Հ․Յ․Դ․ ուսանողական միութիւններու ծննդոցը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջին ուսանողական միութիւնը ծնունդ առած է 1908 թուականի Ապրիլին Ժնեւի մէջ գումարուած Եւրոպայի դաշնակցական ուսանողական խումբերու ներկայացուցիչներու առաջին համագումարին։ Նախապէս գոյութիւն ունէին դաշնակցական ուսանողական խումբեր թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ՛ Ռուսաստանի համալսարանական քաղաքներուն մէջ։ Հ․Յ․Դ․ երկրորդ (1898) եւ երրորդ (1904) ընդհանուր ժողովներուն խորհրդակցական ձայնի իրաւունքով Ռուսաստանի եւ Եւրոպայի ուսանողական խումբերը մասնակցում են մէկական պատգամաւորով։ Հակառակ այս իրողութեան՝ այդ խումբերը հաւաքաբար կազմակերպուելով՝ չէին յառաջացուցած դաշնակցական առանձին ուսանողական միութիւններ, այլ գործած էին անջատաբար։

1908ին կազմաւորուած Հ․Յ․Դ․ Եւվրոպայի ուսանողական միութիւնը ունի իր նախապատմութիւնը։ Հայտնի է, որ ԺԹ դարու հայ իմացական ու գրական զարթօնքին մէջ նշանակալի դեր խաղացած էին Եւրոպայի եւ Ռուսաստանի համալսարանական ոստաններուն մէջ ուսում ստացած հայ երիտասարդները։ 1890-ական թուականներուն Ռուսաստանի եւ Եւրոպայի բազմաթիւ համալսարանական քաղաքներուն մէջ գոյութիւն ունէին հայ ուսանողներու համախմբումներ, ինչպէս՝ Փարիզի «Հայ ուսանողաց ակումբը» եւ «Հայ ուսանողաց միութիւնը», Ժնեւի «Հայ անուն ընկերութիւն փոխադարձ օգնութեան»ը։ Շատերը ուսանողական ապաքաղաքական խմբաւորումներ էին, ուրիշներ՝ արդէն դաշնակցական խումբեր։ Ռուսաստանի մէջ ուսանողական կոմիտէներ կային Մոսկուա, Պետերբուրգ և Խարկով քաղաքներուն մէջ։ Եւրոպայի մէջ կը գործէր Պերլինի «Մոլեքիւլ» կոմիտէն, Փարիզի ուսանողական կոմիտէն եւ աւելի ուշ՝ 1900ին կազմուած, Ժնեւի «Ջանք» խումբը։

Ռուսաստանի ուսանողական խմբաւորումները հակառակ իրենց ցանկութեան՝ պիտի չկարենան քաղաքական պայմաններու բերումով համախմբուիլ եւ ուսանողական միացեալ կազմակերպութեան վերածուիլ։

Եւրոպայի մէջ, համեմատաբար աւելի ազատ պայմաններու բերումով, շուրջ 15 քաղաքներու մէջ գործող ուսանողական խումբերը Լայպցիկի (Գերմանիա) «Հայ-ճեմարանական ընկերութեան» նախաձեռնութեամբ 1897ի Ապրիլին Հայդելպերքի մէջ կը հիմնեն զուտ ուսանողական, ոչ քաղաքական «Եվրոպայի հայ ուսանողական միութիւնը»։ Առաջին համագումարը կը վաւերացնէ միութեան կանոնագիրը, որուն նպատակ բաժինը համեստօրէն կ’արձանագրէ․«Բարոյական եւ մտաւոր հաղորդակցութեան մէջ դնել հայ ուսանողական խմբերը եւ ուսանողները, սոցա՝ իրար հետ անձնական ծանօթութիւններ անելուն նպաստել եւ ընդհանուր իդէալներ զարթեցնել ուսանողութեան մէջ»։ Ըստ կանոնագրին՝ միութիւնը կը կառավարուի «կարգադիր մասնաժողովի մը կողմէ, որ կը գործէ տարեկան համագումարներու միջեւ՝ հանդիսանալով կապ խումբերու միջեւ շրջաբերականներու միջոցով»։ Կարգադիր մասնաժողովը պարտի հրապարակել իւրաքանչիւր կիսամեակին «ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ» խորագրով պրակ մը, որ պէտք է պարունակէ տեղեկութիւններ ուսանողական խումբերու մասին, ուսանողներու ցուցակներ, համագումարներու արձանագրութիւնները եւ կարգադիր մասնաժողովի հաշուետուութիւնը։ 1897-98 եւ 1898-99 տարիներու «Տեղեկագիր»էն կիմանանք, որ Եւրոպայի (Գերմանիա, Ֆրանսա, Զուիցերիա, Իտալիա, Պելճիքա) հայ ուսանողներու թիւը 230 է, եւ ասոնց հազիւ կէսը կ’անդամակցի միութեան։ Ուշագրաւ է, որ Կովկասէն եկած ուսանողներուն մէջ նկատառելի թիւ կը կազմեն շուշեցիները։ Այլ տեղեկագիրներ չեն հրապարակուած։

Եւրոպայի հայ ուսանողական միութիւնը պիտի գումարէ յաջորդական վեց համագումարներ 1897ին, 1899ին, 1900ին, 1901ին, 1902ին եւ 1905ին ։ 1903ին եւ 1904ին կարելի չէ եղած համագումար ունենալ։ Համագումարները, որոնք կը տեւէին 5 կամ 6 օր, կը գումարեն օրական երկու նիստ։ Այս նիստերու ընթացքին բացի կազմակերպական հարցերու քննարկումներէն՝ կը կարդացուին դասախոսութիւններ, որոնց կը յաջորդեն յաճախ տաք վիճաբանութիւններ։

Ժամանակի ընթացքին միութեան հետաքրքրութիւնները հոլովոյթ կ’ապրին ու հետզհետէ կ’ազգայնանան։ 1900ին գումարուած երրորդ համագումարին կանոնադրութիւնը կը վերամշակուի, եւ նպատակը կը վերախմբագրուի․
«1․ Բարոյական կապ հաստատել Եւրոպայի ուսանողների եւ ուսանողական խմբերի մէջ։
2․ Նպաստել նրանց ծանօթութեանը հայոց կեանքի եւ մասնաւորապէս հայերի քաղաքական կացութեան հետ։
3․ Ձգտել ծանօթացնել հայերը եւրոպացիներին։ 4․ Հրատարակել Հայոց հարցին վերաբերեալ եւ նոյն հարցին նպաստող ինքնուրոյն եւ թարգմանական գրքեր հայերէնով, նոյնպէս եւ օտար լեզուներով, եթէ կարիք լինի։

Ծանօթութիւն։ Միութիւնը կարող է նիւթապէս օգնել Եւրոպայում գոյութիւն ունեցող հայկական ուրիշ հիմնարկութիւններին նոյն նպատակին ծառայող հրատարակութիւններ անելու համար»։

Այս նպատակները իրագործելու համար կարգադիր յանձնաժողովին կողքին կը կազմուի «Լիազօր կոմիտէ» մը, որ պարտականութիւն ունի Հայ դատին քարոզչութիւնը ընելու դասախօսութիւններով եւ հրատարակութիւններով։ Յատկապէս կ’որոշուի հրատարակել ժողովածու մը՝ եւրոպացիներուն ծանօթացնելու համար հայ մշակոյթը եւ Հայկական հարցը, որ այն ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան հայերուն պայքարն է։ Համագումարներուն մասնակիցներուն եւ լիազօր կոմիտէին անդամակցողներուն մէջ կը հանդիպինք մեր ազգային, քաղաքական եւ մշակութային կեանքի ապագայի մեծ դէմքերուն՝ Մանուկ Աբեղեան, Յակոբ Մանանդեան, Կոմիտաս վարդապետ, Լեւոն Շանթ, Աւետիս Ահարոնեան, Արմէն Գարօ, Միքայէլ Վարանդեան, Ստեփան Շահումեան, Արտաշէս Աբեղյան, Է․ Ակնունի, Համօ Օհանջանեան եւ ուրիշներ։

Եւրոպայի հայ ուսանողական միութիւնը հետզհետէ կը ծավալէ իր գործունէութիւնը եւ տիրական ներկայութիւն կը հաստատէ եւրոպական ոստաններուն մէջ։ Միութեան ղեկը կը ստանձնեն առաւելաբար դաշնակցական ուսանողները (մասամբ նաեւ՝ հնչակեաններ), որոնք Հայկական հարցի ուղղութեամբ քարոզչական աշխատանքը կը տանին՝

«Դրօշակի» (Հ․Յ․ Դաշնակցութեան պաշտօնական օրգանի) խմբագրութեան հետ համակարգումով։ 1905ին՝ վեցերորդ համագումարի նախօրեակին, երբ միութեան ծաղկումը հասած էր իր գագաթնակետին, հրապարակ կը նետուի միութիւնը կազմալուծելու առաջարկը։ Փոքրամասնութիւն կազմող սոցիալ-դեմոկրատ ուսանողները համագումարի եկած էին միութիւնը կազմալուծելու յստակ առաջադրանքով։

Համագումարի 14-րդ նիստին սոցիալ-դեմոկրատ Բախշի Իշխանեան կը յայտնէ, որ ուսանողական խումբերուն մէջ արդէն գոյութիւն ունին երկու որոշ կուսակցութիւններ, որոնք գործունէութեան ժամանակ պիտի դիմեն տարբեր ճանապարհներու եւ գործեն իրարու հակառակ․ ժամանակն է, որ կազմալուծուի ուսանողական միութիւնը, մնան միայն կուսակցական միութիւններ։ Առաջարկը հանգամանօրէն կը քննուի յաջորդ նիստին։ Ներկայացուած որոշման բանաձեւը՝ «Ժողովը լսելով Պերլինի ուսանողութեան մի մասի առաջարկը, միութեան գոյութեան խնդիրը՝ անցաւ հերթական հարցերին» կը ստանայ 34 ձայն, 17 դէմ։ Սոցիալ-դեմոկրատ պատգամաւորները՝ 7 հոգի՝ Բախշի Իշխանեանի գլխավորութեամբ կը լքեն դահլիճը եւ ապրիլ 8ի թուակիր
«Մանիֆեստով» մը կը յայտարարեն, որ «պրոլետարական-դասակարգային շահերու հայեցակէտով» պիտի չկարենան գործել «այն տարրերուն հետ, որոնք իրենց հասարակական դաւանանքով և գործնական ձգտումներով կանգնած են ազգայնական (նացիոնալիստական) շահերի հայեցակէտի վրայ»։

Հակառակ համագումարը լքողներու փոքր թիւին, հակառակ մնացող մեծամասնութեան կողմէ համագումարը շարունակելու եւ իր աւարտին հասցնելու կամքին՝ Եւրոպայի հայ ուսանողական միութիւնը լուրջ հարուած ստացաւ։ Աշխատանքները թուլացան, ուսանողական խումբերու միջեւ կապերը խզուեցան, եւ կարելի չեղավ հերթական համագումարը կայացնել, մինչեւ որ 1910 Յունուար 2-էն 8 կարելի եղաւ Լօզանի մէջ գումարել 7-րդ համագումարը, որ պաշտօնապէս լուծարուած յայտարարեց միութիւնը։

Եւրոպայի Հ․Յ․Դ․ ուսանողական միութիւն

Տեսանք արդէն 1890ական թուականներուն գոյութիւն ունէին դաշնակցական ուսանողական միութիւններ, խումբեր եւ կոմիտէներ թէ՛ ռուսական ոստաններու (Պետերբուրգ, Մոսկուա եւ Խարկով) և թէ՛ եւրոպական համալսարանական քաղաքաներու մէջ (Փարիզ, Նանտի, Պերլին, Ժնեւ եւ այլն)։ Վերջինները, մաս կազմելով հանդերձ Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան, կը մասնակցէին Դաշնակցութեան գործունէութեան։ Մինչ Բ եւ Գ ընդհանուր ժողովներուն Ռուսաստանի եւ Եւրոպայի դաշնակցական ուսանողները հրաւիրուած էին մէկական խորհրդակցական ձայնով, 1907ի Վիէննայի Դ ընդհանուր ժողովին անոնք կը հրաւիրուին վճռական ձայնի իրաւունքով, ինչը կը վկայէ ուսանողական դաշնակցական խումբերու ծաւալման եւ ուժեղացման մասին։ Դ ընդհանուր ժողովէն ետք Արեւմտեան Բիւրոն կ’առաջարկէ Եւրոպայի դաշնակցական ուսանողներուն խորհրդակցութիւն մը անցկացնել՝ որոշելու, թէ ինչպէս կարող են ուսանողները օգտակար ըլլալ կազմակերպութեան եւ, թէ ե՞րբ ու ինչպէ՞ս կազմակերպել դաշնակցական ուսանողութեան համագումար մը։ Պարտականութիւն կը տրուի Արշակ Իսահակեանին (Ջամալեան)՝ այցելելու ուսանողական քաղաքներու դաշնակցական խումբերուն՝ նախապատրաստելու համար Արեւմտեան Բիւրոյի որոշման գործադրութիւնը։ Արշակ Իսահակեանի զեկուցման հիման վրայ Արեւմտեան Բիւրոն կ’որոշէ առաջարկել Եւրոպայի դաշնակցական ուսանողութեան համագումար գումարել։ Համագումարի հրաւիրման նախաձեռնութիւնը կը վստահուի Պերլինի դաշնակցական ուսանողական խմբակին, որ կը կազմէ քառանդամ կազմակերպիչ կոմիտէ մը եւ շրջաբերականներով հրաւէրներ կուղարկէ դաշնակցական խումբերուն։ Համագումարը տեղի կ’ունենայ Ժնեւի մէջ 3էն 13 Ապրիլ 1908ին։ Համագումարը հիմքերը կը դնէ Եւրոպայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ուսանողական միութեան եւ կը մշակէ անոր կանոնագիրը։

Կանոնագրի նպատակ բաժինը (առաջին յօդուած) կը ճշդէ․ «Եւրոպայի դաշնակցական ուսանողների միութեան նպատակն է սերտ կապ հաստատելով դաշնակցական ուսանողական խմբերի եւ անհատների միջեւ՝

ա) Գրչով ու խօսքով լուսաբանել եւ տարածել Հ․Յ․Դ․ սկզբունքները։
բ) Նպաստել Կովկասի, Տաճկաստանի եւ Պարսկաստանի քաղաքական, տնտեսական, սոցիալական պայմանների ուսումնասիրութեան։
գ) Հետեւել Եւրոպայի զանազան երկրներում սոցիալիստական տարբեր ուղղութիւններին եւ արտայայտել այդ մեր կուսակցութեան օրգաններում»։

Միութիւնը կը ղեկավարուի գործադիր մարմնի կողմէ, որ իւրաքանչիւր համագումարին կը ընտրուի մեկ տարուան համար։ Եւրոպայի դաշնակցական ուսանողական միութեան բազմերես գործունէութիւնը սկիզբ կ’առնէ 1908ին եւ կը շարունակուի մինչեւ 1914՝ Առաջին աշխարհամարտի բռնկումը։ Միութիւնը իր գործունէութեան վեց տարիներուն ընթացքին գումարած է հինգ համագումար, վերջինը՝ 1913ին։ 1909էն սկսելով՝ հրատարակում է «Ուսանող» պարբերաթերթը։ «Ուսանող» պարբերաթերթի ութ համարները (ընդհանուր 1012 էջ) հրատարակուած են Փարիզի (թիւ 1,2 եւ 5), Ժնեւի (թիւ 3, 4, 6 եւ 8) եւ Պոլսոյ (թիւ 7) մէջ։ Միութիւնը կարեւոր նպաստ բերած է Հայ դատի եւրոպական քարոզչութեան եւ հայ յեղափոխական մտքի զարգացման գործին։

Ուսանողական դաշնակցական կազմակերպութիւններուն գործունէութեան եւ հետաքրքրութեան առանցքը Արեւմտեան Հայաստանն է կամ, ինչպէս իրենք կը կոչեն, Տաճկահայաստանը։ Այնտեղ է, որ տեղի կ’ունենան ինքնապաշտպանական կռիվները։ Ռուսահայաստանի մէջ, երբ հակահայ հալածանքները կը բազմանան, ինչպէս՝ հայկական դպրոցներու փակումը, հայ եկեղեցւոյ ինչքերու բռնագրաւումը, հայ-թաթարական բախումներու հրահրումը, Դաշնակցութեան ղեկավարներու ձերբակալութիւնը եւ դատը, Արեւելեան Հայաստանը եւս հետաքրքրութեան առարկայ դարձնելու կարիքը կը շեշտուի։ Միւս կողմէ՝ ռուսական յեղափոխական շարժումներու ծաւալումը մեծամասնութեամբ ընկերվարական դաւանանքի հետեւող հայ ուսանողութեան մօտ կը յառաջացնէ Կովկասի հայութեան ընկերային եւ տնտեսական հարցերով զբաղելու անհրաժեշտութիւնը։ Յայտնենք, որ նոյնիսկ դաշնակցական շարքերուն մէջ մտածողներ կային, որ երկու տարբեր կուսակցութիւններ պետք է կազմուին․ մէկը առաջ տանելու համար Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրական պայքարը, միւսը՝ Ռուսահայաստանի ընկերային ու տնտեսական պայքարը։ Երկու «Դաշնակցութիւններուն» միջեւ կը հաստատուին գործակցական սերտ կապեր։ Դ ընդհանուր ժողովը «Կովկասեան նախագիծի» հիման վրայ վերամշակելով Դաշնակցութեան ծրագիրը՝ պիտի յաջողի այս երկու ուղղութիւններուն համադրումը կատարել։ Օսմանեան Սահմանադրութեան (1908) հռչակումէն ետք Դաշնակցութեան գործունէութիւնը կ’օրինականցուի։ Դաշնակցական ուսանողութեան հետաքրքրութիւններու եւ աշխատանքի ոճը փոփոխութիւն կը կրէ եւ կ’ընդգրկէ Իթթիհատի ու Դաշնակցութեան համագործակցութեան, ապա համագործակցութեան խզման հետ առնչուած հարցերը։ Գործադիր մարմնի շրջաբերականներէն մէկը կը թելադրէ, որ խումբերու մէջ կուսակցական աշխարհահայեացքի հետ կապուած հարցերը եւ կուսակցական գործնական կեանքի երեւոյթները ամենաէական մասը պիտի կազմեն խմբական դասախոսութիւններու, զրոյցներու եւ «Ուսանող» պարբերականի։

1913 թուականին Եվրոպայի Հ․Յ․Դ․ ուսանողական միութեան գործունէութիւնը ընթացիկ քարոզչական աշխատանքներուն ու «Ուսանողի» հրատարակութեան համար թափուող ջանքերուն կողքին պիտի ընդգրկէ յատկապէս Թուրքիոյ հայկական նահանգներուն մէջ նախատեսուող բարենորոգումներու խնդիրը եւ հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումը։ Թէ՛ սուլթանական վարչակարգը եւ թէ՛ սահմանադրական Թուրքիան դժկամութիւն ցոյց տուած էին՝ կատարելու Պերլինի դաշնագրով խոստացուած բարենորոգումները։ Այս պատճառով անգամ մը եւս եւրոպական պետութիւններու կողմէ արծարծուեցաւ Հայկական հարցին լուծում ապահովելու անհրաժեշտութիւնը։ Թուրքիա հակազդելով արտաքին միջամտութեան՝ ձեռնարկեց հակահայ խռովութիւններու հրահրումին։ Կիլիկեան ջարդերու նմանողութեամբ նոր աղէտի մը սպառնալիքը հայութիւնը մղեց ձեռնարկելու ինքնապաշտպանութեան։ Դաշնակցական ուսանողները փափագ յայտնեցին քարոզչութեամբ, դրամահաւաքով, զէնքի հայթայթումով մասնակցիլ հայ ժողովուրդի ապահովութեան առնչուած ճիգերուն։ Այս մտահոգութիւնները արտայայտուած կը տեսնենք վերահաս վտանգի մը կանխագուշակութեամբ գործադիր մարմնի կարգ մը շրջաբերական կոչերուն մէջ։

Հ․Յ․Դ․ Եւրոպայի ուսանողական միութեան վերջին, հինգերորդ համագումարը տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ 1913 թուականի Դեկտեմբեր 25 էն 30ին։ Օրակարգի վրայ էին վերը մատնանշուած հարցերը։ Քննութեան առարկայ եղան նաեւ տարբեր միջավայրերու մէջ գործող դաշնակցական ուսանողական խումբերը։

Համաշխարհային առաջին պատերազմի բռնկումը պիտի վէրջ դնէր Եւրոպայի Հ․Յ․Դ․ ուսանողական միութեան գոյութեան։ Ամէն պարագայի, այս միութեան կը պատկանի դաշնակցական ուսանողութեան կազմակերպուած կառոյց մը ստեղծած ըլլալու պատիւը։

Ռուսաստանի դաշնակցական ուսանողութեան պարագան

Ինչպէս տեսանք, Ռուսաստանի համալսարանական քաղաքներէն շատերուն մէջ գոյութիւն ունէին դաշնակցական խումբեր եւ կոմիտէութիւններ։ Ուսանողները համախմբելու առաջին փորձ մը կայացած է 1899ի Յունուարին, երբ Պետերբուրգի մէջ գումարուած է Ռուսաստանի դաշնակցական ուսանողութեան առաջին համաժողովը։ Համաժողովը ունեցած է 12 նիստեր եւ զբաղած առաւելաբար տեսական հարցերով, որոնց մէջ կարեւոր տեղ գրաւած է Տաճկահայաստանի կացութիւնը ուսումնասիրելու անհրաժեշտութիւնը։ Համաժողովը կազմակերպական հարց չէ քննարկած եւ ցրուած է՝ առանց միասնական կառոյց մը ստեղծելու։

Եւրոպայի Հ․Յ․Դ․ ուսանողական միութեան ուղղուած նամակէ մը (9 Դեկտեմբեր 1913) կ’իմանանք, որ վերջինին նմանողութեամբ դաշնակցական ուսանողական միութիւն մը կազմելու նպատակով Պետերբուրգի մէջ կազմուած է նախաձեռնող մարմին մը։ Ռուսաստանի դաշնակցական ուսանողներու համագումարը նախատեսուած էր իրականացնել 1914 թուականի Փետրուարի վերջերուն։ Համագումարը ճշդուած ժամանակին կարելի չէ եղած գումարել, իսկ աւելի ուշ արդէն կը մտածենք պատերազմի թոհուբոհին մէջ։ Դժբախտաբար, ռուսահայ մեծաթիւ ուսանողութիւնը չունեցավ իր միութիւնը։

Այլ ուսանողական միութիւններ

Ծանօթ է, որ 1904ին Սիմոն Զաւարեան, որ անդամ էր Կիլիկիոյ պատասխանատու մարմնին, Պէյրութ կատարած այցելութեան ընթացքին տեղւոյն երկու համալսարաններու հայ ուսանողներէն կազմած է դաշնակցական խումբ մը, որ յետագային դարձաւ Սիմոն Զավարեանի անունը կրող եւ ցարդ գոյութիւն ունեցող ուսանողական միութիւնը։ Այս ուսանողական խումբի գործունէութիւնը կ’ընթանար լեռնավայրի (Կիլիկիա) կեդրոնական կոմիտէին շրջագիծէն ներս։

Նոյնն է պարագան Հ․Յ․Դ․ Դամասկոսի ենթակոմիտէութեան, որ կազմուած էր առաւելաբար Դամասկոսի բժշկական համալսարանի ուսանողներէն։

Վերջապէս 1911ին Պոլսոյ մէջ հիմնուած էր Հ․Յ․Դ․ ուսանողական միութիւն մը, որ 1912ին սկսաւ հրատարակել «Երկունք» պարբերաթերթը։ Պոլսոյ Հ․Յ․Դ․ ուսանողական միութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը պակսին։

Ուսանողական այս խմբաւորումները թղթակցական յարաբերութեան մէջ եղած են Եւրոպայի դաշնակցական ուսանողական միութեան հետ յատկապէս «Ուսանող» պարբերաթերթի միջոցով։

Տիգրան Ճինպաշեան

«Դրօշակ» թիվ 8, 2023թ

Comments are closed.