Ուրուկուէյցի Երեսփոխաններ Եւ Ծերակուտականներ Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղեն Ազատ Արձակելու Պաքուի Մէջ Պահուող Հայերը
Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Անա Օլիվերան, Ուրուկուէյի նախկին նախագահներ Խուլիօ Մարիա Սանկինեթթին եւ Լուիս Ալպերթօ Լաքաժէ Էռեռեան, 45 երեսփոխաններ եւ 4 ծերակուտականներ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղեն ազատ արձակելու բոլոր հայ պատերազմական գերիներն ու պատանդները:
Այս մասին կը հաղորդէ Ուրուկուէյի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը` նշելով, որ ուրուկուէյցի քաղաքական գործիչները այդ մասին յայտարարութիւն հրապարակած են:
«Կ՛ողջունենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ յառաջընթացը եւ կարեւոր կը նկատենք յարգանքը երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ` միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն համապատասխան, ինչպէս նաեւ` մարդասիրական խնդիրներու լուծումը: Այս ծիրին մէջ Ազրպէյճանին` ՄԱԿ-ի Կենսոլորտի փոփոխութեան տարեկան հեղինակաւոր խորհդաժողովը` ՔՈՓ29-ը հիւրընկալող երկրին կոչ կ՛ուղղենք` անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակելու բոլոր հայ պատերազմական գերիները եւ պատանդները` ատով իսկ ամրապնդելով երկու կողմերուն միջեւ վստահութիւնը հաշտեցման այս պատմական պահուն:
«Միեւնոյն ժամանակ, կ՛ընդգծենք ուժի կիրարկման անթոյլատրելիութիւնը եւ ռազմատենչ հռետորաբանութենէն ու ատելութեան խօսքէն զերծ մնալու կարեւորութիւնը` շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման չխոչընդոտելու համար», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Comments are closed.