Ռուսիա Եւ Իրան Կովկասի Մէջ Դաշնակիցներ Չեն. Իրանի Դեսպան
«Նիւ Եորք Թայմզ»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի յայտնեց, որ Ռուսիա եւ Իրան Հարաւային Կովկասի մէջ տարբեր շահեր ունին:
«Մենք որոշ տարակարծութիւններ, եւ որոշ ընդհանուր շահեր ունինք: Այդ չի նշանակեր, որ մենք դաշնակից ենք»:
«Հակամարտութիւններով լեցուն Կովկասի մէջ Ռուսիա եւ Իրան տարբեր տեսակէտներ ունին առեւտրական ճամբաներու եւ ազդեցութեան բաժանման հարցով», գրած է Նիւ Եորք Թայմզ»ը՝ բացատրելով, որ այս հանգամանքը արեւմտեան երկիրները կը դնէ անսովոր երկընտրանքի առջեւ:
«Իրանցիները հայերուն լաւագոյն բարեկամներն են այս տարածաշրջանին մէջ», յայտնեց Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըր՝ աւելցնելով, որ ատրպէյճանցիները եւ ռուսերը կը վրդովին եւրոպական ներկայութենէն, մինչդեռ Իրան, ըստ երեւոյթին, կ՛ընդունի զայն:
Դիտել տալով, որ տարածաշրջանի ապագային շուրջ լարուածութեան վերջին ալիքը Սիւնիքի շուրջ է՝ «Նիւ Եորք Թայմզ»ը կ՛ըսէ. «Այս պահուն այդ ճանապարհը առանցքային նշանակութիւն ունի իրանեան ապրանքները Պարսից ծոցէն Ռուսիա եւ Եւրոպա հասցնելու համար: Այստեղ է, որ Ռուսիա եւ Ատրպէյճան կ՛ուզեն բանալ դէպի Թուրքիա արեւելք-արեւմուտք ճամբայ մը, որ պիտի ըլլայ Հայաստանի վերահսկողութենէն դուրս: Հայերը մտավախութիւն ունին, որ այդ ճամբան Ատրպէյճան ռազմական ուժով պիտի առնէ։
«Մենք չենք կրնան ընդունիլ միջազգային սահմաններու փոփոխութիւն», հաստատեց Սոպհանի եւ նոյն ատեն խուսափեցաւ յստակացնելէ, որ ի՛նչ պիտի ըլլայ Թեհրանի կեցուածքը, եթէ Ատրպէյճան յարձակի: «Այդ մէկը տեղի պիտի չունենայ», շեշտեց Սոպհանի։
«Նիւ Եորք Թայմզ»ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին, Ագարակի քաղաքապետ Խաչատուր Անդրէասեան պնդեց, որ ինք իրանցի պաշտօնատարներու հետ քննարկած է հարցը եւ վստահ է, որ եթէ որեւէ բան պատահի՝ Իրան անկասկած Հայաստանին օգնութեան կը հասնի:
«Նրանք բոլորն էլ ասում են` եթէ, Աստուած չանի, որեւէ մէկը յարձակուի Սիւնիքի վրայ, մենք ձեզ հետ միասին կը կռուենք», յայտնեց քաղաքապետը:
«Հայաստանի մէջ մտավախութիւն ունին, որ Թրամփի նախագահութեան օրով, Իրանի հանդէպ առաւել կոշտ ամերիկեան քաղաքականութիւնը պիտի հարուածէ իրենց երկիրը եւ պիտի ամրապնդէ Ատրպէյճանը: Անոնք նաեւ կը վախնան, որ Հայաստանին պաշտպանելու Թեհրանի կարողութիւնը կը նուազի, եթէ Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ այժմ շարունակուող հակամարտութիւնը վերածուի լայնածաւալ պատերազմի մը», կը գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»ը:
Հայաստանի մէջ եւրոպական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթ իր կարգին դիտել տուաւ, որ թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Ատրպէյճան այժմ խրամատներ եւ հրետանային դիրքեր կը փորեն՝ վատթարագոյն բեմագրութեան պատրաստ ըլլալու համար:
«Իրանի հետ Հայաստանի նեղ սահմանի երկայնքով` Ատրպէյճանէն մօտաւորապէս 10 մղոն հեռաւորութեան վրայ, խորհրդային տարիներուն կառուցուած, այժմ` լքուած Մեղրիի կայարանն է, ուր ժանգոտ գնացքի վակոնները թաղուած են մոլախոտերու մէջ», կը յայտնէ «Նիւ Եորք Թայմզ»ը՝ ամփոփելով. «Երկաթուղին խորհրդային իշխանութեան օրերուն փոխկապակցուած Կովկասի խորհրդանիշն էր եւ յիշեցում, թէ շրջադարձային ինչ նշանակութիւն ունի այդ տարածքը մինչեւ այսօր»:
Comments are closed.