Լոյս տեսաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանին «Բժիշկին Է. Խօսքը» հատորը

Ահաւասիկ հայ ընթերցողին կը ներկայացնեմ «Բժիշկին խօսքը» շարքին եօթերորդ հատորը:

«Բժիշկին խօսքը» շարքը կը բաղկանայ եօթը հատորներէ, որոնք ունին մէկ նպատակ՝ հայ անհատին եւ հայ հանրութեան հասցնել հայերէն լեզուով բժշկական եւ առողջապահական նիւթեր, գիտելիքներ եւ նորութիւններ: Անոնց հասցէն բժշկական դասը չէ, այլ միայն ու միայն ժողովուրդը: Անոնք բժշկական մասնագիտական գիրքեր չեն:

Առաջին վեց հատորներուն մէջ գրած եմ 15 պատմաբժշկական յօդուածներ եւ 345 բժշկական յօդուածներ 600-է աւելի հիւանդութիւններու եւ բժշկական նիւթերու մասին՝ զանոնք համախումբ ցանկագրելով «Բժիշկին Զ. խօսքը» գիրքի վերջաւորութեան՝ ըստ նիւթի եւ հատորի:
«Բժիշկին խօսքը» շարքին վեց հատորներուն 345 յօդուածներուն մէկ-երրորդը լոյս տեսած է հայ մամուլին մէջ, իսկ մնացեալ երկու-երրորդը առաջին անգամ լոյս տեսած է վեց հատորներուն մէջ:

Վեց հատորներու մէջ գործածուած են հայերէնով եւ անգլերէնով 6000-է աւելի բժշկական-առողջապահական եւ գիտական բառեր, ինչպէս նաեւ 280-է աւելի բժշկական-առողջապահական հայերէն նոր  բառեր, որոնք մշակուած են իմ կողմէս  եւ իմ սիրելի գործակից՝ Վրէժ-Արմէն Արթինեանի կողմէ:
Առաջին հինգ հատորներուն վերջին էջերուն նշուած են գործածուած աղբիւրները, անգլերէն-հայերէն, հայերէն-անգլերէն բառացանկերը, մեր կողմէ՝ հայերէն բժշկական նոր բառերու առաջարկները (աստղանիշով նշուած): Իսկ վեցերորդ հատորին վերջաւորութեան տեղադրուած է վեց հատորներուն ընդհանուր եւ մանրամասն բովանդակութիւնը:

Ներկայ հատորը՝ «Բժիշկին Է. խօսքը», հաւատարիմ մնալով հանդերձ իմ վերոնշեալ սկզբունքային առաքելութեան, մասամբ մը կը տարբերի նախորդ վեց հատորներէն:

«Բժիշկին Է. խօսքը» հատորը կազմուած է եօթը գլուխներէ: Առաջին գլուխը կը բովանդակէ 14 բժշկական յօդուածներ: Երկրորդ գլուխը կը ներկայացնէ մեր մարմնի տարբեր մասերուն եւ  օրկաններուն կազմուածքի հանրագիտակը: Երրորդ գլուխը կ’անդրադառնայ Հայ բժիշկներու, ատամնաբոյժներու եւ դեղագործներու ոդիսականին Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք: Չորրորդ գլուխը կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրող եւ նոր յայտնաբերուած 38 բժիշկներու, ատամնաբոյժներու եւ դեղագործներու կենսագրութիւնները՝ որպէս յաւելուած: Հինգերորդ գլուխին մէջ ներկայացուած են 1850-1980 բժշկական հայ գիրքերու եւ պարբերաթերթերու նոր գտնուած ցանկը՝ որպէս յաւելուած նախորդներուն:  Վեցերորդ գլուխին մէջ գրուած է հին դարերէն մինչեւ մեր օրերը 43 երախտաւոր հայ բժիշկներու, ատամնաբոյժներու, դեղագործներու եւ  գիտնականներու հետաքրքրական կենսագրութիւնները: Իսկ եօթերորդ գլուխին մէջ յիշատակուած են ինը գրող բժշկուհիներու կենսագրութիւնները:

Այս հատորը ձօնած եմ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին՝ հայ գիրի-լեզուի եւ արեւմտահայերէնի ի նպաստ անոր համատարած ծառայութեան համար:

«Բժիշկին Է. խօսք»-ին լոյս ընծայումը իրականացաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին նիւթական յատկացումով եւ անոր տնօրէնին՝ դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանին անվերապահ բարոյական օժանդակութեամբ: Առ այդ անոնց կը մնամ երախտապարտ եւ կը յայտնեմ իմ խորին շնորհակալութիւններս:

«Բժիշկին Է. խօսքը» գիրքի կողքին համար օգտագործած եմ ողբացեալ արուեստագէտ-գծագրիչ Վազգէն Թիւթիւնճեանին կողմէ պատրաստուած յատուկ գծանկարը: Իրեն միշտ կը մնամ երախտապարտ:

Շնորհակալութիւն իմ կեանքի ընկերոջս-տիկնոջս՝ Էլիզապէթին, որ մեծ զոհողութիւններով եւ Յոբի համբերութեամբ կը տանի իմ ամէնօրեայ գիշերային առանձնութիւնս, որպէսզի կարենամ կատարել այս աշխատանքները: Ան առաջին օրէն քաջալերեց զիս եւ իր քաջալերանքը եղաւ աշխատանքներուս իրագործման հիմնական սկզբնաղբիւրը:

«Բժիշկին Է. խօսքը»ը հարստացաւ Վրէժ-Արմէն Արթինեանի «Խօսք ի սրտէ» գրութեամբ:

Ահաւասիկ Վրէժ-Արմէն Արթինեանի «Խօսք ի սրտէ» գրութիւնը.

ԽՕՍՔ Ի ՍՐՏԷ

Իր այս «Բժիշկին Է. խօսքը» հատորով բժ. Կարպիս Հարպոյեան իր 15-րդ գիրքն է, որ կը մատուցէ ընթերցողին՝ իր գրողական գործունէութեան աւելի քան կէս դարու ընթացքին։

Արդարեւ, սա ինքնին գնահատանքի արժանի երեւոյթ է ոեւէ գրողի համար, իսկ իր պարագային յատկանշակա՛ն երեւոյթ է, քանի որ բժշկական-առողջապահական մարզին մէջ քիչեր ունեցած են այդպիսի բեղուն արգասիք։

Սոյն հատորին մասին հեղինակը իր «Փոխան նախաբանի» զեկոյց-հաշուեյարդարով տուած է բաւական մանրամասն բացատրութիւններ՝ միաժամանակ ներկայացնելով նաեւ իր ցարդ իրագործած ընդհանուր աշխատանքը։ Ես յաւելեալ տեղեկութիւն չունիմ աւելցնելիք, բայց կ՚ուզեմ շեշտել, որ «Բժիշկին խօսքը» եօթհատորեակէն անդին, իր մնացեալ ութ գիրքերով Կարպիս մեզի տուած է բազմաթիւ յարակից նիւթեր, – առնչուած իր ասպարէզին ու մեր պատմութեան, մանաւանդ Մեծ եղեռնի կապակցաբար, – որոնք կը մատնեն հետախուզողի իր եռանդն ու հետեւողականութիւնը։ Ընթերցողը իր գործերուն ճամբով պիտի ծանօթանայ այլ եւ այլ անձերու, իրադարձութիւններու եւ իրողութիւններու, ինչպէս նաեւ գիրքերու եւ պարբերաթերթերու, որոնց մասին դժուար թէ այլուր կարենար դիւրութեամբ իմանալ։ Իսկ վերջին շրջանին հրատարակած իր յուշերով Բժիշկը կը ներկայացնէ օգտաշատ վկայագրութիւն մը։

Այստեղ սակայն կ՚ուզեմ անգամ մը եւս ընդգծել Կարպիս Հարպոյեանի գլխաւոր արժանիքը մեր բժշկագիտութեան մէջ. այդ՝ իր բերած ներդրումն է մեր լեզուակերտման մարզին մէջ։ Իր «Բժիշկին Ե. խօսքը» հատորի սկիզբը, ուր ինծի շնորհեր էր գրել «Խօսք ներածական» մը, կ՚ըսէի. «Բոլորիս համար ալ շատ դիւրին է անմիջապէս մեր լեզուին տակ ինկող օտար բառը գործածելը, մանաւանդ երբ գիտական, բժշկական կամ արհեստագիտական նիւթերու մասին կը խօսինք։ Հայերէնը մտաբերելը յաւելեալ ճիգ կ՚ուզէ, բայց միշտ չէ, որ հայերէն եզրը գոյութիւն ունի, իսկ եթէ ունի՝ միշտ չէ, որ ընթացիկ գործածութեան մէջ է։ Հարպոյեան մեզ կը մղէ, որ ընե՛նք այդ ճիգը ու սորվինք օտարաբանութիւններու հայերէն համազօրները»։ Ու կ՚աւելցնէի, որ ինք մեծապէս կը դիւրացնէ մեր գործը առաջարկելով նոր եզրեր։

Կը մնայ, որ Հարպոյեանի աւանդը ամբողջանայ իր բոլոր գործերուն մէջ իր առաջարկած ու գործածած նորաբանութիւններու մէկտեղումով նոր հատորի մը մէջ, թէկուզ առցանց՝ ժամանակի ընթացքին զայն տեւաբար ճշգրտելու եւ ճոխացնելու ալ հնարաւորութեամբ։’Վարձքդ կատար սիրելի Կարպիս։

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

Comments are closed.