Ցեղասպանութիւնը քաղաքական օրակարգի վրայ. Համասփիւռքեան, արտաքին/ռազմավարական, ներՀայաստանեան, համահայկակա՞ն…

Խ. Տէր Ղուկասեան

«Ողջակիզման պատմութիւնը քաղաքական գնահատականի կեդրոնական ուշադրութեան առարկայ է, պատճառն այն է, որ Ողջակիզումը այնքան կարեւոր է ներկայ աշխարհի մեր քաղաքական ընկալման համար, որ մարդիկ շատ կրքոտ եւ երբեմն ալ, դժբախտաբար, շատ տխմար բաներ կրնան ըսել անոր մասին», կ՚ըսէ ֆրանսացի պատմաբան Ֆլորան Պայեարտ արժանթինեան մշակութային շաբաթօրեայի մը իր տուած հարցազրոյցին մէջ[1]: Պատմաբանը Արժանթին էր «Մտքերու գիշեր» փառատօնին մասնակցելու համար արժանթինցի իրաւագէտ եւ Ողջակիզման պատմաբան Տանիէլ Ռաֆեքասի հետ «Վերջնական լուծումը» թեմայով մտքերու փոխանակման հանրային կլոր սեղանին մասնակցելու համար:

Նշենք որ Ռաֆեքասի համանուն աշխատասիրութիւնը՝ Վերջնական Լուծումին Պատմութիւնը[2], լուսարձակի տակ կ՚առնէ Նացիներու մօտէն ճանաչումը Հայոց Ցեղասպանութեան: Գրքի երրորդ գլուխին մէջ, Ռաֆեքաս ցոյց կու տայ, որ նախքան կազի սենեակներու ծրագիրը, Եւրոպայի հրէութեան ոչնչացման համար Նացիները նկատի առած էին Սիպերիան, ուր տեղահանուած հրեաները պիտի տարուէին եւ լքուէին՝ սառնամանիքին մէջ բնաջնջուելու եւ մոռացութեան մատնուելու համար: Այնպէս ինչպէս Թալէաթ Հայկական Հարցին լուծումը ծրագրած եւ գործադրած էր Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին: Անապատի կիզիչ արեւին տակ ամբողջ ազգի մը բնաջնջում/մոռացումը հայութեան պարագային, նոյնը՝ Եւրոպայի հրեաներուն, բայց այս անգամ Սիպերիոյ սառնամանիքին մէջ: Արեւելեան Ճակատի վրայ Նացի Գերմանիոյ պարտութիւնը եղաւ հիմնական պատճառը, որ այդ ծրագրի փոխարէն ի գործ դրուեցաւ Աուսուիչը: Ռաֆեքասի գիրքը, որուն ուսումնասիրական աշխատանքները կատարելու ժամանակ հեղինակը դիմած է Պուէնոս Այրէսի ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ անոր միջոցաւ հանդիպումներ ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով հրատարակութիւններ ունեցող համայնքի ակադեմականներու թէ երկրին մէջ 2006-ի Ցեղասպանութեան Օրէնքի անցկացման համար քաղաքական աշխատանքներուն մասնակիցներուն հետ, վերահրատարակուած է, թարգմանուած է անգլերէնի, տարածուած աշխարհով մէկ, եւ նիւթը, Վերջնական Լուծումի որոշման կայացման ամենայետին ծալքերու բացայայտման անհրաժեշտութիւնը, կը մնայ խիստ այժմէական:

Նոյն այդ հարցազրոյցին մէջ, Պայեարտ նաեւ կը նշէ, որ միջազգային արդարադատութեան անհրաժեշտութիւնը զգացուեցաւ, որպէս հետեւանք Ողջակիզումին. «Ցեղասպանութեան ոճիրը եւ մեր հասկացողութիւնը, թէ որքա՛ն անընդունելի են նման քաղաքականութիւններ, նաեւ հետեւանք են Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին եւ Հիթլերին»:

Այս ըսուածին մէջ նորութիւն չկայ: Ռաֆայէլ Լեմքինի բանաձեւած «Ցեղասպանութիւն» իրաւաքաղաքական յղացքը ինքնին ծնաւ Ողջակիզման երեւոյթին որպէս հետեւանք, եւ յաջորդող տասնամեակներուն ծնունդ տուաւ միջազգային տարբեր հիմնարկութիւններու եւ հայեցակարգերու, սկսելով ՄԱԿ-ի 1948-ի Ցեղասպանութեան ոճիրի կանխարգիլման համաձայնութենէն մինչեւ կէս դար յետոյ Հռոմի համաձայնագիր եւ Միջազգային Քրէական Ատեանի ստեղծում, եւ արդէն քսանմէկերորդ դարուն՝ Պահպանելու Պատասխանատուութեան հայեցակարգ: Ողջակիզման հետեւումով ծնունդ առած միջազգային արդարադատութիւնը, իր կարգին, դուռ բացաւ պատմական յետադարձ ակնարկներու բազմացման, ընդ որում տեսանելի դառնալու սկսան քսաներորդ դարու եւ անկէ առաջ բազմաթիւ պետական ծրագիրներ, որոնց դիտաւորեալ նպատակը, ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն, եղած է ամբողջ հաւաքականութիւններու բնաջնջումը եւ ոճիրի յիշատակին անհետացումը: Այդ յետադարձ ակնարկներու առաջնահերթայիններէն եղաւ Հայոց Ցեղասպանութեան դուրս բերումը համաշխարհային մոռացումէ, ուր մնացած էր որպէս հետեւանք Թուրքիոյ ժխտողականութեան, Խորհրդային կարգերու տակ Հայաստանի մէջ անոր մասին պաշտօնական լռութեան, գոնէ մինչեւ 1965, եւ մեծապետական քաղաքականութեան մեղսակցութեան:

Պատմութեան մոռացութենէն դուրս բերուած ցեղասպանութիւններէն ոչ մէկը, սակայն, յաջողեցաւ Ողջակիզման չափ ունենալ համաշխարհային հնչեղութիւն եւ առաջացնել միջազգային յանձնառութիւն: Պատճառը միայն այն չէ, որ, ինչպէս ֆրանսացի պատմաբանը կը նշէ, Ողջակիզման երեւոյթը ծնունդ տուաւ ցեղասպանութեան ոճիրի դէմ համամարդկային յանձնառութեան անհրաժեշտութեան: Ողջակիզման երեւոյթի միջազգային յանձնառութեան համար նոյնքան հիմնարարական եղաւ անոր ներառումը Իսրայէլի ազգային ապահովութեան ռազմավարութեան եւ դիւանագիտական օրակարգին վրայ, ինչպէս նաեւ այդ օրակարգին այժմէականութիւնը կենդանի պահելու հետամուտ Իսրայէլի պետութեան եւ հրէական սփիւռքի մնայուն եւ հայեցակարգային համագործակցութիւնը: Փաստօրէն, մինչեւ անցեալ դարու եօթանասունական թուականները միջազգային հանրային կարծիքին համար Ողջակիզումը մարդկութեան դէմ միակ ոճիրն էր, որ կը նոյնացուէր ցեղասպանութեան հետ:

Այսինքն, Նիւրեմպերկը, ոճրագործներու պատասխանատուութեան ենթարկումը, արդարահատոյցը եւ Գերմանիոյ մէջ Նացիական անցեալին չվերադառնալու եւ զայն կտրուկ կերպով դատապարտելու շրջադարձը 1960-ականներու աւարտին, ո՛չ Իսրայէլի եւ ո՛չ ալ հրէական սփիւռքին համար նշանակեց, որ Ողջակիզումը այլեւս անցեալի, այսինքն լոկ պատմաբաններու, ձգուելիք հարց է: Ընդհակառակը, յղացքին հռետորական դոյզն նսեմացումն իսկ մինչեւ այսօր ծնունդ կու տայ ե՛ւ պետական մակարդակով, ե՛ւ հրէական սփիւռքի կողմէ բուռն հակազդեցութեան եւ համայն աշխարհին կը յիշեցնէ իր յանձնառութիւնը:

Այսպէս, անցեալ տարուան Օգոստոսին, Պաղեստինցի ղեկավար Մահմուտ Ապպաս Պեռլին իր այցելութեան ընթացքին, մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Իսրայէլը ամբաստանեց 1947-էն ի վեր իր ժողովուրդին դէմ «յիսուն Ողջակիզում» կազմակերպելու: Մամլոյ ասուլիսը Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցին հետ էր, աւարտեցաւ Ապպասի այդ պատասխանէն յետոյ, եւ երկու ղեկավարները իրարու ձեռք սեղմեցին: Շոլցի կողմէ այդ ժեստը պատճառ դարձաւ, որ անմիջապէս իր դէմ տեղալու սկսին ամէն կարգի ամբաստանութիւններ, սկսելով ընդդիմադիր Քրիստոնեայ Ժողովրդավարներէն, մինչեւ Իսրայէլի օրուան վարչապետը, եւ Անկելա Մերքել, որոնք իրեն յուշեցին, թէ չէր կրնար այդպէս անպատասխան թողնել Ապպասի յայտարարութիւնը: Արդիւնքով՝ Շոլց տեղական թերթի մը մէջ յստակացուց, որ գերմանացիներու համար Ողջակիզման որեւէ նսեմացում անընդունելի էր: Արժանթինի նախագահ Ալպերթօ Ֆերնանտէս, որ իր Նախագահութեան առաջին այցելութիւնը 27 Յունուար 2020-ին կատարեց Երուսաղէմ, մասնակցելու համար Ողջակիզման Զոհերու Յիշատակի Միջազգային Օրուան միջոցառումներուն, անցեալ տարի, հրապարակային ելոյթի մը ընթացքին ըսաւ, որ համավարակը համազօր կրնար ըլլալ մէկ կամ երկու Ողջակիզման: Երկրի հրէական համայնքի կազմակերպութիւնները համախմբող կառոյցը անմիջապէս հակազդեց, զգուշացնելով որ կարելի չէ Ողջակիզում յղացքի գործածումը պարզացնել հրապարակային բաղդատութիւններու համար եւ քաղաքականացնել իր իմաստէն դուրս: Միացեալ Թագաւորութեան Պահպանողական Կուսակցութեան պատգամաւոր մը, որ բուռն կերպով կ՚ընդդիմանար պատուաստումին, անցեալ Յունուարին, օրէնսդիր ժողովին իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ, որ Քովիտ-ի դէմ պատուաստումը «Ողջակիզումէն յետոյ մարդկութեան դէմ ամենամեծ ոճիրն է»: Պահպանողական Կուսակցութիւնը զայն վտարեց կուսակցութեան շարքերէն, իսկ Վարչապետ Րիշի Սունաք «անընդունելի» համարեց նման հռետորութիւն եւ վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը՝ «արմատախիլ ընելու հակասեմականութեան պատուհասը»:

Պատմաբան Փիթըր Նովիք իր 1999-ի աշխատասիրութեամբ[3] լուսարձակի տակ առած է քաղաքական գործընթացը, որ 1960-ականներէն սկսեալ Ողջակիզումը վերածեց ԱՄՆ-ի մէջ հրեայ համայնքի համար ինքնութեան յանձնառութեան: Անկախ իր թէզէն, ինչպէս նաեւ մէկ տարի յետոյ Նորմըն Ֆինքըլշթայնի գիրքին[4] առաջացուցած հակազդեցութիւններէն, ինչ որ յատկանշական է Նովիքի ուսումնասիրութեան մէջ՝ Ողջակիզման հարցին քաղաքականացումն է, որպէս ինքնութեան գործօն: Ի մտի ունենալով, անշուշտ, որ քաղաքականացման որեւէ գործընթացի ընդոծին է տուեալ հարցով շահագրգռուած հատուածներու, այս պարագային՝ հրէական համայնքն ու Իսրայէլի պետութիւնը մէկ կողմէն եւ ԱՄՆ-ի քաղաքական վերնախաւն ու իր ընտրական հաշիւները միւս կողմէն, փոխադարձ առաջարկ-պահանջարկ բանակցութիւնը:

Նովիք եւ Ֆինքըլշթայն Ողջակիզման քաղաքականացումը խնդրայարոյց կը նկատեն բարոյական եւ համամարդկային տեսանկիւնէն եւ դիտել կու տան, օրինակի համար, որ այն կրնայ այլ ոճիրներու մասշտապը նուազեցնել: Բայց, անոնց, եւ այլ պատմաբաններու թէ իմաստասէրներու, ակադեմական, բարոյախօսական թէ համամարդկային մտահոգութիւնները հասկնալով հանդերձ, ցեղասպանութեան ոճիրին քաղաքականացումը ունի իր իւրայատուկ Րէզոն տ’Էթր-ը, որ ընկալելի է միայն միջազգային քաղաքականութեան ուժական պայքարի իրապաշտ տրամաբանութեան ընդմէջէն: Այդ մէկը յատկապէս կը վերաբերի ցեղասպանութեան աղէտէն անցած ե՛ւ պետականազուրկ հաւաքականութիւններու, ե՛ւ պետութիւններու, ի մասնաւորի անոնց, որոնք աշխարհաքաղաքականօրէն փոքր եւ խոցելի են:

Արդ, որքանո՞վ Հայոց Ցեղասպանութիւնը քաղաքականացած է ներհայկական թէ միջազգային ոլորտներուն մէջ:

Մինչեւ Հայաստանի անկախացումը այս հարցումը կրնար անիմաստ թուիլ: Հայ ժողովուրդի քաղաքականացումը, հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, սկսաւ Ցեղասպանութեան ոճիրի միջազգային ճանաչման եւ արդարահատոյցի պահանջով: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք ոչ մէկ իրադարձութիւն այնքան բացայայտած էր եւ արմատաւորած հայութեան քաղաքականացումը, որքան Ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցը 1965-ին: Այդ շրջադարձային թուականէն ետք, Սփիւռքի քաղաքականացումը, փաստօրէն, նոյնացաւ Հայ Դատի պայքարին հետ, որ, անխուսափելիօրէն, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ունեցաւ որպէս առաջնահերթային հանգրուան, եւ արձանագրեց թէկուզ եւ սահմանափակ, բայց այնուամենայնիւ նշանակալից յաջողութիւններ: Ցեղասպանութեան քաղաքականացումը, հետեւաբար, իրականացաւ պետականազուրկ բայց համաշխարհային մասշտապով զօրաշարժ կազմակերպելու ատակ Սփիւռք քաղաքացիական հասարակութեան կողմէ, հիմնականօրէն 1965-1985/87 ճակատագրական երկտասնամեակին:

Պատմական պատեհ զուգադիպութեամբ, Սփիւռքի քաղաքականացման այդ հանգրուանի արդէն լրումի ժամանակներուն օրակարգի եկաւ Արցախեան հիմնահարցը, որուն սկիզբէն Սումկայիթի փոկրոմը եկաւ յիշեցնելու, թէ որքան խոր է հայատեացութիւնը եւ որքան այժմէական՝ փանթրքականութեան յանձնառութիւնը ազգակից երկու ժողովուրդներուն՝ թուրքերու եւ ազերիներու, եւ իրենց քաղաքական վերնախաւին մօտ: Պատերազմի վերաճած Արցախեան ազատագրական պայքարին առաջին գիծի վրայ գտնուող հրամանատարներուն մօտ փանթրքականութեան սպառնալիքի չէզոքացման, այսինքն՝ Ցեղասպանութեան կրկնութեան կանխարգիլման, գիտակցութիւնը առկայ էր միշտ: Հայաստանի մէջ, սակայն, անկախութենէն յետոյ իշխանութեան հասած քաղաքական վերնախաւին մօտ արդէն Ցեղասպանութեան ապաքաղաքականացման յստակ որոշում դրսեւորուեցաւ՝ Հայ Դատը, կամ՝ «Հայ Դատականութիւնը» ինչպէս ոմանք փորձեցին միտումնաւոր բնութագրել այդ պահանջատիրութիւնը զայն նսեմացնելու/հատուածականացնելու միտումով, հակադրելով այսպէս կոչուած «պետական մտածողութեան» եւ իր բանականութեան:

Մտահոգութեան կիզակէտին էր Թուրքիոյ հետ Հայաստանի Հանրապետութեան յարաբերութիւններու բնականոնացումը, որուն հետագային կցուեցաւ «առանց նախապայմանի» խնդրայարոյց եւ ամէն ձեւի մեկնաբանութեան համար խիստ առաձգական բանաձեւումը որպէս արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւն: Առաջին Նախագահին եւ իր խորհրդականներուն համար հարցը պարզ եւ մէկին էր. Ցեղասպանութիւնը քաղաքական օրակարգի վրայ չէ, չի՛ կրնար ըլլալ, եւ վերջ: 1998-ի իշխանափոխութենէն ետք հարցը տեղադրուեցաւ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին, բայց ոչ յայտարարութիւններէ անդին: Փաստօրէն, յաջորդ երկու Նախագահներու օրօք, «Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ»ու սկզբունքը միշտ ալ գործնականացման փորձութեան ենթարկուեցաւ ընդհուպ մինչեւ Փրոթոքոլներ: Ներկայիս, Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի պարտութեան պատասխանատուները, որոնք այնուամենայնիւ յաջողեցան իշխանութեան վրայ մնալ, արդէն կը քննարկեն՝ ինչպէ՛ս ընդառաջել Թուրքիոյ դրած նախապայմաններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ յարաբերութիւնները բնականոնացնել՝ «տարածաշրջանային խաղաղութեան դարաշրջան»ի իրենց զառանցանքին ծիրին մէջ:

Իսկ թրքական նախապայմանները արդէն յայտնի են՝ Արցախի ճանաչումը Ատրպէյճանի կազմէն ներս, Ցեղասպանութեան հարցէն վերջնական հրաժարում եւ Թուրքիոյ հետ ներկայ սահմաններու պաշտօնական ճանաչում՝ «հողային պահանջ չունենալու» յայտարարութենէն անդին: Պարտութեան իշխանութիւններուն համար այս նախապայմաններու ընդունումը արդէն հարց չէ: Բայց Թուրքիա նախապայմաններու նշանաձողը բարձրացուցած է եւ աւելցուցած Ատրպէյճանի պահանջած Զանգեզուրի միջանցքը, որով արդէն առաջին յաջող քայլը առնուած կ՚ըլլայ դէպի Փանթրքական ծրագրի իրագործում եւ Հայաստանի անհետացում: Եթէ նախորդ իշխանութիւնները, ի մասնաւորի Սարգսեանի կառավարութիւնը, այն յոյսը ունէր, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականանոցումը կրնայ իրականանալ անջատաբար հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան օրակարգէն, ապա եւ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմը եկաւ պարզ եւ մէկին ցոյց տալու, որ նման սպասում միայն անհեթեթ է: Ատով հանդերձ, ներկայ իշխանութիւններուն համար հայ-թրքական բանակցութիւններու ներկայ փուլին ամէն ձեւական թէկուզ եւ էապէս անիմաստ յայտարարութիւն կամ ժեսթ, ծափահարելի է որպէս առաջընթաց: Շատ հաւանաբար սեփական ձախողութեան հակափաստի մը ինքնախաբէութեան կարգով…

Պահ մը ետ երթանք դէպի ինիսունականներ եւ հարց տանք՝ անկախութենէն ետք, քաղաքական օրակարգի ձեւաւորման գործընթացներուն մէջ, իսկապէ՞ս այնքան ռիսքային էր առաջին օրէն իսկ Ցեղասպանութեան հարցը ընկալել որպէս ռազմավարական գործօն, եւ հայեցակարգային մօտեցումով շաղկապել Հայ Դատի պահանջատիրութիւնն ու նորածնունդ հայկական դիւանագիտութիւնը: Հարցը այն չէ, թէ ինչպէ՛ս կարելի էր ընել: Հարցն այն է, որ երբեք այդ մէկը այլընտրանք չեղաւ, որպէսզի այդ մասին գոնէ ուսումնասիրական/խորհրդակցական մնայուն միջոց մը ստեղծուէր: Հարցը օրակարգի վրայ դրուեցաւ, եւ Սփիւռքի քաղաքական կազմակերպութիւններու հետ պարբերական համագործակցութեան առիթներ ստեղծուեցան միայն առիթներու կամ պատահականօրէն: Միայն Փրոթոքոլներու սառեցումէն ետք, Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրին մէջ, Հարիւրերորդ Տարելիցի միջազգային հնչեղութեամբ, Համահայկական Հռչակագրով, եւ անոր հայկական դիւանագիտութիւնը աշխուժացաւ, ինչպէս երբեք, եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Ցեղասպանութեան հարցով դիմեց տարբեր նախաձեռնութիւններու:

Այդ մէկը արդէն կը յուշէ նման նախանձախնդրութեան մը կարողականութիւնը՝ ե՛ւ համահայկական զօրաշարժի մը առաջացման եւ անոր մնայուն բնոյթի վերածման, ե՛ւ միջազգային օրակարգի վրայ Հայաստանի տեղի եւ ինքնութեան ամրագրման համար: Այդուհանդերձ, Հարիւրերորդ Տարելիցին յաջորդած երկու-երեք տարիներուն, մինչեւ 2018 Ապրիլի ժողովրդային զանգուածային զօրաշարժ եւ անոր հետեւած իշխանափոխութիւն, հայկական դիւանագիտութեան եւ Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի աշխատանքներու փոխ-կապակցութիւնը հայեցակարգի չվերածուեցաւ: Այսինքն՝ Ցեղասպանութեան հարցով հայկական դիւանագիտութիւնը աւելի աշխուժացաւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ, սակայն Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի աշխատանքներուն հետ համագործակցութիւնը մնաց առիթային եւ պատահական, չունեցաւ նպատակասլաց եւ ռազմավարական ուղղուածութիւն: Ապրիլ 2016-ի Քառօրեայ Պատերազմն ու անոր յաջորդած ներՀայաստանեան սոցիալական թէ քաղաքական լարուածութիւնը, առաւել՝ իշխանութեան վրայ գտնուող քաղաքական ուժի առաջնահերթութիւնը՝ Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ իշխանութեան վրայ յարատեւում, անկասկած ունեցան իրենց դերը խոստմնալից գործընթացի մը սառեցման մէջ:

Բայց հոս եւս անհրաժեշտ է հարց տալ, թէ երբեք Ցեղասպանութեան հարցը արտաքին/ռազմավարական օրակարգի վրայ տեսնելու կարեւորութիւնը կը զգացուէ՞ր Հայաստանի քաղաքական վերնախաւին կողմէ: Ի վերջոյ, Համահայկական Հռչակագիրը ի լուր աշխարհին յայտարարած էր, թէ Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը կը թեւակոխէր արդարահատոյցի հանգրուանը, ինչ որ կը պահանջէր արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին ունենալ ծրագիր մը եւ անոր գործնականացման ընթացակարգ: Թէ՞ Հռչակագրին տրամադրուածութիւնը պիտի մնար յայտարարութիւն, գոնէ անորոշ ժամանակի մը համար, որովհետեւ անոր գործնականացումը շատ ռիսքային էր, եւ, ամէն պարագայի, Սփիւռքի «Հայ Դատական»ներուն պետական մակարդակով յանձնառութեան գրաւոր փաստը տրուած էր եւ իրենց ողջամտութեան կը ձգուէր գիտակցիլ, որ «Պետական մտածողութիւնը» իր ժամանակն ու ժամանակացոյցը ունի հարցը օրակարգի բերելու համար…

Կը մնայ, որ հակառակ Հարիւրերորդ Տարելիցի նախօրեակի սպասումներուն, Հայաստանի պետական համակարգէն ներս սփիւռքեան համայնքներու ներկայացուցչութեան եւ/կամ համահայկական խորհուրդի մը առաջացման ծրագիրները չիրականացան: Ի շարս շատ այլ օրակարգային հարցերու, որոնք կրնային սեղանի վրայ դրուիլ, եթէ հայութիւնը, եւ օրուան հայրենի թէ Սփիւռքեան ղեկավարութիւնը, ատակ ըլլար քաղաքական զարգացման որակական նման յառաջընթացի, Ցեղասպանութիւնը եւս աւելի դիւրին, կամ նուազ ռիսքային կերպով, կրնար տեղադրուիլ արտաքին/ռազմավարական օրակարգին վրայ, որովհետեւ, գէթ տեսականօրէն, Հայաստան-Սփիւռք համատեղման կառոյց մը պատեհութիւն ստեղծած կ՚ըլլար հարցի համապատասխան համակարգումի եւ հայեցակարգումի:

Դժբախտաբար համասփիւռքեան զօրաշարժի ատակ կազմակերպութիւնները, որոնք աշխատած էին արդարահատոյցի ծրագրի մը շուրջ, իրենք եւս նախաձեռնող չեղան այդ ուղղութեամբ գործնական քայլերու: Եթէ նման քայլեր տրուեցան ապա եւ չունեցան անհրաժեշտ շարունակականութիւն: Ինչպէս այլ պարագաներու, Քառօրեայ Պատերազմի յաջորդած ներՀայաստանեան մարտահրաւէրներուն առաջնահերթութիւնը եղաւ այն պատճառ/բացատրութիւն/արդարացումը: Արդիւնքով՝ գոնէ Սփիւռքի մէջ եւ թէկուզ առանձին, այսինքն՝ առանց սպասելու հայրենի պետական մասնակցութեան կամ աջակցութեան, արդարահատոյցի հանգրուանը գործնական հունի վրայ դնելու, եւ այդ նպատակով անհրաժեշտ ֆինանսական եւ մարդուժի ներդրումի, նախանձախնդրութիւնը բացակայեցաւ:

Քառասունչորսօրեայ Պատերազմէն յետոյ իշխանութեան վրայ գտնուող քաղաքական ուժին «տարածաշրջանային խաղաղութեան դարաշրջան»ի զառանցանքն ու Թուրքիոյ նախապայմաններու ընդառաջումով յարաբերութիւններու բնականոնացման ձգտելու անպատասխանատու փութկոտութիւնը ոչ միայն բացառած է Ցեղասպանութեան քաղաքականացումը, այլ շատ վտանգաւոր կերպով ուղի կը հարթէ անոր անէացման: Պատերազմի ժամանակ շեշտադրուած կերպով ցեղասպանութեան սպառնալիքի մասին յայտարարութիւններ կատարելէ յետոյ, Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արդէն բացառելու սկսած է յղացքի գործածութիւնը իր հրապարակային ելոյթներուն, ի մասնաւորի միջազգային բեմերէ: Յղացքի հանրային գործածութեան բացառման փորձերուն զուգահեռ, իշխող ուժի ներկայացուցիչ դէմքեր գործածութեան մէջ կը դնեն նոր յղացքներ, ինչպէս «Թուրքիոյ հետ չթշնամանքի յարաբերութիւններ», կը նսեմացնեն Ծիծեռնակաբերդի մէջ թուրք «բլոգեր»ի մը նահատակաց սրբապղծումը, կ՚անտեսեն Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարի Գորշ Գայլերու նշանի սպառնալիք ցուցադրումը իր դէմ բողոքի ցոյցի ելած սփիւռքահայերու, եւ Ապրիլ 24-ի օրով հրապարակային հարց կու տան Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման «յաւելեալ արժէք»ին մասին… Այս բոլորը արձանագրուած է, անոնց մասին տարբեր առիթներու գրուած է, բայց անոնց յիշեցումը կրկին ու կրկին անհրաժեշտ է, որովհետեւ արդէն ներազգային ոլորտի մէջ Ցեղասպանութեան հարցով «յոգնութեան» վտանգաւոր ալիք մը կամայ թէ ակամայ ձեւաւորուելու սկսած է: Այնքան ալ հազուագիւտ չէ լսել Ցեղասպանութեան հարցէն «դեռ չձանձրացա՞ք» հարցումը, աւելի խելամիտները դիտել կու տան, որ աշխարհը այլեւս գիտէ Ցեղասպանութեան մասին, եւ ճանաչումը այլեւս «պէտք է դիտել տարբեր ձեւով» առանց երբեք այդ «տարբեր»ը յստակացնելու, բացի անկէ որ այն Սփիւռքի «աւանդական»էն… տարբեր պիտի ըլլայ:

Անցնող քսանհինգ տարիներու ընթացքին, երբ առաջքը առնուեցաւ առաջին Նախագահի կողմէ Ցեղասպանութիւնը բացառապէս պատմաբաններուն ձգելու որոշումին հաստատագրման, Ցեղասպանութեան հարցը այնպէս ալ չամրագրուեցաւ արտաքին/ռազմավարական օրակարգին վրայ, չստեղծուեցաւ Ցեղասպանութեան միջազգային արծարծման համահայկական հայեցակարգ: Այդուհանդերձ, դրական տեղաշարժեր դէպի քաղաքականացում եւ, թերեւս, համահայկական հայեցակարգի ստեղծում, արձանագրուեցան Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի յանձնառութեան եւ անոր յաջորդած քանի մը տարիներուն: Այսօր, սակայն, Քառասունչորսօրեայ Պատերազմէն ետք, եւ ձեռամբ Ապրիլ 2018-ի իշխանափոխութեամբ պետական համակարգի վրայ տիրապետութիւն հաստատած եւ զայն իրենց ձեռքերուն մէջ պահած խմբակին, Ցեղասպանութեան հարցը կ՚ապաքաղաքականայ: Թէ ի՞նչ է այս ապաքաղաքականացման վտանգը, կամ, հարցը տարբեր դնելով, ի՞նչ է իմաստը Ցեղասպանութեան հարցը միշտ այժմէական պահելու նախանձախնդրութեան, պատասխանը թերեւս պիտի ձեւաւորել հետեւելով Թոպի Լիչթիկի յօդուածին՝ հակասեմականութեան նորագոյն արտայայտութեան մասին[5]: Յօդուածին խորագիրը արդէն կը յուշէ. «Հակասեմականութեան անտեսումը զայն միայն աւելի կը զօրացնէ»: Ցեղասպանութեան մասին լռել, նոր բառապաշար փնտռել, «տարբեր» ձեւով մտածելու ճիգ ընել… մէկ խօսքով՝ Ցեղասպանութիւնը ապաքաղաքականացնել կը նշանակէ հաստատագրել թրքական ժխտողականութիւնը:

Բարեբախտաբար ակադեմական/մտաւորական ոլորտին մէջ, Հայաստան թէ Սփիւռք, գիտակցութիւնը թէ ցեղասպանութեան նման Գերագոյն Չարիքի մը յետին ծալքերու բացայայտումը չի՛ կրնար կանգ առնել՝ բարձր է, եւ կը շարունակուի: Կը մնայ սպասել, որ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ այդ գիտակցութեան մակարդակի տեսլական ունեցող ղեկավարութիւն մը մէջտեղ գայ, որ նախաձեռնէ թէկուզ եւ միակողմանիօրէն, Ցեղասպանութեան հարցի վերաքաղաքականացման, եւ կեանքի կոչէ Համահայկական Հռչակագիրը: Միշտ ի մտի ունենալով որ Ցեղասպանութեան քաղաքականացումը եւ անոր այժմէականութեան պահպանումը համահայկական յանձնառութիւն է, պէ՛տք է ըլլայ, պիտի՛ ըլլայ:

[1]Bibana Ruiz, “El Holocausto posibilitó la justicia global”, Clarín Ñ, 25.03.2023, p. 7.

[2]Daniel Rafecas, Historia de la solución final. Una indagación de las etapas que llevaron al exterminio de los judíos europeos. Buenos Aires: siglo veintiuno editores, 2012.

[3]Peter Novick, The Holocaust in American Life, New York: Houghton Mifflin Company, 1999.

[4]Norman Finkelstein, The Holocaust Industry, New York: Verso Books, 2000.

[5]Tobi Lichtig, Ignoring Antisemitism Only Makes It Stronger, New Lines Magazine, February 3, 2023.

 

Comments are closed.