի շարունակէ հնչել մեր ականջներուն եւ սրտերուն մէջ։  Ահաւասիկ իր «Տլէ Եաման»ը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը բաժնեմ ձեզի հետ։ Այնքան գեղեցիկ եւ յաջող կերպով մեկնաբանեց այս դարաւոր մեղեդին, որուն ամբողջ սրահը քար լռութեամբ հետեւեցաւ։ Պէտք է ըսել որ ինքն ալ շատ հպարտ ու ոգեւորուած էր իր ելոյթով… կարծես մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն շունչը իր տուտուկին ընդմէջէն, այդ երեկոյ ներկայ էր մեզի հետ, իսկ իրենց հոգիները լոյսերու մէջ խաղաղ էին ու հանգիստ… ինչպէս, որ է այսօր ինք՝ երկնքի արքայութեան մէջ։

Թամար Շահինեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.