Վախճանեցաւ Հայագէտ Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան

կիրակի, 11 ապրիլ 2021-ին կեանքէն հեռացաւ հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան (մկրտութեան անունով` Յակոբ):

Ծնած է Պէյրութ, 27 յուլիս 1937-ին, Ս. Ղազար հասած է 17 յունուար 1950-ին, նորընծայութիւնը սկսած է 13 օգոստոս 1955-ին, ուխտադրութիւնը` 15 օգոստոս 1956-ին, քահանայական օծումը ստացած է 12 օգոստոս 1962-ին, վարդապետական աստիճանը ստացած է 5 ապրիլ 1992-ին:

Հռոմի համալսարանին մէջ ուսումնասիրած է փիլիսոփայութիւն, աստուածաբանութիւն եւ հոգեւոր երաժշտութիւն, Հռոմի Գրիգորեան համալսարանէն ստացած է փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան դոկտորի կոչում: Երկու տարի ուսանած է նաեւ Վենետիկի գեղարուեստի ակադեմիային մէջ:

Հոգեւոր եւ ստեղծագործական աշխատանքներուն զուգահեռ կատարած է նաեւ խմբագրական աշխատանք, եղած է Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն, դասաւանդած է հայկական կրթօճախներուն մէջ: Հեղինակած է բազմաթիւ գիրքեր` հայերէն եւ օտար լեզուներով: Եղած է Մխիթարեան միաբանութեան պաշտօնական ամսագիրի` «Բազմավէպ»-ի խմբագրապետ:

Հեղինակ է գրականագիտական, հայագիտական, արուեստի ու մանկավարժութեան վերաբերող հայերէն եւ օտար լեզուներով բազմաթիւ յօդուածներու եւ աշխատութիւններու:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.