Խաչիկ Թէօլէօլեան եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Ը.)

Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․

*

Զ․- Ազգ-Պետութիւններ

III.- Կերպարանափոխութիւն

Ժամանակակից պետութեան ստորոգութիւնները (տարածքային յստակ սահմաններ. ինքնկառավարում․ օրինականութիւն՝ թէ՛ ներքին հասարակութեան եւ թէ՛ արտաքին պետութիւններու, կամ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ ճանչցուած․ տնօրինութիւն տնտեսութեան․ արտաքին թշնամիներէ սեփական սահմանները պաշտպանելու իրաւունք․ կրթութեան եւ մշակոյթի հովանաւորութիւն, եւայլն, եւայլն) եւրոպական ծնունդ ազգ-պետութեան ստորոգութիւններն են, կարգ մը ստորոգութիւններ ալ՝ անոնց հիման վրայ զարգացումներ։

Հին անցեալին մէջ, տարբեր ստորոգութիւններով, տարբեր նկարագրերով պետութիւններ գոյութիւն ունեցած են։ Պատմական հետաքրքրութիւն մը՝ դիւրութեամբ կրնայ գտնել օրինակները։ Անոնք սկզբնապէս փոքր էին, եւ պատերազմներով հետզհետէ վերածուած էին երկիր-պետութիւններու, ու ետքն ալ բազմ-երկիր, աւելի ճիշդ՝ բազմա-տարածք պետութիւններու կամ կայսրութիններու։ Ըսի՝ «բազմա-տարածք», որովհտեւ՝ այն դարերուն սեփական սահմանները «քաջ»երուն զէնքերով կը գծուէին, ինչպէս մեր պատմագիրը պիտի ըսէր։

Այսպէս պիտի յառաջանար մարդկային քաղաքակրթութիւնը մինչեւ միջնադարու գրեթէ վերջաւորութիւնը, երբ Եւրոպայի մէջ պիտի խմորուէր գերիշխան պետութեան ժամանակակից հասկացողութիւնը, եւ ծնէր ազգ-պետութիւնը։

Թէօլէօլեան գրած է, թէ ազգ-պետութեան «բիւրեղացած պատկեր»ը կազմաւորուած էր 1648-1789, այսինքն՝ 1618-1648 երեսնամեայ պատերազմներու վերջը նշող Վեսթֆալիայի Խաղաղութեան Համաձայնագրէն մինչեւ Ֆրանսական յեղափոխութիւն։

Այն ատեն հաստատուած էր պետութեան սահմանում մը, ըստ որուն իւրաքանչիւր պետութիւն՝ ազգի մը պետութիւնն է, որ անձեռնմխելի սահմաններու վրայ գերիշխանութիւն եւ իրաւունքներ ունի։ «Բիւրեղ»ացման այս «պատկեր»ը իր մէջ ունէր արդի բազմազգ պետութեան սերմնահատիկները․ ազգ-պետութիւններուն մեծամասնութիւնը ինքզինք միատարր կը տեսնէր, բայց այդպէս չէր։ Անոնք զարմնային ծագումներու առումով՝ խառն պատկերներ կը ներկայացնէին։ Ազգ-պետութիւնները միատարրացման ձգտումը պահեցին, որովհետեւ կորիզային զարմ մը իր մենաշնորհը համարեց պետութիւնը, եւ դեռ կը համարէ։ Թէօլէօլեանի բացատրութեամբ, անոնք միշտ եւ մինչեւ այսօր իրենք զիրենք կը պատկերացնեն եւ կը ներկայացնեն միատարր, ներդաշնակ, համարկեալ։ Սակայն այս ինքնապատկերացումը եւ ինքնաներկայացումը լոկ «տնային հանգստութիւն» մը տալու համար էր եւ է։ Կորիզներուն ազգայնական եռանդը գրեթէ ամէնուր ցարդ կը պահպանէ ցանկութիւնը սեփական ժառանգութեանց ենթարկելու փոքրամասնութիւնները։

«Մինչեւ 1968, ամէն լուրջ վերլուծող կը հաստատէր, որ ազգ-պետութիւնները համաշխարհային համակարգի միակ կարեւոր դերակատարներն էին՝ զինուորական, տնտեսական, քաղաքական, վարչական, մշակութային եւ գրեթէ բոլոր կարեւոր մարզերու մէջ (ի բաց առեալ գիտութենէն եւ կրօնքէն՝ որոնց սահմանները չեն համապատասխանած կամ համընկած ազգային տարածքներու սահմաններուն)», գրած է Թէօլէօլեան: Իր տեսակէտով, Հայաստանի այժմու հանրապետութիւնը, ինչպէս այլ հանրապետութիւններ ազգ-պետութեան «թատրոնի բեմ»ին հասան շատ ուշ, երբ անդրազգայնացման եւ համաշխարհայնացման գործընթացը գլուխը առած կ’երթար։

Ազգ-պետութեան ստորոգութիւնները կը բանին։ Թէպէտ տկարացման հանգրուան մը ունեցան, սակայն այսօր կը տեսնուի զանոնք վերականգնելու գործընթացը։

Բ․ Աշխարհամարտին հետեւած ապագաղութայնացման շրջանին, Եւրոպական ազգ-պետութեան կառուցուածքը արտածուեցաւ ամէնուր, բացի Խորհրդային Միութենէն (մինչեւ անոր կազմալուծումը․ եւ կազմալուծումէն յետոյ՝ այնտեղ եւս) եւ Համայնավար Չինաստանէն։ Կառուցուածքին հետ՝ նաեւ ստորոգութիւնները։ Այս արտածման մտաւորական անդրադարձը պիտի գար երկու տասնամեակ վերջ, Պաղ Պատերազմի աւարտին։ Թէօլէօլեանի նշած թուական 1968-ն՝ պարզապէս մտաւորական անդրադարձի զարթնումին ժամանակը ցոյց կու տայ։

60-ականներէն սկսեալ ազգ-պետութիւնները իրենք զիրենք պիտի գտնէին մեծ տագնապներու կամ «աննախընթաց մարտահրաւէներ»ու առջեւ։ Զանգուածային գաղթեր ու արտագաղթեր, անդրազգային հաւաքականութիւններու եւ «անպետութիւն ուժ»երու («ստատելեսս պովերս») կազմաւորումներ․ օտար մշակոյթներու եւ սովորոյթներու հեղեղումներ․ դրամագլուխի պետութեան սահմաններէն դուրս անստուգելի հոսքեր․ ճարտարագիտական հետզհետէ աւելի արագացող յառաջընթաց․ համացանցի ու անոր ընկերներուն «առաջին դարպասապահներ»ու վերածում։ Ասոնք եւ այլ մարտահրաւէրներ՝ ազգ-պետութիւններուն անձկութիւններ բերին, կը բերեն։ Անշուշտ մեծ ազգ-պետութիւններ անջատաբար կամ միասնական ճիգերով յաջողած են որոշ հակակշիռ եւ հսկողութիւն վերստեղծել, բայց անձկագին պատումը կը շարունակուի․ պիտի պայքարին ընդերկար։

Հորիզոնին երեւցո՞ղը։

Թէօլէօլեան գրած է, թէ միատարր ազգի (կը հասկնամ նաեւ՝ ազգ-պետութեան) տեսլականը այսօր փոխարինուած է տեսլականով մը, որ աշխարհը կ’ընկալէ իբրեւ «միջոց» (տարածք), ուր շարունակաբար վերաձեւաւորում տեղի կ’ունենայ տարբեր պատճառներով, ինչպէս մշակութային, քաղաքական, ճարտարագիտական, ժողովրդագրական, եւ գլխաւորաբար՝ տնտեսական։ Հակառակ ազգայնական շարժումներու զարթնումներուն, եւ կամ բորբոքումներուն՝ յետ-ազգ-պետութիւններու հանգրուան մը մտած է արդի ժամանակը։ Համաշխարհայնացումը տուներէն ներս է, նաեւ՝ անհատներու կեանքերէն ալ ներս։ Ուստի՝ ազգ-պետութիւնները կերպարանափոխման մէջ են։

Կերպարանափոխութիւնը ո՞ւր պիտի հասնի։

Վարչարարական շրջանայի՞ն պետութիւններու, ինչպիսին է Եւրոպական միութիւնը, որ երկունքի մէջ է։ Իսկ հեռաւոր ապագային՝ վարչարարական համաշխարհայի՞ն դրոյթի։ Կամ արդեօք Աղէտ մը պայթեցնելով ամէն ինչ՝ պիտի կանխէ՞ որեւէ կերպարանափոխութիւն։ Բարին՝ Աստուծմէ։

Գ․ Խաժակ, Լ․ Շանթ եւ Յ․ Քաջազնունի եռեակը բնականօրէն չունէր ազգ-պետութեան կերպարանափոխութեան միտքը, ատիկա մեր ժամանակին տիրող միտքն է, որովհետեւ՝ տիրող իրականութիւնն է։ Թէօլէօլեան՝ այն միտքը արձանագրող մը:

 

Comments are closed.