Յուշարձանները
570
0
Մարուշ Երամեան
Կը յիշէ՞ք այն օրը, երբ Թալիպան Աֆղանիստան մտաւ եւ իր առաջին գործերէն մէկը եղաւ պայթեցնել Պամիյան շրջանի երկու Պուտտաներուն հսկայ արձանները, փոքրը՝ 38 մ., իսկ մեծը՝ 55 մ., որոնք 6-րդ դարէն կու գային:
Մայրաքաղաք Գապուլէն 130 քմ. հեռու, 2500 մ. բարձրութեան վրայ, ժայռերուն մէջ կառուցուած այս Պուտտաները որո՞ւ ուսերուն նստեր էին, որո՞ւ նեղացուցեր էին, որ պէտք էր զանոնք պայթեցնել, կարճ պահուան մը մէջ սրբելով դարերու պատմութիւնը:
Պուտտիստներու համար սրբատեղի համարուող այս արձանները Մետաքսի ճամբուն վրայ կը գտնուէին:
Թալիպանի հիմնադիրներէն Մոլլա Օմարի հրամանով … 2001 թուականին …
Բայց ո՞վ էր Մոլլա Օմար, որ արձանները քանդելու այդ որոշումը առեր էր: Այդ որոշումը ի՞րն էր, թէ՞ ինք հրամաններ կը գործադրէր միայն:
Այդ օրերուն ամբողջ աշխարհը դատապարտեց Թալիպանը, հակամշակութային այս արարքին համար: Բայց ո՞ւր էր «ամբողջ աշխարհը» այդ քանդումէն առաջ, եւ ինչո՞ւ չկրցաւ առաջքը առնել այդ բարբարոսութեան:
Ասիկա առաջին դէպքն էր կեանքիս ընթացքին, երբ մարդիկ դիտումնաւոր կերպով կը քանդէին արուեստի գործ մը, հնութիւն մը. հասկնալի չէր, որովհետեւ մեր մանկութենէն սորվեր էինք, որ արուեստն ու մշակոյթը շատ կարեւոր բաղադրիչներ են, որոնք մարդը անասունի աստիճանէն կը հանեն վեր, ասունի աստիճանին:
Յետոյ վրայ հասաւ նոր Ջուղայի խաչքարերու քանդումը 2005 թուականին, թէեւ շատ աւելի վաղ՝ 1998 թուականէն սկսեր էր խաչքարերու ջարդը: Այդ խաչքարերը, Պամիյանի Պուտտաներուն նման, ԻւՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան ցանկին մաս կը կազմէին, եւ ճիշդ նոյն կեցուածքով աշխարհը դատապարտեց, բայց ոչինչ կրցաւ ընել, կամ ուզեց ընել, հակառակ անոր, որ Հայաստանի պետութիւնը քանիցս դիմած է ԻւՆԵՍՔՕ-ին եւ զգուշացուցած զայն:
ԻւՆԵՍՔՕ-ն՝ Միացեալ Ազգերու կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութիւնը, ստեղծուեր է 16 Նոյեմբեր 1945-ին։
Համաշխարհային Ժառանգութիւն (World Heritage) բաժինը մաս կը կազմէ ԻւՆԵՍՔՕ-ին, որպէս ենթաբաժանում, եւ կը զբաղի բնութեան ու մարդուն կողմէ ստեղծուած մշակութային արժէքներու պահպանումով:
Եւ որպէսզի անաչառ ըլլայ նման վայրերու ընտրութիւնը, Համաշխարհային Ժառանգութիւնը վեց կէտերէ բաղկացած չափանիշերու ցանկ մը հրատարակած է, հետեւեալ ձեւով.
I. Մարդկային ստեղծագործութեան գլուխ գործոց մը պէտք է ըլլայ ներկայացուած հնավայրը.
II. Հնավայրը պէտք է հաստատէ մարդկային արժէքներ, եւ անոնց տուեալ ժամանակահատուածին մէջ, կամ մշակութային որոշ բնագաւառի մը՝ ճարտարապետութեան, գիտարուեստի, կամ ճարտարագիտութեան փոխադարձ ազդեցութիւնը հաստատէ։
III. Հնավայր մը, որ եզակի է կամ առնուազն բացառիկ՝ մշակութային աւանդոյթի կամ քաղաքակրթութեան համար, որ գոյութիւն ունի մինչեւ այսօր կամ արդէն անհետացեր է (եթէ անհետացեր է, ինչպէ՞ս պաշտպանել … Մ. Ե.)։
IV. Հնավայր մը, որ կառուցումի, ճարտարապետական, գիտարուեստական, կամ ճարտարագիտական համալիրի մը, կամ բնավայրի մը ակնառու օրինակ է եւ կը ներկայացնէ մարդկային պատմութենէն կարեւոր շրջան մը։
V. Հնավայր, որ մարդկային կառուցումի ակնառու օրինակ է, հողի եւ ծովու աւանդական օգտագործումով, մշակոյթը, կամ մշակոյթները շրջապատող միջավայրին հետ մարդկային փոխյարաբերութիւններու օրինակ, յատկապէս եթէ բնութիւնը դարձեր է խոցելի ու անշրջելի, փոփոխութիւններու ուժեղ ազդեցութեան պատճառով։
VI. Հնավայր, որ ուղղակիօրէն կամ մասամբ կապուած է իրադարձութիւններու կամ գոյութիւն ունեցող աւանդոյթներու, գաղափարներու, համոզումներու, գրականութեան ու գեղարուեստի հետ եւ ունի համամարդկային նշանակութիւն։
(Ըստ ԻւՆԵՍՔՕ-ի կոմիտէի կարծիքին, այս վերջին չափանիշը նախընտրելի է օգտագործել այլ չափանիշերու հետ):
Այսօր մենք մեզ կը գտնենք զգետնուած, ոչ միայն Արցախը կորսնցուցած ըլլալու իրողութեան ցաւին տակ, այլեւ Արցախի մաս կազմող անհամար հնագիտական վայրերուն եւ կառոյցներուն անորոշ կամ դժխեմ ճակատագիրով:
Ի՞նչ կրնանք ընել այս պարագային, ի՞նչ պէտք է ընել, որովհետեւ ՊԷՏՔ է բան մը ընել, թէեւ հայաստանցիներէն շատ աւելի ծանօթ ըլլալով թուրքին թրքութեան (սփիւռքահայերն ու Արցախի ժողովուրդը շատ լաւ գիտեն ասիկա, վերջինները՝ առաջին ձեռքէ), շատ կը կասկածիմ, որ ԻւՆԵՍՔՕ-ն կարենայ բան մը ընել: ՄԱԿ-ը ի՞նչ կրցաւ ընել, որ իր ենթաբաժանումը՝ «Համաշխարհային Ժառանգութիւն»-ը կարենայ բան մը ընել:
Բոլորս ալ գիտենք (կամ չենք գիտեր), տեսեր ենք ու կարդացեր կամ ոչ, այն բազմաթիւ հատորներն ու պատկերագիրքերը, որոնք լոյս կը սփռեն Արցախի ճարտարապետական կոթողներուն վրայ, որոնցմէ մաս մը ներկայացուած է – թէեւ բոլորը պէ՛տք է մաս կազմեն – ԻւՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան 1199 անուններուն, որոնց 48-ը անդրսահմանային են (Transboundary), 3-ը՝ ցանկէն հանուած (չ’ըսուիր թէ ինչո՛ւ), 56-ը՝ վտանգի մէջ, 933-ը՝ մշակութային (միւսները ի՞նչ են …), 227-ը՝ բնութեան մաս կազմող եւ այլն:
Աշխարհի բոլոր մեծ ճարտարապետներն ու ճարտարապետութեան պատմութեան մասնագէտները միաձայնութեամբ համաձայն են, որ հայկական ճարտարապետութեան, մանաւա՛նդ եկեղեցիներուն ոճը խիստ ինքնուրոյն է, եւ կ’ընդունին այդ ճարտարապետութեան ազդեցութիւնը այլ ճարտարապետական ոճերու վրայ:
Այս բոլորը գիտականօրէն հաստատուած են եւ կարելիին չափ տարածուած միջազգային մամուլին մէջ:
Բայց կը շարունակուի քաղաքական «խաղը», ըսելու համար, որ Արցախը ատրպէյճանական տարածք է. եթէ այդպէս է, ինչպէ՞ս բացատրել եկեղեցիներուն եւ վանքերուն գոյութիւնը, անոնց այդքան մեծ թիւը Արցախի մէջ: Իրանը միակ ներողամիտ իսլամական երկիրն է, ուր հայկական եկեղեցիներն ու վանքերը պետութեան ուշադրութեան առարկաներն են: Այնտեղ երբե՛ք կասկածի տակ չ’առնուիր այդ կառոյցներուն պատկանելիութիւնը, երբե՛ք չի ժխտուիր անոնց ծագումը:
Աշխարհը շատ լաւ գիտէ այս իրողութինը, բայց անշուշտ անգիտանալ կը ձեւանայ:
Եւ կրկին, բիւրերորդ անգամ մենք, մեր պատմութիւնն ու մեր համաշխարհային ժառանգութիւնը կ’իյնանք քաղաքական այնպիսի մեծ խաղի մը մէջ, որ բոլորովին կապ չունի մշակոյթի թէ արուեստի հետ:
Հիմա հարցը այստեղ շատ աւելի ծանր է, քան Արցախի բոլոր կառոյցներուն Համաշխարհային Ժառանգութեան մաս կազմել-չկազմելը՝ անոնց գոյութեան ապահով շարունակութիւնը:
Կ’ըսեն թէ միայն իրենք զիրենք չհաստատած անձերն են – երեւան եկաւ, որ ազգերն ալ այդպէս կրնան ըլլալ – որ կ’ուրանան դիմացինին շնորհները, կը փորձեն անտեսել, ապա չէզոքացնել զանոնք:
Պիտի կարենա՞նք տոկալ ու դիմանալ, երբ …
Չեմ իսկ ուզեր պատկերացնել Արցախի եկեղեցիներուն եւ վանքերուն դժխեմ ապագան:
Անցեալները մէկը հարց կու տար՝ «Հո՞ղը թէ մարդը», ըսել ուզելով ո՞րը նախընտրելի է փրկել:
Անշուշտ հարցումը շատ հռետորական է. բայց մտածել կու տայ:
Եթէ իրապէ՛ս երկիր ենք, եթէ իրապէ՛ս երկրին մասին մտածող եւ անոր շահերուն համար աշխատող պետութիւն ունինք, եթէ իրապէ՛ս դեռ կը շարունակենք ազգ ըլլալ, մեզի համար պատասխանը միանշանակ մէկ է.
Հո՛ղը, անոր վրայ ապրող մա՛րդը եւ այդ մարդուն պատմութիւնը հաստատող բոլո՛ր կոթողներն ու հնավայրերը:
Ուրիշ նպատակ չենք կրնար ունենալ:
Բայց կը մնայ գլխաւորը՝ եթէ …
Comments are closed.