Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակին Առիթով)

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Ծանօթ.  Իբրեւ Ա. բաժին` բացատրական այս նոր յաւելուածով վերստին հրատարակութեան համար մամուլին կը յանձնեմ  յօդուածս, որ լոյս տեսած էր տասը տարի առաջ` 150-ամեակին առիթով: Այն ատեն  արձագանգ չունեցաւ: Կը կարծեմ, թէ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ  է, որ հայ հանրութիւնը, պատասխանատու դիրքի վրայ թէ պարզ ազգային, իրազեկուի Ազգային սահմանադրութեան գոյութեան եւ անոր ոգիին, լուսաբանուի, որ Ազգային սահմանադրութեան դրոյթներով մեր եկեղեցին տարբեր է մեզ շրջապատող միւս եկեղեցիներէն, ան համայնքային իր գործերը կը վարէ  եկեղեցական ու աշխարհական ընտրեալ պատասխանատուներու համերաշխ գործակցութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով: Անբնական պիտի ըլլար արդէն, եթէ համայնքի պատասխանատուութեան մասնակից չդառնար աշխարհականը, քանի որ այս երկուքը` աշխարհական թէ եկեղեցական, կ՛առաջնորդուին ազգային նոյն նպատակներէ եւ այս երկուքի գործակցութեան հանգամանքին շնորհիւն  է, որ մեր եկեղեցիին կու տայ նոր գաղափարներ ընկալելու ընդունակ  նկարագիր, ինչ որ մեր հպարտութիւնն է կամ  պէտք է ըլլայ` հաւասարապէս աշխարհականներուս եւ եկեղեցականներուն համար… (Երուսաղէմն է միայն, որ կը շարունակէ կղերապետական զարտուղի ու խնդրայարոյց ընթացքը, ինչ որ կոտտացող վէրքի մը պէս կը մնայ բաց ու քննելի խոշոր օրակարգ մը` մեր եկեղեցւոյ ծոցին մէջ):

Կրկնեմ, որ Ազգային  սահմանադրութեան մասին հանրութեան իրազեկումը կարեւոր է ու այժմէական, որպէսզի  առաջքն առնուի  եսակեդրոն կամ իւրովի  մեկնաբանութեանց առաջացուցած շփոթին, որ յաճախ անհաճոյ կացութիւններ կը ստեղծէ  քիչ մը ամէն տեղ, հայագաղութներու մէջ… Կ՛ենթադրեմ, որ  սխալած պիտի չըլլամ նշելով նաեւ, որ հանրային գործերու պատասխանատու անձերուն մէջ քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք գիտակ  չեն Ազգային սահմանադրութեան դրոյթներուն, երբեմն նոյնիսկ` անոր գոյութեան մասին:

Ուրեմն անհրաժեշտ է հանրային զրոյցներ ու լսարաններ կազմակերպել ու մամուլի մէջ եւ համացանցի միջոցով անդրադառնալ Ազգային սահմանադրութեան ոգիին ու դրոյթներուն` վեր առնելով մեր եկեղեցւոյ ազգային  ու ժողովրդավար բնոյթը, որպէսզի օտար եկեղեցիներու հետ համեմատութիւններ կատարելով` անտեղի շփոթներ ու հակադրութիւններ չստեղծուին մտքերու մէջ:

Ազգային սահմանադրութիւնը ուժի մէջ դնելու անհրաժեշտութիւնը աւելի այժմէական է ներկայիս, քան` այն ժամանակին, որ վաւերացուեցաւ ան:

Հաւանաբար յստակացման կը կարօտի նաեւ այն իրողութիւնը, որ սփիւռքեան պայմաններու մէջ` թէ՛ աշխարհագրական իմաստով եւ թէ՛  մտայնութեանց փոփոխութեամբ, շատոնց դադրած է այլեւս  եկեղեցական «ծուխ»-ի հին հասկացողութիւնը, հակառակ անոր որ տակաւին  կը պահպանուի ամէն մէկ եկեղեցիին ու եկեղեցականին գործունէութեան համար  շրջագիծ մը: Դասական հասկացողութեամբ «ծուխ»-ը կարելի  էր պատկերացնել եկեղեցիի մը անմիջական տարածքին մէջ բնակող եւ այդ եկեղեցիին պատկանող հայ ընտանիքներով (ծուխ-ծխանի) կազմուած համայնք  մը, որուն հոգեւոր առաջնորդէ մը աւելի՛ն կը նկատուէր եկեղեցականը: Երկար ժամանակէ ի վեր փոխուած են պատկերը եւ մտայնութիւնը: Իբրեւ մէկ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆ` հսկայ տարածք  ունին  հայագաղութները, որոնց մէջ եկեղեցիին հետ  առաջնորդող գործօններ են` կուսակցութիւնները, մարզական, բարեսիրական, մշակութային կազմակերպութիւնները, մամուլը, ակումբ-հաւաքատեղիները եւ այլն: Սփիւռքահայը թօթափած է արդէն ծխականի մտայնութիւնը եւ եկեղեցական համայնքին կապուած նոյն հաւատարմութեամբ կապուած է նաեւ իր պատկանած կուսակցութեան ու կազմակերպութեանց կամ հետեւորդն է անոնց: Այս իրականութիւնը շեշտակի, գրեթէ հրամայակա՛ն կը դարձնէ աշխարհական մարմիններու եւ եկեղեցականներու սերտ ու համերաշխ գործակցութիւնը, ինչ որ խորքային հրահանգն է Ազգային սահմանադրութեան: Ասկէ անդին ժամավաճառութիւն է յաճախ լսուող բանավէճը «հեղինակութիւն» կոչուող հանգամանքին  մասին, որ ձեռք կը բերուի միա՛յն ու միայն արտադրուած գործքով եւ ըստ անոնց ծաւալին ու արդիւնքին…

Մեր եկեղեցին

1863 թուականի մարտ 30-ին օսմանեան արքունիքէն պաշտօնապէս կը վաւերացուէր հայ համայնքի Ազգային սահմանադրութիւնը, որով եւ գործնականօրէն եւ օրէնքի տառովն ալ կ՛ամրագրուէին Հայ եկեղեցւոյ ժողովրդավար հանգամանքն ու նկարագիրը:

Հին ժամանակներէն, իր ակունքներուն մէջն իսկ  մեր եկեղեցին կղերապետական հաստատութիւն  չէ եղած: Ժառանգութեան իրաւունքով հօրմէ որդի յաջորդած քանի մը կաթողիկոսներու  համեմատաբար կարճ շրջանէ մը ետք, ազնուականներէ կազմուած «աշխարհաժողով»-ն էր, որ կ՛որոշէր կաթողիկոսութեան յարմար թեկնածուն` անշուշտ թագաւորին ազդեցիկ միջամտութեամբ:

Պետականութեան կորուստէն ետք, պարսկական, թիւրքմէնական, թրքական թէ այլ դաժան տիրապետութեանց ձիգ դարերուն մեր եկեղեցին բնականաբար ինքն իր մէջ կը կծկուէր. բռնատիրական վարչակարգերու ազդեցութեան տակ իշխող խաւին չարաշահումներն ու խաթարումները թէեւ անխուսափելի իրենց վարակը կը ձգէին կարգ մը եկեղեցականներու վրայ, այդուհանդերձ, եկեղեցին միշտ կը շարունակէր մնալ կազմակերպումի եւ համախմբուածութեան սքանչելի ու միակ   միջնաբերդը, ուր կը պահպանուէին` հայութիւնը իր անցեալին կապող ազգային արժէքներն ու մշակոյթի մնացորդացը, աւանդոյթներն ու ծէսերը, լեզուն ու գրականութիւնը:

Ամէն գիւղ ու աւան, նոյնիսկ ամէնէն յետինը կ՛ունենար իր եկեղեցին ու հոգեւոր առաջնորդը, որոնց շնորհիւ կը կազմուէր համայնքը, որ միեւնոյն հաւատքին հետեւող մարդոց համախմբուածութիւնն է: Քահանան կրօնի ծիսակատարն էր, գիւղացիները մխիթարողը, գիւղին  խոստովանահայրն էր, վէճերուն լուծում տուող դատաւորը, խրատողն ու խորհրդատուն, յաճախ նաեւ` դաստիարակը: Համեստ ուժերով եւ իր համայնքին հետ ծէսի ու աւանդութեանց ճամբով ազգային թթխմորին պահապանը:

Աւելի վերջ, ձեռնտու պայմաններու յառաջացումով եկեղեցին կը վերածուէր նաեւ մտաւոր լուսաւորութեան կեդրոնի` իր նպաստը բերելով զարթօնքի շարժումին, որ ազգի վերակառուցման ուղին հարթող պայքարի հրաւէր մըն էր: Եւ` այնպիսի միջավայրի մէջ, որ հեռու էր Եւրոպայէն, անհաղորդ` անոր քաղաքակրթական յառաջընթացին եւ շրջապատուած` մոլեռանդ ու յետամնաց ժողովուրդներով…

Այս պատկերը հանենք իր ժամանակի ու միջավայրի պարունակէն եւ զայն տեղադրենք ներկայ օրերու մէջ եւ պիտի հաստատենք, որ աւանդութիւնը կը շարունակուի:

Ցեղասպանութենէն ետք, տեղահանուած մնացորդացը, անասելի թշուառութեան մէջ շուար ու կամակոր հայ հաւաքականութիւններ, զանազան շրջաններու մէջ  համայնքային դիմագիծ ու ջիղ կը ստանային` նոյնպէս տեղահան եղած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շնորհիւ: Հետագային ալ, սփիւռքի ընդարձակումով,  կաթողիկոսութեան գործը կը ծաւալէր: Միջինարեւելեան երկիրներ, արաբական անապատային քաղաքներ, Ամերիկա, Քանատա ու մինչեւ Վենեզուելա հայութեամբ բնակուած վայրերու մէջ ի հոգեւորս ծառայողներ կը ղրկուէին` եկեղեցիներ  կառուցելու, եկեղեցիներու միջոցով ու շուրջ համայնքային կեանք ու աշխուժութիւն ստեղծելու եւ համախմբել ջանալու համար ցրուած հայութիւնը: Եւ` այնպիսի անհրապոյր վայրերու մէջ, ուր  պիտի դժկամէին-չուզէին գործուղուիլ հանրային այլ մարզերու նուիրուած գործիչներ:

Հարց է, թէ առանց եկեղեցիի ու եկեղեցականի դերակատարութեան, տեղահանուած հայ հաւաքականութիւնները արդեօ՞ք պիտի կարենային կազմակերպ  հայագաղութներու վերածուիլ թէ ոչ…

Կը տեսնենք, որ վերը նշուած պատկերին միեւնոյն  դերակատարները (եկեղեցւոյ սպասարկողները) միեւնոյն դերին մէջն են, անշուշտ` նորովի պատշաճեցումներով ու արդի ըմբռնումներով, քանի որ այլեւս կրօնականը իր անձին վրայ չի կեդրոնացներ անցեալի հանգամանքները, ազգայիններն ալ ատենի գիւղացիները չեն` եւ մանաւանդ որ 160 տարիներէ ի վեր  կեանքի կոչուած է եւ ի զօրու կը մնայ  ԱԶԳԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ:

Դարերու ընթացքին եւ մինչեւ այսօր Հայ եկեղեցիին ուժն ու կենսունակութիւնը հաւանաբար կը կայանան այն իւրայատկութեան մէջ, որ անոր պաշտօնեաները, այսինքն եկեղեցականութիւնը ինքզինք չէ նկատած ու չի նկատեր առանձին ու անջատ դասակարգ մը, այլ կը համարէ անքակտելիօրէն նոյնացած ազգայիններուն ու ազգին հետ: Եկեղեցի ու ազգայիններ փոխադարձ հանդուրժողութեամբ եւ միեւնոյն մտահոգութիւններով ու թիրախներով վարած են ու կը վարեն ազգին գործերը` մղուած ազգային միեւնոյն շահերէ ու նպատակներէ:

Շահերու եւ նպատակներու այս նոյնութիւնն է արդէն, որ մեր եկեղեցիին կու տար ու կը շարունակէ տալ իւրայատուկ եւ նոր գաղափարներու ընդունակ նկարագիր, կորուսեալ պետութիւնը փոխարինող դերակատարութիւն, որուն համար ալ արդէն ազգայինները կաթողիկոսներուն տուին թագաւորներու յատուկ տիտղոսը, այսինքն` «Վեհափառ» կոչումը:

Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան հիմնադրութիւնը եւ Ազգային սահմանադրութիւնը

Թուրքերու Մահմետ Բ. Ֆաթիհ (յաղթական) սուլթանը 1453-ին Կ. Պոլիսը գրաւելէ քանի մը տարի ետք իր մօտ կը հրաւիրէր իրեն բարեկամ Պուրսայի Յովակիմ եպիսկոպոսը եւ զայն կը հռչակէր պատրիարք` հպատակ հայերուն համար: Հայաստանի մէջ թիւրքմէններու դէմ անոր մղած կռիւներուն ընթացքին հայերուն  հաւատարմութեանը դիմաց` բարեացակամ փոխադարձութիւն մըն էր այս նախաձեռնութիւնը, միաժամանակ կը  հետապնդէր քաղաքական նպատակ այն իմաստով, որ իր բարեացակամութիւնն ու հայկական պատրիարքութեան մը գոյութիւնը պիտի քաջալերէին աշխատասիրութեամբ ու ճարտարութեամբ համբաւեալ հայերը, որպէսզի  համախմբուէին իր նոր մայրաքաղաք Կ. Պոլսոյ մէջ եւ շէնցնէին զայն, երկրորդ` տեղի յոյներուն պատրիարքութեան հեղինակութիւնը պիտի հաւասարակշռուէր, եւ երրորդ` իրեն հպատակ հայերը ի հոգեւորս պիտի խզուէին Էջմիածինէն,  որ կը գտնուէր Թուրքիոյ մրցակից եւ թշնամի Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ: Այդ խզումը առաջքը պիտի առնէր Էջմիածնի միջոցով Թրքահայաստանի մէջ խլրտումներ յառաջացնելու պարսկական հաւանական դաւերուն:

Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան հիմնադրումով, օսմանեան տիրապետութեան բովանդակ շրջանին, կայսրութեան մէջ ապրող հայերուն քաղաքացիական կեանքը վարելու իրաւունքը կը վերապահուէր եկեղեցիին` սուլթանին կողմէ հաստատուած կանոնագրութեամբ մը: Տարիներու ընթացքին մայրաքաղաքին մէջ հետզհետէ կը ձեւաւորուէր հարուստ ու պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ բարեկամական ծանօթութիւններ հաստատած հայ ամիրայական դասակարգ մը, թիւով` շուրջ 200, որ իբրեւ նորաբոյս «ազնուականութիւն»` պատրիարքներուն հետ կը ղեկավարէր հայ կեանքը: Բնականաբար այդ ամիրաները ունէին իրենց առաջնային օրակարգը, սեփական հարստութիւնն ու ծանօթութիւնները չվտանգելու կանխահոգութիւնը եւ նկատի չէին առներ հայ զանգուածներու սպասումներն ու կարիքները` անտեսելով հետզհետէ սաստկացող անոնց դժգոհութիւնները:

Ամիրաներու կամայական ու ինքնագլուխ գործունէութեան դէմ արհեստաւոր պարզ ժողովուրդին դժգոհութիւնը կը մեծնար, պայքարի տրամադրութիւնը կը ծաւալէր  յատկապէս 19-րդ դարու կէսերուն, երբ հրապարակ կու գային Եւրոպայի մէջ ուսանած եւ ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարներով ներշնչուած երիտասարդներ, որոնք ազգային միութեան գետինը պատրաստելով` հաւասարութեան սկզբունքին վրայ իրարու կը մօտեցնէին երկու հակադիր դասակարգերը եւ ժողովրդավարական հիմքի վրայ կը պատրաստէին ազգային սահմանադրութիւն մը` 1860-ին, որ սուլթանական պետութեան կողմէ կը վաւերացուէր երեք տարի ետք` 1863-ի մարտի 30-ին:

Ազգային սահմանադրութիւնը իր ժողովրդավար հիմունքով դարձակէտ  կը դառնար ոչ միայն ընտրովի ներկայացուցիչներով ազգային գործերը ղեկավարելու իր էութեան համար, այլ նաեւ` հայ մարդուն մէջ յանձնառութեան ու կամաւոր մասնակցութեան այնքան կարեւոր զգացումը  զարգացնելու տեսակէտով: Ազգին ու ազգայինին միջեւ փոխադարձ կապուածութիւնը կը պայմանաւորուէր պարտաւորութեան սկզբունքին վրայ միայն, որ հայրենազուրկ ժողովուրդի մը վերապրումին համար հրամայական պահանջ մըն է:

«Իւրաքանչիւր ազգային պարտաւորութիւններ ունի ազգին հանդէպ եւ փոխադարձաբար ազգն ալ պարտաւորութիւններ ունի ազգայիններուն հանդէպ»:

Ահա` հիմնական ու խտացեալ սկզբունքը, որուն վրայ կը կառուցուէին Ազգային սահմանադրութեան հրահանգները:

Ատով թրքահպատակ հայերը ձեւով մը կ՛ունենային ներքին անկախութիւն` իրենց կրօնական, ամուսնական, ժառանգական, մշակութային թէ կրթական կեանքը վարելու`  համապատասխան խորհուրդներով ու մարմիններով, ինչպէս` ուսումնական, տնտեսական, դատաստանական, կալուածոց խորհուրդներ եւ այլն: Մանրատիպ կառավարութեան մը աշխատանքի շրջագիծ, որմէ քաղուած փորձառութիւնը յաջողութեամբ ու արդիւնաւորութեամբ պիտի կիրարկուէր նաեւ սփիւռքեան կեանքի մէջ:

Երջանկայիշատակ Սահակ Բ. Կիլիկիոյ աքսորեալ կաթողիկոսը իմաստութիւնը կ՛ունենար հայագաղութներու կազմակերպման համար իր գրաւը դնելու Ազգային սահմանադրութեան վրայ, երբ 1931-ին Հալէպի մէջ պատգամաւորական ժողովին կը յայտարարէր. «Տարակոյս չկայ, որ թեմերու կազմակերպումը պիտի կատարուի Ազգային սահմանադրութեան ոգիով ու սկզբունքով…»: Այս կը նշանակէր, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը յանձնառու կը դառնար առաջնորդուելու Ազգային սահմանադրութեամբ, որ պատրաստուած ու վաւերացուած էր Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան համար:

Եւ իրապէս, 1863-էն մինչեւ այսօր, հայրենազուրկ հայութեան ազգային կեանքը կը ղեկավարուի միեւնոյն սահմանադրութեան դրոյթներով, անշուշտ ըստ պահանջի` որոշ բարեփոխութիւններով: Պոլսոյ պատրիարքութեան փոխարէն` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն է, որ կը ղեկավարուի եւ իր թեմերը կը ղեկավարէ Ազգային սահմանադրութեան սկզբունքներով:

Դժուար պիտի ըլլար սփիւռքը պատկերացնել այնպէս, ինչպէս որ կայ ան այսօր` առանց Ազգային սահմանադրութեան:

Սպասելի է, որ համազգային տարողութեամբ արժեւորուի Ազգային սահմանադրութեան վաւերացման 160-ամեակը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.