Եթովպիահայ գաղութի արմատները եւ վաստակը
Եթովպիա Ափրիկէի խորը գտնուող երկիրներէն է, որ շատ վաղ ժամանակներէ առնչուած է Եգիպտոսի հետ ու անոր ժողովուրդը ապրած եւ գտնուած է ասորիներու, փիւնիկեցիներու երկրին մէջ ինչպէս նաեւ Գարթաճ եւ Հայաստան։ Եթովպիացիները ապրած են նաեւ Հայաստանի շրջանները, իսկ եթովպիացի կինը եղած է փնտռուած ստնտու խնամակալ հայ արքունիքին եւ նախարարական տուներուն մէջ:
Հայեր շատ վաղ ժամանակներէ բնակած են Եթովպիոյ շրջանները, սակայն վաւերագրականօրէն հայերու գոյութիւնը Եթովպիոյ մէջ կը սկսի առաջին դարէն։ Մովսէս Խորենացի կը յիշատակէ թէ՝ «Ասորեստանցի (Տետամոս) թագաւորի (Պրիամոս)-ին ուղարկած օգնական զօրքին մէջ գտնուած է նաեւ հայազգի զօրավար Զարմայր նահապետը՝ եթովպիական զօրագունդով»: Հայ եւ եթովպիացի ժողովուրդները բարեկամ ժողովուրդներ եղած են։ Անոնց կապերը աւելի ու աւելի ամրապնդուած են երբ հայ, եթովպիացի, ղպտի ու ասորի եկեղեցիները դարձած են քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներ:
Յիշատակուած է, որ հայ համայնքը կազմուեր է 7-րդ դարուն, երբ բազմաթիւ հայեր կը գաղթեն Սուրիայէն, Պաղեստինէն եւ Եգիպտոսէն դէպի քրիստոնեայ Եթովպիա արաբական արշաւանքներուն հետեւանքով։ Իրենց բնակավայրը Հապեշական մատենագրութեան մէջ յիշատակուած է «Հայկական Կղզի» անունով։ Ներկայիս Դեսսէ քաղաքին մօտ կը գտնուի հայոց Ս. Ստեփանոս եկեղեցին: Համայնքը աւելի կը համալրուի 12-րդ դարուն գաղթելով Եգիպտոսէն եւ 14-րդ դարուն Կիլիկիայէն:
Երբ Վասկո Տա Գամայի գլխաւորած նաւերը առաջին անգամ կը հասնին Մոզամպիքի ցամաք, եւ բնիկները կը դիմաւորեն զիրենք, կը յայտնեն, որ հոն կը գտնուին քրիստոնեայ հայեր։ Այս մասին արձանագրուած ու պահուած է Գասպար Կորրա նաւուն ժամանակագրութեան ձեռագրերուն մէջ:
Համայնքին մէջ կը գերակշռէին առեւտրականները եւ դիւանագիտական պետական ծառայողները։ Անոնք մեծապէս նպաստած են երկրի ներքին ու արտաքին առեւտուրին ու քաղաքական յաջողութիւններու ընթացքին: Յայտնի են հետեւեալները.
-Յովհաննէս Մեշեշա՝ եթովպիահայ դիւանագէտը (Վիքթորիա) թագուհիին -արքունիքին մէջ երկար ժամանակ աշխատած է դիւանագիտական կապերու հաստատման համար:
-Մատթէոս՝ հոգեւորական դիւանագէտը, որ (Հելինի) կայսրուհիին կողմէ կ’ուղարկուի Փորթուկալ 1513-ին, դիւանագիտական եւ ռազմական աջակցութեան յաջող առաքելութեամբ:
-Խոջա Մուրատը, որուն գլխաւորած առեւ-տրական, դիւանագիտական դեսպանութիւնները 1664, 1678, 1690, 1693 թուականներուն խորապէս կը նպաստեն Եթովպիոյ քաղաքական ու տնտեսական մեկուսացումէն դուրս գալուն:
-Անթոնիո Ֆերնանտես եւ Գասպար Սուրանուն, եթովպիահայ դիւանագէտներ, որոնք 1538-ին Փորթուկալէն կը բերեն 400 հոգինոց վարձկաններու զօրագունդ մը Քրիստովաո Տա Կամայի, որ զաւակն է Վասկո Տա Կամայի՝ կռուելու Օսմանեան արշաւանքներուն դէմ:
Եթովպիոյ թագաւորին արքունի կայազօրի պետը, գանձապետը, ոսկերչապետը, բժշկապետը եւ դեղագործը հայեր էին:
1882-ին, թշնամիներուն դէմ մղուած պայքարին մէջ մասնաւոր տեղ ու յարգանք կը վայելէր զէնքի ու զինամթերքի մեծ վաճառական Սարգիս Թերզեանը:
19-20-րդ դարուն Եթովպիոյ մէջ կը գտնուէին 10 հայ, մեծ առեւտրական տուներ: Հայերը Եթովպիա բերած են ժամանակի նոր գիտութիւնը եւ ճարտարագիտութիւնը։ Բանակցող Յովհաննէս Թովմաջանեան՝ (Մենտեւափա) թագուհիի գանձապահը, առաջին անգամ օգտագործած է 18-րդ դարու եւրոպական համրիչը (նախքան կը գործածէին լուբիայի հատիկները): Եթովպիոյ առաջին գիտական աշխարհացոյցը կազմած ու պատրաստած է հայ տոմարագէտ ճանապարհորդ Աւետիք Տիգրանակերտցի Պաղտասարեանը, 18-րդ դարուն: Ճամբորդութիւններու շրջանին, 17-րդ դարուն, Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք Յովհաննէս Թութունջին կ’այցելէ Եթովպիոյ թագաւորին ու անոր կը մատուցէ Երուսաղէմէն յատուկ նուէր մը, որմէ ետք կը շրջի Եթովպիա ու կ’այցելէ Կապոյտ Նեղոսի ակունքը։ Ան իր վերադարձի ճամբուն Գահիրէի մէջ կը հանդիպի Լեուդովիկոս 14-ի դեսպան Փենուա Տէ Մայէին ու կը պատմէ իր ճամբորդութեան մասին նկարագրելով Կապոյտ Նեղոսի ակունքը։
Հայերը մեծ դեր ունեցած են նաեւ Ափրիկէի մէջ քրիստոնէութեան տարածման։ Ապու Սալ ալ-Արմանիի «Քրիստոնէութեան տարածման պատմութիւնը Ափրիկէի մէջ» գիրքին մէջ կը յիշատակուին 800 եկեղեցիներ: Աւելի ուշ հայերը ապրած են Ատիս Ապապա հին քաղաքի Պայեասսա շրջանին մէջ, որ եղած է նաեւ քաղաքի առեւտրական կեդրոնը։ 19-20-րդ դարերուն, հայ համայնքը ունեցած է մեծ ազդեցութիւն երկրի տնտեսական ու մշակութային ոլորտին մէջ:
Ընկերային առումով, համայնքը կազմուած էր դիւանագէտներէ, առեւտրականներէ, գործարարներէ, ճարտարապետներէ, բժիշկներէ, դեղագործներէ, ադամանդագործներէ, ոսկերիչներէ, զինագործներէ, կաշեգործներէ, կօշկակարներէ եւ դերձակներէ:
Հայութիւնը ունեցած է եկեղեցի, դպրոց եւ ակումբ, իսկ ակումբի ճաշարանը իր հայկական ճաշատեսակներով հմայած է թէ՛ տեղացին, եւ թէ օտարական հիւրը:
Մշակոյթի ոլորտին մէջ, հայերը ունեցած են մատենագրութիւն եւ ասեղնագործութիւն։ Մեծ է նաեւ հայոց նպաստը Ամհարի կամ այսպէս կոչուած՝ Հապէշեան երաժշտութեան մէջ։ Հայերը երկար տարիներ մաս կազմած են Եարիտի երաժշտական դպրոցին։ 1916-ին, երբ Հելա Սելասի կայսրը գահ բարձրացաւ, վերանորոգումը համարեց տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային ուղեգիծ: Ան 1924-ին այցելեց Երուսաղէմ, հանդիպեցաւ 40 հայ որբերու եւ արտօնութիւն վերցնելով Հայոց Պատրիարքէն, զանոնք իր հետ տարաւ։ Այդ որբերը կազմեցին Կայսրութեան արքունի փողերախումբը, ղեկավարութեամբ Գէորգ Նալպանտեանի։ Վերջինս յօրինած է նաեւ կայսերական քայլերգը:
Հայերը մեծապէս օժանդակեցին զարգացնելով ու ինքնուրոյն ոճ մը տալով եթովպիական Ճազին, զայն հասցնելով միջազգային մակարդակի: Ատիս Ապապայի մէջ ակնյայտ է նաեւ հայկական ճարտարապետութիւնը եւ ճարտարապետական ոճը:
Դժբախտաբար 1974-ին, թագաւորութեան շիջումով, Հելա Սելասի անկումով, Մանճեսթո Հայլշ Մարիամի գլխաւորութեամբ հայերը եւս տուժեցին, զրկուելով իրենց կալուածներէն ու հարստութիւններէն, որոնք գրաւուեցան ամբաստանուելով թագաւորականներու կալուածներ։ Գաղութին թիւը վաթսունական թուականներէն նուազեցաւ։ Գաղութը այսօր ընդամէնը 100 հոգի կը հաշուէ:
Հետաքրքրական է նաեւ յիշել ճամբորդ Ֆրանսուա Պերնիէի վկայութիւնը, թէ 1632-ին, երբ աշխուժացած էին Ֆրանչիսկեան եւ Քափուչեան շարժումները, Եթովպիոյ Ֆազիլիտաս թագաւորը յատուկ հրամանագրով մը վտարած ու արգիլած է ճիզվիտներու, քաբուչիներու եւ ընդհանրապէս եւրոպացիներու մուտքը երկիր, զանց առնելով հայերը:
Աղբիւրներ
Փորթուկալական արխիւներ:
Հնդկաց Ովկիանոսի Միջազգային Վաճառականութեան պատմութիւնը:
Հայերն Աշխարհում, Ամալեա Պետրոսեան, 1995 Երեւան։
Ճրտգտ. Կարպիս Մինասեան
Comments are closed.