Ձեռքդ Վա՛ր ՀՄԸՄ-էն

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ

Վերջին երեսնամեակին այդ տղաքը սորված են զանազանել իշխանութեան եւ հայրենիքի միջեւ ակներեւ, սկզբունքօրէն հիմնական տարբերութիւնը. ամենէն պարզը՝ առաջինը միայն այսօրն է, երկրորդը՝ մշտնջենականը.

Ընկերային ցանցերուն մէջ անունս մի՛ փնտռէք. պարզապէս այդտեղ չկամ: Սկիզբէն մերժած եմ գտնուիլ վայրի մը մէջ, ուր մարդիկ կրնան գործել կեղծ անուններով, իրենց արտայայտութիւնները կրնան շարադրել անստոյգ կամ անստուգելի տեղեկութիւններ տարածելով, ի վիճակի են առանց պատասխանատւութիւն կրելու բարձրաձայն խօսիլ ուրիշներու արժանապատւութիւնը վիրաւորելով, երբեմն ճիշդ ու ճշմարիտ տեղեկութիւններու, բայց նաեւ՝ հասարակ բամբասանքներու, մինչեւ իսկ՝ միտումնաւոր կէս-իրականութիւններու կամ բացարձակ սուտերու վրայ հիմնուելով. մարդ ի վիճակի չէ հակակշռելու. մինչեւ որ նետուած սուտին հակազդեցութիւնը իրականանայ, ճշմարտութիւնը ներկայացուի, սուտը արդէն իր անվերադարձ աւերը գործած է: Այսօր մեր հայրենիքի տխուր վիճակը արդիւնքն է այս նորարար միջոցներու տարիներու ընթացքին անհակակշռելի ու անթափանց, կրկնեմ, անպատասխանատու չափազանցեալ գործածութեան:

Վերջին օրերուն բարեմիտ ընկերներ զիս տեղեակ պահեցին այս ձեւի երեւոյթի մը, որուն քննադատութեան առարկան ՀՄԸՄ-ն է, ակնարկելով այս բացառիկ պատանեկան ու երիտասարդական միութեան ներկայիս ընթացքի մէջ եղող Համահայկական 8-րդ խաղերուն անոր մասնակցութեան, քանի անոնք կազմակերպուած են Հայաստանի ներկայ անմխիթար կացութեան պատասխանատու ՀՀ անարժան իշխանութիւններուն կողմէ: Արդարեւ՝ մարդ չի կրնար պնդել, որ ներկայ իշխանութիւնները ազգային շահերը պաշտպանողի դեր խաղացած ըլլան իրենց աւելի քան հնգամեայ գործունէութեան ընթացքին. հակառակին փաստերը կը վխտան եւ օրէ օր կ’աւելնան. ազգային ուղղութիւն որդեգրած մարդն այլեւս չի կրնար չընդունիլ այս դժբախտ իրականութիւնը: Բայց ի՞նչ կապ ունին այդ իշխանութիւնները համահայկական խաղերուն հետ: Անոնք կը մերժե՛ն համահայկակականութիւնը: Անոնք կը միտին հայութիւնը հաւաքականութենէ վերածել մասնիկներու՝ անհատներո՛ւ:

Այս խաղերուն ՀՄԸՄ-ի ներկայութիւնը քննադատողները անխուսափելիօրէն կը բաժնուին երկու խումբի: Առաջինը՝ զիս հետաքրքրող խումբը, սրտցաւ ՀՄԸՄ-ականներն են, որոնք կ’ուզեն իրենց հայեցողութեան համահունչ դիրքի վրայ տեսնել իրենց միութիւնը: Անկախ իրենց տեսակէտի իրաւացիութենէն կամ ոչ, իրենց կարծիքի հրապարակային արտայայտութիւնը որեւէ օգուտ չի կրնար բերել իրենց միութեան, ոչ ալ իրենց դատին: Պարզ է բոլորին համար, որ իրենց հիմնադրութենէն ի վեր համահայկական խաղերը իշխանութիւններու կողմէ չեն կազմակերպուիր, այլ՝ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէին կողմէ, ներկայ դրութեամբ՝ քառամեակը անգամ մը. ներկայ կոմիտէն կը գործէ, առանց ընդմիջումի, 2011-էն ի վեր:

Երկրորդ խումբը կը կազմուի անոնցմէ, որոնք խորքին մէջ չունին տեսակէտ, անտարբեր են, սակայն նուիրուած են ուրիշներու կողմէ տարածուող վատառողջ նպատակներ հետապնդող գաղափարներու տարածման: Անոնք իրենց գրառումներով կը միտին պարզապէս անհամաձանութիւններ սերմանելու ՀՄԸՄ-ի նման կազմակերպ կառոյցներու տկարացման, անոնց մէջ աստիճանաբար ցանելով պառակտումի հունտերը: Այս ձեւով է, որ երբեմնի կուռ կազմակերպութիւններ կարճ ժամանակի մէջ նետուեցան ներքին անվերջ պայքարներու յորձանուտին մէջ:

Հարկաւ ՀՄԸՄ-ի նման ուժեղ կառոյց մը ապակայունացնելը բաւական դժուար գործ է. ատիկա կը վկայէ միութեան աւելի քան հարիւր տարիներու կեանքը: Հիմնուելով Պոլսոյ մէջ, այո՛, Պոլսոյ մէջ 1918-ին, ան շուտով արմատ նետեց նորանկախ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան մէջ. Պոլիսը մեզի համար Թուրքիա չէր, այլ՝ արեւմտահայութեան մշակութային մայրաքաղաքը: Հետագային՝ զարգանալով եւ ուռճանալով արեւմտեան սփիւռքի տարածքին, ՀՄԸՄ-ը ամուր պահեց անկախ Հայաստանի ազգային պետականութեան վերածնունդի հաւատքը: Հետեւաբար ՀՄԸՄ-ն ու ՀՄԸՄ-ականը հայրենասիրական դասերու կարիքը չունին: Կը բաւէ շաբաթ կամ կիրակի օր մը այցելել միութեան ակումբ մը, ներկայ ըլլալ անոր աշխարհացրիւ մասնաճիւղերու կազմակերպած ձեռնարկներէն որեւէ մէկուն համոզուելու համար, որ այդ տղաքը դուրսէն ազգային յաւելեալ դաստիարակութեան պէտք չունին. անոնք հիմա կը գոռան՝ «Ձեռքդ վա՛ր առ ՀՄԸՄ-էն. կ’այրի՛»:

Վերջին երեսնամեակին այդ տղաքը սորված են զանազանել իշխանութեան եւ հայրենիքի միջեւ ակներեւ, սկզբունքօրէն հիմնական տարբերութիւնը. ամենէն պարզը՝ առաջինը միայն այսօրն է, երկրորդը՝ մշտնջենականը. առաջինը՝ ժամանակաւորն է, երկրորդը՝ յաւիտենականը, առաջինը կրնայ քուկդ ըլլալ, բայց նաեւ՝ ուրիշինը, երկրորդը՝ միշտ քուկդ է, առաջինը կը տարուբերի բարիքի ու չարիքի միջեւ, երկրորդը հայրենիք է ու մա՛յր, սիրտ ու միտք:

Այս տարբերութիւնը երեւաց նաեւ երեսուն տարիներ առաջ, երբ ուրիշ իշխանաւոր մը փորձեց յանձնել Արցախը. բարեբախտաբար իր գործակիցները արթուն ըլլալով զինք հեռացուցին իշխանութենէն եւ ամէն ինչ սկսաւ ընթանալ դէպի առաջ ու վեր: Այս անգամ գործակիցները օտարնե՛րը եղան՝ շահախնդիրները եւ նոյնիսկ՝ թշնամիները. անոնք մօտեցան «դաւով, հրապոյրով» եւ տիրեցին երկրին: Մեր երկիրը մերը չէ հիմա, ուրիշինն է. պաշտօնապէս զայն ուրիշինը դարձնելու վերջին պատրաստութիւնները կը տեսնուին: Այդ պատճառով ալ համահայկական խաղերը կրնան մեզ քնեցնել, բայց նաեւ արթնցնել համատարած թմբիրէն. իսկ ՀՄԸՄ-ը մի՛շտ արթուն եղած է: 1918-ը միայն թուական չէ, ան խորհրդանի՛շ ալ է: Համե՛րգն ալ նոյնն է. կրնայ քնեցնել ու հաճոյաբոյր ըլլալ, կրնայ նաեւ զգաստացնել ու մղել դէպի փրկութիւն: ՀՄԸՄ-ի համերգը «Յառաջ Նահատակ»ն է: Ասիկա իր ճակատին վրայ գրուած է. բայց նաեւ՝ սիրտերու եւ ուղեղներու մէջ է:

ՀՄԸՄ-ը բարձր է ու կը բարձրացնէ. հիմա՛ եւ վաղը. ընդմի՛շտ:

Աթէնք, 09 օգոստոս 2023

Comments are closed.