Ծանօթ ու անծանօթ հայ մեծերու մասին՝ Ժիրայր Թիւթիւնճեանի գրիչով

Ռուբէն Ճանպազեան

Թորոնթոհայ մտաւորական Ժիրայր Թիւթիւնճեանի վերջին անգլերէն հատորը՝ Armenian Greats – Known and Unknown («Ծանօթ ու անծանօթ հայ մեծեր»), քառասուն պատմութիւններու հարուստ հաւաքածոյ մըն է, որ լոյս կը սփռէ այն բացառիկ անհատներուն կեանքին, որոնք անջնջելի հետք ձգած են թէ՛ հայ եւ թէ՛ համաշխարհային պատմութեան մէջ։ Երուսաղէմի ծնունդ եւ տասնամեակներէ ի վեր Թորոնթոյի հայ գաղութին սիրուած դէմքերէն Թիւթիւնճեան, իր մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան եւ կենդանի պատումի իւրայատուկ ոճով, կը վկայէ հայկական փորձառութեան իր խորունկ ըմբռնումը եւ զայն լայն հասարակութեան փոխանցելու իր նուիրումը։

Թիւթիւնճեանի ունեցած փորձառութիւնը իբրեւ լրագրող, խմբագիր եւ գրող ակնյայտ է գիրքին մէջ։ Իր ասպարէզին ընթացքին այցելած է զանազան երկիրներ, տարբեր հրատարակութիւններու մէջ աշխատած եւ բազմաթիւ մրցանակներ շահած։ Այս հարուստ փորձառութիւնը կ’արտացոլայ հատորին մէջ ներառուած բազմազան կենսագրութիւններուն մէջ, որոնք կ’ընդգրկեն գրականութիւն, քաղաքականութիւն, գիտութիւն եւ արուեստ։

Հատորը, որ կը բաղկանայ քառասուն կարճ յօդուածներէ, առաւելաբար լուսարձակի տակ կ’առնէ այնպիսի հայեր, որոնց հայկական ինքնութիւնը յաճախ անծանօթ է… նոյնիսկ հայերուն։ Հեղինակը գիտակցաբար կը շրջանցէ միջազգային ճանաչում վայելող հայ դէմքերը, ինչպէս` Շառլ Ազնաւուրը կամ Շէրը, եւ փոխարէնը կը կեդրոնանայ նուազ ծանօթ, սակայն նոյնքան նշանակալից անհատներու վրայ։ Այս կենսագրական պատմութիւնները, որոնք կը տարածուին Քենիայէն մինչեւ Պրազիլ, Ուքրանիայէն մինչեւ Հնդկաստան, կը վկայեն հայութեան համաշխարհային ներկայութիւնն ու ազդեցութիւնը։
Յատկանշական կենսագրութիւններէն է «Խորհրդաւոր Ռոյ Թաշի hետքերով» (Finding Elusive Roy Tash) պատումը, որ հետաքրքրաշարժ ակնարկ մըն է թորոնթոհայ Ռոյ Թաշի մասին, որուն կեանքն ու գործը խորապէս կ’արձագանգեն գանատահայութեան եւ մասնաւորաբար Թորոնթոյի ընթերցողներուն մօտ։ Թորոնթոյի ընթերցողները պիտի հանդիպին նաեւ ծանօթ անուններու, ինչպէս՝ գրական նշանաւոր դէմք Քիթ Ղարիպեանին եւ հանրածանօթ լուսանկարիչ Գաւուքին (Արթօ Գաւուքեան), որոնք քաղաքի մշակութային կեանքին մէջ մեծ ներդրում ունեցած են։

«Ծանօթ ու անծանօթ հայ մեծեր»ը նաեւ խոր անդրադարձ մըն է սփիւռքահայ փորձառութեան եւ հայ ժողովուրդի անմար ժառանգութեան։ Թիւթիւնճեանի սրատեսութիւնը, զուգորդուած պատմական լայն համայնապատկերի մէջ այս պատմութիւնները զետեղելու իր կարողութեան հետ, այս հաւաքածոն կը դարձնէ աւելին քան պարզ կենսագրութիւններու շարք մը։

Հեղինակին գործը հաճելի է թէ՛ հայ եւ թէ՛ օտար ընթերցողներուն համար։ Իւրաքանչիւր կենսագրութեան մէջ, ան կը յաջողի հաւասարակշռութիւն պահել յարգանքի տուրքին եւ մատչելի գրելաձեւին միջեւ, պատմական դէմքերը դարձնելով թէ՛ մտերիմ եւ թէ՛ ներշնչող։ Հատորին գրաւիչ ոճն ու հոսուն պատումը այնքան դիւրաւ կը կարդացուին, որ ընթերցողը չի զգար ներառուած ծանօթագրութիւններուն կարիքը։ Թիւթիւնճեան կը յաջողի գիտական հետազօտութեան խորութիւնը փոխանցել առանց ակադեմական ծանրաբեռնումի, ընթերցողին հրամցնելով հարուստ բովանդակութիւն՝ դիւրամատչելի ձեւով։

Գիրքը գրաւիչ ընթերցում է բոլոր անոնց համար, որոնք կը հետաքրքրուին պատմութեան, մշակոյթի եւ ինքնութեան խաչմերուկներով։ Իր հարուստ պատումներով եւ պատմական նրբութիւններու հանդէպ ուշադիր մօտեցումով, գիրքը արժանի յաւելում մըն է ցանկացած հաւաքածոյի։ Թիւթիւնճեանի այս գործը կը հանդիսանայ հայկական հպարտութեան օրինակ մը, պատուելով անցեալի մեծերու յիշատակը եւ ոգեւորելով ընթերցողները՝ խորհրդածելու իրենց սեփական կապին մասին իրենց ժառանգութեան եւ պատմութեան հետ։

Ինչպէս Քիթ Ղարիպեան նշած էր Ժիրայրին մասին իր յօդուածին մէջ՝ («Թորոնթոհայ» թիւ 206, Հոկտ. 2024) թորոնթոհայ համայնքի հարազատ Ժիրայր Թիւթիւնճեանն ինքն ալ արժանի է իր տեղը գրաւելու հայ մեծերու այս շարքին մէջ։ Իր այս հատորը ո՛չ միայն կը փաստէ անծանօթ հայ մեծերու գոյութիւնը, այլ նաեւ կը հաստատէ հեղինակին իր իսկ տեղը անոնց կողքին՝ իբրեւ պատմագիր եւ մշակութային ժառանգութեան անխոնջ պահապան։

***

Այս ակնարկը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»ի Դեկտ. 2024 թիւին մէջ:

Comments are closed.