Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ 30-ամեակը կու գայ բանալու նոր հանգրուան մը
Ստորեւ կը ներկայացնենք Լաւալի Սուրբ Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ Զաւէն Տէր Սահակեանի խօսքը՝ արտասանուած եկեղեցւոյն 30-ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին, Շաբաթ, 13 Ապրիլ 2024-ին.
Գերշ. Սրբազան Հայր.
Հոգշ. եւ Արժ. Հոգեւոր Հայրեր.
Պատկան մարմիններու եւ քոյր միութիւններու պատուարժան ներկայացուցիչներ.
Քեպէգի Խորհրդարանի, Մոնթրէալի եւ Լաւալի քաղաքապետարաններու յարգարժան անդամներ.
Սիրելի գործընկերներ եւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շատ յարգելի հարազատներ.
Նախ թոյլ տուէք, որ խորին շնորհակալական եւ երախտագիտութեան խօսքս ուղղեմ եկեղեցւոյս հիմնադիր հոգաբարձութեան կազմին եւ յաջորդող կազմերուն, որոնք ծանր պարտականութիւնը իրենց ուսերուն վրայ վերցնելով՝ յաջողեցան հիմնել եւ շարունակել գործել՝ հաստատելու համար Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին: Եկեղեցական կառոյց մը չի կրնար գործել ու գոյատեւել առանց իր կամաւոր ու նուիրեալ հաւատացեալ բանակին: Մեր երախտագիտական խօսքը կ’ուղղենք նաեւ Սրբազան Հօր, որ մեզ կ’ուղղորդէ իր հոգեւոր հայրական առաջնորդութեամբ եւ քաջալերանքով: Նաեւ բոլոր մեր հոգեւոր հովիւներուն, որոնք իրենց ծառայութիւնը բերած են մեր եկեղեցիէն ներս: Նարեկ Նիկոլեանի հօր՝ երջանկայիշատակ Տէր Հրայրին յիշատակը մեր բոլորին սրտերուն մէջն է:
Հոգաբարձութեան կազմիս կողմէ մեր շնորհապարտութիւնը կ’ուղղենք եկեղեցւոյս բոլոր բաժանմուքներուն՝ Ս. Խորանի սպասաւոր Սարկաւագաց դասին, «Շողակաթե Դպրաց դասին իր ղեկավարով ու դպրապետով, նորաստեղծ «Կաքաւիկե կրտսեր դպրաց դասին եւ ծնողական յանձնախումբին, Տիկնանցին, Բանկալի յանձնախումբին, Գծանկարչութեան դասընթացքի պատասխանատուներուն, Կիրակնօրիայ վարժարանի Տնօրէնութեան եւ Ուսուցչական կազմին, Կոլֆի մրցաշարքի յանձնախումբին, եկեղեցւոյս քարտուղարին եւ անշուշտ մեր եկեղեցւոյ սիրելի հովիւին՝ Տէր Յակոբին, որ ջանք չի խնայեր ծառայելու այս ծուխին:
Կ’ողջունեմ նաեւ մեր քոյր եկեղեցւոյ՝ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւին ու Հոգաբարձութեան ներկայութիւնը, վստահեցնելով որ մեր յարգալիր ու ընկերական համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի՝ ի նպաստ մեր զոյգ գաղութներու բարգաւաճման ու զարգացման:
Պահ մը կ’ուզեմ ակնարկ մը ընել լաւալահայ գաղութի կազմաւորման, յատկապէս Հայ Կեդրոնին ու եկեղեցւոյ անուանակոչութեան մասին: Թուականը 1993-ն էր, երբ միութիւններու Լաւալի մասնաճիւղերը կազմաւորման մէջ էին. գիտէք, թէ միութիւններու իւրաքանչիւր մասնաճիւղ յատկանշական անուն կը կրէ, Լաւալի պարագային կապ մը կը նշմարենք անոնց անուններուն միջեւ: ՀՅԴ Կոմիտէութիւնը անուանակոչուեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի՝ այդ հազուագիւտ ու հեռատես յեղափոխական դէմքին, Հայ Դատին եւ Եկեղեցւոյ նուիրեալին անուամբ: Վրայ եկաւ մեր հարազատ ՀՕՄ-ը, որ անուանակոչուեցաւ ՅԱՂԹԱԿԱՆ Շուշիի անունով (ՀՕՄ-ի սիրելի՛ ընկերուհիներ, Շուշիի յաղթական ոգիով 30 տարի շարունակած էք աշխատիլ, կը մաղթեմ, որ նոյն ոգիով շարունակէք ծառայել մեր գաղութին): ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը՝ Բեկոր Աշոտին եւ Պատանեկան Միութիւնը Գետաշէնով եւ Վիգէն Զաքարեանի անուամբ: Այս բոլորին կապը, սիրելինե՛ր, ազատագրուած Արցախն էր, կապը անձնազոհութիւնն էր: Հետեւաբար յարմարագոյնը պիտի ըլլար անուանակոչել նորահիմն եկեղեցին Ս. Գէորգ Զօրավարի անունով, որ իր զինուորական կարգով պաշտպանը եղաւ քրիստոնէութեան եւ հակառակ իր դիմագրաւած բոլոր չարչարանքներուն՝ հաւատարիմ մնաց իր հաւատքին: Այս է լաւալահայ գաղութին աւանդուած ժառանգը:
Եկեղեցւոյ յարկին տակ գործունէութիւնը ոեւէ մէկուն համար ինքնանպատակ չէ եւ պէտք չէ ըլլայ, ոչ ալ սնապարծութեան առիթ է, այլ այն՝ ծառայանպատակ է: Մեր առաքելութիւնը յստակ է՝ Ծառայել, Ծառայել ու Ծառայել, հասնիլ ծուխին, տալ անոր հոգեւոր սնունդ ու ազգային եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն, ինչպէս մեր Վեհափառ Հայրապետը յաճախ կը նշէ իր պատգամներուն մէջ:
Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հիմնական եւ չլուծուած հարցը կը մնայ պատշաճ, արժանավայել ու գաղութիս համապատասխան նորաշէն եկեղեցի ունենալը: Այս մէկը տարիներ շարունակ քննարկումի առարկայ եղած է: Այո՛, Ս. Գէորգ եկեղեցին պէտք է ունենայ իր սեփական շէնքը, սակայն այդ մէկը կ’իրականանայ ճշգրիտ ու իրաւացի ծրագիրով, կուռ գործելակերպով ու հաւաքական աշխատանքով: Լաւ է ու տեղին է ունենալ ծրագրային տեսլական, բայց յոյժ կարեւոր է աշխատիլ՝ իրականացնելու համար այդ տեսիլքը: «Խօսքը առանց գործի մեռեալ էե:
Անցնող 3 տասնամեակներուն ընթացքին, անշուշտ գտնուեցանք շատ մը մարտահրաւէրներու եւ դժուարութիւններու դէմ յանդիման, գուցէ երբեմն այդ պահերը եղան յուսահատական: Սակայն երբ կորիզդ ամուր է եւ ազգային ու հոգեւոր առումով ունի նուիրում, դիմակայած ալիքներդ կը ճեղքուին եւ կը յաղթահարուին: Փաստը՝ մեր այս երեկոն է:
Իր երեսնամեայ գոյութեան ընթացքին մեր եկեղեցին իր տարած գործունէութեանց կողքին, նաեւ իր ներդրումը ունեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ՝ նուիրելով երկու հոգեւորականներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջոցաւ, Առաջինը՝ Հոգշ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանն է, որ իր մանկութենէն սկսած էր սպասարկել Ս. Խորանին, եւ մէկ տարի առաջ Արժ. Տէր Նշան Քհն. Մանուկեանը: Նաեւ կ’ողջունեմ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանը, որ իր առաքելութեամբ իր ծառայութիւնը հետամտօրէն կը բերէ մեր եկեղեցւոյ յարկէն ներս:
Յարգելիներ, Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ պատմականը կը շարունակուի գրուիլ, 30-ամեակը կու գայ բանալու նոր հանգրուան մը այդ վաւերագրութեան մէջ, մուտք գործելով նոր ժամանակաշրջան, դուռ բանալով նոր նուաճումներ արձանագրելու՝ սպասարկելու համար իր հաւատացեալ հօտին ու համայնքին:
Այս օրերուն, աւելի քան երբեք, մենք կարիքը ունինք հաւատքի եւ հոգեւոր սնունդի: Ներքին եւ արտաքին ապազգային ուժեր կը փորձեն խոչընդոտել Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը: Մեր ծանր պարտականութիւնն է նաեւ ըլլալ վահանը այս սուրբ կառոյցին, որ 17 դար եղած է հայու ինքնութեան կորիզը:
Սիրելիներ, կառչած մնանք մեր ամրակուռ հաւատքին եւ ըլլանք ջահակիրները մեր այս սիրելի կառոյցին: Յոյսը դնենք մեր իսկ ուժերուն վրայ եւ խստապահանջ ըլլանք, որպէսզի մեր ունեցած տեսլականը վերջնականապէս իրականանայ: Սիրով ու յարգանքով համագործակցինք այդ մեծ նպատակին ի խնդիր, որպէսզի մկրտուինք այնպիսի եկեղեցիով, որուն շատոնց արժանի է այս գաղութը:
Բարի երթ 30-ամեայ երիտասարդ այս եկեղեցւոյ եւ կանաչ ճանապարհ:
Comments are closed.