Խաչիկ Թէօլէօլեան եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Թ.)

Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․

*

Է․- Աքսորի Մասին

Յունական դիցաբանութեան մէջ կար աստուածուհի մը, որուն անունն էր «Ֆիկէ՛» կամ «Ֆիկի՛»։ Փախչելու պատում մը կապուած էր անոր։ Դիցաբանական անունը գոյական եւ բայ (ֆե՛ւկօ, որ մեր Սահմանական եղանակի եզակի առաջին դէմքն է) դարձած էր, եւ նշանակած՝ փախուստ, խուսափանք․ փախչիլ, խուսափիլ։ Սկզբնապէս, անհատի կամաւոր արարք էր, ետքը առած էր նաեւ փոխվրէժի հակազդեցութիւն կանխելու համար՝ քաղաք-պետութեան կողմէ իր սահմանէն արտաքսելու կամ հեռացնելու իմաստ։ Շատերու ենթադրութիւնն է, թէ հին շրջանի յոյներուն քով, բառին կերպերը նշանակ էին աքսորի եւ աքսորուելու։ Յունարէնը ետքը լատիներէնի ազդեցութեամբ պիտի ունենար «էքսօրիա» (տառացիօրէն՝ սահմանէն կամ հորիզոնէն անդին, նշանակ՝ աքսորի) գոյականը եւ «էկզորիզօ» (մեր Սահմանական եղանակի եզակի առաջին դէմքն է) բայը։

Հռոմայեցիները պիտի ունենային իրենց բառերը՝ «էքսուլ» (աքսորական մարդ), եւ «էքսիլում» (աքսոր), «ադ էքսիլիում» (աքսորել)։ Բառին ծագումը մութ է, ուստի՝ ստուգաբանութիւնն ալ դժուար։ Զանազան ենթադրութիւններ կան։ Թէլէլօլեան բային առնչաբար անոնցմէ մէկը զատած է։ Իր զատածը՝ «էքս-սալիրէ»ն է, զոր բացատրած է իբրեւ յանկարծ դէպի դուրս ոստնուլ, սահմանէն դուրս խոյս տալ, նաեւ ոճիրի մը պատճառով՝ արտաքսում։ Վերջին նշանակութեան առնչաբար, աւելցուցած է, թէ աքսորը այլընտրանք մըն էր մահապատիժի, անիկա աքսորականին ընտանիքին կը խնայէր սեփական կալուածին առգրաւումը, եւ կը կանխէր ընկերութեան մէջ փոխվրէժի եւ պայքարի բարդացումը։ Եւ քանի աքսորականին վերադարձը կրնար գրգռել ոճրային պայքարը, մահապատիժի սպառնալիքով՝ անոր խստօրէն կ’արգիլուէր վերադառնալ։ Կային պարագաներ ալ, որոնց ժամանակ մը ետք կ’արտօնուէր վերադառնալ։

Մինչ յունական եւ հռոմէական աքսորը անհատի փորձառութիւն էր, Բաբելական գերութեան հրէական փորձառութիւնը՝ անոր պիտի աւելցնէր նաեւ հաւաքական նշանակութիւն, որ պիտի արտայայտուէր «կոլահ» եւ «կալութ» բառերով։ Առաջինը ցրօնքային համայնքի եւ վայրի նշանակութիւնը ունէր, ու այնպէս կը տեւէ․ երկրորդը՝ աքսորի համայնքէ ու վայրէ աւելի՝ ողբերգական հոգեխառնութեան, որ դեռ ողջ է՝ հակառակ ցեղապաշտ գաղափարաբանութեան մը կեցուածքին, թէ սեփական պետութեան ստեղծումէն վերջ՝ ալ «կալութ» չի կրնար ըլլալ։ «Կալութ»ը, որ մեր լեզուին «գաղութ»ը պիտի ըլլար, յետ Քրիստոսի 70 թուականին Երուսաղէմի տաճարին կործանումէն եւ ժողովուրդի ցիր ու ցանումէն յետոյ՝ սփռեալ հրէութեան հայրենի սրբութիւններէն արմատախլուածութեան հոգեխառնութիւնը արտայայտող անուան պիտի վերածուէր։ Նաեւ պիտի ունենար ապաշխարութեան եւ հոգե-որոնումի, եւ Մեսիայի գալստեամբ՝ «սուրբ հող» վերադարձի նշանակութիւն, որ տակաւին ակնկալութիւն մը կը մնայ կրօնական շրջանակներուն մէջ։ «Կալութ»ը, ըստ իսկութեան, կրօնական եզր է։

Թէօլէօլեանի սահմանումը «աքսոր» բառին։

Նախ տուած է պայմանական սահամանում մը, ապա զայն զարգացուցած։ Գրած է, թէ անիկա «կացութիւն» մըն է, ուր «անհատ մը կամ համայնք մը՝ կա՛մ բռնի դուրս դրուած է, կա՛մ ինքզինք դուրս դրած է տեղէ մը, որ իր տունը կը համարէ։ (Տուն մը)` որուն գործերուն սեւեռուած կը մնայ, եւ ուր վերադառնալ կը փափաքի»։

Ինք, սկիզբէն, իր այս սահմանումը պայմանական, ուստի թերի տեսած է, անկիրարկելի՝ անցեալի եւ ներկայի իբրեւ «աքսոր» բնորոշուող կացութիւններուն (աւելցնեմ նաեւ՝ վիճակներուն)։ Եւ ձեռնարկած է զարգացնելու զայն, ինչպէս ըսի։

Սահմանումը կ’ենթադրէ, 1) որ կայ աշխարհագրական տեղ մը, որուն կը պատկանի անհատը կամ համայնքը։ Այն տեղը ծննդավայրն է, երկիր-տունն է, հայրենիքն է (ոմանց համար՝ նաեւ մայրենիքը, կամ՝ մայր-հայրենիքը – ԳՔ)։ Պատկանելիութեան իմացքը յաճախ խնդրայարոյց է, եւ տարածուն յստակացում կը պահանջէ՝ ըստ տուեալ աքսորի իւրայատկութեան։ 2) Աքսորի պատճառները խնդրարկելի են։ Կան ակամայ աքսորը եւ կամաւոր աքսորը։ Նոյնիսկ երբ մէկը կամաւորաբար աքսոր գացած է՝ կը զգայ, թէ իր մեկնումի պատճառներուն մէջ կայ ակամայ, հարկադրիչ տարր մը։ Բայց անոնք որ մնացած են իրենց տեղը եւ ցոյց տուած, թէ կարելի է տանիլ «անտանելի»ն՝ կրնան համաձայն չըլլալ մեկնողին։ Եւ այս հիմնական անհամաձայնութիւնը կը պարզէ, թէ ինչ որ ենթակայականօրէն տեսնուած է իբրեւ «աքսոր», ոմանց կրնայ թուիլ աւելի չուում մը հայրենակիցներու մօտ։ 3) «Աքսոր» եզրին մէջ կայ ետին թողուած երկրին անցուդարձերուն անդադրում մտահոգութիւն մը։ Աքսորականը, կամ ըսենք՝ ինքզինք աքսորական համարողը սեփական երկրին դէպքերուն կը հետեւի, կրնայ փորձել անոնց վրայ ազդել եւ սովորաբար կ’ապրի յուսալով եւ փափաքելով հոն վերադառնալ։

Անդրադառնալով վերջին երկու դարերու «աքսոր»ի կերպերուն՝ Թէօլէօլեան անոնց բազմաթուութիւնը եւ բազմազանութիւնը պարզած է, միաժամանակ նշելով՝ թէ նոյնիսկ անոնց ընդհանուր ակնարկը ի վիճակի չէ ամփոփելու բոլոր կերպերը։ Անոնցմէ սակաւ շարքի մը իր անդրադարձներուն՝ աւելցուցած է իր առարկութիւնները, զանոնք նրբօրէն քակտելով։ Իր տուած շարքէն՝ միայն կը թուարկեմ երեք օրինակներ․ Եգիպտոսէ մոմիաներու Եւրոպայի թանգարաններուն մէջ ցրուածութիւնը՝ աքսոր անուանուած է։ Ցրօնքի կառավարութիւններ՝ իրենք զիրենք աքսորի կառավարութիւններ հռչակած են։ Քաղաքական կամ մտաւորական կամ արուեստագէտ դէմքեր աքսորականներ ճանչցուած են, կը ճանչցուին։ Եւ այլքն։ Առարկութիւնները գրի չառի, որովհետեւ իր յօդուածի եզրայանգման մէջ՝ յստակօրէն արտայայտուած է իր նախընտրութիւնը աքսորի հասկացողութեան, որ նաեւ իր քննանիշն է։

Եզրայանգումը Էդուար Սայիդի միտքերուն իր համակրական յարասութեան մէջ կ’ամփոփուի։ Սայիդ, որ հեղինակն է նիւթին վերաբերեալ գրքի մը (Րեֆլեցտիոնս ոն Եխիլե) եւ փորձագրութիններու, կրցած է խուսափիլ աքսորի հասկացողութեան զգացական դիւրընկալումէն (կարելի է ըսել նաեւ՝ թիւրընկալումէն)։ Աքսորը, ըստ իրեն, արտասովոր կերպով կը հարկադրէ խորհիլ սոսկալի փորձառութեան մասին։ Իրաւ աքսորը վերջնական կորուստի կացութիւն մըն է։ Պաղեստինցի մտաւորականը մէջբերում մը ըրած է միջնադարեան խորհող՝ Հիւկօ Սէյնթ-Վիքթորցիէ, որ գրած է․ «Ան որ իր հայրենի տունը քաղցր կը գտնէ՝ տակաւին մատղաշ սկսնակ մըն է․ ան՝ որուն համար ամէն երկիր նման է իր ծննդավարին՝ արդէն ուժեղ է․ բայց կատարեալ է ան, որուն համար ամբողջ աշխարհը՝ օտար աշխարհ է»։ Սայիդ նման Հիւկոյի «յաջողապէս» առարկած է, թէ աքսորականը պէտք չէ որ հրաժարի իր ծննդավայր երկրէն, պէտք է պահպանէ անոր իր ամուր կապուածութիւնը, եւ սակայն պէտք է որ գտնէ բարոյական եւ իմացական ուժը գործելու ընդմէջ եւ անդին քան յարատեւ կապուածութիւնը, յանձնառութեամբ մը՝ որ աշխարհը իր տունը կը համարէ։

 

Comments are closed.