Պերճուհի Բարսեղեանի «Խանձուած օրեր» եղեռնապատումի Յուշագրութիւնը
Հայոց ցեղասպանութիւնը…
Յուշագրութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Սրտաճմլիկ ու յուզիչ պատկերներ կը տեսնենք հոն, կ՛ըմբոստանանք, կ՛ուզենք պոռթկալ ու վրէժ լուծել… Կարելի՞ է այսքան անմարդկային վերաբերմունք. ի՛նչ գազանային աշխարհ եւ ի՛նչ տմարդի ու անտարբեր կեցուածք աշխարհին կողմէ` ի տես այս բարբարոսութիւններուն…
Սակայն տարբեր է պարագան Պերճուհի Բարսեղեանի «Խանձուած օրեր» ինքնակենսագրական յուշագրութեան, որովհետեւ պատահած դէպքերը այնպէս մը ներկայացուած են, որ յուզումի ու ընդվզումի կողքին ընթերցողին կ՛առթեն նաեւ հպարտութեան զգացում: Գիրքը կարդացողին զգացնել կու տայ, թէ հայը եւս պայքարած է, իր կարելի միջոցներով դէմ դրած է իթթիհատի ճիւաղային ծրագիրին, գէթ չնչին մաս մը ձախողեցնելու նպատակով:
Արդարեւ, «Խանձուած օրերը» յուշագրութեան մէջ աչքի ինկող երկու յատկանշական երեւոյթներ կը գրաւեն ընթերցողը` կրթութիւնն ու իգական սեռին ազգային պարտականութեան գիտակցութիւնը:
Դէպքերը, որոնց մասին կը խօսի հեղինակը, բնականաբար տեղի կ՛ունենան Համաշխարհային Ա. պատերազմին սկիզբը: Պոլիս ենք. հոն կը տեսնենք ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը, մասնաւորաբար դասախօսութիւններու ճամբով զգաստացնելու ու արթնցնելու պոլսահայութիւնը եւ ի մասնաւորի հայ երիտասարդութիւնը… Պոլսահայ հարուստ ընտանիքի զաւակ մեր հեղինակը` խանդավառ տիրող ազգայնաշունչ մթնոլորտէն ու միշտ ընտանիքէն գաղտնի, ներկայ կը գտնուի դասախօսութիւններուն, ուր կը ծանօթանայ դաշնակցական գործիչ ու իր ապագայ ամուսինին` Արա Օտապաշեանին (Վանայ Սարգիս): Հոս է, որ յստակ կը դառնայ ուսման անհրաժեշտութիւնը, մասնաւորաբար իգական սեռին համար ապագայի նկատառումներով` ազգին օգտակար դառնալու: 1915 մարտ-ապրիլ, մտաւորականներու ձերբակալութիւններ, որոնց շարքին նաեւ Պերճուհի Բարսեղեանի ամուսինը, որ տունէն անվերադարձ կը տարուի` թուրք ոստիկաններու առաջնորդութեամբ:
Աննկարագրելի տառապանք, յուզում. որոշ շրջանի մը համար յուսալքում. առանձին իր երեք ամսուան զաւկին հետ ու առանց նիւթական ապահովութեան: Սակայն ի վերջոյ կամքն ու հաւատքը կը վերակենդանանան: Կը տեսնէ իր նմանները ու աւելի վատ վիճակի մէջ եղողները, եւ հոն կը սկսի յուշագրութեան ամէնէն զգայացունց բաժինը, բայց նաեւ ծրագրուած աշխատանքի մը ձեռնարկութիւնը: Հոս ընթերցողը կը փոխադրուի նկարագրուած ժամանակաշրջանը եւ կ՛ապրի սիրտ այրող ու հոգի մաշեցնող հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն բարդ օրերը, երբ պարպուած այր մարդոցմէ եւ մտաւորական խաւէն զրկուած հայ կանայք ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն փրկելու համար առեւանգուած ու բռնի ուժով իսլամանալու ենթարկուած հայ մանուկները, որպէսզի հայը ապրի ու գոյատեւէ… Այո՛ գոյատեւէ, որովհետեւ մտահոգութիւնը, որ կը կճէր անոնց հոգիները, թէ փրկուած մանուկներէն ոեւէ մէկը կրնար ըլլալ միակ ժառանգորդը ամբողջ գաւառի մը. այս իրականութիւնը զանոնք կը մղէր ձեռնարկելու նոյնիսկ փրկութեան ամենաբարդ գործողութեան: Ահաւասիկ, այդ օրերու պայմաններուն մէջ նմանօրինակ գործողութիւններ կազմակերպելը, այդ ալ տառապանք ապրած հայ կանանց կողմէ, իսկապէս յոյս, հաւատք ու հպարտութիւն ներշնչող երեւոյթներ են, ու անոնց ունեցած այդ հաւատքն է, որ զիրենք կը հասցնէ Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութեան…
«Խանձուած օրերը» յուշագրութիւնը յստակ պատգամ ունի փոխանցելու մեր նոր սերունդին ու յատկապէս հայ օրիորդներուն, որոնք պիտի ըլլան մեր ապագայ մայրերը` հայ ազգին սիւները:
Արդարեւ, իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ-երիտասարդուհի պարտ պէտք է զգայ կարդալու Պ. Բարսեղեանի «Խանձուած օրերը» գիրքը, որպէսզի թեթեւնան հայուն այրող հոգիին ցաւերը, ապրելով հայ ըլլալու հպարտութիւնը, զոր իւրաքանչիւր հայ կը զգայ, երբ իսկապէս ճանչնայ իր ազգին պատմութիւնը, ազգ մը, որ դարերով ապրած է, դէմ դրած է ամէն տեսակ դժուարութիւններու, ենթարկուած է Ցեղասպանութեան, բայց տակաւին կ՛ապրի ու իր վրէժը կը լուծէ դարձեալ անկախ հայրենիք կերտելով:
Փա՛ռք մեր Սուրբ նահատակ հերոսներուն, որոնց անմեղ արեան իւրաքանչիւր կաթիլը վերապրողներուն տուաւ կամք ու վրիժառութեան ոգի:
Պատմութիւն եւ մշակոյթ ունեցող շատ ազգեր անհետացած են աշխարհի երեսէն, բայց մենք` ո՛չ: Ուրեմն, ապրէ՛ այդ հպարտութիւնը, որ արդար է իւրաքանչիւր հայու. փոխանցէ՛ յաջորդ սերունդին գիտութեա՛մբ, ոչ` զգացումով եւ դուն եւս մաս կազմէ գոյատեւելու համար հայ ժողովուրդին մղած դարաւոր պայքարին, մինչեւ որ օր մը Մասիսը գրկած անոր շուքին տակ քնանաս…
ՍՐԲՈՒԿ