«Ցեղասպանութեան Որբերը»… Անոնք 400 Հազարէ Աւելի Էին, Իսկ Որբանոցներու Թիւը Կը Հասնէր 125-ի

«Ցեղասպանութեան որբերը». այսպէս վերնագրած է պատմաբան-ցեղասպանութեան անխոնջ հետազօտող, «Հայոց ցեղասպանութիւն. նախափուլ եւ հետեւանքները» մատենաշարի եւ այլ  հատորներու հեղինակ Արա Քեթիպեան Ցեղասպանութեան մասին հրատարակած իր 11-րդ հատորը: 24 ապրիլ 2023-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի տարածքին «Առաջին ալիք»-ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ան խօսեցաւ գիրքին, ինչպէս նաեւ մերօրեայ զարգացումներուն մասին:

1890-1922 թուականներու ամերիկեան մամուլը, ներառեալ առաջատար օրաթերթերը` «Նիւ Եորք Թայմզ», «Պոսթըն Կլոպ», «Քրիսչըն Սայնս Մոնիթըր», «Ուաշինկթըն Փոստ», «Լոս Անճելըս Թայմզ», «Շիքակօ Թրիպիւն», փաստած եւ փաստագրած են օսմանեան Թուրքիոյ` հայերու հանդէպ կատարած ցեղասպանութեան բոլոր մանրամասնութիւնները:

«Ցեղասպանութեան որբերը»` գիրքի վերնագիրը արդէն կը բացայայտէ նիւթը, իսկ փաստական նիւթին ծանօթանալով` շօշափելիօրէն կը տեսնես, որ այդ որբուկներուն 80 առ հարիւրը ազգութեամբ հայեր են: Անշուշտ կային նաեւ բազմաթիւ յոյներ, ասորիներ…

Արա Քեթիպեան մերօրեայ կացութեան մասին խօսելով` կ՛ըսէ, որ 1894-1896 թուականներու համիտեան կոտորածներու ժամանակէն մինչեւ օրս թրքական քաղաքականութիւնը նոյնն է, այսօր նոյն ձեւով կը կրկնուի Արցախի շրջափակումով…

Միայն փաստերով առաջնորդուելու կողմնակից Արա Քեթիպեան ամերիկեան լրագիրներու դրուագները կը վկայակոչէ. «1894-1896 թուականներու համիտեան կոտորածներու ժամանակ Օսմանեան կայսրութիւնը կը կղզիացնէր տարածքները, ուր ո՛չ մտնող ըլլար, ո՛չ դուրս ելլող: Ո՛չ լրագրող եւ ո՛չ օտար-դիւանագիտական անձինք, հիւպատոսական ներկայացուցիչներ` բոլորին ելումուտը կ՛արգիլէին, որպէսզի ականատեսներ չըլլային: Այս պատճառով լուրերը ուշացումով կը հասնէին ժամանակի ամերիկեան թերթերուն. 1894-1896 թուականներուն տեղի ունեցած դէպքերը 1896-1897-ին նոր միայն զանգուածաբար տեղ կը գտնէին մամուլին մէջ, մինչդեռ նախորդ երկու տարիներուն անոնք չնչին էին:

Խօսելով ամերիկեան նահանգներու կազմակերպած դրամահաւաքներուն մասին, որոնք 1900-ական թուականներուն կ՛իրականացնէր ժողովրդավարութեան քարոզիչ եւ տարածող Միացեալ Նահանգները, Արա Քեթիպեան իբրեւ օրինակ նշեց Միջին Արեւելքի, Թուրքիոյ տարածքին` Կոստանդնուպոլսոյ, արեւելեան Պուլկարիոյ մէջ, 1922-էն ետք` Յունաստանի, նաեւ Հայաստանի` Ալեքսանդրապոլի, Ղարաքիլիսայի, Վանաձորի մէջ կառուցուած որբանոցներու մասին, ի յաւելում` Դիլիջանի աչքի վարակիչ հիւանդութեամբ` տրախոմայով հիւանդ երեխաներու համար կառուցուած որբանոցը… Անշուշտ ամէնէն մեծը Ալեքսանդրապոլի որբանոցն էր: Այնքան վատառողջ էին Ցեղասպանութեան որբերը` լեռներէն, ճամբաներու եզրերէն, անտառներէն, տարբեր տեղերէն հաւաքուած երեխաները: Այնքան սովահար էին բոլորը, որ յատուկ սննդակարգով կաթիլ-կաթիլ պիտի կերակրուէին, այդ ալ` բժիշկներու հսկողութեամբ…

Գիրքի յառաջաբանին մէջ հեղինակը կը յիշատակէ փոքրիկ տղայի մը մասին, որուն քաղցած ու բոպիկ գտած ու բերած են մանկատան հիւանդանոց:

«Երեխան շարունակ լացած է` ամէն կերակուր մերժած եւ միայն հաց ուզած է խնամող հիւանդապահ-բժիշկներէն: Հա՜ց, հա՛ց կ՛ուզեմ… Ու երբ վերջիններս անոր ըսած են` հիմա չես կրնար հաց ուտել, ըսած է` ես ուտել չեմ ուզեր, կ՛ուզեմ պահել, որ իմանամ` հացը մօտս է:

«Այս օրինակ մըն է, բայց ընդհանրապէս բոլոր երեխաները հոգեբանական ահաւոր վիճակներու մէջ գտնուած են… Նոյն ձեւով փոքրիկները իրենց տրուած կօշիկները չեն հագած մանկատան մէջ, ու երբ հարցուցած են դայեակները, թէ ինչո՞ւ չեն հագած, ըսած են, թէ կը պահեն, որ երկար քալելու ճամբուն վրայ հագնին…

«Ի դէպ, որբանոցներու մէջ սննդաբաններու հետ այն ժամանակ եղած են հոգեբաններ, որոնք կոչուած էին երեխաներուն մօտ խաղը զարգացնելու, խաղալ սորվեցնելու, որովհետեւ հայ որբուկները, որոնք սեփական անունն իսկ մոռցած էին, նոյնիսկ խաղալ չէին գիտեր, չէին խաղացած երբեք…

«Դոկտոր Մարթին Նիպակեն` գերմանացի փրոֆեսէօր, գերմանական դպրոցի դասատու` 1913-1916 թուականներուն, նամակ յղած էր Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, թէ կ՛ամչնայ իր ժողովուրդին իրականացուցած յանցանքներուն համար: Այդ նոյն ընթացքին  ամերիկեան յառաջատար թերթերը տպագրած էին դոկտոր Մարթինի պատմածը, որ յղում կատարած էր Իրաքի Մուսուլ քաղաքի` Գերմանիոյ հիւպատոսին, իսկ վերջինս ճիշդ այն դիւանագիտական պաշտօնեան էր, որ Մուսուլէն Հալէպ ճամբորդելու ընթացքին շատ վայրերու մէջ սեփական աչքերով տեսած էր փոքր երեխաները. գետնատարած ձեռքեր, ձեռքեր… եւ ձեռքերը այնքան շատ եղած են, որ կրնային ծածկել ճանապարհը քիլոմեթրեր…

«Դոկտոր Մարթին կը յիշատակէ նաեւ փոքրիկ աղջկան մը մասին, որուն զոյգ ձեռքերը կտրուած էին, այսինքն թուրքերը ոչ միայն կոտորած կամ աքսորած են, այլ նաեւ խոշտանգած էին հայ մանուկները: Եւ այդ կատարած էին նպատակային:

«Այսպիսի բազմաթիւ դրուագներ կան նաեւ «Բռնի դաւանափոխութիւնները օսմանեան Թուրքիայում 1895-1920թ.» հատորին մէջ», դիտել տուաւ Արա Քեթիպեան:

Գիրքի յառաջաբանին մէջ ան անդրադարձած է նաեւ թրքուհի Հալիտէ Էտիպ հանըմ Ատըվարին, որ որբերու թրքացման մեծ աշխատանք տանողներէն է:

«Այս կինը ըլլալով Կոստանդնուպոլսոյ աղջկանց ամերիկեան դպրոցի շրջանաւարտ, իբրեւ ժամանակի յառաջադէմ, արեւմտեան արժէքներու հետեւորդ մտաւորական ներկայացած է ամէնուն, ամերիկացիներն ալ փափաքած են զինք հրաւիրել, որպէսզի ելոյթներ ունենայ, իսկ իրականութեան մէջ եղած է երիտթուրքերու պարագլուխներու գաղափարակիցը, հայ երեխաներու թրքացման պատասխանատուն, որուն ժամանակին իր իսկ դպրոցական ընկերուհին` հայուհի Աղաւնի Եղենեանը մերկացուցած է` յայտնելով ամբողջ ճշմարտութիւնը անոր մասին: Ան թերթերու մէջ գրած է, որ` «Իբր թէ Արեւմուտքի գաղափարներով լեցուն սոյն կինը խորքին մէջ խայտառակ կերպար է: Այս փոքր մարմինով կինը, որ այդքան յաճախ կը հպարտանայ, թէ ամերիկեան արժէքներու կրող է, իր ընկերներուն հետ հայ մայրերու եւ ճահիլ կանանց մահը ծրագրած է, յետոյ սկսած է որբ երեխաները թրքացնելու աշխատանքին»: Հայուհին գրած է` «Խորհուրդ կու տամ սա չգայ Միացեալ Նահանգներ», իսկ անոր յօդուածին վերնագիրն էր` «Թուրք Ժան տ՛Արքը»:

Ամերիկացի բարերար Քափոտ Սթեւընսի խօսքերն են` «Թրքական  կառավարութիւնը ամէն միջոց գործադրած է, որ մանկութիւնը սպաննէ»:

Այս խօսքերը Ցեղասպանութեան հետազօտող Արա Քեթիպեանի վերջին` «Ցեղասպանութեան որբերը» գիրքին մէջ զետեղուած են` քաղուած ամերիկեան մամուլի էջերէն: Սակայն ամերիկացի ժողովուրդը գաղափար անգամ չունէր, թէ հայ որբերը իրենց հիմնած մանկատուներուն մէջ հանգրուանելէ առաջ ի՛նչ տանջանքներու մէջէ անցած են: Լրատուութիւն կայ` սնունդի սպասող որբերը, հազիւ մէկէն երեք տարեկան, կողքիններուն վրայ յենելով  կանգնած են եւ մէկ սխալ շարժումով մը արդէն գետին կը տապալին…

Ընդհանրապէս այդ օրերուն Երեւանի եւ Ալեքսանդրապոլի փողոցներու  հիմնական տեսարանը Ցեղասպանութեան որբերն էին` պատերուն յենած, կիսամեռ երեխաները, որոնք կեանքի հետ այլեւս կապ չունէին, մահուան սպասող էին:

1920-1922 թուականներու ամերիկեան մամուլի տուեալներով, 1922-ի վերջին 1 միլիոն 250 հազար քրիստոնեայ մնացած էր Միջին Արեւելքի մէջ, մինչդեռ պատերազմէն առաջ, Ա. Համաշխարհայինէն`  երեքուկէս միլիոն էին… Միայն Թուրքիոյ ամերիկեան որբանոցներուն մէջ 110 հազար որբ երեխայ կար,  90 հազար քրիստոնեայ երեխաներ իսլամացած էին: Ցեղասպանութեան որբերը 400 հազարէ աւելի էին, իսկ որբանոցներուն թիւը 125-ի կը հասնէր: Այս որբերուն 80 տոկոսը հայ որբերն էին:

Ամերիկեան մամուլի ներկայացումով, հայ աղջիկները, որոնք հարեմներու մէջ եղած են,  շատ մեծ հարցեր ունեցած են: Յիշատակենք անոնցմէ մէկը միայն, որով կը բացայայտուի, թէ թուրքերը ի՛նչ սպառնալիքի տակ պահած են զանոնք:

«Օրինակ`  կային տաքգլուխ հայ երիտասարդներ, որոնք կը մտնէին թուրքերուն տուները, ուր  հայ աղջիկներն էին, ամէն տուն չէին մտներ, նախապէս լսած կ՛ըլլային անշուշտ, որ հոն հայեր կային, բայց որովհետեւ թուրքերը սպառնացած են, թէ` որ ըսէք հայ էք, պիտի սպաննենք, անոնք չեն խոստովանած, պահած են, ըսած են` «թուրք ենք»:

Նաեւ շատ են դէպքերը, երբ  հայ կանայք, որոնք թրքական տուներու մէջ եղած ու զաւակ ունեցած են, սպաննած են իրենց զաւակը, որովհետեւ արատ համարած են թուրքէն երեխայ ունենալը: Ի դէպ, որդեգրումներու մասին եւս գիրքին մէջ շատ հրապարակումներ կան մամուլէն:

Ամերիկեան մամուլը կանխաւ կը ծանուցէր թէ՛ մանկատուներու մէջ երեխաները պահելու համար հանգանակութիւններու եւ թէ՛ ալ որդեգրումներու մասին, իսկ երբ  որբերուն որդեգրութեան կու տային, 100 տոկոսով  վստահ կ՛ըլլային, որ ծնողները մահացած են: Օրինակ` դէպքեր եղած են, երբ որդեգրութեան տուած են երեխայ մը, որուն ծնողը աւելի ուշ գտնուած է:

Այդպիսի նշանաւոր դէպքի մը մասին պատմեց Արա Քեթիպեան. «Աղջիկ մը, որ 1919-1920 թուականին ծնած էր, տարագրութեան  ժամանակ ծնողները կորսնցուցած էր, եւ զինք ուղղակի  մահամերձ վիճակի մէջ գտած էին ամերիկացի  բժիշկ ամուսինները: Վերջիններս յոյս անգամ չեն ունեցած, որ աղջիկը կ՛ապաքինի: Բայց… աղջիկը  լաւացած ու յաղթահարած է: Յետոյ, բժիշկին կինը շատ սիրած է հայ աղջիկը, եւ ամուսինները որոշած են  որդեգրել զինք: Այս բոլորէն ետք միայն աղջկան ծնողները գտնուած են, այցելած են իրենց դստեր, բայց… գտնուելէ ետք բժիշկ ամուսիններուն ըսած են, որ աւելի լաւ է մնայ ձեր մօտ, որովհետեւ մեզի հետ ապագայ չունի»:  Քեթիպեանի պատմելով, ամերիկացիի հետ ընտանիք կազմած, երեխաներ եւ թոռներ ունեցած  այս հայուհին  2009-ին` 90 տարեկանին  մահացած է…

Այս պատմութիւնները եւ հոգեբանական զգայնութիւնները կը փաստեն, որ այն ժամանակ Ամերիկան իսկապէս ժողովրդավար եւ իսկապէս  մարդասէր եղած է, աւելի՛ն,  մտածած են, թէ ճիշդը  հայ որբերը մանկատուներու մէջ պահելն է, որպէսզի անոնք չհեռանան իրենց մշակոյթէն եւ ազգականներէն: Հանգանակութիւն-դրամահաւաքներն ալ ընթացած են ամէն որբ երեխայի ամսական  սնունդի համար 5 տոլար սկզբունքով: Եւս 5 տոլար` հագուստի համար: Հանգանակութիւններ կազմակերպուած են բոլոր նահանգներուն եւ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ…

Ֆրենք Պրաունը` միջազգային  կիրակնօրեայ դպրոցներու միութեան ընդհանուր քարտուղարը, յայտնած է. «Մեր կազմակերպութենէն շատ մը առաջնորդներ գացին մեր հաւաքած օգնութիւնը տանելու Միջին Արեւելք, ուր  տեսանք երեխաներ` հայ, սուրիացի, յոյն եւ պարսիկ. այնքան տառապած էին այդ երեխաները, որ նոյնիսկ իրենց անունները  մոռացած էին…»: Իրենք անոնց ընդհանուր անունով մը կոչած են` «Աքսորեաններ», որ կը նշանակէ աքսորի զաւակներ, զորս հաւաքած են որբանոցներու մէջ, ապա` բաժնած:

Ամերիկեան պարբերական մամուլի հրապարակումները կը փաստեն ամերիկացիներուն համակած սարսափներուն մասին: Խօսքը այս պարագային կը վերաբերի Ցեղասպանութենէն փրկուած հայ  որբերու մարմիններուն վրայ թուրքերու ձեռքով կատարուած ահաւոր դաջուածքներուն, որոնց մասին գրուած է նաեւ գիրքի յառաջաբանին մէջ, նշեց Քեթիպեան. «Երբ երեխաները հասան Միացեալ Նահանգներ, անոնցմէ շատերուն վրայ դաջուածքներ կային, ամերիկացիք առաջին անգամ տեսնելով` սարսափած են, որովհետեւ մինչ այդ կարդացած էին թերթերու մէջ թուրքերուն կատարած այդ գազանութիւններուն մասին: Ամերիկայի ժողովուրդը ոտքի կանգնած է` օգնելու հայերուն, բայց որքան ալ տեղեակ էին կոտորածներուն մասին, չէին կրնար պատկերացնել, թէ ինչե՜ր կատարած են թուրքերը: Կը կարծեմ` հայ կիներուն  ու երեխաներուն հետ կատարուածը սեփական աչքերով տեսնելը, անոնց ճակատագիրներուն առնչուիլը  ամերիկացիներուն կեցուածքը փոխեց էապէս: Ի դէպ, շատ կանայք Միացեալ Նահանգներ հասնելով`  իրենց դէմքը այրած են, որպէսզի չերեւան… այս մասին նշուած է թերթերուն մէջ»:

Ուշագրաւ դէպքի մը մասին նաեւ ծանուցած են ժամանակի ամերիկեան թերթերը: Պարզուած է, որ անգամ մը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հրդեհ բռնկած է  թրքական թաղի մը մէջ, ուր տուները փայտեայ էին, ու մինչեւ որ օգնութիւն հասցնեն պատկան կառոյցները,  200 հայ տղաք` որբանոցի տղաները, շղթայ կազմած եւ դոյլերով կրակը մարած են:  Պատկերացուցէք, իրենց ծնողները սպաննած,  զիրենք որբ ձգած թուրքերուն հայ որբերը փրկած են` հանգեցնելով անոնց այրող  տուներուն կրակը…»: Այս կենսաբանութիւն է:

Արա Քիթապեանի տարած աշխատանքը ողջունելի եւ կարեւոր ըլլալու զուգահեռ, մեծ արժէք ունի վաւերագրական իմաստով, որովհետեւ որբերուն ու անոնց անցած ուղիին ընդմէջէն կարելի է վերակազմել հայութեան Ցեղասպանութեան եւ վերապրումի ամբողջ պատմութեան խճանկարը:

Համադրեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Comments are closed.