Թող Հնչեն Յաղթանակի Զանգերը
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Երբ կը կայանար Ստեփանակերտի պահանջատիրական հանրահաւաքը, Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովը ընթացքի մէջ էր: Ժողովը լսե՞ց արդեօք Արցախէն հնչող ահազանգային ճիչը: Հաւանաբար` ոչ, որովհետեւ այդ մէկ ժամնոց ազատ զրոյցը, որուն նախատեսուած էր, ի միջի այլոց, որ մասնակցի նաեւ Արցախի ներկայացուցիչը, վերջնական օրակարգին վրայ փոխարինուած էր լոկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի հետ հանդիպումով մը: Ի՞նչ եզրակացութիւններ, ի՞նչ պատգամ համայն հայութեան հնչեցուց այս գագաթնաժողովը: Կ՛ըսեն, որ մասնակիցները առիթ ունեցեր են ազատօրէն իրենց տեսակէտները հնչեցնելու. այդ տեսակէտներէն ոմանց հանդիպեցանք հատուկենտ տեսակցութիւններու միջոցով: Լաւ, հիմա ի՞նչ պիտի ընենք, որ նախապէս չէինք ըներ. ի վերջոյ ինչո՞ւ գումարուեցաւ այս բարձրաթռիչ անունով ժողովը: Ո՛չ մամուլի ասուլիս, ո՛չ իսկ յայտարարութիւն մը: Անցաւ, գնաց:
Ստեփանակերտի հանրահաւաքին յաջորդ օրն իսկ, Դիմադրութիւն շարժումը յայտարարեց նոյեմբեր 5-ին հանրահաւաքով մը արձագանգելու որոշման մասին: Շաբաթ, 5 նոյեմբերի հանրահաւաքը բազմամարդ էր, շատ աւելի բազմամարդ, քան նախորդ բոլոր հանրահաւաքները: Մտահոգ անտարբերութենէն պահանջատիրութիւն անցումը տակաւին չէ իրագործուած, սակայն ակներեւ է, որ դրական գործընթաց մը սկիզբ առած է, արթնացումը տեսանելի է, միասնականութեան պահանջը` հրամայակա՛ն:
Ուշագրաւ է, որ թէ՛ գագաթնաժողովի մասին եւ թէ՛ արցախեան պահանջատիրութեան մասին իշխանական լրատուամիջոցները լուռ են: Ո՛չ կը քննադատեն, ո՛չ ալ կը մեկնաբանեն: Լուռ են նաեւ պետական պաշտօնատարները: Սա շփոթի մատնուած ըլլալու, տարակուսանքի արդի՞ւնք է, թէ՞ ժողովրդային պահանջը անտեսելու, բողոքի շարժման այս փուլը ձախողութեան մատնելու նենգաւոր վերաբերում:
Բազմաթիւ բանախօսներ իրարու յաջորդեցին այս հանրահաւաքին: Գլխաւոր թեման միասնականութեան վերահաստատումն էր հայրենիքը ամէն գնով պաշտպանելու գաղափարին շուրջ: Ինչպէս Իշխան Սաղաթէլեան շեշտեց իր ելոյթին ընթացքին, այսօր մեզի անհրաժեշտ է իրականացնել.
«Միասնականութիւն մեր ներսում,
Միասնականութիւն Արցախին,
Միասնականութիւն սփիւռքին»:
Ժամանակն է, որ սփիւռքը, յատկապէս այն սփիւռքը որ բացակայ էր գագաթնաժողովին, իր վճռական խօսքը ըսէ: Արցախը կորսնցնելու ու Հայաստանի անկախութիւնը վտանգելու ճգնաժամային փուլ մը կը դիմագրաւենք ու ժամանակ չունինք կորսնցնելիք: Վտանգը մեր դռներուն հասած է, ու պարտաւոր ենք Հայաստանի ու Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն ցոյց տալու, որ իրենք առանձին չեն:
Հանրահաւաքէն օր մը առաջ, Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդը դուրս եկաւ իր սովորական լռութենէն եւ կոչ ուղղեց ականջալուր ըլլալու Արցախի վիրաւոր ժողովուրդի կանչին: Իսկ հանրահաւաքի ընթացքին ելոյթ ունենալով, Տաւուշի թեմի քաջարի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեան ժողովուրդին փոխանցեց կաթողիկոսին ողջոյնը: Բագրատ սրբազանի հոգեշունչ պատգամէն հատուածով մը կ՛եզրակացնեմ այս յօդուածը:
«Թող հնչեն յաղթանակի զանգերը, որպէսզի հայ մարդը երբեք չլքի իր տունը, հայ ծնողը արցունք չտեսնի, որպէսզի Եռաբլուրը անտէր ու անիմաստ չմնայ, որպէսզի Եռաբլուրը Ծիծեռնակաբերդ չդառնայ: Ես հաւատում եմ, որ հոգեւոր Հայաստանը յաղթելու է Նոր Հայաստանին, իրական Հայաստանը յաղթելու է կեղծ եւ ֆէյսպուքեան Հայաստանին, տաճարը յաղթելու է փողոցին, ոգին յաղթելու է դուխին, հաշտութիւնն ու սէրը յաղթելու են ատելութեանը եւ թշնամանքին եւ Եռագոյնը յաղթելու է սեւ ու սպիտակին»: