«Անկրկնելի Հալէպը»

Հալէպ ծնած ու Հալէպի մէջ իր կեանքի, ազգային ծառայութեան ու աշխատանքի ամէնէն եռուն տարիները  ապրած Մաթիկ Էպլիղաթեանին պատերազմը պարտադրեց հեռանալ  ծննդավայրէն, սակայն չյաջողեցաւ պոկել իր պորտակապը՝ իր բնութագրումով գաղթաշխարհի երկրորդ Հայաստանէն՝ Սուրիայէն։
Ընդհակառակը. Էպլիղաթեան լոյսին բերաւ Հալէպի արժէքը, մայր գաղութ կոչուելու հիմքերը, ծաղկուն կեանքն ու պատերազմի եւ երկրաշարժի յաղթահարման ճիգերը 286 էջանի գիրքի մը մէջ, որ իր հեղինակային անդրանիկ հրատարակութիւնը եղաւ։ Գիրքը մկրտեց «Անկրկնելի Հալէպը» խորագիրով ու ձօնեց զայն իր հօր՝ Սուրիոյ եւ Հալէպի արժանաւոր զաւակ մեթր Գրիգոր Էպլիղաթեանի։
Գիրքը 26 յօդուածներ ընդգրկող ծաղկեփունջ մըն է, Հալէպի խորանին զետեղուած,  հրատարակուած Հալէպ 2023-ին։ Վերստուգող սրբագրիչն է պոլսահայ գրագիտուհի Մաքրուհի Յակոբեան, կողքի ձեւաւորումը իրագործած է Յովիկ Փամփալեան, իսկ գրաշարութիւնը՝ Մարալ Տիքպիքեան։ Հեղինակը գիրքի հասոյթէն գոյացած գումարը որոշած է յատկացնել Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան, որպէսզի տրամադրուի այն կրթական կառոյցին, որ ոչ միայն իր, այլեւ իր զաւակներուն կրթօճախը եղաւ։ Այս պատճառով ալ իր զաւակները կը կոչէ ի ծնէ ճեմարանականներ, այսինքն՝ հայրով ու մայրով  ճեմարանականներ։ Այս տարազը հեղինակը փոխ առած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի երախտարժան տնօրէն Հրաչ Տասնապետեանի Հուսկ Բանքի ընթացքին, 1972-ի աւարտական հանդէսին։
Անկրկնելի Հալէպը…
Իսկ ինչո՞ւ անկրկնելի… Միթէ՞ չկան հայախօս այլ գաղութներ…
Ընթերցողը գիրքը կողքէ-կողք կարդալով ինքնաբերաբար պիտի գտնէ այս հարցումին պատասխանը, պիտի անդրադառնայ թէ արեւմտեան Հայաստանի մշակութային ժառանգութիւնը, աւանդոյթներն ու սովորութիւնները պահելով, ու անոնց վրայ աւելցնելով համայնքի աշխոյժ կեանքն ու տաքուկ մթնոլորտը, ինչպիսի գաղութ մը ձեւաւորուած է մեր պատմական հայրենիքի մերձաւորութեան։ Ու Հալէպէն գաղթողն անգամ անոր տաքուկ մթնոլորտի յիշատակներով ոգեղէն իր սնունդը կ’ապահովէ օտար ափերու վրայ։
Գիրքին թերթատումով ընթերցողին դիմաց կը բացուի Հալէպի մերթ քաղցր, մերթ թախծոտ օրերու դիպաշարը «Տասնմէկ տարիներ առաջ, տխուր օր մը, Սուրիոյ կարգն էր։ Իրենք զիրենք այսպէս կոչուած երկրագունդի տէրերը նկատողներ չխնայեցին երրորդ աշխարհէն դուրս գալ ձգտող երկիր մը», կը հաստատէ հեղինակը, այդուհանդերձ՝ նկարագրելով Հալէպի փառքի օրերն ու դիմադրողական ոգին,  իւրաքանչիւր բաժինի աւարտով ընթերցողի հոգւոյն մէջ կը բոցավառէ ազգային հպարտութեան ու կարօտի զգացումներ. կարօտ՝ մարդկային ջերմ յարաբերութիւններու, կարօտ հայ աշակերտներով շենշող վարժարաններու, կարօտ աւանդոյթներու, սովորութիւններու, հայրենակցական բարքերու, որոնք արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ միւռոնով կնքած են աւանդապահ սուրիահայութիւնը ու այդ միւռոնին օրհնութիւնը դժուար թէ ժամանակի ու պայմաններու հետ չքանար, աւելին. հեղինակին իսկ հաստատումով «Ամբողջ դար մը, սուրիահայութիւնը, ի մասնաւորի հալէպահայութիւնը, սփիւռքահայ լիճին կենսատու, ջրահոս, զուլալ գետը պիտի հանդիսանար»։
Գիրքը կը բացուի Մաքրուհի Յակոբեանի ներածականով… ուր ան կը հաստատէ, որ հեղինակին անդրանիկ այս հատորը մեր պատմութեան յանձնուած հարուստ ատաղձ մըն է։
Ներածականին  կը յաջորդէ հեղինակին «Նշմարներ Հալէպի Առօրեայէն» խորագրով գրութիւններու շարքը։ Թէեւ Հալէպը հեղինակին բնութագրումով «հաճելի հակասութիւններու հայաբոյր քաղաքն է», սակայն այս բաժնին մէջ երեւելի կը դառնան հալէպահայութեան կեանքը փոթորկած տհաճ հակասութիւններ.
Այսպէս.
-Փառքի օրերու առատութիւն, վերջապէս «Այս երկիրը պերեքեթի երկիր է» հեղինակին մեծ հօր իսկ հաստատումով, ու այդ առատութիւնը ցամքեցնող  պատերազմ ու հացի տագնապ։ Հեղինակին վկայութեամբ սակայն. «Հայկական թաղերու մէջ հացի տագնապը երկրորդ օրը փարատած էր արդէն շնորհիւ մեր աննման տղոց»։
-Ապահովութիւն վայելող գաղութ, ապա դիպուկահարներու զոհեր գուժող մահազդներ եկեղեցիներու արտաքին  պատերուն վրայ։
-Համբաւ վայելող հայ արհեստաւորներու աշխատանք, ապա իրենց արհեստանոցէն պատերազմի թելադրանքով հեռացած ու ընտանիքի օրապահիկը ապահովելու համար թէկուզ մայթերու վրայ բանջարավաճառ  դարձած երբեմնի արհեստաւորներ։ Աշխատանքը ամօթ չէ, անգործ մնալն է ամօթ հալէպահայուն համար։
-Տակաւին… Երիտասարդ միութենականներու բանակումներ, ապա նոյն այդ երիտասարդներու կողմէ հայաշատ
թաղերու  ինքնապաշտպանութիւն։
Այլ տեղ մը հեղինակը կը յիշէ հիւրընկալ Հալէպի դպրոցները, որոնք ե՛ւ Իրաքի, ե՛ւ Լիբանանի տագնապալի տարիներուն իրենց դռները լայն բացին եւ ազգային ու միութենական մարմինները որոշեցին հայ դպրոցէ չզրկել մէն մի գաղթական հայորդի։ Սուրիոյ պատերազմի յատկապէս սկզբնական օրերուն, սակայն, կացութիւնը շրջուած է, «Անցեալի հիւրընկալ Բերիան այսօր աղէտեալ է», կ’ափսոսայ հեղինակը, սակայն գաղութը կը մաքառի նուազագոյն վնասներով դուրս գալու աղէտէն։  Մեր անձնուրաց երիտասարդութիւնը պատնէշի վրայ է, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, Հակառակ Սալիպէի շրջանին վտանգուած ըլլալուն, չէ լքած իր բնակարանը Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մերձակայ Ազգ. Առաջնորդարանի շէնքին մէջ, թէեւ գրասենեակը ժամանակաւորապէս փոխադրուած է Վիլլաներու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան դահլիճ. եկեղեցւոյ ներքնասրահը եւ յարակից բաժինները կը ծառայեն նպաստներու բաշխումի եւ դասաւորումի աշխատանքին։
Այս բոլորը նկարագրելով հեղինակի տեսադաշտէն չեն վրիպիր համացանցի առջեւ նստած դատարկապորտ եւ անպատասխանատու կարգ մը մարդիկ, որոնք օգտագործելով ազատ արտայայտուելու իրենց կարելիութիւնը ֆէյսպուքը կը թունաւորէին անհիմն տեղեկութիւններով, խուճապի մթնոլորտ ստեղծելու եւ աւելի բարդացնելու հալէպահայութեան արդէն իսկ բարդ վիճակը, հեղինակը կը վկայէ. «Բարեբախտաբար համայնքապետները զգաստութեան կոչերով հանդէս եկան ու գօտեպնդեցին ժողովուրդը, յորդորելով ըլլալ շրջահայեաց ու զուսպ»։
Ու կը յիշուին անուններ, կառոյցներ, որոնք ինչպէս անցեալին այնպէս ալ տագնապի օրերուն զօդուած մնացին հայ տարագրութեան հետ… եւ ահա բնակարանը կահոյքի վարպետ Ղազար Պետիկեանի, որուն Քասթալ Հաճճարին գտնուող գործատեղիին մէջ տարագրութեան որբանոցներէն հայ պատանի արհեստաւորներ ելեր եւ հայ կահագործներու անունը պանծացուցեր էին՝ որպէս Պետիկեանի աշակերտներ. «Պետիկեանին անունը կրկնակիօրէն զօդուեցաւ հայ տարագրութեան հետ, անցեալին ընտանեզուրկներուն արհեստ սորվեցնելով, այսօր ալ աքսորական հայ ընտանիքներուն իր երդիքին տակ ապաստան տալով», կը գրէ հեղինակը։
Այս բաժինին կը յաջորդէ «Հարիւրերորդ օրը» խորագիրը կրող գրութիւնը, ուր Էպլիղաթեան ցաւով կը նկարագրէ իր Հալէպէն դուրս գալը, որ ժամանակաւոր կը թուէր, բայց վերջնական կը դառնար, ու երնէկ կու տայ Հալէպի չքնաղ օրերուն, երբ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ զոյգ կաթողիկոսներ Հալէպէն Տէր Զօր Ուխտի մեկնեցան, երբ Գոհարի համոյթները  նուաճեցին Հալէպի պատմական Բերդը, երբ Հայաստանի զոյգ նախագահներ Հալէպ այցելեցին, երբ կրթական օճախներու հարիւրաւոր աշակերտներ կը տողանցէին բեմերու վրայ, երբ Գամիշլիի ու Քեսապի մէջ նոր եկեղեցիներ կը կառուցուէին, երբ Տեառնընդառաջի նախատօնակին մոմը կը սպառէր բանկալներու մէջ եւ այլն։  Ու այս անգամ եւս գրութիւնը կ’եզրափակէ յոյսով. «Երանելի օրեր, սակայն ոչ երազային… Կուտակուած ամպերը պիտի հեռանան, Հալէպը կ’ապրի տակաւին, իսկ հայկական Հալէպը պիտի վերածաղկի»։
Հեղինակը եօթը տարուան բացակայութենէն ետք կրկին կ’այցելէ Հալէպ, կը յուզուի երբ լիբանանեան սահմանը հատելէ ետք, սուրիացի առաջին պաշտօնեան ստուգելով անցագիրը կ’ըսէ. «եօթը տարուան բացակայութենէ ետք բարի եկար Հալէպ» ու այսպէս կը բնութագրէ իր հոգեվիճակը. «Եկայ, տեսայ, ուրախացայ…», կը յիշէ Անդրանիկ Ծառուկեանի գրութիւնը «Երազային Հալէպ»-ի երկրորդ հատորին մէջ, ուր Ծառուկեան խորունկ գիտակցութեամբ հալէպահայութիւնը կը համարէ Սփիւռքի ծաղիկը, Սփիւռքին սնունդ տուող առաջին հունտը։
Այլ տեղ մը հեղինակը Թիլէլի ակումբին պատմականը տալով կը նկարագրէ անոր մթնոլորտը.
«Այստեղ իսկական ընկերական մթնոլորտ կը տիրէ, «ժողովրդային տուն» կոչուելու արժանի։ Համեստ արհեստաւորը իր դիմաց խաղընկեր (խօսքը նարտի խաղի մասին է անշուշտ) ունի միութեան ատենապետ բժիշկը, գործատէրը՝ իր պաշտօնեան, համալսարանական ուսանողը՝ իր բանուոր ընկերը։ Բարեկամութիւնները անկեղծ են, առանց որեւէ ակնկալութեան, հեռու քաղքենի մտայնութենէ»։
Յաջորդ բաժիններուն մէջ հեղինակը առանձնաբար կը վերյիշէ հալէպահայութեան աւանդութիւնները՝ 30 Յունիսի կէս
գիշերին ապակի կոտրելու սովորութիւնը՝ չարիքը խափանելու համար, Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը՝ «ջուրի զատիկ»-ը, ամռան պարէնի պատրաստութեան շրջանը, պատշգամներու ծայրը շարուած լոլիկի ջուրը, թելերու վրայ չորցուած պղպեղը, սմբուկն ու կուտատուկը, տնային անուշեղէնի տասնեակ տեսակները. 2008-ին երբ Պոլսոյ Մարմարա օրաթերթի խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեան Հալէպ կ’այցելէ պանդոկի պատուհանէն կը նկատէ պատշգամներու գետինները փռուած վարդագոյն պիստակը։ Այս բոլորին մասամբ պահպանումով Հալէպը կ’ապրի՛ հեղինակին կարծիքով, դժուար պայմաններու մէջ աւելի ուժեղացած։
Հեղինակը պահ մը մոռնալով յառաջադէմ երկրէ եկած ըլլալը կը նկարագրէ կարօտը Հալէպի ժխորին, օրական անցած ճամբաներուն, որոնք բազմահազար յիշատակներ կը պեղեն ու այս տրամադրութեամբ կը հասնի հօրենական տունը, ուր մայրը՝ տիկին Անահիտ Էպլիղաթեան օրերէ ի վեր որդւոյն գալուստին ուրախութիւնը կ’ապրէր։ Ան ականատեսը կ’ըլլայ Հալէպի վերականգնումի առաջին քայլերուն ու այս անգամ յուսալից ցտեսութիւն կը մաղթէ Հալէպին, յաջորդին դասական մուտքով, օդակայանի ճամբով գալու Հալէպ։
Գիրքին մէջ առանձին նիւթերով կը ներկայացուին վարժարաններու եւ եկեղեցիներու մասին վաւերագրական տեղեկութիւններ։
Յաջորդող էջերուն մէջ կը վերակենդանանան  համեստ ծննդավայրի անջնջելի կարօտը սնուցող հազարումէկ պատառիկներ, որոնք  միշտ ներկայ են ու տպաւորիչ քնարականութեամբ կը  թակեն անոր հոգիին դռները։
Առանձին բաժինով կ’անդրադառնայ Կիլիկիա գրախանութ, ետքը ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ հիմնելու պատմութեան, սկսելով առաջին քայլերէն՝ իր ընկերոջ հետ շրջուն գրավաճառ Մկրտիչ Խոճայի, հանրածանօթ «Հայկական-Պատուական»-ի մահէն ետք, անոր միակ ժառանգորդէն՝ կնոջմէ պատկառելի գումարով մը պահեստը գնելէն, ապա  Կիլիկիա գրատունը եւ ապա հրատարակչատունը հիմնելով 1993-ին։ Ու հակառակ անոր որ այդ օրերուն շատեր կը զարմանային հարց տալով հեղինակին թէ այս օրերուն գիրք կարդացո՞ղ կայ, աւելի լաւ է այստեղ ճաշի վերաբերեալ գործ մը ընես լաւ դրամ շահելու համար։ Պրն. Մաթիկը կը հաւատար, որ ցանած սերմերուն հասկերը անպայման պիտի հնձուին։ Իսկապէս ալ Կիլիկիա հրատարակչատունը դարձա՛ւ  ե՛ւ ժամադրավայրը գրողներուն ու մտաւորականներու, ե՛ւ հալէպահայ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն դիմաց գիրքի հարուստ աշխարհ մը բացաւ։
Ծնողներ իրենց զաւակներուն հետ միասին կու գային գիրքեր ընտրելու, դպրոցներ իրենց շրջանաւարտները կը պարգեւատրէին հրատարակչատան գիրքերով, աշակերտներ բառարաններու ճոխ հաւաքածոներ այստեղ կը գտնէին ու գիրք նուիրելու սովորութիւն մը կը զարգանար։ Էպլիղաթեան չէր սահմանափակուեր Հալէպով, արտասահմանի գրատուներուն հետ ալ գործակցութիւն կը զարգացնէր։ Հեղինակը յարգանքով կը յիշէ որ Ազգային թէ միութենական վարժարաններու տնօրէններ՝ Ֆիմի Տէր Յակոբեան, Ազնիւ Չիրիշեան, Սիլվա Ճապաղջուրեան, նոյնպէս Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական խորհուրդի անդամներ, որոնք սովորութիւն դարձուցած էին տարբեր առիթներով իրենց աշակերտները գնահատել գիրքերով. «Յիշարժան է,_ կը գրէ,_ ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան  վարժարանի երախտարժան տնօրէն Ալեքսան Աթթարեանի հետեւողական աշխատանքը, նախօրօք ժամադրուելով ան հայերէնաւանդ ուսուցիչներու խումբով կու գար անձամբ ընտրելու իր աշակերտներու  նուէրները»։
Ծիծաղաշարժ երեւոյթներն ալ անպակաս էին, երբ ոմանք դպրոցէն պատուիրուած գիրքին անունը կը մոռնային, այցելու ծնողք, զորօրինակ, հարցուցած են «Խենթ Ռաֆֆիի» գիրքին մասին, ուրիշ մը զարմանքով նկատել տուած է, թէ «դպրոցէն հայերէնէ հայերէն բառարան պահանջած են, կարծես մենք հայերէն չենք գիտեր»։ Հրատարակչական նկատառելի բերք ու գործունէութիւն ունեցաւ մինչեւ 2012, որպէս օրինակը կուզեմ առանձնացնել «Թէոդիկի Ամէնուն Տարեցոյցը» շարքին «Կիլիկիա» հրատարակչատան վերահրատարակած հատորներուն գինեձօնը, որ տեղի ունեցաւ Հալէպ, ներկայութեամբ թեմի օրուան առաջնորդ Շահան Սրբազանին,Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի փոխխմբագրապետ Մաքրուհի Յակոբեանի, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի հայկական բաժինի տնօրէն Զաւէն Եկաւեան, իսկ շնորհանդէսի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ հրատարակութեան խմբագիր հալէպահայ մտաւորական Լեւոն Շառոյեանը։
Եւ այսպէս գիրք ընթերցելու եւ նուիրելու մշակոյթը կը զարգանար շնորհիւ Կիլիկիա հրատարակչատան։  Արկածախնդրութեամբ սկսած այս ասպարէզը, հեղինակը նոյնպիսի արկածախնդրութեամբ կը շարունակէ համացանցի վրայ։
Կը բաւարարուիմ այս հակիրճ նախաճաշակով, որպէսզի ընթերցողը ի՛նք ըմբոշխնէ մնացեալները եւ ամբողջական ըլլայ իր իմացութիւնը։
Գիրքին մէջ մէկտեղուած գրութիւնները առանձնաբար լոյս տեսած են Ազդակ օրաթերթին մէջ 2012-2022  տարիներուն, ոմանք գրուած են Հալէպ, ուրիշներ՝ Պէյրութ, մաս մը Ժընեւ իր կեցութեան շրջանին։
Մաթիկ Էպլիղաթեան իր համարեա՛ բոլոր գրութիւններուն կառոյցը հիմնած է երեք սիւներու վրայ, իրականութեան մերկ ու թափանցիկ  ներկայացում, առանց քողարկելու թերութիւններն ու ցաւոտ երեւոյթները, պատմական հարուստ տեղեկութիւններու ներկայացում, եւ վերջապէս պատերազմեան ցնցումն ու աւերը յաղթահարելու յոյս, կամ իւրաքանչիւր կացութենէ ելք որոնելու առաջարկներ. տեղ մը կ’առաջարկէ Հալէպի մէջ  գործած հայրենակցական միութիւններուն աշխատանքը վաւերագրող բանասիրական աշխատանք մը տանիլ, ու համալրել զայն պատկերներով, արխիւային նիւթերով, այլ տեղ մը կ’առաջարկէ պատրաստել սուրիահայութեան բազմերես ու ամբողջական պատմութիւնը, նկատելով որ սերունդները կը մեկնին իրենց հետ տանելով անգիր պատմութիւնը։ Չկայ բաժին մը, որ յուսալքումի կը մատնէ ընթերցողը, չկայ բաժին մը, որ չ’արտացոլէր Հալէպի ու հալէպահայութեան արժէքն ու դերը։
Հեղինակը այս բոլորը ձեռնհասօրէն լուսարձակի տակ կ’առնէ իրենց ամենանուրբ մանրամասնութիւններուն մէջ ու կ’անցընէ զանոնք իր մտքի  լուսաւոր պրիսմակէն… Չմոռնանք վերջապէս որ Մաթիկ Էպլիղաթեանը Հալէպը առերեւոյթ դիտող մը չէ, այլ իր ընտանեկան պարագաներով սերտօրէն աղերսուած է Հալէպ քաղաքին հետ։
Գիրքի հարուստ բովանդակութիւնը մարգարիտի նման կը շողայ գեղեցիկ ու մշակուած հայերէնով, պարզ եւ կուռ ոճով, պատկերաւոր խօսքերը գեղարուեստական արժէք կու տան յօդուածներուն, հեղինակը ճարտարութեամբ օգտագործած է փառատոքսներ «Բարիքը անպայման բարութիւն չի ծնիր», «Տէր Աստուած վերադարձուր մեզի այդ անախորժ աւանդութիւններու վայելքը»։
Գիրքին ընդմէջէն կարելի է եզրակացնել որ հեղինակը ազգային արժէքներ դաւանող մըն է. «սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ընդունուած իրողութիւն է եկեղեցի-դպրոց-ակումբ երրորդութիւնը իբրեւ հայապահպանման ամրոց։ Արդար եւ իրաւացի, սակայն չորրորդ իշխանութիւնը՝ հայ մամուլը կարելի է նկատել այս երրորդութիւնը ամբողջացնող եւ զօրացնող միաւոր», կը գրէ ան։
Չենք կրնար այս հատուածը փակել՝ առանց անդրադառնալու հեղինակին գիրքերու հետ ունեցած սերտ
յարաբերութեան։ Էպլիղաթեան անյագ ընթերցող մըն է, գիրքի իր յօդուածները հարստացուցած է արեւմտահայ գրականութեան կարկառուն դէմքերու գործերէն մէջբերումներով, որոնք աւելի ըմբռնելի դարձուցած են միտքը ու կամրջած ժամանակները։ Հեղինակը խմբագրական աշխատանքի փորձառութիւն ձեռք բերած է հրատարակչատան համար բազմաթիւ գիրքեր, նոյնիսկ դասագիրքեր խմբագրելով ու հրատարակելով, որոնք կլանած են զինք ու առիթ չեն տուած հեղինակային աշխատանքի։  Մինչեւ 2012-ի աւարտը հրատարակած է շուրջ երեք հարիւր հայերէն գիրքեր։
«Անկրկնելի Հալէպը» իր հեղինակային անդրանիկ հրատարակութիւնն է, մամուլի տակ է «Փոխան Ափ մը Հողի» անուան տակ մահախօսականներու իր շարքը, ձեռնարկած է նաեւ սուրիահայ գիրքի մատենագիտութեան աշխատանքին։
Շնորհիւ «Անկրկնելի Հալէպը» հրատարակութեան, ընթերցողի սեղանին դրուած է պատմական արժէք ունեցող յուշագրութիւն մը, որ Հայկական Հալէպի եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան հարազատ պատկերը կ’արտացոլացնէ ու կրնայ սկզբնաղբիւրը դառնալ սուրիահայութեան պատմութիւնը գրող բանասէրներու:
Նկատի ունենալով որ Կիլիկիա հրատարակչատունը հրապարակած է նաեւ արաբերէն եւ անգլերէն գիրքեր, փափաքելի պիտի ըլլար այս գիրքը թարգմանել արաբերէնի ու անգլերէնի՝ թէ՛ ոչ-հայախօս մեր ազգակիցները եւ թէ օտարազգիները ծանօթացնելու սուրիահայութեան արմատներուն, եզակի գոյնին, արձանագրած յաջողութիւններուն, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ վերջապէս արաբական աշխարհի մը մէջ այլոց հետ խաղաղ գոյակցութեան  ու ինքնութեան պահպանման  գաղտնիքին։
Գրախօսութիւնը կը փակեմ գիրքի վերջաբանին մէջ հեղինակին հետեւեալ մաղթանքով.
«Աշխարհասփիւռ հայութեան հարիւրաւոր գաղութներուն մէջ անհամար է Հալէպի մէջ երկար կամ կարճ ժամանակամիջոց մը ապրած հայորդիներուն թիւը։ Անոնք երկրագունդի ո՛ր անկիւնը որ ապրին, իրենց սիրտերը համազարկ կը տրոփեն սուրիահայ գաղութի տխրութիւններով։ Պիտի տրոփեն նաեւ գալիք լուսաւոր օրերու ուրախութիւններով»։
Հեղինակ՝ Մաթիկ Էպլիղաթեան
Գրախօսեց՝ Զարմիկ Պօղիկեան

Comments are closed.