Տէր Խաչատուրեան. «Շնորհակալութիւն ՀՅԴ Հայ Դատի Նուիրեալներուն, Որոնց Աշխատանքով Կարելի Դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Միացեալ Նահանգներու Կողմէ»

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան 24 ապրիլին Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին վրայ կատարուած յայտարարութեան ընթացքին, խօսելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, նշեց. «Սա իսկապէս պատմական օր է` մեծապէս կը գնահատենք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի` «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթը օգտագործելու կեցուածքը:

«Ան խոստում տուած էր, երբ թեկնածու էր, բայց շատ նախագահներ իրենց թեկնածութեան ընթացքին այդ խոստումը տուած են ու յետոյ չեն յարգած, ուրախ ենք ըսելու, որ նախագահ Պայտընը յարգեց այդ խոստումը: Մենք գիտէինք, որ ինք լայնապէս ծանօթ է հայութեան, Ցեղասպանութեան, լայնապէս մասնակցած էր Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն: Միայն ու միայն կարելի է գնահատել նախագահ Պայտընի այս կեցուածքը», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն աշխատողներուն` Հայ դատի յանձնախումբերուն, գրասենեակներուն եւ հազարաւոր նուիրեալներուն, որոնց տասնամեակներու պայքարին շնորհիւ կարելի եղաւ հասնիլ այստեղ:

Ան նաեւ անգլերէնով արտայայտեց իր երախտիքը Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ ՀՅԴ մարմիններուն ու այլ նուիրեալներուն:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ տարբեր անուանումներով Հայ դատի կառոյցներ գործած են Ամերիկայի մէջ ՀՅԴ-ի հովանաւորութեան տակ 1940-ական թուականներէն սկսեալ: Միացեալ Նահանգները 1951 թուականին արդէն իսկ իր յատուկ փաստաթուղթին մէջ «Ցեղասպանութիւն» եզրոյթը գործածած են, երբ Ռաֆայէլ Լեմքինը արդէն ստեղծած էր այդ բառը: Այդ օրերէն ՀՅԴ-ի ընկերները, համակիրները եւ ժողովուրդը միշտ հետապնդած են  այս հարցը` ըսելով, որ անպայմանօրէն պիտի յաջողին, որովհետեւ այլընտրանք չկայ:

1960-ական թուականներէն, երբ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու բնոյթը աւելի յստակացաւ, քաղաքական պայքարը յատուկ թափ առաւ:

«Երբ կ՛ըսենք տասնամեակներ` նկատի ունինք 1940-ական թուականներէն, բայց մանաւանդ 1960-ական թուականներուն ծաւալած աշխատանքին շնորհիւ շարունակաբար որդեգրուեցան բանաձեւեր Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչների տան եւ Ծերակոյտին կողմէ, իսկ նախագահ Ռիկընը յայտարարութեան մը մէջ նշեց այդ բառը, բայց հպանցիկ ձեւով: Սակայն յստակօրէն հիմա նախագահ Պայտըն եկաւ ամբողջացնելու այդ ճանաչման գործընթացը Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Գործադիր իշխանութիւնը միացաւ օրէնսդիրին, եւ ոեւէ մէկը չի կրնար հերքել այլեւս Ցեղասպանութեան իրողութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ», պատմական ակնարկ կատարեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթի գործածութիւնը նախ բարոյական նշանակութիւն ունի, որպէսզի շատ երկիրներ, որոնք մօտէն կը հետեւին  Միացեալ Նահանգներու կեցուածքին, հիմա կը խրախուսուին, որ իրենք ալ ճանչնան», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

«Կայ, բնականաբար, Թուրքիոյ անդրադարձը. արդէն իսկ Թուրքիան սպառնացած է, որ որեւէ ճանաչում կը նշանակէ յարաբերութիւններու խանգարում, բայց նկատի ունենալով, որ յարաբերութիւնները արդէն ցած մակարդակի վրայ են, կ՛ենթադրեմ, որ թուրքերն ալ կ՛անդրադառնան, որ երբեմն պատմական իրողութիւնները եւ արդարութիւնը շատ աւելի գերակշիռ են, քան քաղաքական հաշիւները», ըսաւ ան:

Ասիկա, ըստ անոր, հարցին մէկ կողմն է: Երկրորդը այն է, որ նախապէս ՀՅԴ-ն յատուկ աշխատանքի ձեռնարկած է իրաւունքներու վերատիրացման իմաստով` պահանջատիրական առումով, բայց նոյնիսկ ամէնէն փոքր քայլերն իսկ, որոնք յաջողութեամբ պսակուած են, ի վերջոյ կասեցուած են, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու շարք մը դատարաններ նշած են, որ արտաքին գործերը նախագահի պատասխանատուութեան տակ են, եւ քանի տակաւին նախագահը պաշտօնապէս չէ ճանչցած, այդ դատերը պէտք է կասեցուին:

«Հիմա, անշուշտ պէտք է քննարկուի, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այդ ուղղութեամբ աշխատանքին վերսկսիլ` հետեւանքներու իմաստով: Եւ շատ աւելի աշխատանք պիտի կարենանք տանիլ հիմա միացեալ ճակատով` թէ՛ Եւրոպայի, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ պահանջատիրութեան օրինական երեսները բացայայտելով», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Այս աշխատանքը, անոր համաձայն, Հայ դատի յանձնախումբերուն հետ պիտի տանի ՀՅԴ-ի ստեղծած` Հայ իրաւունքի կեդրոնը, որ աւելի քան 3 տարիէ ի վեր կը գործէ:

Այսուհանդերձ, ճանաչման գործընթացը պիտի աւարտի, երբ Թուրքիան ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս պատճառով, ՀՅԴ-ի կառոյցներուն աշխատանքը պիտի շարունակուի, որպէսզի Թուրքիոյ վրայ ճնշումը աւելնայ եւ, ի վերջոյ, հասնինք այն օրուան, որ Թուրքիան առերեսուի իր պատմութեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.