ՀՅԴ ՍԵՄ-ը 45 տարի ետք

Հալէպէն հնչեց յուշարարութիւն մը, որ արդէն ՀՅԴ ՍԵՄ-ը պիտի տօնէ իր հիմնադրութեան 45-ամեակը: Այս առիթով, ինձմէ խնդրուեցաւ սրտի ուղերձ մը ղրկել եւ արխիւային յիշատակելի պատկերներ տրամադրել, ցուցադրելու համար կայանալիք հաւաքի մը, Հալէպի Նոր Գիւղի հնոցին մէջ, նուիրուած Մայիս 28-ին եւ ՀՅԴ ՍԵՄ-ի 45-ամեակին:

Արդ, 45 տարիներ առաջ, խումբ մը անձնդիր ընկերներու հետ, մեզի վստահուեցաւ այդ նոր կառոյցին «երկրաչափութիւնը»:

Երբ կը մտաբերէի անցեալի յիշատակներու շղթան, յանկարծ մտքիս մէջ փայլատակեցին բազում ընկերներու եւ ընկերուհիներու անուններն ու պայծառ դիմագիծները, որոնք ձեռք ձեռքի տալով, համերաշխութեամբ, խոհականութեամբ եւ օրուան պատասխանատու մարմիններուն թելադրութեամբ, ճամբան հարթեցին այդ յանձնարարութեան, միախառնելով հիմնադրման նախադրեալներու շաղախին՝ այլ գաղութներու փորձն ու օրինակը այս գծով, առաջնորդուելով ՀՅԴ կազմակերպական կառոյցի գոյ կանոններով:

Հոս պիտի կարեւորեմ պարագայ մը, որ կարգ մը ընկերներ այսօր մեզի հետ այդ ծնունդի յոբելեանի բերկրանքը պիտի չվայելեն, տրուած ըլլալով որ շատ վաղաժամ մեկնեցան աշխարհիկ կեանքէն դէպի յաւիտենականութիւն: Իրենց յիշատակը անթառամ մնայ:

Այսպէս, մեզմէ իւրաքանչիւրը ընտանիք կազմելով, կը հպարտանայ հասակ առած սահմանափակ թիւով զաւակներու կրթութեամբ եւ իրագործումներով: Հապա ի՞նչ ըսել քու սերմնացանիդ արգասիքը հանդիսացող հազարաւոր գաղափարական ուխտեալներու բանակին մասին, որոնք արդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսերը՝ ծառայելու ազգին ու հայրենիքին նուիրական աշխատանքին, ի հարկին գերագոյնը զոհելով այդ զոհասեղանին վրայ:

Մեծ սէր եւ յարգանք կը տածեմ յաջորդական բոլոր սերունդներուն: Պատիւ այն բոլոր ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն, որոնք Դաշնակցական աւանդապաշտ շրջանի գանձատան արժէքները պահեցին եւ ծաղկեցուցին՝ ո՛չ միայն ասպնջական Սուրիոյ գաղութին մէջ, այլ սխրագործեցին այդ սկզբունքներով հանրային կեանքի մէջ, ո՛ւր որ ալ գտնուեցան, բծախնդրութեամբ ու հաւատարմութեամբ:

Յաւե՜րժ ապրի՛ այդ շարքերու ընծաներուն յիշատակը, որոնք իրենց արեամբ ոռոգեցին գաղափարական դաշտը Սուրիոյ մէջ, երկարելով անոր երկարաձիգ ակօսները մինչեւ Արցախ՝ միախառնելով հայրենի հողին իրենց արեան շիթերը:

Փառք բոլորին:
Պի՛նդ մնացէք:
Շնորհաւոր Մայս 28:

Ժան Հալլաճեան
Թորոնթօ, Մայիս 28, 2024

Comments are closed.