Վե՜հ Դաշնակցութիւն

Նախաբան…

Յարմար առիթներով, կը հաւաքուինք տօնախմբելու, հայոց պատմութեան մէջ ընդհարնապէս, եւ հայ ազգային ազատագրական պայքարին մէջ մասնաւորապէս, իր արդար եւ ստոյգ տեղը գրաւող, բոլորիս հարազատ` Դաշնակցութեան տօնը:

Կը հաւաքուինք, մենք զմեզ յիշեցնելու, թէ հայ իրականութեան մէջ անժխտելի եւ անհերքելի ներկայութիւն է, անխոնջ եւ անսակարկ ծառայողն է մեր կուսակցութիւնը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:

Ժողովուրդին ծոցէն ծնած, ժողովուրդին արդար իրաւունքներուն եւ դատին պաշտպան, ընկերվարական եւ ժողովրդավարական, համաշխարհային քաղաքական բեմերէ իր ձայնը լսելի դարձնող, սկզբունքի տէ՛ր կազմակերպութիւն է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը ինքնակեդրոն կամ ինքնանպատակ կուսակցութիւն մը չէ: Ան ինքնագլուխ գործունէութիւն մը չի վարեր, անոր նպատակը գահակալութիւն չէ… չի՛ տառապիր աթոռամոլութենէ, այլ զոհաբերութեան ախոյեան է ան, իր չոր հացէն բաժին հանող, հայութիւնը ամբողջացնող եւ հայ ժողովուրդը համախմբո՛ղ կազմակերպութիւն է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Ահա թէ ինչու, ՀՅ Դաշնակցութիւնը ունի կուսակցականներու փաղանգ մը ամբողջ, ունի համակիրներու զանգուած մը բոլոր, ունի նաեւ… շա՜տ հակառակորդներ եւ մանաւանդ՝ թշնամիներ…

ՀՅ Դաշնակցութիւնը, գործի կուսակցութիւն չէ միայն, այլ եւ մանաւանդ պայքարի կուսակցութիւն է: ՀՅ Դաշնակցութեան գործը պայքար է` յարատեւ պայքար, ոչ թէ միա՛յն մինչեւ յաղթանակ, ոչ թէ միա՛յն մինչեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան, այլ յարատեւ, անդադար, շարունակ եւ անվերջ պայքար մինչեւ… յաւիտեան, որպէսզի անխախտելի, անդրդուելի եւ հաստա՛տ մնայ իր գաղափարական պայքարի տեսլականը՝ ամբողջական Հայաստանի անժամանցելի գոյութիւնը:

Հաւատք…

Եթէ գծագրութեան մը ետին կը հաւատանք, որ կա՛յ, կամ գէթ գոյութիւն ունեցած է գծագրիչ մը, թէկուզ մեզի անծանօթ, եթէ քանդակ մը կ’ենթադրէ քանդակագործի մը ներկայութիւնը, եթէ գիրք մը վկայութիւնն է գրագէտին, երաժշտութիւնն ալ՝ երաժիշտին, ապա ուրեմն այս տիեզերքը վկայութիւնն է ստեղծագործիչի մը, որուն գոյութիւնը կարելի է կեանքի կոչել միայն հաւատքով, այսինքն ժամանակին սլաքը չէզոքացնող իմացականութեամբ:

Այսպիսի խորաթափանց հաւատքի զգայարանքով է, որ միայն կարելի կ’ըլլայ մտքով շօշափել եւ գնահատել Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գործընթացքը: Երթ մը որ ծնունդն է ազատատենչ հաւատքի, կ’ապրի արդարամիտ հաւատքով եւ պիտի շարունակէ հաւատալ ու կառչած մնալ մեր հայրենիքի ամբողջական տեսլականին, մինչեւ վերջին արեւամուտը երկրագունդին:

Եթէ Աստուած մեր նահապետական տունը բարձրադիր ժայռերու վրայ գծեց, եթէ Աստուած մեր պապենական հայրենիքը քարաժայռ լեռներով զարդարեց, մեր ժողովուրդն ալ մնաց երեխտապարտ եւ նոյն այդ իսկ լեռնաքարերով շարունակեց Արարիչին ստեղծագործութիւնը՝ կառուցելով նոյնանման, բայց այս անգամ մարդաստեղծ լեռներ՝ եկեղեցիներ, ու իբրեւ ճշմարիտ հաւատքի իսկական աղբիւր, հայ ժողովուրդը իր հետ շալակած տարաւ ու տարածեց զանոնք մայր հայրնիքին մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհին, իբրեւ խորհրդանիշ մեր բարձրաւանդակ, քարաժայռ լեռներուն, իբրեւ տէր ու տիրականի վկայ արտայայտութիւն:

Եւ այսպէս, Վահան Թէքէեանի բառերով եթէ… «Եկեղեցին Հայկական մէն մի քարին տակ գետնի դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի», հէնց մեր Սասնոյ լեռներուն ամէն մէկ ժայռի ետին, հայ յեղափոխական ֆետայիի մը զոհաբերած կեանքը գոյութիւն ունի, Մուսա լերան բարձրունքին վրայ ազատատենչ ժողովուրդի մը պատմութիւնը գոյութիւն ունի, Էրզրումի հայոց լեռներուն մէջ մեր ժողովուրդին ազատաշունչ հոգու ձայնը գոյութիւն ունի… եւ ամէն մէկ դաշնակցականի միտքին ու էութեան մէջ ամբողջ ազգի մը պայծառ գալիքի երազանքը գոյութիւն ունի…

Ահա թէ ինչու, իսկական շարքային ընկերոջ կեանքը՝ շունչն է պարանը վիզին կախաղան բարձրացող ղեկավարին, իւրաքանչիւր դաշնակցական պարկեշտ ընկեր՝ միտքի ու հոգիի շարունակութիւնն է տմարդի կերպով չարչարուած գաղափարի մարտիկին, բողոքի պոռթկումն է ան՝ կացինի հարուածը դէմքին ստացող բանտարկեալ ազգային գործիչին, բազուկի ուժը՝ զէնքը ձեռքին բռնած վրիժառու ահաբեկիչին, բայց մանաւանդ… կուսակցական ընկերը կը մարմնաւորէ կամքը՝ պատերազմի մէջ ոտքը գետին գամող, աննահանջ պայքարին հաւատացող, խիզախ, գաղափարապաշտ, համեստ եւ ընդհարնապէս անշշուկ եւ աննշմարելի հայ յեղափոխական դաշնակցականի տիպարին:

Անմահութիւն…

Եթէ այլ ժողովուրդներ իրենք զիրենք Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը կը նկատեն, սակայն խաչ կը հանեն ճշմարտախօսութիւնն ու արդարադատութիւնը, մեր ժողովուրդը ի’նքը ընտրեց զԱստուած իբրեւ ճշմարիտ հաւատքի անմահութեան աղբիւր, տարածելով Արարիչին սէրն ու գուրգուրանքը, խաղաղութիւնն ու համբերութիւնը, իմաստասիրութիւնն ու խոնարհութիւնը, եւ այս աստուածահաճոյ յատկանիշներով կեանքի կոչեց մեր ժողովուրդին փրկիչը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:

ՀՅԴ-ն հայ ժողովուրդին ամէնէն ալեկոծ ժամանակաշրջաններուն մի՛շտ ներկայ է իր ժողովուրդին նաւուն մէջ, եւ իբրեւ լուռ բայց արթո՛ւն վարդապետ, հաւատքի կը կոչէ իր իսկ անդամները, երբ փուլ կուգայ մեր երկինքը:

ՀՅԴ-ի հասցէին մեղադրանքի արտայայտութիւններ ոչ թէ կը յուսալքեն մեր ընկերները, այլ աւելի՛ կ’ամրապնդեն ՀՅԴ-ին անհրաժեշտութիւնը մեր ազգային կեանքի առնչուածութեան եւ համախմբումին մէջ, աւելի՛ կը հաստատնեն, թէ տակաւին խելքի չեն եկած մեր ներքին ու արտաքին թշնամիները, աւելի՛ կ’ապացուցեն, թէ ցարդ մեր հակառակորդները չեն ըմբռնած թէ այս կուսակցութիւնը պատահաբար չէ, որ «Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւն»ը վերանուանեց «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն», յեղաշրջելով իր ժամանակաւոր ներկայութիւնը՝ մշտնջենակա՛ն գոյութեան… այլ խօսքով ՀՅԴ-ն ոտնակոխեց մահը եւ դարձաւ անմահ իրականութիւն:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ռահվիրան է հայ ժողովուրդին քաղաքական գոյատեւման: Յարգանքի մեր տուրքը տալով այլ կազմակերպութիւններու ու կուսակցութիւններու, պէտք է ընդունիլ, որ ՀՅԴ-ն միակ քաղաքական կուսակցութիւնն է այսօր, որ իր անխոնջ, մեծածաւալ ռազմավարութեամբ՝ ըլլան անոնք քաղաքական, իրաւաբանական, մարտական, հոգեւորական, մշակութային, մարզական, ուսանողական թէ բարեսիրական ենթակառոյցներով, պատնէշի վրայ արթուն կը մնայ միշտ ի սէր ազգութեան, անոր անժամանցելի պահանջատիրութեան եւ հայրենիքի հզօրացման:

Վերաքննութիւն…

Պահ մը վերաքննենք մենք զմեզ… Արցախը չի՛ կորսուիր, ան գոյութիւն ունէր եւ պիտի գոյատեւէ մեր էութեամբ կամ մեր չգոյութեամբ: Արցախը չի կորսուիր, բայց կրնանք կորսուիլ մենք… Հայաստանը չի՛ ջնջուիր, որովհետեւ անոր յատակագիծը ստեղծագործութիւնն է Արարիչին: Հայաստանը չի ջնջուիր, բայց կրնանք ջնջուիլ մենք… Սփիւռքը չ’անհետանար, որովհետեւ ան եռացող կաթսայ մըն է բազմատեսակ ազգութիւններու: Սփիւռքը չ’անհետանար, բայց կրնանք անհետանալ մենք…

Կրնանք անհետանալ, ջնջուիլ, կորսուիլ մե՛նք, եթէ չկա՛յ ժամանակակից նախապատրաստականութիւն, եթէ չկա՛յ երկարաշունչ կազմակերպուածութիւն, չկա՛յ ծանրախոհ ազգային կրթութիւն, չկա՛յ առողջ սերնդափոխութիւն (1), եւ այս նիւթերուն շուրջ, չկա՛յ հասկացողութիւն, չկա՛յ համաձայնութիւն, չկա՛յ դաշնակցութիւն… բայց մանաւանդ՝ եթէ չկա՛յ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մեզ կը սթափեցնէ ու կ’անդրադարձնէ, թէ մենք պարզապէս անցորդներ չե՛նք Հայաստանէն, ուղեւորներ չե՛նք մենք պարզապէս Կովկասեան տարածաշրջանէն, այլ տէ՛րն ենք մենք մեր հողերուն, իսկական տանտէ՛րը մեր սարերուն ու դաշտերուն:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մեզի նաեւ կը յուշէ, թէ ճակատագրի մէկ պատահար մը չէ՛ մեր հայրենի լեռնաշխարհը կամ… բախտի բերումով գոյութիւն չունի՛ Հայաստանը. առուծախի մէջ չե՛ն Արցախն ու Նախիջեւանը, Արարատն ու Մասիսը եւ մեր պապենական բոլո՛ր հողաշերտերը: Մե՛նք ենք բնիկ ժողովուրդը այդ տարածաշրջանին, տէ՛րը Հայաստանին ու… Դրոյի վերջին պատգամով կը կրկնենք թէ… «Դաշնակցութեան զաւակները իբրեւ հայ ժողովուրդի հարազատ զաւակներ, պիտի շարունակեն այդ պայքարը. արիւնով կ’ըլնի, գրիչով կ’ըլնի, զէնքով կ’ըլնի… մինչեւ Հայը լինի իր երկրին տէրը. Հայը լինի իր ազատութեան տէրը»:

Այս արտայայտութիւնն է այն հաւատքին, թէ Դաշնակցութեան ցանած սերմը չի՛ մեռնիր, այլ ան կը վերափոխուի նո՛ր կեանքի մը, կը կերպարանափոխուի նո՛ր էութեան մը, կը վերածուի նո՛ր իրականութեան մը: Մահը, մարդու գիտակցութեան սահմանափակ կարողութեան սահմանում է՝ Արարիչին հասկացողութեամբ մահ չկայ, այլ կայ միայն կեանքի նո՛ր երանգ, կեանքի նո՛ր կերպար եւ կեանքի նո՛ր շարունակութիւն… Ահա թէ ինչու կը յիշենք, մի՛շտ պիտի յիշենք, ահա թէ ինչու կ’ապրին ու մի՛շտ պիտի ապրին Խանասորեան շունչով տոգորուած մեր բոլոր դիւցազնները… Էրզրումի լեռներէն հնչող զէնքի շաչիւնէն մինչեւ Լիզպոնն ու Արցախը…

Պայքար…

Յաղթանակը, խաղաղ կեանքը, խաբկանքներ են, խաբուսիկ պահեր են անոնք ազգապահպանման ռազմավարութեան եւ ժողովուրդի մը կենցաղավարութեան մէջ. այլ խօսքով՝ խաղաղութեան տարիները, ինչպէս պիտի ըսէր ընկեր Սարգիս Զէյթլեան, նոր պայքարի մը՝ պատերազմի՛ մը պատրաստութեան վաւերական առիթներ կ’ընծայեն պետականութեան ղեկավարներուն եւ իր ժողովուրդին՝ կազմակերպուելու, գօտեպնդուելու եւ դիմագրաւելու նորանոր պատերազմներ, եւ արձանագրելու նորանոր յաղթանակներ, եւ… յաջորդաբար դարձեալ պատրաստուելու նոր պայքարներու եւ ապա նոր յաղթանակներու… Պայքարի անհրաժեշտութիւնը եւ անոր անխուսափելի ներկայութեան գիտակցութիւնը մեր ժողովուրդի գոյատեւման պատմութեան մէջ, քաջածանօթ է մեր ընկերներուն, իբրեւ «Մահ կամ Ազատութիւն» արիւնոտ դրօշը, իբրեւ մեր սրբազան զինանշանը, բայց մանաւանդ այդ հզօր գաղափարաբանութիւնը բարձր պահող կամքի եւ կամեցողութեան երաշխիքը՝ Ռոստոմեան ձեռքը:

Մենք մեր զաւակներուն պէտք է յանձնենք այդ դրօշը, պէտք է մասնակից դարձնենք զանոնք մեր գաղութային կեանքի բարգաւաճման, մեր միութենական, հոգեւոր եւ ուսումնական օճախներու եւ ընդհարապէս սփիւռքի մեր առողջ կազմակերպման եւ գոյատեւման, միշտ մեր ազգին ու հայրենիքին գերագոյն շահերը իրականացնելու նպատակով:

Այո, յարատեւ աշխատանք պէտք է տանինք մեր զաւակները անդամագրելու մեր միութիւններուն, որովհետեւ անդամը կեանքն է միութեան… Ազգային աշխատանքներուն մասնակից, գործունեայ անդամներուն շունչը, անմահութեան կ’առաջնորդեն մեր միութիւնները եւ անոնց ծրագիրներն ու կանոնագիրը:

Հարց տանք մենք մեզի թէ… «ի՞նչն է պակաս իմ Կիկոյին, որ չեմ գրել ֆետայի…»: Ֆետայի ո՛չ անպայման իբրեւ յեղափոխական զինուորագրեալ մարտիկ, այլ նաեւ մարտիկ՝ գաղափարի, մարտիկ՝ մշակոյթի, պատմութեան, կրօնքի բայց մանաւանդ հմուտ մարտիկ՝ քաղաքագիտութեան…

Քաղաքականացում…

Այսօր, հայ երիտասարդը/պարմանուհին պէտք է բնորոշուի ո՛չ միայն հայագիտութեամբ, այլ առաւել, եւ մանաւանդ, այլագիտութեամբ, այսինքն՝ միջազգային եւ համազգային քաղաքագիտութեամբ… Հայ երիտասարդին առաջնահերթ եւ անյետաձգելի զէնքը պէտք է ըլլայ քաղաքականացումը, այլ խօսքով՝ ո՛չ միայն մեր շահերը իւրարցնող քաղաքագէտը, այլ մանաւանդ ուրիշին շահերով հետաքրքրուող դիւանագէտ եւ մասնագէտ, բայց ազգայնամոլ հա՛յ գործիչ: Քաղաքականացումը ճիշդ ուղին է, որպէսզի մենք կարենանք բանակցիլ ա՛յլ ազգութիւններու հետ եւ իրագործել մե՛ր շահերը՝ ցեղասպանութեան ճանաչումն ու անոր զուգահեռ եւ անբաժան պահանջատիրութիւնը: Անշուշտ զարմանալի չէ երբեք, որ երիտասարդութեան քաղաքականացումը, արդէն իսկ հիմնական աշխատանքներէն մէկն է ՀՅԴ-ի դիւանագիտական բանակին՝ Հայ Դատի յանձնախումբներուն եւ անոր իրաւաբանական ենթակառոյցին, ի սփիւռքս աշխարհի:

Պէտք է հայ նոր սերունդը զգոյշ ըլլայ ժամավաճառ հայրենասիրական խօսակցութիւններ մտիկ ընելէ, անիմաստ թղթակցութիւններ կարդալէ եւ միջազգային շահամոլ խոստումներու արտայայտութիւններէն… Այսօր աշխարհը չէ այն ինչ կը թուի ըլլալ… այլ Սիամանթոյի օրերէն իսկ եւ ի՛ր բառերով մենք՝ թքած ունինք այս աշխարհի մարդկային արդարութեան ճակատին: Քաղաքակրթութիւն մը, որ բարիին մասին կը քարոզէ, բայց չարագործութիւն կ’ընէ…

Պէտք է հայ նոր երիտասարդութիւնը քաջատեղեակ ըլլայ, թէ միջազգային բարեկամութեան նժարի չափանիշը շահն է. եթէ շահը շատ է եւ ծանր կը կշռէ, ապա ուրեմն հոն կայ «բարեկամութիւն», իսկ եթէ հակառակը՝ հէնց «թշնամութիւն» կամ գէթ՝ անտարբերութիւն: Ընկեր Զէյթլեանի մեկնաբանութեամբ «Այսօրուան բարեկամին մէջ տեսնել վաղուան թշնամին, իսկ այսօրուան թշնամիին մէջ տեսնել վաղուան բարեկամը»:

Նոր սերունդը պէտք է նաեւ իմանայ, թէ միջազգային արդարութեան նժարին չափանիշը ուժն է. եթէ զօրաւոր ես, ապա արդար ու ճշմարիտ ես, իսկ տկարը՝ միշտ անարդար եւ կեղծարար… Աւետիք Իսահակեանի բացատրութեամբ՝ «Իրաւուքը ուժն է միայն… ճշմարտութիւն չկայ ուրիշ…»:

Արդեօք առաջին անգա՞մն է, որ կը լսենք այս իրականութիւնները, կամ… տակաւին չե՞նք հասկցած անոնց իմաստը… Արդեօք չե՞նք կարդացած Րաֆֆիի վէպերը կամ Չարենցի գործերը… Արդեօք չե՞նք լսեր Խրիմեան Հայրիկը կամ Գարեգին Նժդեհը… Արդեօք իրապէս գիտե՞նք մեր պատմութիւնը…

Այս եւ նոյնանման հարցումներուն պատասխանները մեզ կը գնահատեն եւ կը զետեղեն հայկական մարդուժի նժարին մէկ կամ միւս կողմը… անհոգ թէ մտահոգ, շատախօս թէ գործունեայ, անձնասէր թէ ծառայասէր, անտարբեր թէ մասնակից, ինքնահաւան թէ միասնական…

Միասնականութիւն…

ՀՅԴ-ն ջանք չի խնայեր, որպէսզի համահայկական մարդուժը աճի ու զարգանայ, ըլլայ զօրաւոր եւ գործէ միասնակամ: Հետեւաբար, դասական մեր երեք կուսակցութիւնները՝ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մրցակից կուսակցութիւններ չեն, այլ անոնք հայ ժողովուրդի գոյատեւման ճամբուն վրայ մասնակից կուսակցութիւններ են: ժամանակի ընթացքին, բարնորոգումներու պահանջատիրութիւնը, Մուշի, Վանի, Կարսի ու Արտահանի ազատագրումը եւ ապա ամբողջական, ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականը կ’ենթադրէ մէ՛կ նպատակ: Արդ, ՀՅԴ-ն կ’աշխատի համախմբել հայ ժողովուրդի բոլո՛ր ուժերը եւ ձեռք բերել տնտեսական եւ քաղաքական ազատութիւն բոլո՛ր հայերուն համար անխտիր:

Եւ տակաւին, ՀՅԴ-ն քաջատեղեակ է, որ Հայաստանը պէ՛տք է ունենայ «քանի մը ուժեղ, կայուն սկզբունքներու եւ ծրագիրներու վրայ հիմնուած քաղաքական կուսակցութիւններ: Կուսակցութիւններ, որոնք կը վայելեն հասարակութեան յարգանքն ու վստահութիւնը եւ կ’արտացոլացնեն մեր հասարակութեան քաղաքական միտքն ու ձգտումները» (2): Ահա թէ ինչու ՀՅԴ-ն զօրավիք կը կանգնի դասական մեր քաղաքական կուսակցութիւններուն:

Արդ՝ ՀՅԴ-ն պէտք ունի մե՛ր մասնակցութեան, մե՛ր ժամանակին, մե՛ր գործունէութեան, մե՛ր նիւթականին, մե՛ր աշխատանքին, մե՛ր մտքին, հոգիին, կեանքին… բայց մանաւանդ մե՛ր հաւատքին, որպէսզի աւելի հեշտ ըլլայ անոր ճանապարհը, որպէսզի «անմար մնայ մեր գլխին, ՀՅԴ-ին արեւը»… որովհետեւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը արդարադատութեամբ կ’արժեւորէ իր ազգին զաւակները եւ կը գնահատէ իր հասարակութեան գիտակից ներդրումը հայրենակերտումի աշխատնաքներուն մէջ: Այդպիսով կարելի կ’ըլլայ ու պէտք է, որ ըլլայ, միայն մե՛ր անսակարկ նուիրումով եւ մե՛ր յարատեւ ներդրումով եւ ոչ թէ ուրիշին սպասելով, ուրիշին վստահելով եւ կամ այլ ակնկալութիւններով…

Վերջաբան…

Ինչպէ՞ս չխոնհարիլ այս գերագոյն գիտակցութիւնը մարմնաւորող կազմակերպութեան առաջ, ինչպէ՞ս չյարգել անոր անկեղծ, խոնարհ եւ յանդուգն ազգային ազատագրական պայքարի բոլո՛ր գործիչները, ինչպէ՞ս անտարբեր մնալ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծածաւալ աշխատանքներուն, երբ ան մի՛շտ եւ ամէ՛ն անգամ իր լաւագոյնը կը զոհաբերէ մեր պետութեան հզօրացման, ժողովուրդին բարեկեցութեան եւ հայրենիքի ամբողջական հողին պաշտպանութեան… վկայ իր 133-ամեայ ազգային գոյապայքարի պատմութիւնը…

Ահա թէ ինչո՛ւ հայ յեղափոխական դաշնակցականին սրտին ու արեան մէջ տոգորուած է մայրենի հողին բոյրը: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր ֆետայիներուն ամենէ՛ն աւելի արբեցուցած է հայրենի լեռնաշխարհին սէրը, եարի փոխարէն գրկած են զէնքը, փուք ու բորանին պահած են մեր գիւղերը, մութ բանտերու մէջ անցուցած են իրենց մատղաշ կեանքը, որովհետեւ անոնք քաջածանօթ են Խրիմեան Հայրիկին պատգամին՝ թէ հողը կորսնցնող ժողովուրդը կը դառնայ մուրացկան… Հողը՝ կենդանութիւն պարգեւող հրաշագործ աստուածանիւթը, հողը՝ որմէ եւ ինքն Աստուած ստեղծեց մարդ արարածը…

Հաւատքի այս ապրումներով թրծուած ու լիացած, լեզուի ու կրօնքի հանդէպ իր հաւատքը ղայիմ բռնած (3), հայրենիքին օդով աճո՛ղ, բայց անոր շունչով անմահացող, տառապա՛ծ, բայց վիշտերուն չհաւատացող, տանջուած, բայց տանջաքը անտեսող, խեղդուա՛ծ, բայց կախաղանը յաղթահարող, անշունչ ինկա՛ծ, սակայն մահը հերքող՝ տարօրինակ մարդ արարած է (4) Հայ Յեղափոխական Դաշնակցականը:

Ահա այս զարմանալի հաւատքին իբրեւ արդիւնք, հայը ժայռէն հանելով իր օրհասական հացը, կերտեց առաջին անկախութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան: Իսկ անտարբեր մարդկութեան «քաղաքակիրթ» անապատին մէջ, հայ ժողովուրդը կառչեցաւ իր երրորդութեան հաւատքին. հաւատք ոչ միայն Աստուածային երրորդութեան՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգիին, հաւատք ո՛չ միայն կեանքի լուսաբեր երրորդութեան՝ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ, այլ հաւատք հայերնիքին եռագոյն դրօշակի՛ն, եւ հաւատք մանաւա՛նդ՝ Քրիստափոր, Ռոստոմ, Զաւարեանիին:

Ահաւասիկ հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ գոյատեւումի իսկական երաշխիքը, Հայկ Նահապետէն մինչեւ օրս եւ տակաւին շարունակելի հա՛յ կեանքի գրաւականը, ահաւասիկ նաեւ մեր թշնամիները սարսափեցնողը՝ մեր մարտունակ, մեր նպատակասլաց, մեր վճռակամ եւ պինդ հաւատքը, որուն պատճառաւ սպաննուեցան մարգարէաշունչ մեր բանաստեղծները, անհետացան հաւաքական ուժի մէջ փրկութիւն շեփորող մեր ռահվիրաները, առեւանգուեցան գաղափարախօս մեր առաջնորդները, նահատակուեցան պսակաւոր մեր մտաւորականութիւնը, խաչուեցան մեր կրօնականները, եւ տեղահան եղաւ մեր անմե՜ղ ժողովուրդը… սակայն անսասա՛ն մնաց մեր հաւատքը, որովհետեւ, ի զարմանս մեր թշնամիներուն, որոնք միշտ մեռելներու մէջ փնտռեցին հայ ժողովուրդը, մենք կառչած մնացինք մեզի Գողգոթայէն անդին կենդանութիւն պարգեւող շունչին՝ Հայ Յեղափոխական վե՛հ Դաշնակցութեան:

Արդ, եկէք վերաշխուժացնենք մեր հաւաքական գոյապայքարը, վերակենդանացնենք մեր գործուն մասնակցութիւնը եւ վերանորոգենք «հայրենիքը ամէ՛ն բանէ վեր» գերադասելու մեր հասկացողութիւնը ու Ռուբէն Հախվերդեանի հետ միասին երգենք.

Մեր հայրենիքը մեր միակ բոյնն է,

Մեր միութիւնը՝ հզօրութիւն է,

Մեր հին ընկերը՝ Դաշնակցութիւնն է:

Փառք ծնունդիդ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն,

Հազար փառք քու աննկուն ընթացքիդ, եւ

Փառք առաւել՝ գալիք յաջորդ աշալոյսիդ:

Կարպիս Մեշէֆէճեան

_____________________________________________

Մէջբերումներ.-

  1. Վիգէն Աբրահամեան, «Կազմակերպուածութեան Առաջնահերթութիւները», Հորիզոն, 12 Դեկտեմբեր 2023.
  2. Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, «Ինչո՞ւ Դաշնակցութիւն», 2007. Տե’ս կայքէջ.- http://www.arfd.am/new/library/6523/
  3. Խաչատուր Աբովեան, «Ա՜խ Լեզուն, Լեզուն», 1939.
  4. Մուշեղ Իշխան, «Տարօրինակ Մարդ Արարած»:

Comments are closed.