Ոգեւորիչ հանդիպումներ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Երիտասարդներու հետ հանդիպումները միշտ ալ առիթ են նորոգման, ի՛նքնանորոգման։

Նման առիթներ շնորհուեցան ինծի անգամ մը եւս երբ Լոս Անճելըս կ՚այցելէի Ամանորի շրջանին՝ զուտ անձնական «դրդապատճառներով»։ Արդարեւ, մեր վերադարձէն քանի մը օր առաջ վերաբացուեցան դպրոցները, եւ «Համազգային»-ի նախաձեռնութեամբ հրաւիրուեցայ հանդիպելու երկու ազգային վարժարաններու՝ «Ֆերահեան»-ի եւ «Ալեք Փիլիպոս»-ի երկրորդականի վերջին կարգերու աշակերտներուն հետ։

Նման հնարաւորութիւն շատ քիչ պատահած էր կեանքիս ընթացքին, թերեւս մէկ անգամ։ Միւս կողմէ մի քանի առիթ ներկայացած էր ֆիզիքապէս թէ նոյնիսկ հեռակապով հանդիպելու աւելի վարի կարգերու հետ։ Միշտ ալ հաճելի պահեր եղած էին ատոնք, ու ես հարստացած դուրս եկած էի դպրոցներէն։

Այս անգամ ալ տարբեր չէր կրնար ըլլալ, ու աւելի հասուն՝ պատանեկութենէ երիտասարդութիւն անցնող այդ տղաքը յատուկ կարեւորութիւն ունէին ինծի համար։ Ու չէի սխալած։

Հետաքրքրականը այն էր, որ նոյնիսկ եթէ անոնց հոգիները կը սաւառնէին նոյն ոլորտներուն մէջ՝ ազգայի՛ն ոլորտներուն մէջ,– չէ՞ որ ի վերջոյ ազգային շունչով դաստիարակուող տղաքն էին անոնք,– դպրոցէ դպրոց ու դասարանէ դասարան կը տարբերէին անոնց հարցերն ու հարցադրումները, թէկուզ երանգներով միայն, բայց ոչ միայն երանգներով այլեւ մօտեցումներով եւ կ՚ենթադրեմ ինձմէ իրենց սպասած պատասխաններու ակնկալութեամբ։

Այդ հարցումները միշտ ալ անձնական բնոյթի էին՝ տեղեկութեան կամ տեսակէտի պահանջքով, բայց անձնականին ընդմէջէն կը միտէին ընդհանրականին՝ իրենց հետ առնչումին։ Ես ալ այնպիսի մօտեցում որդեգրեցի, որ նախ ես իրենց հարցումներ ուղղեմ որպէսզի աւելի դիւրութեամբ ստեղծուի հաղորդակցութիւնը՝ «սառը կոտրի»,– ինչպէս կ՚ըսեն,– եւ իրենք ալ աւելի համարձակ ըլլան իրենց հարցումները ինծի ուղղելու համար։

Ընդհանրապէս առաջին հարցումս կ՚ըլլար, թէ գիտէ՞ք ուրկէ կու գաք։ Կը ձգէի, որ առաջին հերթին պատասխանեն՝ Լիբանանէն, Սուրիայէն, Պոլիսէն, Երեւանէն կամ հաստատեն իրենց տեղածին ըլլալը։ Յետոյ կը դնէի հարցումս աւելի միանշանակ, աւելի նպատակաուղղուած՝ իսկ գիտէ՞ք թէ ձեր արմատները ո՛ւր մխրճուած են, հայրենի հողի ո՛ր խորերը, ու այն ատեն մէջտեղ կ՚ելլէին Մուշն ու Սասունը, Քեսապն ու Մուսա լեռը, Մարաշն ու Զեյթունը, Վանը, Երեւանը…

Կը շեշտէի, բնականաբար, կարեւորութիւնը ճանչնալու իրենց արմատներն ու իրենց ժառանգած հարստութիւնը՝ իրենց ծագումին իսկ բերմամբ եւ ականատես կ՚ըլլայի այն հպարտութեան որ կը շողար իրենց աչքերուն մէջ։

Եթէ այդ առաջին հարցումներս դէպի անցեալ կը հայէին, յաջորդ հարցումը կը դառնար դէպի ապագայ. ի՞նչ կ՚ուզէին ուսանիլ, ի՞նչ բարձագոյն ուսման հետեւիլ, ի՞նչ մասնագիտութիւն ձեռք ձգել։ Զարմանալի չէր, որ մեծ էր թիւը բժշկական կամ իրաւաբանական ասպարէզներուն ձգտողներուն, սակայն, յուրախութիւն ինծի, կը տեսնէի քիչ չէին նաեւ ուսուցչական, լրագրական, գիտական, նոյնիսկ աստղագիտական ասպարէզներ որոնողները։ Ասիկա կը հակադրուէր այն ենթադրութեան, թէ ներկայ սերունդը կը ձգտէր այն ընտրել միայն այն ասպարէզները, որոնց ճամբով շատ ու շուտ կրնային հարստանալ… Ափսո՜ս սակայն, արուեստները ի պատուի չէին։ Այս մասին մտածելու են պատկան մարմիններն ու մշակութային միութիւնները։

Հարցումներ ուղղելու կարգը արդէն աշակերտներունն էր, եւ պէտք է խոստովանիմ, որ մտածուած, դիպուկ հարցումներ էին ինծի ուղղուողները, գրեթէ անթերի հայերէնով՝ նոյնիսկ երբ իրենց ձեռքի թուղթերուն կամ տետրերուն մէջ նոթագրուած չէին անոնք ու ինքնաբուխ, մէկ հարցէն միւսը անցնելով կը դրուէին։

– Ո՛ր դպրոցը յաճախած էք։

Եթէ գրել կը սիրէք, ինչո՞ւ ճարտարապետութեան ասպարէզը ընտրեցիք։

Ե՞րբ սկսած էք գրել, ո՛ր թերթին մէջ։

– Ի՞նչ գիրքեր հրատարակած էք։

Ձեր բոլոր գիրքերէն ո՞ր մէկը կը սիրէք աւելի, ինչո՞ւ։

Ո՞րն է ձեր յաջորդ գիրքը։

Ինչո՞ւ Գանատայի հայերը աւելի հայախօս են։

Ո՞րն է ձեր մեծագոյն մարտահրաւէրը։

Կարելի՞ է հայրենիք ստեղծել Սփիւռքի մէջ։

Հայաստան այցելա՞ծ էք։

Նոյն հարցումը երբ ես իրե՛նց կը վերադարձնէի, անխտիր գրեթէ բոլոր ձեռքերը վեր կը բարձրանային։

Եւ այսպէս հարցումները կը յաջորդէին իրարու, իսկ հարցադրողները կարծէք խոստովանահայրեր ըլլային։ Ամբողջ կեանքի մը պատմութիւնը կ՚ակնկալէին լսել, ըրած ու չըրած բոլոր «մեղքերովս»… Իսկ իւրաքանչիւր պահը հազիւ 40 վայրկեան էր միայն։

Ի՞նչ պատգամ կ՚ուզէիք տալ մեզի։

Վերջին քանի մը վայրկեաններն էին մնացած, ու պատգամս եղաւ այն, որ գրե՛ն, մի՛շտ գրեն, սիրե՛ն գրել, մանաւանդ որ կը տեսնէի, թէ գրելու, արտայայտուելու կարողութիւն ունեցողները քիչ չէին։ Ըսի նոյնիսկ եթէ այլ ասպարէզներ պիտի մտնէք, գիտցէք, որ ձեր մտքերը գրի առնելը կ՚օգնէ, որ աւելի յստակ դառնան անոնք ձեզի համար, սորվիք աւելի լաւ բանաձեւել ձեր ըսելիքը ու հաղորդել ձեր խօսակիցին կամ ընթերցողին։

Զանգը հնչեց, ժամն էր բաժնուելու, ու ես հեռացայ այդ հարցումին ու պատասխանիս արձագանգները մտքիս մէջ։ Ո՞ր բանաստեղծին խօսքն էր, գուցէ, զոր ես ալ թերեւս անգիտակցաբար կրկներ էի,– Գիր սիրեցէք…։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.