Քաղաքական Չբարոյականի Զուգահեռներ եւ Փակեր

Յ. Պալեան

            Ուքրայինական պատերազմը եւ անոր դրդապատճառները դատողներ եւ կողմնորոշուողներ շատ են, օրնիբուն կը խօսուի այդ մասին, լրատուամիջոցներ անով այնքա՜ն կը սնանին, որ լուսաբանելէ աւելի շփոթի կը մատնեն, ի հարկէ միշտ բարոյական, պատմական եւ իրաւունքի հիմնաւորումներով: «Քաղաքակի՞րթ» մարդկութիւնը, ժողովուրդներ եւ պետութիւններ, զօրաշարժի ենթարկուած են միջազգային ճատրակի տախտակին վրայ առաջ մղելով իրենց քարերը: Արեւմուտքը Արեւելքի մէջ կը տեսնէ դասական վտանգը, Թուրքիա կը խուսանաւէ երկուքին միջեւ որպէսզի միջազգային հզօրութեան դիրքեր գրաւէ՝ կայսրութիւն վերականգնելու համար, Չինաստան ինքզինք կը հաստատէ որպէս անշրջանցելի միջազգային ուժ, Ռուսիա չի հրաժարիր իր ցարական-կայսերական-խորհրդային փրաքսիսէն եւ հզօրութեան վերականգնումէն, Միացեալ Նահանգները դեռ կը շարունակէ մնալ եւ գործել որպէս աշխարհի ամենահզօր տէրութիւնը, այս բոլորը վայրագ դրամատիրութեան, ցեղապաշտութեան եւ կրօնական մոլեռանդութեան ընդարձակուող ենթահողի վրայ:

            Հնդկաստանը դեռ մեծ ուշադրութիւն չի գրաւեր, դասական աւագ դերակատարներու շարքին, հակառակ անոր որ  ան վաղը ինքզինք պիտի պարտադրէ հզօրներու շարքին: ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի հինգ մնայուն անդամներու ակումբի դռները փակ պիտի չմնան, ուժերու եւ կարողականութիւններու վերադասաւորման պատճառով: Հիւլէական զէնքի տէր դարձած երկիրները կը բազմանան: Եթէ Եգիպտոս, Թուրքիա, Հարաւային Քորէա, Ճաբոն եւ ուրիշներ ալ  դառնան հիւլէական տէրութիւն, պիտի ստեղծուի նոր հաւասարակշռութիւն, որ անհաւասարակշռութեան համազօր պիտի ըլլայ, այսինքն մոլորակը պիտի ըլլայ աւելի պայթիւնավտանգ, որ կը նշանակէ  թէ կայծ մը բաւարար պիտի ըլլայ, որ պատահի ՄԵԾ ԱՒԵՐը, որ կրնայ հեռու  չըլլալ:

            Եթէ Իսրայէլ եւ Հիւսիսային Քորէա հիւլէական տէրութիւն են, պատճառ չկայ որ Եգիպտոս եւ Հարաւային Ափրիկէ եւս չդառնան: Ինչո՞ւ ոչ նաեւ Գերմանիան, Յունաստանը, եւ շարունակելով՝ Ալպանիան, Վրաստանը, Ատրպէյճանը…նաեւ՝ Հայաստանը: Այս ձեւով արդէն եռացող կաթսայ աշխարհը կը դառնայ սեղմուած ճնշումով կաթսայ, մեր խոհանոցի «cocote-minute»ին պէս : Ոչ ոք կրնայ նախատեսել, թէ ինչպէ՞ս եւ ո՞վ պիտի փորձուի բանալ անոր կափարիչը: Հիւլէական գիտութիւնը այլեւս մասնաւորներու չէ վերապահուած: Հետեւաբար պիտի բազմանան, արդէն կը բազմանան հիւլէական զէնքի տէր պետութիւնները: Յետո՞յ…

            Գլխաւոր խաղացողներուն միջեւ գոյապահպանական մնայուն վտանգի մէջ կ’ապրին փոքր եւ տիրապետուած ժողովուրդները

            Ուքրայինական պատերազմը կրնայ վերջին «դասական»ը ըլլալ, եթէ Ռուսիա իր սպառնալիքները իրականութիւն դարձնէ եւ «թաքթիք» կոչուած հիւլէական զէնք գործածէ: Հակազդեցութիւնները շղթայական պիտի ըլլան: Անմիջականօրէն կը տեսնենք Ուքրայինան, որ պէտք չէ վարագուրէ Հիւսիսային Քորէայի ուժի յարաճուն ցուցադրութիւնը եւ սպառնալիքները: Գումարել Իսրայէլը, Փաքիստանը, Աղուանիստանը…

            Չենք անդրադառնար, որ դասական Առեւտուրի Դիւանագիտութիւնը եւ ուժի վրայ հիմնուած աշխարհակարգը ժամանակավրէպ դարձած են  խաղաղութիւն կարենալ հաստատելու համար, կամ անոր հակասութիւնն են: Դեռ ոչ ոք հարց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ շրջադարձը: Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞վ պիտի փոխարինուի տնտեսութեան եւ ուժի համակարգը, որ միշտ ալ անտեսած է մարդկայինը եւ բարոյականը, թերեւս պէտք է իմանալ նաեւ  հաւասարակշռութեան կամարը պահող բանալի քարի դերը, clef de voûte, զոր կը կոչէին Աստուածային կամ Գլխագիր Բարոյական, որուն պարզ սահմանումը  տուած է իմաստասէրը, երբ կ’ըսէ, թէ «ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»: Այս՝ մարդկային յարաբերութիւններու բոլոր մարզերուն մէջ եւ բոլոր մակարդակներուն: ՄԵԾ ԱՒԵՐը կարելի է կանխել միայն այս իմաստութեան հետեւելով: Ներկայի քաղաքական տրամաբանութեան մէջ  ՄԱՐԴը որպէս փաստարկ կը գործածուի, ան դադրած է ՆՊԱՏԱԿ ըլլալէ: Բայց կրօնական ազդակը այնքա՜ն քաղաքականացած է, որ ան եւս կացութիւնը կը դարձնէ այլապէս պայթիւնավտանգ, կանխատեսելու մղելով քաղաքակրթութիւններու, մշակոյթներու եւ կրօններու համաշխարհային պատերազմ մը կամ պատերազմներ:

            Այսօր Ուքրայինան կը պաշտպանեն եւ անոր անսահմանափակ օժանդակութիւն կը ցուցաբերեն, ընդդիմանալով ռուսական նախայարձակման, վասն ինքնորոշման սկզբունքի եւ ժողովուրդի մը հայրենիքի եւ տարածքի պաշտպանութեան: Սակայն այս պաշտպանութիւնը արդիւնք է սկզբունքայնութեա՞ն, թէ՞ քաղաքական ճապկումներով արտայայտուող կողմնապաշտութիւններու եւ շահախնդրութիւններու հանդէս: Այսինք՝ կեղծիք:

            Թող ներուի Ուքրայինիոյ պարագան դիտել եւ բաղդատել Հայութիւն, Հայաստան, Արցախ, եւ չյարգուած Սեւրի Դաշնագրի տեսանկիւնէն: Մանրուքներ՝ միջազգային հանդէսի բեմադրութիւններուն մէջ:

            Ինչո՞ւ Եւրոպան, Միացեալ Նահանգները եւ բոլոր ժողովրդավարները ոչինչ ըրած են եւ ոչինչ կ’ընեն հայ ժողովուրդին եւ անոր իրաւունք բազմադարեան հայրենիքին համար: Սպայակոյտի շուկայական-շուկայիկ քարտէսներու կողքին ինչո՞ւ չեն դիտեր պատմութեան եւ իրաւունքի վկայ քարտէսները: Միամիտ պէտք չէ ըլլալ խորհելու համար որ չեն գիտեր, բայց նախ մենք պէտք է գիտնանք որ բոլորի շահերու եւ շահակցութիւններու տոմարին մէջ տեղ չկայ հայուն համար՝ որպէս ինքնուրոյն ազգի եւ անոր հայրենատէր ըլլալու իրաւունքի, եւ ըստ այնմ գործել, միանալ, խօսիլ:

            Եթէ չպառակտուէինք, դաշնակիցներ ունենայինք, մէկտեղուած ուժերով ազդէինք միջազգային հանրային կարծիքին վրայ, քննադատէինք «բարեկամներ»ու եւ  միջազգային իրաւարարութեան կոչուածներու կեղծիքը, դադրէինք հաճոյանալէ կրծօններով, ինչպէս է պարագան ցեղասպանութեան ճանաչումներու, որոնց ետին արդարութեան հաստատման ոչ ոք քայլ մը առած է եւ կ’առնէ: Ներկայիս իրաւ կամ կեղծ բարեկամներ եւ խաղաղասէրներ թատրոն կը սարքեն: Քաղաքական կեղծիքի ետին թաքնուելով, մեծ ու պզտիկ խաղացողներ, «մանիթու»ներ, Հայաստան եւ Արցախ կ’երթան ու կու գան, մենք ալ կը հրճուինք մեկնաբանութեան աղմուկով, բայց ոչ ոք նուազագոյն պարկեշտութիւնը ունի, պատմութեան աւանդած իրողութեան կռթնելով ըսելու, թէ որո՞ւ հող-հայրենիքն է Արցախը, ո՞ր ժողովուրդի ժառանգութիւնն են Աղթամարի տաճարը եւ Անին՝ իր աւերակներով: Ըսի՞ն, թէ ինչո՞ւ դրժեցին իրենց վճռած եւ ստորագրած Սեւրի դաշնագիրը: Միթէ՞ բարոյականութեան պարտք չէ այս պահանջը:

            Միթէ՞ յանուն այդ բարոյականութեան պարտք չէ՞ ամբաստանել միջազգային  համայնքը, մեծերը եւ նուազ մեծերը, որոնք մեղսակից են իրենց աչքին առջեւ տեղի ունեցած ցեղասպանական նախաձեռնութեան, որ տեղի կ’ունենայ Եւրոպայի դռներուն, շրջափակուած հայկական հող Արցախի մէջ, ուր սովամահ մանուկներ կան:

            Բայց ինչպէ՞ս կրնանք դիմել միջազգային ատեանններուն եւ հանրային կարծիքին, երբ հայանուն վատսերածներ, քաղաքականութիւն խաղալով կ’առաջարկեն ՀՐԱԺԱՐԻԼ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԷՆ: Ուստի, անբնական չէ, որ Ուքրայինայի համար միջազգային զօրակցութիւն ցուցաբերուի եւ Արցախի շրջափակումը ուշադրութեան արժանի չըլլայ:

            Պարզ է որ մեր իրաւունքին եւ դատին նախ մենք պիտի զօրակցինք, ըլլանք հետեւողական եւ չգոհանանք շաբաթավերջի աղմուկով:

            Եթէ իրապէս, բանիւ եւ գոծով զօրակցած ըլլայինք, Արցախի բնակեցում իրականացուցած կ’ըլլայինք, մեր ներկան տարբեր կ’ըլլար:

            Հորիզոնին վրայ կուտակուող ամպերը տեսնելով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի բնակեցում կ’իրականացնե՞նք այսօ՛ր: Այս ընելու համար Առաջնորդ պէտք է, անսեթեւեթ ըմբռնումով հայրենատէր մարդիկ եւ ժողովուրդ պէտք են, ինչպէս անգամ մը գրած էի, Պեվըրլի Հիլզէն կամ Մանհաթանի Աշտարակներու գագաթէն, կամ այդպէս տեղերէ պէտք չէ Արարատ դիտել եւ անոր գագաթին վառած մոմով ջերմանալ ու երգել:

            Տարիներ առաջ, Հայաստանէն ահեղ թափով սկսած էր արտագաղթը, Երեւան կը պատմէին սրախօսութիւն մը, որ «Եզիտիները կ’ըսեն, թէ հայերը շինեցին Թիֆլիսը եւ տուին վրացիներուն, շինեցին Պաքուն տուին ազերիներուն, շինեցին Երեւանը եւ պիտի տան եզիդիներուն: Ժողովրդական իրատեսութիւն մը:

            Ատրպէյճան իր երէց եղբայր Թուրքիոյ աջակցութեամբ եւ շահախնդրուած երկիրներու տրամադրած զէնքերով, արգիլուած ֆոսֆորային ռումբերով խուժեց Արցախ եւ հայկական ուժերը պարտուեցան: Իրենք զիրենք իրաւարարութեան կոչած մեծեր եւ նուազ մեծեր «շրթներու ծառայութենէ» (lip service) անդին չանցան, եւ անով մենք մեզ օրօրեցինք, յոյսի տիկնիկային թատրոն սարքեցինք, ցատքելով մէկ օդանաւէ միւսը, մէկ մայրաքաղաքէ միւսը, մանր փառքեր շոյելու գոհունակութեամբ:

            Եթէ վաղը շրջափակուած Արցախի մէջ սովամահ ըլլան 120.000 հայեր, մեր ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման   ցարդ անհատացում մնացած ոճիրները Նիւրեմպերկ չունեցան, այսօր ոճիրը կը կրկնուի, ի՞նչ պիտի ըսեն եւ ընեն ՄԵԾԵՐը, ի՞նչ պիտի ըսեն ՄԱԿը եւ անոր ապահովութեան Խորհուրդը: Թերեւս պիտի ըսեն որ եղածը «պատմութեան մանրուք է», un détail de l’histoire, ինչպէս ուրիշ մը օր ըսաւ հրեաներու ողջակիզման համար, բայց այդպէս պիտի մտածեն եւ պիտի գործեն:

            Բայց գէթ մենք պէտք է յանդգնինք քաջութիւն ունենալ եւ ջոկել բարեկամը թշնամիէն, ի հարկին աղաղակել բանաստեղծ Սիամանթոյի պէս. «Ո՜վ մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնեմ քո ճակատին», քանի որ աւելի ի՞նչ ունինք կորսնցնելիք:

            Եւ վերջ տալ ամէն կարգի «շաու«ներու եւ սանդարամէտ ղրկել մեր անմիջական պատմութեան բեմահարթակի բոլոր ամուլ եւ ամլացնող աղմկարարները: Այն ատեն թերեւս կրնանք լաւը յուսալ:

            Բայց այս ընելու համար ներուժ ունեցող ժողովուրդ  պէտք է, պարտութիւն եւ զիջում մերժող ղեկավարութեամբ:

            Կը գտն՞ենք Շաւարշ Նարդունիի «Կատուին կատու պէտք  է ըսել» յանդգնութեան առաջնորդող անպաճոյճ իմաստութիւնը:

            Օգոստոս 10ը եկաւ եւ անցաւ: Յիշել եւ յիշեցնել Սեւրի դաշնագիրը: Ինչպէ՞ս կենդանացնել  դաշնագիրը եւ զայն ստորագրողները հրաւիրել որ իրենք զիրենք յարգեն:   Ճշմարտութիւն եւ իրաւունք յիշեցնել ամէն կարգի անգէտներուն, կեղծաւորներուն եւ խոստմնադրուժներուն:

            Եթէ վաղը ցանկալի խաղաղութեան համար պահանջուի թանգարան դնել ցեղասպանութիւնը եւ Հայաստանի վերջին բեկոր Հանրապետութեան անկախութիւնը, վասն լաւ ապրելու իրաւունքի, գլխիկոր պիտի ընդունի՞նք Հայրենիքի անկախութեան կորուստը եւ մեր անհետացումը, նոյնիսկ եթէ աշխարհի մէջ ոչ ոք պիտի անհանգստանայ: Անոնց կարգին քաղքենիացած հայածնունդներ, որոնք նոր ինքնութիւն ունենալու թափահարումներ կ’ընեն ինքնահռչակուելով որպէս համաշխարհային ազգ:

            «Անտունի» երգողներ պիտի ըլլա՞ն, տառապելով  եւ մղկտալով՝ «իմ հոգին նման է էն փլած տներ», երբ Երեւանը ըլլայ Էրիվան, ինչպէս Սիսը եղած է Քոզան, Լեւոնի բերդը «Եիլան Գալէ:

            Համացանցին դիմեցէ՛ք եւ հարցուցէ՛ք Ստեփանակերտի «météo»ն, պիտի կարդաք… Khankendi… Կրկին կարդալ Սիամանթոյի «Պար»ը: Թերեւս քիչ մը իրատեսութիւն եւ հպարտութիւն կը նուաճենք:

Comments are closed.