Սրբազան եղբայր

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Սրբազան եղբայր,
Քեզ «Սրբազան ամմօ» կը կոչէին եղբօրդ զաւակները, թոյլ տուր ուրեմն, որ ես ալ այդպէս կոչեմ քեզ՝ «Սրբազան եղբայր«, կամ նոյնիսկ՝ «Եղբայր Սրբազան», քանի որ մեր հանդիպման առաջին պահէն իսկ եղբայրական այդ փոխադարձ զգացումը ունեցանք իրարու հանդէպ։
Արդարեւ, մօտաւորապէս նոյն ժամանակ եկանք Մոնթրէալ, դուն իբր հովիւ, ես իբր հօտիդ մէկ անդամը, գրեթէ տարեկից (դուն էիր երէցը) եւ ի սկզբանէ դարձանք գործակիցներ, գաղափարակից ու համախոհ, նոյն մտահոգութիւններով, նոյն ցանկութիւններով ու երազներով մեր համայնքի կեանքին ու ապագային նկատմամբ։
Արդարեւ, ո՞վ կարեւորութիւն կու տար նորելուկ երիտասարդի ելոյթներուս, դիտողութիւններուս եւ առաջարկներուս, եթէ ոչ առաջին հերթին դուն, անդրադառնալով հանդերձ, որ տարբեր մօտեցումներ կը ցուցաբերէին մեզմէ աւելի խոհուննե՜րն ու իմաստուննե՜րը։
Դուն պաշտօնիդ բերումով, ես ալ լոկ իբր անդամ, երբ կը մասնակցէինք եկեղեցւոյ անդամական ժողովներուն, աչքերուդ իսկ մէջ կը կարդայի արտայայտած գուցէ շա՜տ զարտուղի թուացող տեսակէտներուս համամտութիւնդ։ Ու կը ժպտայինք իրարու՝ եթէ կարեւորութիւն ընծայէին ըսածներուս, եւ միասին կը թօթուէինք մեր ուսերը՝ եթէ չընկալուէին այդ ըսածներս։
Եւ կը շարունակէինք գործել։
Չեմ մոռնար, եկեղեցիին կողքի փոքր յարկաբաժինդ անգամ մեր այս կամ այն յանձնախումբին կամ վարչութեան ժողովատեղին կը դառնար, եւ դուն կամ ներսը սենեակ մը կը քաշուէիր կամ դուրս կ՚ելլէիր՝ մեզ չխանգարելու համար։
Գիտեմ, գիտեմ որքա՛ն հիասթափ եղար, երբ քու այնքան մեծ ներդրումովդ, նիւթական կռուաններ յառաջացնելու գործին համար թափած այնքան մեծ ճիգերովդ ի վերջոյ իրականութիւն դարձան մեր նոր կեդրոնն ու եկեղեցին, յանկարծ ետ կանչուեցար կաթողիկոսարան։ Նո՜ր պիտի սկսէր համայնքի կերտման բո՛ւն աշխատանքդ, եւ արդէն որքա՜ն գործակիցներ ունէիր պատրաստ, որ միասին կատարէին այդ սրբազան աշխատանքը։ Գիտեմ, Վեհափառը աւելի պատասխանատու գործի մը կը կանչէր քեզ, եւ գիտեմ, բոլորս գիտենք, որ ի՛նչ ձեռնհասութեամբ դարձար Բերիոյ թեմի առաջնորդը։ Այնտեղ ունեցած վաստակիդ վկաները չեն պակսիր անկասկած։
Ուրեմն այդպէս մենք զրկուեցանք քու ներկայութենէդ, բայց կեանքի վերջին տարիներուդ դարձեալ վայելեցինք օրհնաբեր ներկայութիւնդ, հիմա անգամ մը եւս անչափելի զրկանքի կ՚ենթարկուինք մենք։ Ես եղբայր մը կորսնցուցած եղայ, բոլորս՝ անգին հարազատ մը։
Յիշատակդ, սակայն, անմար պիտի մնայ, Սրբազան եղբայր։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
*
Նաեւ նոյն զգացումները՝ Կարօ Մարկոսեանէն
Ի Յիշատակ
Գերաշնորհ Տէր Սուրէն Սրբազան Արքեպիսկոպոս
Գաթարոյեանի
Հոգեւորականի Իսկական Տիպարը.
Քրիստոսատիպ Էութիւն՝ Մարդը.
Լոյսի Քարոզիչը.
Գաղափարի Առաքեալը.
Մեր Հարազատ Եղբայրը.
Մեր Անկեղծ Բարեկամը.
Մեր Սիրելի Հայր Սուրբը.
Մեր Սուրբը…
Կ.Մ.
Լուսանկարը՝ Կարօ Մարկոսեանի

Comments are closed.