Խաչիկ Թէօլէօլեան եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Զ.)

Գառնիկ Աւ. Ք. Գ.

Զ.- Ազգ-Պետութիւններ

Ի.- Ի՞նչ են ազգն ու պետութիւնը։

Նախ՝ ազգը։

«Արմատական Բառարան»ը՝ «ճիւղ» կ’ըսէ։ Ուրեմն, իր ծագման մէջ, բառը փոխաբերութիւն մըն է։ Ազգերը՝ մարդկային ծառին ճիւղեր են։ «Նոր Բառգիրք Հայկազեան Լեզուի»ն ալ կ’ըսէ. սեռ, տեսակ, սերունդ, զարմ, տոհմ, ցեղ, ազն, ժողովուրդ, նոյնիսկ՝ ամբոխ եւ այլն։ Հոմանիշները կը պատմեն բառին շփոթիլը։

Նախքան Թէօլէօլեանի սահմանումին հասնիլս՝ փափաքեցայ այստեղ երեք սահմանումներ քաղել ընկերա-տեսաբանական մեր գրականութենէն։ Երեք սահմանումներուն հեղինակներն են. Գարեգին Խաժակ, Լեւոն Շանթ եւ Յովհաննէս Քաջազնունի։ Անոնք անցեալ դարասկզբին, 1912-ին եւ 1922-24-ին յաջորդաբար ազգի եւ պետութեան սահմանումներ փորձեր են կատարել։ Քանի իմ առաջադրութիւնը անոնց մտքերուն քննարկումը չէ, ուստի՝ այստեղ պիտի ամփոփեմ անոնց ըսածները, եւ ետքը որոշ տարրեր օգտագործեմ։

Գարեգին Խաժակի գրիչէն կը կարդանք. «“ազգ” կոչւում է մարդկանց այն մեծ խումբը, որ սերնդից-սերունդ՝ դարեր շարունակ ապրելով միեւնոյն բնական ու պատմական միջավայրում, իր կուլտուրային վերաբերող բոլոր հարցերը լուծել է իր համար, ինքնաբերաբար։ Դրանով, ժամանակի ընթացքում, երկար միասնակեցութեան շնորհով, ստեղծուել է ազգային մի ընդհանուր ոգի կամ ներքին սուբեկտիւ աշխարհ, ազգային ստեղծագործութեան յատուկ ձեւեր, եւ նոյնիսկ՝ ազգային մի յատուկ ֆիզիքական եւ հոգեբանական տիպ»։ Արդ, ըստ այս սահմանումին, ազգ մը «մեծ խումբ» մըն է մարդոց, որոնք դարաւոր անցեալ մը ունին կամ «մեծ խումբ»ի մը վերածուած են դարերու ընթացքին։ Վերածուած են «բնական ու պատմական» աշխարհագրական նոյն տարածքին մէջ ապրելով, եւ «ինքնաբերաբար» լուծելով իրենց «կուլտուրական» հարցերը։

«Ինքնաբերաբար»ով ի՞նչ հասկնալ։ Աուտոմատիքուեմենտ, սպոնտանéմենտ, ինոլոնտաիրեմենտ իմաստներո՞վ, թէ՝ այլ։ Կ’ենթադրեմ այն իմաստով՝ որ Ստեփանոս Մալխասեան իր «Բացատրական Բառարան»ին մէջ տուած է։ Հայագէտը այսպէս բացատրած է բառը. «Ինքն իւր կամքով՝ իւր ուժով, առանց արտաքին կամ ալ ներքին դրդումի»։

«Կուլտուրա՞»ն ինչ է։

Իր պատասխաններէն. 1) «Բնութեան տիրելու հնարներ», կամ՝ 2) Ո՛չ միայն դպրոցը, եկեղեցին, թատրոնն ու թանգարանը, այլեւ օրէնսդրութիւնը, դատարանը, ոստիկանութիւնը, տուրքերը եւայլք։ Կամ՝ 3) «գիտութիւն»ն է, «գումար»ը միջոցներուն, որոնք մարդը հաներ են «բնութեան տարերային ուժի անմիջական ազդեցութիւնից եւ դրել (…) որոշ կախման մէջ մարդու սեփական կամքից, միայն՝ ոչ բոլորովին»։

Ազգ մը «մի քանի արմատներից» է, բայց վերածուած է իւրօրինակ «օրգանական կամ միաձոյլ» ամբողջութեան մը, որ «հոգեկենսական կամ բնապատմական երեւոյթ է»։

Լեւոն Շանթի գրիչէն կը կարդանք. «ժողովուրդ մը (ինք համաձայն չէ եղած «ազգ» բառին տրուած ժամանակակից սահմանումին, այդ պատճառով ալ նախընտրած է «ժողովուրդ» բառը գործածել, թէեւ ստիպուած՝ անցած է «ազգ» բառի գործածութեան, որպէս զատորոշիչ. օրինակ՝ ըսած է «Ցեղը՝ ազգ չէ») «նոյն նախահայրերէն առաջացած (է)»։ «Ընտանիքն ու ազգակցութիւնը ամենէն նախնական ու բնական կապն են մարդոց մէջ», գրած է ան։ Ըստ իրեն, ժամանակակից աշխարհին մէջ չկայ ժողովուրդ, որ «քանի մը ժողովուդներու խառնուրդը չըլլայ»։ Ժողովուրդի մը նախնական կազմակերպութիւնը ցեղն է։ Դէպի ազգային միաւոր ժողովուրդ անոր կազմաւորման կամ «ուրոյնացման» անհրաժեշտ տարրերն են տեղը կամ հայրենիքը, ֆիզիքական եւ հոգեկան կազմը, պատմութիւնը, «հանրային կեանքին ու աշխատանքին արդիւնքը (…) մշակածն ու ստեղծածը (…) մշակութային, կուլտուրական երեւոյթներ(ը)»։ Բայց այս բոլորը զատ զատ՝ չեն կրնար ըլլալ «յատկորոշող», չեն կրնար դեռ ըլլալ ժողովուրդ մը միւսներէն անջատող, անոր բոլոր «մասերն ու անհատները» ընդգրկող։ Ասոնց «գումար»ն է, որ զայն անհատի կը վերածէ։ Անհատաւորեալ ժողովուրդն է, որ ազգ է։ Ազգը անհատականութիւն ունեցող ժողովուրդն է, այսինքն՝ «ազգային գծերով ու ազգային քաղաքակրթութեամբ իրարու կապուած անհատներու ամբողջութիւնը»։ «Ազգային» մակդիրը՝ համանշանակ է անհատականութիւն ունեցողի։ Ուստի, անիկա «պարզ հաւաքածու մը չէ նոյնացեղ անհատներու», այլ անոնց «կապակցումէն կազմուած աւելի բարդ, աւելի բարձր տեսակի ուրոյն ու ամբողջական մարմին մը», «բնական ամբողջութիւն մը», «դարերու ընթացքին եւ անդուլ աշխատանքով բնութեան առաջացուցած բարձրագոյն տեսակի օրգանիզմ մը», որ քաղաքակրթութիւն կ’արտադրէ։ Եւ ազգը ոչ միայն «քաղաքակրթութեամբ իրարու կապուած անհատներու ամբողջութիւն»ն է, այլեւ արտադրող է քաղաքակրթութեան։ Եւ իր հայրենիքէն դուրս ապրող ազգ մը եթէ կարենայ պահել իր «քաղաքական ու քաղաքակրթական ազդեցութիւնը»՝ կը մնայ որպէս «հպատակ գաղթականութիւն», «նոր ժողովուրդ» մը, նոր անհատականութեամբ, այլապէս՝ այսինքն եթէ «արիւնը խառնուի», ապա կը խառնուի այն քաղաքակրթութեան՝ որուն մէջ կ’ապրի, կը խառնուի այն քաղաքակրթութեան ժողովուրդին։ Շանթ խորհած է, թէ ժողովուրդի մը անհատաւորման «գլխաւոր յենարան»ը, «հիմք»ը, «միջնաբերդ»ը, ապաստանարանը՝ ընտանիքն է։ Եթէ գրաւուի անիկա՝ այն ատեն կը մեռնի անհատաւոր ժողովուրդը, այսինքն՝ ազգը։

Յովհաննէս Քաջազնունիի համաձայն՝ «ամենասովորական» այս բառը «շատ էլ յստակ չէ», այլ՝ աղօտ է եւ անորոշ, կասկածելի ու վիճելի։ «Ամէնից աւելի տարածուած հասկացողութիւնը հետեւեալն է. «Ազգը այնպիսի հաւաքական միութիւն է, որի անդամները (ազգը կազմող մարդիկ) կապուած են միմեանց հետ արիւնակցական, ազգակցական կապերով, սերունդ են ընդհանուր նախահայրերի։ Ուրիշ խօսքով՝ ազգը բազմացած ընտանիք է, աւելի կամ պակաս հեռաւոր ազգականների միութիւն։ Գիտնական մարդիկ վաղուց արդէն հրաժարուել են այս բացատրութիւնից, բայց լայն զանգուածների հասկացողութեան մէջ, սա մինչեւ այսօր էլ մնում է գերիշխող։ / Դժուար չէ նկատել, որ այստեղ “ազգ” գաղափարը պարզապէս շփոթւում է “ցեղ” կամ “տոհմ” գաղափարի հետ։ / Բայց ազգային միութիւնը ցեղային միութիւն չէ, եւ ազգը ցեղ չէ (…)»։ Ազգը, ըստ Քաջազնունիի, «ցեղային միութիւն» չի ներկայացներ, ազգ մը «ցեղայնօրէն բազմապիսի» է, այսինքն՝ ազգ մը «խմորում»ն է բազմաթիւ ցեղերու։ Խորհած է, թէ «ժամանակակից քաղաքակիրթ մարդկութեան մէջ, արիւնակցական միութիւնների, ցեղային հաւաքականութիւնների մասին կարելի է խօսել մեծ վերապահումներով միայն»։ Ազգ մը «արիւնակցական միութիւններ»էն, «ցեղային հաւաքականութիւններ»էն անդին իրականութիւն մըն է։ Անիկա «ուրոյն տիպար» է, «ուրոյն կաղապարում» է։ Անիկա պատմա-մշակութային «մի բարդ երեւոյթ է», որուն ամենամեծ «յատկանիշ»ը՝ լեզուն է։ Ան գրած է. «Ոչ ցեղը, ոչ պետութիւնը, ոչ տերրիտորիան, ոչ կրօնը, որ կենցաղը եւ ոչ մի այլ յատկանիշ չի կարող բացատրել ու սահմանել “ազգ” երեւոյթը այնքան լրիւ, որքան լեզուն։ Մինչ այն աստիճանի, որ կարելի է ասել առանց մեծ տատանումների, որ ազգը իր երեք քառորդով՝ լեզու է, եւ որ լեզուն՝ երեք քառորդի չափով սպառում է արդէն “ազգ” գաղափարի բովանդակութիւնը»։ Եւ «լեզուի մահը՝ ազգի մահն է, ինչպէս եւ ազգի մահը՝ լեզուի մահն է»։ Ու յաւիտենական ազգեր չկան։ Անոնց մահերը հասած են ու կը հասնին, երբ «սպառած են լինում բոլոր ստեղծագործական կարողութիւնները», կամ խորտակուած են կամ կը խորտակուին «արտաքին հարուածների տակ»։

Եւ ի՞նչ է պետութիւնը։

Գ. Խաժակ զայն բացատրած է իբրեւ «կառավարական ձեւ», եւ թէ՝ այս «ձեւ»ին հասկացողութիւնը ծնած է դասակարգերու յառաջացումէն, եւ դասակարգի մը՝ միւսներուն վրայ տիրապետութնէն։ Հասկացողութեան ծնունդով՝ ան վստահաբար իմացած է պետութեան գաղափարին նախնագոյն երեւումը։ Ինք համակարծիք է տեսակէտին, թէ մարդկութեան պատմութիւնը կարելի է բաժնել երկու շրջանի. անդասակարգ շրջանի եւ դասակարգաւոր շրջանի։ Անդասակարգ շրջանը սկսած է մարդ-բանականի (իր իսկ հայացումն է «հոմո սապիենս»ին) սերումէն եւ տեւած մինչեւ տոհմային «սկզբնական կոմունիզմ»ի քայքայումը։ Իսկ դասակարգաւոր շրջանը սկսած է անկէ յետոյ՝ ստրկատիրութեան հանգրուանով։ Այն հանգրուանը «քաղաքակրթութեան աստիճանի շէմք»ն է։ Ստրկատիրութենէն ետք՝ «կառավարական ձեւ»երու փոփոխմանց տարբեր օրինակներ եկած անցած են, եւ ԺԴ. եւ ԺԵ. դարերուն ծնած էր ազգ-պետութեան հասկացողութիւնը։ Խաժակ մերժած է այն միտքը, թէ ազգ մը՝ պետութեան մը մէջ ապրող բնակիչներու ընդհանրութիւնն է. մերժած է՝ որովհետեւ ազգ մը կրնայ մէկէ աւելի պետութիւններու մէջ բաժնուած ըլլալ։ «Կառավարական ձեւ»ը կրնայ, ինչպէս եղած է, «մի բաւական ընդարձակ պետութիւն» ըլլալ, եւ իր մէջ բնակիչներ ունենալ տարբեր ազգերէ։ Առանց երկարելու. պետութիւնը ազգ մը չէ, ըստ իրեն, եւ պէտք չէ երկուքը իրար խառնել, խորհած է։

Լ. Շանթ. պետութիւնը «արտաքին ամբողջութիւնն է ժողովուրդի մը (յիշել՝ իր վերապահութիւնը «ազգ» բառին)։ Անիկա իրարու կ’օղակէ կառավարական, դատական, զինուորական, կրթական, հարկային եւ այլ վարչութիւններու եւ հաստատութիւններու ցանցը», եւ զանոնք օղակելով՝ «կը կազմէ միութիւն մը»։ Իր կարծիքով, պետութիւն մը կ’ընդգրկէ «ամբողջովին միացած» ժողովուրդ մը, թէեւ կան պետութիւններ ալ, որոնք իրենց ժողովուրդի «սահմաններէն դուրս գալով»՝ կ’ընդգրկեն նաեւ ուրիշ ժողովուրդներ, «յաճախ շատ հեռաւոր ժողովուրդներ»։

Իւրաքանչիւր ժողովուրդ՝ «իր ցեղին, իր տեղին, իր պատմութեան ու իր կազմին համեմատ կը ձեւէ իր պետութիւնը, կամ կը յարմարցնէ իր կազմին, եթէ հագուստը պատրաստ է գնուած»։ Այնուհանդերձ, պետութիւն մը «չի կրնար ժողովուրդ մը անձնաւորել», որովհետեւ ժողովուրդներ կան առանց պետութեան, ինչպէս ժողովուդներ՝ որոնցմէ հատուածներ կրնան հպատակ ըլլալ այլ պետութիւններու։ Որեւէ պետութիւնը «հագուստ» մըն է սեփական ազգի ձեռքով ձեւուած, կամ գնուած։

Յ. Քաջազնունի. գրած է, թէ Եւրոպական լեզուներուն մէջ, «ազգ» բառին՝ յաճախ «պետական իմաստ» կը տրուի, այսինքն՝ ազգը «պետութիւն կազմող ժողովուրդն է, պետութեան քաղաքացիների կամ հպատակների հաւաքականութիւն(ը)»։ Սակայն պետութիւնները, նոյնիսկ միազգեան համարուողները, «ազգայնօրէն միատարր չեն»։ Եւ դեռ, նոյն ազգի հաւաքականութիւններ «յաճախ բաժանուած են լինում տարբեր պետութիւնների մէջ»։ Այլեւ՝ կան «ազգայիններ միութիւններ», որոնք պետութիւններ չունին։

Ինք այն կարծիքին չէր, թէ պետութիւնները կը կանխեն ազգերը, քանի որ «ազգերը կային (ու կան), մինչդեռ համանուն պետութիւնները չկային (ու չկան)»։ Պետութիւն մը «աւելի տեւողական ու աւելի արժէքաւոր երեւոյթ» չէ քան ազգը։ Սակայն անիկա «անհրաժեշտ միջոցներից մէկն է, որոնք հնարաւորութիւն են տալիս ազգերին՝ կազմակերպուելու, սնունդ առնելու, զարգանալու եւ զօրեղանալու»։ Բոլոր ազգերն ալ, բացի «բօշա»ներէն (նկատի ունի գնչուները), իրենց «կազմակերպման շրջանում» ունեցեր են «ինքնուրոյն պետական կեանք», եւ անոր մէջ գտած են իրենց «ինքնահաստատման ամենազօրեղ նեցուկներից մէկը»։

Շանթ կարդացած է Խաժակի տեսութիւնը, Քաջազնունի կարդացած է երկուքին տեսութիւնները։ Եւ երեքին տեսութիւնները կտակներ են՝ ոչ միայն վերամտածուելու արժանի, այլեւ՝ յստակացնելու ուղին։

 

Comments are closed.