ԽԱՉԻԿ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ (ԺԳ․)
Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․
Ժ․- Ինքնապատկերացում
III.- Ազգի մը ինքնապատկերացումը կը յօրինեն զանազան կալուածներու մտաւորականներ (Թէօլէօլեան համաձայն չէ եղած մտաւորականի սահմանման արտաժամանակային եւ արտամիջավայրային խիստ չափանիշներուն կիրառման)։ Արդ, հայութեան ալ որպէս ազգ ինքնապատկերացումը յօրինած են թէ՛ բարձրորակ եւ թէ՛ խոնարհ մտաւորականներ․ մեր քով խոնարհներու շարքին էին վարժապետները, բարձրորակ մտաւորականներու շարքին էին Մխիթարեան հայրերը, որոնք հայոց ժամանակակից ինքնապատկերացման մէջ էական դեր ու ազդեցութիւն ունեցան։
Այստեղ պիտի անդրադառնամ Թէօլէօլեանի մէկ քննասիրութեան, որուն տիտղոսն է՝ «Textual Nation:Poetry and Nationalism in Armenian Political Culture», որ թարգմանի՝ «Գրութենական Ազգ. Հայ Քաղաքական Մշակոյթին Մէջ Բանաստեղծութիւնը Եւ Ազգայնականութիւնը»: Անշուշտ, տիտղոսը ընդարձակ կալուածի մը վրայ ուսումնասիրութիւն կը թելադրէ: Սակայն հեղինակը միայն ընտրած է բանաստեղծութիւն մը՝ «Տէր, Կեցո»ն, թէեւ գրութեան վերջաւորութեան՝ տիտղոսին տուրք մը տուած է, ակնարկային տեւողութեամբ։
Ինչո՞ւ այս բանաստեղծութիւնը, ինչո՞ւ բանաստեղծութիւն մը։
Ահաւասիկ Թէօլէօլեանի կարեւորը արձանագրումը․ «Բանաստեղծութիւն մը՝ քիչով աւելին կ’ընէ։ Անիկա խտութեան արուեստ մըն է։ Բանաստեղծութիւններու բառերը կ’ընտրուին՝ յօրինելու համար ներքին տրամաբանութիւն ունեցող գեղագիտական ներդաշնակ առարկայ մը, եւ միաժամանակ բանաստեղծութեան սեղմ միջոցին մէջ բերելու այլ գրութիւններէ եւ խօսոյթներէ, «իրական կեանք»ի ընկերային հաստատութիւններէ եւ փորձառութիւններէ քաղուող պատշաճ իմաստներ։ Յաջող բանաստեղծութիւնները լեզուական հանդիսարաններ են, ուր անցեալի ու ներկայի սերունդներու յուզումներ, միտքեր եւ խօսոյթներ կը յարադրուին տրամահատման վայր մը արարելու համար, եւ երբեմն ալ՝ ապագայէ մը խօսելու։ Այդ առումով, «Տէր, Կեցո»ն արտասովոր յաջողութեամբ բանաստեղծութիւն մըն է։ Անիկա կը տարածուի թէ՛ հայ անցեալի եւ թէ՛ ժամանակակից նորայայտ արժէքներու վրայ։ Կը զարգացնէ կրօնական եւ այլ խօսոյթներ՝ առաջադրելու համար ցրօնքին փրկութիւնը, հայոց ապագան նախագծելով զգայուն ոգիով եւ խորաթափանց տեսողութեամբ»։ Արդարեւ, հայոց ազգ-պետութեան ըղձանքը կ’ամփոփուի բանստեղծութեան մէջ։
Կը մէջբերեմ բանաստեղծութիւնը, որուն տիտղոսն է՝ «Օրհներգութին Ազգային»․
Տէ՛ր, կեցո՛ դու զհայս//Եւ արա՛ զնոսա պայծառ://Կեցո՛ զհայս://Զողորմութիւն վերին//Հաճեա ձօնել նոցին,//Զի Նովիմբ մարթասցուք//Ապրիլ յաստիս:
Ով Տէր մեր, Տէ՛ր, փութա՛,//Զազգս մեր համայն փրկեա՛//Ի թշնամեաց.//Կափո՛ զաչս նոցուն,//Հա՛տ զարմատոյն զբուն//Եւ զազգ մեր պարտասուն//Արա՛ հզօր:
Ի քո իջեալ տեղի//Զաթոռ հայրապետի//Մեր հաստատեա՛://Զերկարութիւն կենաց//Հօր մեր աստուածազգեաց//Շնորհեա՛ պետին մեր հարց,//Որ զմեզ հովուէ:
Աջովդ համատարած՝//Զազգ մեր արտահալած//Փոյթ գումարեա՛//Յաշխարհ Արարատեան՝//Ի վայր մեր ծննդեան,//Որ այժմ է սեպհական//Օտար ազգաց:
Առաքեա՛ ի բարձանց//Զհամակցութիւն կամաց//Ի մերազնեայս://Զոմն ի մէնջ յարո՛//Հովիւ ազգի մերոյ,//Տո՛ւր նմա ցուպ հուժկու՝//Հովուել զմեզ:
«Տէր, կեցո»յի նուիրուած այս քննասիրութեան տիտղոսը, ինչպէս նշեցի՝ ընդարձակ տարածքի մը մօտեցում կը թելադրէ: Սակայն հեղինակը իր նայուածքը սեւեռած է «Օրհներգութին»ին վրայ։
Քննասիրութիւնը կը խօսի «Տէր, կեցո»յի հեղինակին եւ անոր գրառման թուականին շուրջ, ոտանաւորին հինգ տուները թարգմանաբար կը մատուցէ, կը մեկնաբանէ, եւ հուսկ կը հաստատէ՝ որ ոչ թէ պատմութեան դաւադիր եղելութիւններն են, որ ազգայնականութիւնը ստեղծած են, այլ գրական եւ պատմագրական խօսոյթը. ըստ իրեն՝ Մխիթարեան պատմագիրները, «Տէր, կեցո»յի բանաստեղծը, եւ անոնց գրեթէ ժամանակակից Խաչատուր Աբովեան (ամէնքն ալ մեռած էին նախքան ազգային քաղաքական կուսակցութիւններուն ստեղծուիլը 1880-ական թուականներուն) հայ ժողովուրդին տուին գրութենական շարունակականութեան եւ կապի գիտակցութիւնը, որ վեր էր պատմութեան եղելութիւններէն։
«Տէր, կեցո»յի հեղինակը ո՞վ է:
Բանաստեղծութիւնը ընդհանրապէս վերագրուած է Մեսրոպ Դ. Թաղիադեանցի (1803-1858), որ Կալկաթայի մէջ իր հրատարակած «Ազգասէր» պարբերականին մէջ վերատպագրած էր, 1847-ին: Անիկա առաջին անգամ տպագրուած էր 1820-ին, «Հայելի Կալկաթեան» շաբաթաթերթին մէջ: Թաղիադեանց զայն վերատպագրելով՝ ոտանաւորէն ետք դրած էր «Հ․Կ.», որ յայտնապէս «Հայելի Կալկաթեան»ի յապաւումն էր:
Այն ժամանակ հնդկահայ գաղութը (չմոռնալ՝ որ անիկա ենթակայ էր բրիտանական գաղութատիրութեան, ուստի անմիջականօրէն ազդեցութեան տակն էր ազգ-պետութեան արեւմտեան հասկացողութեան) թէեւ փոքր, բայց մշակութային կարեւորութիւն մը կը ներկայացնէր հայութեան համար, ամէնուր: Անոր հրատարակութիւնները շրջանառութեան մէջ էին սփիւռքեան կեդրոններուն մէջ, ինչպէս Մոսկուայի, Թիֆլիսի, Կ. Պոլսոյ, Զմիւռնիայի եւ Վենետիկի մէջ: Հայութիւնը մասամբ կ’ապրէր որպէս անդրազգ մը: Կէսը կ’ապրէր բաժանուած հայրենիքին մէջ, որուն վրայ կ’իշխէին օսմանցիները, պարսիկները եւ ռուսերը: Ընդհանուր պատկերը հայութեան ցրուածութեան՝ կ’երկարէր Մանչեսթըրէն, Վենետիկէն մինչեւ Սինկափուր եւ Պաթավիա: Այս անդրազգի ընտրանիին մէջ կը կարդացուէր «Տէր, կեցո»ն: Սակայն աւելի ուշ դէպք մը զայն պիտի վերածէր մշակութային իգոնի (այս բառը, որ Թէօլէօլեանի «icon»ն է, կը տառադարձեմ, փոխանակ թարգմանելու «պատկեր»ի կամ «սրբազան պատկեր»ի, որովհետեւ յստակ նշանակութիւն մը ունի յունարէն բառը): 1859-ին, Մոսկուա հրատարակուող «Հիւսիսափայլ» պարբերականին մէջ լոյս կը տեսնէր Միքայէլ Նալբանդեանի «Մեռելահարցուկ»ը, ուր «Տէր, կեցո»ն կը վերագրուէր Թաղիադեանցի:
Եւ կը թելադրուէր, որ իւրաքանչիւր հայ զայն գոց սորվէր, որովհետեւ անոր պէս մինչ այդ «ազգային երգ» չէր գրուած: (Թէօլէօլեան այն կարծիքին է, թէ «երգ» բառով Նալբանդեան հասկցած էր բանաստեղծութիւնը, որովհետեւ, ըստ իրեն, տակաւին անոր եղանակ չէր յօրինուած, եւ եղանակը պիտի յօրինուէր 1859-էն ետք: Եղանակաւորման հեղինակը անծանօթ է: 1868-ին, արդէն երգ մըն էր, եւ լոյս տեսած «Քնար Հայկական» երգարանին մէջ): Այն օրէն՝ ընդհանրապէս Թաղիադեանցը համարուած է հեղինակը:
Թէօլէօլեան համաձայն չէ Նալբանդեանի կատարած վերագրումին, ինք՝ Արշակ Ալպոյաճեանի կարծիքէն է: Ըստ իրեն, Ալպոյաճեան «վերջնականապէս» ցոյց տուած էր, թէ Թաղիադեանց բանաստեղծութիւնը գտած էր Կալկաթայի մէջ հրապարակուած, եւ վերատպագրած՝ իր պարբերականին մէջ, ստորագիր դնելով «Հ.Կ․» երկտառը, եւ ոչ՝ իր անունը, մականունը կամ անոնց սկզբնատառերը: Ըստ պատմագէտ-բանասէրին, «ամէն տարակուսէ դուրս է, որ Մեսրոպ Թաղիադեանց չէր այս երգին հեղինակը»: Ան առարկած էր, ըսելով թէ՝ 1) 1820-ին՝ երբ երգը կը հրատարակուէր Կալկաթայի մէջ, Թաղիադեանց 17 տարեկան պատանի մըն էր, որ Էջմիածին կը գտնուէր, եւ որեւէ յարաբերութիւն չունէր Հնդկաստանի հետ, ուր պիտի երթար 1823-ին. 2) երգը «վստահօրէն» խմբագրուած էր «հետեւեողականութեամբ կամ նմանողութեամբ» Անգլիոյ Ազգային Օրհներգին: Ապա «առանց շատ վստահութեան» ենթադրած էր, թէ երգին հեղինակը «Հայելի Կալկաթեան» շաբաթաթերթի խմբագիր՝ Յովհաննէս Տէր Յակոբեանն էր (*):
Ըստ Թէօլէօլեանի, «Տէր, կեցո»յի մեծ ընդունելութիւնը ապացոյց մըն էր, թէ անդրազգի հոգիին եւ ձգտումներուն համար հարազատ էր անիկա։ Եւ այդ պատճառով ալ դար մը ամբողջ պիտի հնչէր ամէնուր, մինչեւ «անհետանալ»ը Համաշխարհային Բ. Պատերազմին («անհետանալ»ը չակերտեցի, որովհետեւ երգը դեռ չէ անհետացած։ Իսկ եթէ ամէն տեղ չի հնչեր, ապա միայն՝ որովհետեւ հայ երգը գրեթէ դադրած է հնչելէ․․․)։
Թէօլէօլեան անգլերէնի թարգմանած է բանաստեղծութիւնը, եւ մեկնաբանած: Չեմ մտներ թարգմանութեան եւ իմաստա-պատմաբանական մեկնաբանութեան մանրամասնութիւններուն մէջ: Միայն կ’արձանագրեմ կարեւոր հետեւեալ կէտերը, թէ բանաստեղծութեան մէջ կրօնական եւ քաղաքական եզրերը իրարու հետ միախառնուած են: Անիկա կը յուսայ Հայոց Կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ եւ աստուածային արագ միջամտութեամբ մը հայ քաղաքական վերականգնումին: Սփիւռքի շրջումին եւ հայրենիք վերադարձին:
Վերջաւորութեան կը յայտնուի հեղինակին գլխաւոր առաջադրանքը, ըստ որուն՝ 1547-ի դէպի արեւմուտք քաղաքական առաջին առաքելութենէն մինչեւ 300 տարիներ ետք Թաղիադեանցի կողմէ վերատպագրումը «Տէր, կեցո»յի, կը տեսնուի շարունակական խօսոյթը «սաղմնային» ազգի մը, որ կամաց-կամաց կը շարժի դէպի իր «ծնունդ»ը: Ըստ իրեն, Մխիթարեան պատմաբաններուն, «Տէր, կեցո»յի բանաստեղծին, Թաղիադեանցի, եւ վերջինիս ժամանակակից հայրենի մտաւորական Խաչատուր Աբովեանի գրութիւններով (եւ ոչ միայն անոնց գրութիւններով, անկասկած) հայ ազգայնականութիւնը ծնաւ: Ազգայնականութիւն մը՝ որ կրօնա-քաղաքական խառնուրդ մըն էր: Եւ այն խառնուրդ լեզուն հայ ազգայնականութեան լեզուն է ցարդ․․․։ Եւ ասիկա պարագան է բոլոր ազգայնականութիւններուն, եւ որ միայն այգայնականութիւններուն․ չմոռնալ՝ որ գաղափարաբանութիւններ ալ որոնք ամբողջատիրութեան ձգտումը կ’ունենան՝ ո՛չ թէ միայն փոխաբերութիւններով եւ խորհրդանշաններով կրօնականը կ’իւրացնեն, այլեւ՝ իրենց բացարձակութեան եռանդով՝ կեղծ-կրօնականութիւն կը հագնին։
————————
(*) Առցանց կարելի է գտնել շահեկան յօդուած մը․ Ներսէս Տէր Ներսէսեան, «Տէր, Կեցո Դու Զհայս» Երգի Հեղինակի Ինքնութեան Բացայայտումը, Էջմիածին, Նոյեմբեր, 2012։
Comments are closed.